Մելիք Գարագաւորեանի Արտասանած Խօսքը Շահէն Մեղրեանի Յիշատակութեան Ձեռնարկին
1988-ի փետրուարի արցախեան ազատագրական շարժումը համայն հայութեան համար դարձաւ համահայկական առաջնահերթ խնդիրը: Համախմբեց մեր ժողովուրդը եւ զինուորագրեց Արցախի անկախութեան դատին: Տուեալ պայքարը ազատագրական, ինքնապաշտպանութեան, 1988-ին սկիզբ ունեցաւ որպէս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հայ բնակչութեան շահերու պաշտպանութեան, ֆիզիքական ապահովութեան, երկրի սահմաններու անվտանգութեան պայքար: Սակայն տրուած ըլլալով, որ պատմութիւնը անքակտելի կապերով Ղարաբաղը կապած է մայր Հայաստանին, իր հարազատ միջավայրին, հայութիւնը այնտեղ ապրած է...


















