Եկէ՛ք, այս պատմական օրուան առիթով հաւաքաբար խոնարհինք Հայաստանը չտեսած, հայրենիքի կարօտով սնանած ու կազմաւորուած, հայկական թաղամասերը ոգեղէն հայրենիքի վերածած ու անոնց պաշտպանութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած անձնուրացներու յիշատակին դիմաց:
Եկէ՛ք, միասնաբար խոնարհինք մեր ակումբներու ու ժողովրդային տուներու մէջ իրենց գաղափարական սնունդը ստացած, ջան «ֆետայի»-ին նուիրուած երգերը աղօթքի վերածած եւ այդ երգերը մինչեւ իրենց վերջին փամփուշտը եւ արեան վերջին կաթիլը խրոխտ ձայնով երգած, լիբանանահայութեան պատիւը բարձր պահած մեր նորօրեայ ֆետայիներուն անմար յիշատակին դիմաց:
Եկէ՛ք, ազգովին խոնարհինք այն համեստ, սակայն միեւնոյն ատեն պողպատեայ կամքով զինուած գաղափարապաշտ ու հայրենապաշտ տղոց յիշատակին դիմաց, որոնք իրենց կրակէ մկրտութիւնը ստացան Լիբանանի հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան կռիւներու քուրային մէջ եւ հպարտօրէն անսացին մեծ կոչին, դարձան Հայ դատի զինուոր, արդարութեան մարտիկ, յեղափոխական բանակի ռազմիկ եւ հերոսական սխրանքով ու գերագոյն զոհաբերութեամբ ազգային պահանջատիրութեան փառապանծ էջ մը բացին հայոց ժամանակակից պատմութեան մէջ:
Եկէ՛ք, ազգովին խոնարհինք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին մէջ իրենց մարտական ու զինուորական կրթութիւնն ու փորձառութիւնը ստացած, ինքնաշխատութեամբ ռազմագիտական փորձ նուաճած այն անձնուրացներու յիշատակին դիմաց, որոնք Պուրճ Համուտէն մինչեւ Շուշի, Այնճարէն մինչեւ Հադրութ ու Լաչին, Լիբանանի հայկական թաղամասերը իրենց քաջարի սխրանքներով ու նաեւ արեամբ անքակտելիօրէն կամրջեցին Արցախի տարբեր շրջաններու հետ` դառնալով սերունդներու կազմաւորման մնայուն ներշնչարան:
Եկէ՛ք, սիրելինե՛ր, Դաշնակցութեան մեծ ըտանիքին հետ խոնարհինք հակադաշնակցական պայքարի զոհ դարձած դաշնակցական ղեկավար գործիչներու եւ խոնարհ ծառայողներու յիշատակին դիմաց, որոնց ներդրումը մեծ եղաւ Հայ դատի պահանջատիրական պայքարին եւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան կազմակերպման գործին մէջ:
Թուրքիոյ կողմէ ի գործ դրուած այդ ահաբեկչական արարքները, սակայն, տուին իրենց հակառակ արդիւնքը եւ ընդարձակեցին հայութեան պայքարը:
Եկէ՛ք, խոնարհինք Լիբանանահայ օգնութեան խաչի եւ բարեսիրական բոլոր կազմակերպութիւններուն հետ միասին, ծառայողներու մեծ բանակին դիմաց, որոնք քաղաքացիական պատերազմի ողջ տեւողութեան հոգացին հայ ընտանիքի տարրական կարիքները եւ այդ առաքելութեան գործադրութեան ընթացքին չվարանեցան վտանգի ենթարկելու իրենց կեանքը, որպէսզի կաթէ չզրկուի հայ նորածինը, ջուրն ու հացը հասնի հայ ընտանիքին, հիւանդն ու վիրաւորը փոխադրուին հիւանդանոց, թաղերու աւերակոյտերը ու աղբակոյտերը մաքրուին, հայերէն թերթը հասնի հայ ընթերցողին, ինչպէս նաեւ դիակները չմնան անտէր եւ ռումբերու տարափի տակ անոնց թաղման կարգը կազմակերպուի:
