Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վահան Յովհաննիսեանի Հոգեհանգստեան Արարողութիւն Եւ Հաւաք Կլենտէյլի Մէջ

Յունուար 13, 2015
| Գաղութային, Գլխաւոր լուրեր
0
Share on FacebookShare on Twitter

010615requiem3Կիրակի, 4 յունուարին, Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, յաւարտ Ս. պատարագի, տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Հայաստանի Ազգային ժողովի անդամ, Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի հոգւոյն համար: Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան նախագահեց հոգեհանգստեան արարողութեան, որուն ներկայ էին Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու Կեդրոնական կոմիտէի եւ մարմիններու ներկայացուցիչներ, Ազգային վարչութեան ատենապետ Վահէ Յովակիմեան ու գանձապահ Մհեր Տէր Օհաննէսեան եւ երիտասարդ գործիչին յիշատակն ու վաստակը յարգող բազմութիւն մը:

Հոգեհանգստեան արարողութեան ընթացքին յիշատակի խօսք արտասանեց առաջնորդ սրբազանը, որ մեծ ցաւ ու կորուստ նկատեց ամբողջ կեանք մը հայրենիքին ու հայ ժողովուրդին համար ծառայած Վահան Յովհաննիսեանի անժամանակ կորուստը: «Անձամբ ճանչցած ենք Վահան Յովհաննիսեանը եւ կրնանք վկայել, թէ ան լրջախոհ էր, կարգապահ, խիստ, եւ սակայն նոյն ատեն` զուարթախօս. կը նախընտրէր գործել անաղմուկ, ժուժկալ էր իր արտայայտութիւններուն մէջ, բայց ան ժուժկալ չեղաւ գործի, զոհաբերութեան ու նուիրումի մէջ: Ան իր հռետորութեամբ առինքնող էր եւ վարակիչ շունչ ունէր: Ափսո՛ս, որ անողոք հիւանդութիւնը այսքա՛ն կանուխ խլեց զինք մեզմէ ու իր այնքան սիրած ժողովուրդէն, հայրենիքէն, իսկ Վահանները որքա՜ն տալիք ունին մեր հաւաքական կեանքին, երբ կը գտնուինք Ցեղասպանութեան 100-ամեակի հանգրուանին…

«Այո՛, կ՛ափսոսանք Վահան Յովհաննիսեանի կորուստին համար: Սակայն հոն կանգ պիտի չառնենք երբեք, որովհետեւ Վահանի գործն ու ժառանգութիւնը կը մնան մեզի հետ, կը հարստացնեն մեր կեանքը եւ իբրեւ օրինակելի աւանդ` կը փոխանցուին գործի եւ գաղափարի ընկերներուն, նոր սերունդներուն: Աւելի՛ն. իբրեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ, եւ Վահան Յովհաննիսեանը հաւատացեալ քրիստոնեայ էր անկասկած, կը հաւատանք, որ ամենաբարին Աստուած Իր կամքին համաձայն կը տնօրինէ մեր բոլորին կեանքը եւ մեզի տուած է հանդերձեալ կեանքի խոստումը», ըսաւ ան:

Ս. պատարագէն եւ հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք եկեղեցւոյ «Արմենակ Տէր Պետրոսեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ յիշատակի հանդիսութիւն` կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի:

Յուշահանդէսին հանդիսավարն էր Սարօ Նազարեան, որ ամփոփ կերպով ներկայացուց ՀՅԴ եւ պետական գործիչին կենսագրութիւնը: Ապա ցուցադրուեցաւ «Երկիր Մեդիա»-ի կողմէ պատրաստուած վաւերագրական ժապաւէն մը` Վահան Յովհաննիսեանին նուիրուած:

Երգիչ Արա Սահակեան կատարեց Ջիվանիի «Ընկեր» երգը եւ հանդիսութեան աւարտին առաջնորդեց «Վէրքերով լի» երգի կատարումը` հաւաքի ներկաներուն կողմէ:

Խօսք առին նաեւ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի ներկայացուցիչ Տաճատ ծ. վրդ. Եարտմեան, «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննէսեան: Յանուն առաջնորդ սրբազանին` սրտի խօսք արտասանեց Վազգէն քհնյ. Աթմաճեան:

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական կոմիտէի խօսքը փոխանցեց Վահէ Պօզոյեան, որ դիտել տուաւ, թէ Վահան Յովհաննիսեան մաս կը կազմէ այն փաղանգին, որ ժողովուրդի համեստ խաւերու ծոցէն ելած` իր գաղափարական եւ քաղաքական կոփուածութիւնը ստացած է Դաշնակցութեան անանձնականութեան դարբնոցին մէջ եւ հաւատարիմ իր կուսակցական երդումին` անձնուրացօրէն ծառայած է իրեն ծնունդ տուած հայ ժողովուրդին: «Վերանկախացած Հայաստանի պետականութեան կայացման, Արցախի ազգային-ազատագրական պայքարի կարեւորագոյն ղեկավարներէն եւ դերակատարներն մէկը եղաւ ան, որուն անունը եւ իրագործումները արձանագրուեցան Հայաստանի վերանկախացման շրջանի եւ ազատագրուած Արցախի պատմութեան էջերուն մէջ:

Ըլլալով ՀՅԴ Բիւրոյի տարիներու անդամ եւ նոյն ատեն` պետական բարձրաստիճան վաստակաշատ պաշտօնեայ, ընկեր Վահան հանդիսացաւ օրինակելի ղեկավար` մեր սերունդներուն, վերահիմնաւորելով այն փաստը, որ հայրենիքին եւ հայ ժողովուրդին ծառայելը նուիրական պարտականութեան եւ պատասխանատուութեան գերագոյն գիտակցութիւն է իւրաքանչիւր դաշնակցականի համար:

Ստանձնելով պատասխանատու հանգամանքներ Հայաստանի Ազգային ժողովի կողմէ, ընկեր Վահան չվարանեցաւ իրեն իւրայատուկ հիւմորով, բայց բուռն կերպով քննադատելու Հայաստանի իշխանութիւններուն վարած խոցելի եւ վնասաբեր քաղաքականութիւնը եւ Ազգային ժողովի ամպիոնէն կամ հրապարակային ձեռնարկներու եւ հանրահաւաքներու բեմերէն կոչ ուղղելու անոնց, որ անսալով հայրենի ժողովուրդի կարիքներուն եւ պահանջներուն` փոխեն իրենց որդեգրած քաղաքական ընթացքը եւ հասկնան, որ իրենք հաշուետու են ժողովուրդին եւ համայն հայութեան առաջ: Հեռու մնալով անձնական, վիրաւորական, ոխակալական քննադատութիւններու ոճէն, իր խօսքերը բոլորին կողմէ ընդունուեցան իբրեւ շինիչ առաջարկներ` հայրենիքը ճգնաժամէն դուրս բերելու եւ ժողովուրդի ցաւերուն դարման գտնելու իմաստով:

Իբրեւ պետական գործիչ` ընկեր Վահան բազմիցս գլխաւորած է հայկական պատուիրակութիւններու մասնակցութիւնը միջազգային մարմիններու եւ կազմակերպութիւններու բանակցութիւններուն եւ վեհաժողովներուն, ուր անվարանօրէն արծարծած է Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման, արդարահատուցման եւ հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներու պահանջատիրութեան հիմնահարցերը: Տիրապետելով քանի մը լեզուներու եւ ունենալով բարձրարժէք մտաւորականի եւ քաղաքական գործիչի հանգամանք, ընկեր Վահան Յովհաննիսեան այդ վեհաժողովներուն արժանացած է միջազգային դէմքերու յատուկ գնահատանքին ու յարգանքին` բարձրացնելով հայ ժողովուրդին ու Հայաստանի պատիւը միջազգային բեմերուն վրայ», ըսաւ ան:

 

 

 

Նախորդը

Նիկոլ Դուման (Նիկողայոս Տէր Յովհաննիսեան, 1867-1914). Ազգային Մարտունակութիւն Դարբնող Անզուգական Հայդուկապետը

Յաջորդը

Ազրպէյճանի Պաշտպանական Ու Անվտանգութեան Համակարգերի Կորուստները 2014-ին

RelatedPosts

Խմբագրական.  Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Վռամշապուհը, Թարգմանչաց Շարժումի Միւս Ուղղութիւնը Եւ Արհեստական Բանականութեան Հայացումը

Հոկտեմբեր 11, 2025
Առանց Սիրոյ Զգացումին Կարելի Չէ Ճանչնալ Զաստուած
Գաղութային

Մասնակից Դառնանք Հայ Դպրոցի Առաքելութիւնը Կանգուն Պահելու Նուիրական Գործին

Հոկտեմբեր 11, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Ազգային Միացեալ Վարժարան Եւ ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» Ընկերաբժշկական Կեդրոն

Հոկտեմբեր 11, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?