Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թաներ Ագչամ. Սարըղամըշի Մէջ Պատերազմող Հայ Զինուորներ Եւ Անոնց Գերեվարութեան Նամակները

Յունուար 13, 2015
| Գիտութիւն
0
Share on FacebookShare on Twitter

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

011315sari-1«Թարաֆ» թերթի մէջ յայտնի պատմաբան Թաներ Ագչամ դարձեալ հրատարակած էր շատ հետաքրքրական յօդուած մը, ուր ան կը յիշեցնէր, թէ Սարըղամիշի նշանաւոր պատերազմի ընթացքին հայ զինուորներ ալ կռուած էին օսմանցի զինուորներու կողքին եւ անոնք եւս տառապած էին Սարըղամիշի աղէտէն:

Այս օրերուն, երբ հանդիսաւոր կերպով կը նշուի Սարըղամիշի մէջ սառած եւ «նահատակուած» 90 հազար օսմանեան զինուորներ, անոնց կողքին պէտք է խոնարհիլ նաեւ այն հայ կամ քրիստոնեայ զինուորներուն յիշատակին առջեւ, որոնք եւս կը կռուէին որպէս օսմանեան բանակի զինուոր:

Թաներ Ագչամ այս բոլորը կը հիմնէ 1922-ին Փարիզի մէջ հրատարակուած հայերէն գիրքի մը վրայ, որուն անունն է «Ձայն տառապելոց»: Հեղինակն է Պ. Տօնապետեան: Իրականութեան մէջ գիրքը 1915-էն վերապրած հայերու կողմէ գրուած տառապալից նամակներու հաւաքածոյ մըն է: Հարիւրաւոր անձեր իրենց նամակներուն մէջ կը պատմեն, թէ ի՛նչ տառապանքներ ապրած են: Նամակները գրուած են 1916-1919 թուականներու միջեւ:

Թաներ Ագչամ այսպէս կը շարունակէ.

011315sari-2Այս նամակներուն մէջ ինչե՜ր չկան որ… Հոն կը կարդացուի, որ ինչպէ՛ս նոյն գիւղին բնակիչները իրենց դրացիներուն կողմէ սպանդի ենթարկուած են: Բայց կը պատմուի նաեւ այն բարի մահմետականներուն մասին, որոնք օգնեցին հայերուն: Ամէն ինչ կայ այս նամակներուն մէջ: Բայց այս նամակներուն մէջ կան նաեւ Սիպերիայէ ղրկուած նամակներ, որոնք նոր էջ մը կը բանան Սարըղամիշի աղէտի մասին: Այս նամակներէն մէկը գրուած է Յովսէփ Սէյիսեան անուն մէկու մը կողմէ, որ Սարըղամիշի մէջ գերի ինկած է ռուսերու կողմէ, եւ որ կը նշէ, թէ միայն Սիպերիոյ մէջ իր ապրած շրջանակէն ներս 129 հայ զինուորներ գերեվարուած են իրենց պէս:

Թաներ Ագչամ կ՛ըսէ, որ եթէ պիտի յիշատակենք Սարըղամիշի մէջ պատերազմած զինուորները, ասիկա պէտք է ընենք այդ շրջանին նահատակուած քրիստոնեայ, մահմետական կամ բոլոր զինուորներու եւ ամբողջ օսմանեան քաղաքացիներու անունով: Անշուշտ պէտք չէ մոռնալ նաեւ ռուս զինուորները, որոնք նմանապէս իրենց կեանքը կորսնցուցին: Այս պատերազմները պէտք չէ դիտուին որպէս մէկուն յաղթանակը կամ միւսին պարտութիւնը: Այլ պէտք է ընդունուի որպէս մարդկութեան հասարակաց խենթութիւնը եւ պէտք է անիծել այդ պատերազմները:

Այնուհետեւ Թաներ Ագչամ թարգմանաբար կը հրատարակէ երկու նամակներ` Նազարէթ Տեմիրճեան եւ Յովսէփ Սէյիսեան անուն գերեվարուած զինուորներու կողմէ գրուած: Այդ նամակներուն մէջ կը պատմուի, որ այս հայ զինուորները ինչե՜ր քաշած են եւ դեռ ալ կը քաշեն որպէս ռուսերու ձեռքը ինկած գերիներ: Այդ նամակները հրատարակելէ առաջ Թաներ Ագչամ կ՛ընէ շատ հետաքրքրական մեկնաբանութիւն մը եւ կ՛այպանէ այն թուրքերը, որոնք 1915-ի հայկական աղէտին դէմ կը դնեն Սարըղամիշի ողբերգութիւնը: Անոնք կը պնդեն, որ եթէ հայեր 1915-ը ունին, մենք ալ Սարըղամիշ մը ունինք: Այս այպանելի բաղդատութիւնը ընողներուն հիմա պէտք է հարցնել, թէ այս երկուքէն ո՞ր մէկուն մէջ պիտի տեղաւորենք ռուսերու կողմէ գերեվարուած հայ օսմանեան զինուորներու նամակները:

Նախորդը

Թուրքագէտը Չի Բացառում, Որ Մինչեւ Մեծ Եղեռնի 100-րդ Տարելիցը Միացեալ Նահանգները Կը Ճանաչի Հայոց Ցեղասպանութիւնը

Յաջորդը

«Զինուորներին Կոտորողը, Հայերին Կոտորողը»

RelatedPosts

Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 27, 2025
Ոտնակոխ Տունը
Գիտութիւն

6-րդ Զգայարանքներու Բնագիտութիւնը

Մարտ 25, 2025
Գիտական Նորութիւններ
Գիտութիւն

Գիտական Նորութիւններ

Փետրուար 21, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?