Այս առիթով, եկէ՛ք, սուրիահայութեան հետ խոնարհինք նաեւ սուրիահայ գաղութի անմեղ զոհերուն եւ նահատակ տղոց յիշատակին դիմաց: Պուրճ Համուտի այս հայահոծ շրջանէն եւ այս պատմական օրուան առիթով ողջունենք հալէպահայ եւ ընդհանրապէս սուրիահայ տարբեր շրջաններու մէջ ապրող հայրենակիցները, որոնք իրենց գոյութեան կռիւը կը մղեն: Պատի՛ւ եւ բիւր յարգանք սուրիահայ քաջարի ու առիւծասիրտ տղոց, որոնք կառչած կը մնան իրենց հողին եւ կը պաշտպանեն հայ անհատն ու անոր արժանապատուութիւնը եւ հերոսական նոր էջ մը կ՛աւելցնեն հայոց պատմութեան մէջ:
Եկէ՛ք, այս հպարտառիթ օրուան առիթով սփիւռքի կեդրոնական այս գաղութի միջնաբերդէն ողջունենք Արցախի եւ Հայաստանի սահմանները պաշտպանող հայոց բանակի սպաներն ու զինուորները, որոնք այս պահուն արժանավայել կերպով կը կասեցնեն թշնամիին բոլոր սադրանքներն ու յարձակումները եւ մեր երկրի սահմանները կը պահեն անառիկ: Յարգա՛նք հայոց բանակի բոլոր նահատակներուն: Թող անսասան ու հզօր մնայ մեր բանակը:
Այո՛, նահատակներու յիշատակն է, որ կ՛ոգեկոչենք, բայց այսօրը մեզի համար յաղթանակի փառատօն է: Լիբանանահայութիւնը յաղթած է այն բոլոր ներքին եւ արտաքին թշնամիներուն, դաւադիրներուն, հայանուն վարձկաններուն, որոնք փորձեցին ջլատել իր կենսունակութիւնը, հարուածել իր միասնականութիւնը, լուսանցքայնացնել իր համահայկական դերակատարութեամբ եւ, վերջապէս, վտանգել իր գոյութեան երթը:
Այսօր բարձրաճակատ կը յայտարարենք, որ թշնամի թուրքը ձախողած է. Աբօ Աշճեաններու, Սարգիս Ազնաւուրեաններու, Սարգիս Զէյթլեաններու, Լեւոն Պէրպէրեաններու եւ բազում անձնուրացներու մարտական ու գաղափարական շունչին տակ իրենց կրակէ մկրտութիւնը ստացած եւ Սերժ Թովմասեաններու ու Խաչիկ Արապեաններու ջամբած ռազմագիտական ու կազմակերպչական դաստիարակութենէ լայն փորձառութիւն նուաճած մեծ թիւով անձնուրաց տղաք բարձր պահեցին լիբանանահայութեան արժանապատուութիւնը եւ նոր ու հպարտալից էջ մը բացին գաղութի պատմութեան մէջ:
Վերջապէս արտօնեցէք, սիրելի՛ ժողովուրդ, մեր ձայնը միացնելու ձեզի եւ միասին երախտագիտական խօսք ուղղելու նաեւ տագնապի ամբողջ տեւողութեան մեր ակումբները մեղուաբոյնի վերածած` տագնապի տարբեր հանգրուաններու պատասխանատուներուն, համեստ զինուորագրեալներուն եւ դաշնակցական ընկերներուն: Անոնցմէ ոմանք արդէն մեկնած են այս կեանքէն, ուրիշներ պայմաններու բերումով Լիբանան չեն գտնուիր այլեւս, մեծ թիւ մը անոնցմէ այսօր անկողինի կը ծառայէ, իսկ շատեր քառասուն տարի ետք մեզի հետ այստեղ հաւաքուած, անբացատրելի ապրումներու կենդանացումով կը յիշեն այդ հանգրուանը:
Այո՛, յարգանք նաեւ մեր կենդանի նահատակներուն, որոնք մինչեւ այսօ՛ր իրենց մարմնին վրայ կը կրեն վէրքերու ազդեցութիւնը: Այսպիսի հերոսներուն կը պարտինք մեր այսօրուան գոյութիւնը:
13 ապրիլ 1975: Այն Ռըմմանէի արուարձանին մէջ պաղեստինցիներ փոխադրող օթոպիւսի մը վրայ կրակ տեղացնելով` մեկնարկը կը տրուէր քաղաքացիական պատերազմի առաջին հանգրուանին, որ պիտի տեւէր ուղիղ 15 տարի, եւ որուն հետեւանքները պիտի ապրէինք տակաւին աւելի երկար, մինչեւ այսօրը:
Այս ժամանակահատուածին պիտի խախտէր Լիբանանի պետական ամբողջ ենթակառոյցը, պիտի ցնցուէին շրջաններու ժողովրդագրական պատկերները, համայնքային համակեցութիւնը պիտի վերածուէր համայնքային բուռն բախումներու:Հաւաքական սպանդները, եղբայրասպան կռիւները, թալանն ու կողոպուտը իրենք զիրենք պիտի պարտադրէին այս չքնաղ երկրին մէջ` դիմափոխելով անոր երբեմնի իւրայատկութիւններն ու մշակութային հարուստ ժառանգութիւնը: Ուժի գործածութիւնը պիտի որդեգրուէր իբրեւ հարցերու լուծման ընտրանք, եւ Լիբանանը պիտի քանդուէր լիբանանցիին ձեռքով:
Կռիւները կայծակնային արագութեամբ տարածուեցան մայրաքաղաքէն դէպի այլ շրջաններ` Զահլէ եւ Թրիփոլի: Պատերազմի առաջին հանգրուանն իսկ թիրախ կ՛ընտրէր մայրաքաղաքը: Ինչ որ կարելի չէր ըլլար ռումբով քանդել, կողոպուտով ու վանտալիզմով կը համալրուէր եւ ի պահանջել հարկին ականներու միջոցով քար ու քանդ կը դառնար: Շատ արագ Պէյրութի բաժանումը կը նուիրականանար:
Երկրի իշխանութիւններուն կողմէ սկիզբը ճիգ կը թափուէր տագնապը արաբականացնել իսկ յետոյ` միջազգայնացնել, սակայն բոլոր փորձերը ապարդիւն կ՛անցնէին եւ քաղաքներ ամբողջութեամբ կը քանդուէին, ու ժողովուրդը կ՛ենթարկուէր ներքին տեղահանութեան:
Երկրի ապահովութեան, անկախութեան ու օրէնքի պաշտպանութեան ողնասիւնը համարուող բանակը կը պառակտուէր ու կ՛երկփեղկուէր: Կ՛անդամալուծուէր պետական ամբողջ համակարգը, ազգային արխիւը կը փճանար, կալուածային օրինական փաստաթուղթեր հրոյ ճարակ կը դառնային, բանտերու դռները կը բացուէին, յանցագործները կ՛ողողէին փողոցները, եւ անիշխանութիւնը կը դառնար ապրելու ձեւ եւ միջոց:
Լիբանանահայութիւնը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը կը դիմաւորէր գաղութային իր ամենածաղկուն եւ ամենափայլուն օրերուն մէջ: Հայ քաղաքացին արդէն դարձած էր այս երկրի քաղաքականութեան եւ տնտեսութեան մէջ հիմնական դերակատար, հայկական մշակոյթը կը ճառագայթէր ամէնուրեք: Կրթական համակարգը կ՛ընդարձակուէր եւ շինարարական ու բարգաւաճման ծրագիրներ իրարու կը յաջորդէին` գաղութը օժտելով հայապահպանման եւ հայակերտումի անհրաժեշտ գործօններով ու Հայ դատի հետապնդման կարեւոր ստորոգելիներով: Այս բոլորին կողքին պէտք է հաստատել նաեւ, որ այդ օրերուն կը նշուէր Հայոց ցեղասպանութեան 60-ամեակը: 60-ամեակը յաջողած էր Հայ դատի պահանջատիրական երթին շուրջ համախմբել բովանդակ սփիւռքահայութիւնը` ստեղծելով միասնականութեան ակնկալուած ենթահողն ու մթնոլորտը: Լիբանանի մէջ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները 60-ամեակը կը նշէին միասնաբար եւ անցեալի ժամանակակորուստ հակադրութիւնները մէկդի դրած, զանոնք պարզապէս իբրեւ կարեւոր փորձառութիւն նկատի ունենալով, համագործակցութեան պարարտ դաշտ մը կը ստեղծէին:
Հայ կեանքէն ներս ստեղծուած այդ հոգեփոխութիւնը ինքզինք պարտադրեց նաեւ Լիբանանի այս տագնապը դիմակալելու հայկական արեւելումին վրայ: Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները ողջմիտ կեցուածքով ու պատմակշիռ որոշումով յաջողեցան նուազագոյն ցնցումներով եւ վնասներով պահել ու պահպանել գաղութը: Ստեղծուած միասնականութիւնը իր սաղմին մէջ պիտի ճզմէր հայ համայնքը պառակտելու միտող ամէն փորձ ու դաւադրութիւն եւ հայութիւնը իր օրինակելի կեցուածքով մնայուն պատգամ պիտի տար բոլորին անխտի՛ր:
Հայ քաղաքական կուսակցութիւնները տագնապի առաջին իսկ օրէն բացառեցին պատերազմի ամէն տեսակի տրամաբանութիւն, ոչ մէկ ատեն կողմ ըլլալը նկատեցին հարցերու լուծման միջոց, որովհետեւ այդ գործընթացը ճակատագրական այդ հանգրուանին պիտի սպառնար երկրի ամբողջականութեան, ազգային միասնականութեան եւ համայնքներու միջեւ խաղաղ գոյակցութեան: Հայութիւնը ստեղծեց իր ուրոյն կողմը: Այո՛, դրական չէզոքութիւնը կրաւորական մօտեցումով սահմանուած կեցուածք չէր, ոչ ալ` խուսափողական ընթացք, ինչպէս շատ յաճախ մեկնաբանեցին հայութիւնը ընդհանուր տագնապի մէջ ներքաշել փորձող բոլոր կողմերը:
Այո՛, հայկական թաղերը դարձան թիրախ պատերազմող բոլոր կողմերուն: Հայութիւնը վճարեց շատ սուղ գին: Քանդումն ու աւերը եւ մարդկային կորուստները, սակայն, չյաջողեցան ճզմել հայութեան կորովն ու վճռակամութիւնը, ու ան իր կուսակցութիւններուն շուրջ համախմբուած` դարձաւ կարգապահ բանակ եւ արգելակեց զինեալ խմբաւորումներու հայկական թաղեր թափանցումը եւ այդ շրջաններու հայաթափումը:
Լիբանանը հայութեան համար սովորական օթեւան մը ու հայրենիք մը չէր ու չէ տակաւին: Անոր դերակատարութիւնը շատ աւելի մեծ է: Համահայկական մեր իղձերուն եւ մեր պայքարի ընդարձակման համար նորահաս պայքարունակ սերուդներ կազմաւորելու մէջ մենք այս հայրենամերձ միջավայրին ու անոր ընձեռած կարելիութիւններուն կը պարտինք շատ բան: Հետեւաբար մենք բոլորէն աւելի յաւելեալ պարտաւորութիւն ունինք գուրգուրալու այս երկրի կայունութեան, գոյութեան ու լինելութեան վրայ: Այո՛, մենք հպարտօրէն եւ ինքնավստահ զգուշացուցինք բոլորը, որ չհամարձակին կասկածի տակ առնել մեր կառուցողական քաղաքականութիւնը: Մենք Լիբանանի տուած ենք ու պիտի շարունակենք տալ ամէն բան, հետեւաբար ըսինք ու կը շարունակենք ըսել, որ մենք կը գուրգուրանք Լիբանանի վրայ եւ չենք արտօներ ոեւէ հայ անհատի, որ շեղի այս հասկացողութենէն: Այս խոր գիտակցութեամբ մենք մեր որդեգրած քաղաքականութիւնը պաշտպանեցինք նաեւ զէնքի ուժով, նահատակներու թանկ արեամբ եւ գիտակից զոհողութեամբ:
Հայրենամերձ այս գաղութին դերն ու նշանակութիւնը լաւապէս ըմբռնած էր օրին նաեւ Հայաստանի խորհրդային վարչակարգը: Լիբանանահայութեան տագնապը մտահոգած էր հայրենի ժողովուրդը եւ այդ օրերուն նաեւ ան անմասն չմնաց եւ իր օգնութեան ձեռքը երկարեց լիբանանահայութեան:
Պէտք է գլխագիր արձանագրել նաեւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը տագնապի օրերուն եղաւ Լիբանանի մէջ գործող այն միակ կուսակցութիւնը, որ յանդուգն որոշումով արգիլեց իր շարքայիններուն արտագաղթը, երբ դասալքումն ու խուճապահար դրսեւորումները ակներեւ էին ամէնուրեք: ՀՅԴ 21-րդ Ընդհանուր ժողովը իր կարգին վերահաստատեց Լիբանանի շրջանի որդեգրած այդ որոշումը:
Այսօր նաեւ Լիբանան չի գտնուիր բաղձալի պայմաններու մէջ, սեւ ու մութ ամպեր դարձեալ պատած են անոր երկնակամարը, անկայունութիւնն ու անապահովութիւնը իրենց շուքին տակ առած են երկիրը, վերընձիւղուած են կիրքերն ու ատելութիւնները, եւ աւելի՛ն, պարարտ հող կայ ստեղծելու ժխոր, իրարանցում, որմէ տուժողը դարձեալ ինքն է` լիբանանցին:
Շրջանային դէպքերու ազդեցութիւնը ակներեւ է այս ընդհանուր կացութեանց հոլովոյթին մէջ: Ծայրայեղականութիւնն ու մեծապետական մութ հաշիւները երբեմն զուգահեռ, երբեմն առանձին, անկանխատեսելի իրադարձութիւններու, նոր ալեկոծումներու դէմ յանդիման կը դնեն ամբողջ շրջանը:
Այսօր եւս քաղաքական զգօնութիւնը եւ հայ համայնքի միասնական դրսեւորումը կը շարունակեն մնալ ցնցումներէ եւ արկածախնդրութիւններէ հեռու պահելու կարեւոր նախադրեալ: Բոլոր ժամանակներէ աւելի, աղմուկէն, ամբոխավարական մօտեցումներէ հեռու, պարտաւոր ենք թափանցելու հարցերու խորքն ու էութիւնը:
Այո՛, քաղաքական եւ ընկերատնտեսական ճգնաժամը իր անդրադարձը կ՛ունենայ արդէն իսկ քաղաքացիի անշնչելի դարձած առօրեային վրայ: Պետական վարչամեքենային ամլութիւնը, գաղթականներու անհամեմատ բարձր թուաքանակը եւ, տակաւին, բազում խնդիրներ կու գան խճճելու մեր հաւաքական կեանքը ու մթագնելու ապագայի երթը: Զգաստ մօտեցումով պարտաւոր ենք մնալու համախմբուած, միասնական ու անզիջող: Թող ոչ ոք ենթադրէ, որ անհատը առանձինն կրնայ իր քաղաքացիական ու ֆիզիքական ապահովութիւնը երաշխաւորել: Հաւաքականութեան ուժի հարազատ դրսեւորումն է, որ կը յաջողցնէ այդ գործը եւ անհատական կարողութեանց հաւաքագրումն ու համադրուած աշխատանքը կրնան միայն զօրացնել նոյն այդ հաւաքական ուժը:
Սիրելի՛ ներկաներ, անցնող երկու շաբթուան ընթացքին Լիբանանի տարածքին գործող մեր կոմիտէները Պուրճ Համուտի, Պէյրութի, Ժիպէյլի, Պեքաայի շրջաններու հայկական թաղամասերուն եւ ժողովրդային տուներու մէջ կազմակերպեցին նահատակներու յիշատակի 14 հանդիսութիւններ: Մեր թաղերը տարբեր փայլք ստացան: Լիբանանի հետ եւ հայութեան համար իրենց կեանքը նուիրաբերած տղոց կատարած գործը եւ մեզի կտակուած գաղափարական հսկայ ժառանգութիւնը վերանորոգ լոյս ու յոյս սփռեց մեր հայկական թաղամասերուն մէջ: Այդ թաղամասերը կարօտցած էին մեր աձնուրացներու խրոխտ եւ քաջ նայուածքները եւ մարտական քալուածքը: Յիշողութիւններ թարմացան, խօսքեր արտասանուեցան, նկարներ կենդանացան, յուզուեցանք, հպարտացանք, գօտեպնդուեցանք եւ փորձեցինք ինքնարժեւորման կարգով յստակացնել մեր այս օրը եւ մարտահրաւէրները, ինչպէս նաեւ` ճշդել մեր վաղուան ընելիքն ու աշխատանքը:
