Կառչիլ 32-Ամեայ Պատգամին` Մերօրեայ Յանձնառութեամբ
ՀՐԱԿ Թ. ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ Լիզպոնի գործողութիւնը դաշնակցական իւրաքանչիւր երիտասարդի կազմաւորման անփոխարինելի մասնիկն է: Լիզպոնով գաղափարապաշտ երիտասարդութիւնը զոհեց իր լաւագոյն տարրերը եւ անոնց նահատակութեամբ վերանորոգեց իր ուխտը` հաւատարիմ մնալու հայ ժողովուրդի սրբազան Դատին: Եւ ուրեմն Լիզպոնը պէտք չէ դիտել միայն թուրքը պատժելու կամ օտարին մեր բողոքը լսելի դարձնելու տեսանկիւնէն: Լիզպոնը նաեւ պատգամ ունէր մեզի` հայ ժողովուրդին: Այդ պատգամը յեղափոխականութիւնն էր: Յեղափոխականութիւն` ոչ...

















