Յօդուածներ

Այցելութիւն Հերոսի Ընտանիքին

Այցելութիւն Հերոսի Ընտանիքին

Սեպտեմբեր 21-ին, ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութիւնը, «Ասպարէզ» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Աբօ Պողիկեանի եւ ՀՅԴ Գերագոյն մարմինի անդամ, արցախեան ազատամարտի մասնակից Պետրոս Մեղրեանի հետ, այցելած է հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին հակառակորդի գնդակէն զոհուած 40-ամեայ զինուորական ծառայող Հայկ Դեւոյեանի ընտանիքին: Հերոսի ընտանիքին այցելութեան օրը պատահականօրէն չէր ընտրուած. Հայաստանի անկախութեան օրն էր, որ ձեռք բերուած է պայքարի, արեան եւ հայ ժողովուրդի համախմբուածութեան շնորհիւ:...

«Արմէնչիկացրել Ենք Կայքերը` Չանդրադառնալով Ձեռնափայտով Նախագահական Պալատ Հասած Հերոսին». Գիւմրու Թատրոնի Արտադրիչ

«Արմէնչիկացրել Ենք Կայքերը` Չանդրադառնալով Ձեռնափայտով Նախագահական Պալատ Հասած Հերոսին». Գիւմրու Թատրոնի Արտադրիչ

ՆՈՒՆԷ ԱՐԵՒՇԱՏԵԱՆ «Առաւօտ»-ի հետ զրոյցում Գիւմրու Տրամաթիքական թատրոնի արտադրիչ Տիգրան Վիրաբեանն, անդրադառնալով ամերիկահայ ռաբիզ երգիչ Արմէնչիկին վաստակաւոր արտիստի կոչում շնորհելու շուրջ բարձրացուած աղմուկին, ասաց. «Եկէք` չմոռանանք, որ նա այսօր Հայաստանի ամենապահանջուած արուեստագէտն է: Ուզենք, թէ չուզենք, նա ամենապահանջուածն է, թէ ինչո՞ւ ենք պահանջում իրեն, դա խնդրի միւս կողմն է: Ու ոչ միայն Հայաստանում է պահանջուած, այլ` դրսում, նա կարող է...

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական.  Գորշ  Գայլեր…Եւ  Ամպեր

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Գորշ Գայլեր…Եւ Ամպեր

Միայն լարուած չէ մթնոլորտը, ոչ ալ պարզապէս վատթարացած կարելի է նկատել ապահովական իրավիճակը, այլ բառին բուն իմաստով, Թուրքիոյ մէջ պայթուցիկ կացութիւն կը տիրէ, եւ դէպքերը այնպէս մը կ՛ընթանան, որ երկրին մէջ կրնայ քաոսային վիճակ տիրել: Այս գծով արդէն իսկ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քրտամէտ կուսակցութիւնը լոյս ընծայած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը` նկարագրելով ներկայ կացութիւնը եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով կատարուած հալածանքներուն, խափանարարական արարքներուն...

Արտակարգ Օրեր Երկրի Տարածքին

Արտակարգ Օրեր Երկրի Տարածքին

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ Մեկնաբանութիւնները որքան ալ զանազան ըլլան, իրողութիւնը յստակ է. Թուրքիա կ՛ապրի մտահոգիչ օրեր, որոնք դիւրաւ կրնան վերածուիլ ներքին պատերազմի փորձանքի մը: Ժողովուրդին մէկ մասը զարմանքով կը դիտէ պատահածները եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս եկանք այս վիճակին: Սակայն քաղաքական անցուդարձերուն հետեւողներուն համար անսպասելի չէր այս պատկերը: Այդ իսկ պատճառով ալ մարդիկ սկսած են սարսափազդու այս ընթացքը անուանելու...

Հայրենի Կեանք

  Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ Գիւմրիի Հայ Կաթողիկէ Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ Օծում Սեպտեմբեր 24-ին Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Գիւմրիի մէջ ներկայ գտնուած է Հայ կաթողիկէ «Սրբոց Նահատակաց» աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութեան եւ սուրբ պատարագին, որ տեղի ունեցած է Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ: Եկեղեցին «Սրբոց Նահատակաց» կոչուած է Հայոց ցեղասպանութեան սուրբ նահատակներու անմար յիշատակին: Սրբազան արարողութեան ներկայ եղած են Հայաստանի...

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն.  Արեւմտեան Պէյրութ Պաշարման Օղակի Մէջ

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Արեւմտեան Պէյրութ Պաշարման Օղակի Մէջ

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ - Հարաւային Արուարձաններու Սաստիկ Ռմբակոծում   Լիբանանէն ներս իսրայէլեան ներխուժումէն ամիս մը ետք, Իսրայէլ 4 յուլիս 1982-ին գործադրութեան դրաւ արեւմտեան Պէյրութի շուրջ հաստատուած պաշարման օղակը սեղմելու սպառնալիքը: Արդարեւ, դէպի արեւմտեան Պէյրութ տանող անցքերէն երկուքը` Կալըրի Սըմաանի եւ Թանգարանի գիծերը փակուեցան, իսկ նաւահանգիստին անցքէն երթեւեկը մնաց գրեթէ անկարելի: Օդակայանի եւ Ուզահիի շրջաններուն մէջ բախումներ եւ փոխադարձ հրթիռարձակումներ ծայր առին,...

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ժողովրդային Հանդիսութեան Յակոբ Հաւաթեանի Արտասանած Խօսքը

Եկէ՛ք, այս պատմական օրուան առիթով հաւաքաբար խոնարհինք Հայաստանը չտեսած, հայրենիքի կարօտով սնանած ու կազմաւորուած, հայկական թաղամասերը ոգեղէն հայրենիքի վերածած ու անոնց պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած անձնուրացներու յիշատակին դիմաց: Եկէ՛ք, միասնաբար խոնարհինք մեր ակումբներու ու ժողովրդային տուներու մէջ իրենց գաղափարական սնունդը ստացած, ջան «ֆետայի»-ին նուիրուած երգերը աղօթքի վերածած եւ այդ երգերը մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը եւ արեան վերջին կաթիլը խրոխտ...

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարար Ս. Օհանեանի Ուղերձը` Ուղղուած Լիբանանի Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին Մասնակիցներուն

Սիրելի՛ հայրենակիցներ, Ողջունում եմ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին նուիրուած միջոցառման նախաձեռնողներին եւ մասնակիցներին: Հայ ժողովուրդի պատմութիւնը յանուն ազատութեան մղուող պայքարի պատմութիւն է, որը լի է եղել զրկանքներով, տառապանքներով, պայքարով, արարչութեամբ եւ յաղթանակներով: Ճակատամարտել ենք Աւարայրի դաշտավայրում, Կիլիկիայի բերդերի վրայ, Սարդարապատում, Շուշիում: Այդ պայքարը` յանուն գոյատեւման եւ հայապահպանութեան, արժանապատուութեան եւ ազատութեան փոփոխական յաջողութիւններով շարունակուել է դարեր ու հազարամեակներ, հզօրացել է կամ...

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

Հայրապետական Օրհնութեան Գիր Լիբանանի Հայութեան

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Անթիլիասի մայրավանքէն հայրապետական օրհնութեամբ, քրիստոնէական ջերմ սիրով ու ազգային վառ ապրումներով կ՛ողջունենք Լիբանանի հայութեան մեր սիրելի զաւակները: Արդարեւ, հոգեկան գոհունակութեամբ կը նշմարենք, որ վերջին շրջանին Լիբանանի հայութեան կեանքին մէջ գործող մեր բոլոր կառոյցները լծուած են տենդագին աշխատանքի, վերակազմակերպումի ու վերակենսաւորումի ենթարկելով իրենց գործունէութիւնը` Լիբանանի հայութեան հաւաքական կեանքը առաւել ծաղկեցնելու նպատակասլաց յանձնառութեամբ: Լիբանանի հայ գաղութը անցնող տասնամեակներուն...

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Տիգրան Պէօճէքեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Տիգրան Պէօճէքեանի Արտասանած Խօսքը

Այսօր հոս հաւաքուած ենք յիշելու, ոգեկոչելու յիշատակը բոլոր այն նահատակներուն, որոնք ինկան քառասուն տարի առաջ ծայր առած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ընթացքին: Չենք կրնար այդ օրերը յիշել առանց անդրադառնալու մեր համակիրներու յանդուգն եւ անձնազոհ աշխատանքի մասին: Չենք կրնար այդ օրերու մասին պատմել` առանց յիշելու Լիբանանահայ օգնութեան խաչը (Թրատի պարագային «Շուշանիկ» մասնաճիւղը) եւ տակաւին նոր հիմնուած ԼԵՄ-ը` ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը («Նիկոլ...

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Ժաք Յակոբեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» Կոմիտէի Ձեռնարկին Ժաք Յակոբեանի Արտասանած Խօսքը

13 ապրիլին  40 տարի անցաւ այն թուականէն, երբ լիբանանեան հողերուն վրայ ուրիշներու հրահրած պատերազմին պատճառով երբեմնի բարեկեցիկ երկիրը վերածուեցաւ կռուախնձորի` իր հարազատ զաւակներուն միջեւ: Արեւելքի մարգրիտը` Պէյրութը թաղուեցաւ փլատակներու տակ, երկփեղկումը լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն միջեւ հասաւ իր գագաթնակէտին: 15 տարի տեւած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկիրը արդէն այն չէր, ինչ որ էր ամենակուլ պատերազմէն առաջ: Բոլորը անխտիր տուժեցին...

ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէի Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Յովհաննէս Խօշեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Արամ» Կոմիտէի Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Յովհաննէս Խօշեանի Արտասանած Խօսքը

Եօթանասունական թուականներու սկիզբը Լիբանան կ՛ապրէր իր փառքի օրերը: Բոլոր մարզերը աշխուժ վիճակի մէջ էին: Պէյրութի գիշերներն ու ցերեկները միախառնուած էին: Բայց յանկարծ փառքի այդ վիճակը փուլ եկաւ, երբ ծագեցան քաղաքացիական կռիւները: Լիբանան, յատկապէս Պէյրութը բաժնուեցաւ երկուքի` արեւելեան Պէյրութ եւ արեւմտեան Պէյրութ: Կողմերը երբեմն մեղմ, բայց յաճախ շատ բուռն բախումներ կ՛ունենային: Հայոց վիճակը դարձաւ անտանելի ու շատ դժուար, որովհետեւ հայեր կ՛ապրէին...

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Ձեռնարկին Յովսէփ Էսքիճեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Գարեգին Նժդեհ» Կոմիտէի Ձեռնարկին Յովսէփ Էսքիճեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, ինչպէս նաեւ դաշնակցական իւրաքանչիւր կառոյց իրենց 125 տարիներու փառաւոր, այլ փոթորկալի ողջ գոյութեան ընթացքին միշտ ալ հաւատարիմ մնացած եւ իրենց նահատակ ընկերներուն յիշատակը արժանի յարգանքով նշելու` այսպիսով վառ պահելով անոնց անսակարկ յանձնառութեան եւ գերագոյն զոհաբերման օրինակը: Դաշնակցութիւնը տեւաբար յարգած է իր նահատակ մարտակից ընկերներուն անմեռ ոգին, որոնք իրենց գիտակից նահատակութեամբ լուսաւորեցին հայ ժողովուրդի ազատութեան ճանապարհը, ու...

ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Առիթով Րաֆֆի Տեմիրճեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Քեռի» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Առիթով Րաֆֆի Տեմիրճեանի Արտասանած Խօսքը

1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն 60 տարիներ ետք, հայրենիքէն տեղահանուած հայութիւնը հազիւ ծաղկման ու վերելքի մէջ էր, երբ դէմ յանդիման գտնուեցաւ նոր ցնցումի մը, որ պիտի խլէր նոր գարուններ, որ պիտի քանդէր տասնեակ տարիներու աշխատանքը: Պատմութեան դաժան ճակատագիրը կը կրկնուէր: Այս անգամ լիբանանահայութիւնն էր զոհը: 1975-ին սկիզբ առած Լիբանանի եղբայրասպան քաղաքացիական պատերազմէն անմասն չէր կրնար մնալ լիբանանահայութիւնը: Պատերազմ մը, որուն ընթացքին Լիբանանը...

Խմբագրական.  Լիբանանի Մէջ Նահատակուածներուն Հայրենական Գնահատականը

Խմբագրական. Լիբանանի Մէջ Նահատակուածներուն Հայրենական Գնահատականը

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ եւ կոմիտէներուն կազմակերպութեամբ ու գործադրութեամբ շրջան առ շրջան, թաղ առ թաղ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակները յիշելու ձեռնարկներու շարքը այսօր իր լրումին կը հասնի կեդրոնական հաւաքով: Երիտասարդական-ուսանողական ջահերթի ելակէտը այս պարագային խորհրդանշական իմաստ ունի: Այդ ելակէտը կ՛ամփոփէ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ընթացքին մեր նահատակներուն յիշատակը, խորհուրդը, սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջը լեցուցած հրաշալի հերոսներու ինքնանուիրումի փաստը:...

Թուղթ Առ Նահատակաց

Թուղթ Առ Նահատակաց

  Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ   Ձեր տօնն է այսօր, նահատակներ խնկելի: Կը յիշենք ձեզ անուն առ անուն: Կը խոնարհինք ձեր անթառամ յիշատակին դիմաց եւ մտքով կը թռչինք «օրերը մեր անցեալի», արժեւորելու ձեր գործը արի: Հայութեան փրկութեան ճամբուն ինկած նահատակներ` Դուք ինկաք, որովհետեւ հայավայել քաջութեամբ պատրաստ եղաք պաշտպանելու մեր մեծագոյն հարստութիւնը` ազատ եւ անկաշկանդ ապրելու հայ մարդուն արդար իրաւունքը: Դուք ինկաք, որովհետեւ Լիբանանի...

«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

  Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը պատճառեց մեծ աւեր ու բազմաթիւ զոհեր, եւ լիբանանահայութիւնը, հակառակ իր որդեգրած դրական չէզոքութեան քաղաքականութեան, տուաւ բազմաթիւ զոհեր եւ հայկական թաղամասերու մէջ տեղի ունեցաւ քանդում: Ոմանք գաղթեցին, ուրիշներ կառչած մնացին իրենց երկրորդ հայրենիքին եւ դիմակայեցին ստեղծուած դժուար պայմաններուն: Կազմակերպուած են Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակի եւ այդ պատերազմի հայ զոհերու յիշատակին նուիրուած ձեռնարկներ: Այդ առթիւ «Վանայ ձայն»-ի հաղորդավար...

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Վիգէն Գուճանեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Վիգէն Գուճանեանի Արտասանած Խօսքը

  Լիբանանի քաղաքացիական  պատերազմի 40-ամեակն է, եւ այսօր բոլորս համախմբուած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու բոլոր զոհուածներուն, անոնց, որոնք նահատակուեցան, եւ անոնց, որոնք իրենց բազմատեսակ զոհողութիւններով նուիրուեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան դժուարին եւ անապահով աշխատանքներուն: 1975 թուականը ազդանշանն էր պատերազմի սկզբնաւորութեան: Նախ կը կարծէինք, որ պատերազմը հանգրուան մըն էր ու պիտի անցնէր: Յետոյ ի յայտ եկաւ, որ իրողութիւնը օրերու խնդիր չէ, այլ`...

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութեան Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Համբիկ Պիլալեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէի Ձեռնարկին Գօգօ Աւագեանի Արտասանած Խօսքը

Վստահաբար քիչ առաջ քահանայ հօր մատուցած հոգեհանգստեան արարողութեան եւ անոր յաջորդած յուշատախտակի զետեղումով բոլորիս յիշողութիւնը վերաթարմացաւ, եւ մեր աչքերուն առջեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը եկան, պատերազմ մը, որուն համար հայութիւնը սուղ գին վճարեց` հակառակ ՀՅԴ-ի վարած դրական չէզոքութիւն քաղաքականութեան: Այդ դաժան օրերուն ՀՅԴ-ն եւ իր ակումբները իրենց ուսերուն առին մեր թաղերու հսկողութիւնը, ընկերներ եւ թաղի տղաք, առանց խտրութեան, բոլորն ալ...

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութեան Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Համբիկ Պիլալեանի Արտասանած Խօսքը

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութեան Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Համբիկ Պիլալեանի Արտասանած Խօսքը

Լիբանանի եղբայրասպան յիմար, անիմաստ եւ ինքնակործան պատերազմի սկսելուն քառասուն եւ աւարտելուն քսանհինգ զոյգ ամեակներուն վրայ կը դնենք շեշտը յատկապէս: Ճիշդ է, զոյգ ամեակներ են անոնք, որոնք մեզի կը պատճառեն մէկ կողմէ տխրութիւն եւ միւս կողմէ ուրախութիւն, մէկ կողմէ ցաւ` մեր սիրելիներու կորուստին, տուներու քանդումին, շրջանի աւերումին եւ անասելի տառապանքին, եւ միւս կողմէ նաեւ` ամեակներ են անոնք, որոնք մեզի կը փոխանցեն...

Page 1011 of 1110 1 … 1,010 1,011 1,012 … 1,110

Արխիւներ