Այո՛, գօտեպնդումի եւ զօրակոչի հաւաքներու վերածուեցան Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան հնոցներու մէջ կազմակերպուած ժողովրդային հաւաքները: Քաղաքացիական պատերազմի արհաւիրքը թէեւ այսօր անմիջականօրէն չի սպառնար մեզի, սակայն առկայ են համաչափ նորօրեայ սպառնալիքներ, որոնց դիմակայումը կ՛ենթադրէ նոր սխրանքներ, համախումբ աշխատանք եւ աննահանջ պայքար:
Ամէն բանէ առաջ մեր հայկական թաղերու հայեցի դիմագիծի պահպանումը կը մնայ գերխնդիր ու առաջնային օրակարգ: Այս ծիրէն ներս, կ՛ընդունինք, որ գործը այդքան ալ դիւրին չէ, կ՛ընդունինք, որ տեղ մը ղեկավարութիւնը նաեւ ակամայ թերացած է իր պարտականութեան մէջ: Այո՛, կատարուած են նախաձեռնութիւններ բայց երկարաժամկէտ եւ ուսումնասիրուած աշխատանք կարելի չէ եղած ի գործ դնել` առարկայական շատ մը գործօններու ստեղծած արգելակիչ պայմաններուն պատճառով: Այսօր, սակայն, կայ յստակ տրամադրութիւն, մթնոլորտ ու ճիգ` այս իմաստով ծաւալելու կազմակերպ ու նպատակաուղղուած գործունէութիւն: Այս օրակարգին շուրջ յաւելեալ զօրակցութիւն ստեղծուեցաւ անցնող շաբաթներուն Կեդրոնական կոմիտէի նախաձեռնած տարբեր շրջանակներու եւ ասպարէզներու ազգայիններու եւ պատասխանատուներու հետ հանդիպումներուն ընթացքին, ուր համապարփակօրէն քննարկուեցաւ այս օրակարգը, եւ բոլորը յանձնառու դարձան մասնակից ըլլալու ընդհանուր գործին:
Շինարարական, բարգաւաճման նոր ծրագիրներու առընթեր, սակայն, անհրաժեշտ է, որ մեր ժողովուրդը հականեխէ իր միջավայրը եւ հեռու վանէ իրմէ դասալքումի ու շահադիտական ամէն տեսակի մօտեցում: Այո՛, հայկական թաղամասերու մէջ անխոհեմ եւ եսակեդրոն ամէն արարք միայն կրնայ վնասել մեր համայնքի կենսունակութեան եւ ուժականութեան: Հետեւաբար պարտաւոր ենք ըլլալու զգուշ:
Հայեցի դիմագիծի անաղարտ պահպանման կողքին, պարտաւոր ենք ուշադիր հետեւելու եւ կանխելու այն բոլոր չարիքները, որոնք համաշխարհային տարողութիւն եւ ընդգրկուածութիւն ունենալով հանդերձ, իրենց ծանր հարուածներով կը սպառնան մեր երիտասարդութեան ֆիզիքական ու գաղափարական կազմաւորումին, այլ խօսքով` ծանր ու մահացու հարուած կը հասցնեն մեր ապագային: Հայ երիտասարդը պարտաւոր է օտարէն աւելի ըլլալու զգօն, որովհետեւ ունի յաւելեալ հաւաքական պատասխանատուութիւններ:
Սիրելի՛ գործատէրեր, առեւտրականներ եւ բարեկեցիկ հայորդիներ, դուք, որ մի՛շտ ալ զօրավիգ կը կանգնիք գաղութի բոլոր նախաձեռնութիւններուն, այս պարագային նաեւ ձեզմէ սպասուածը հայանուէր ընդհանուր գործին ուղղակի մասնակցութիւնն է: Եւ որքան համահունչ են այս օրերուն պատերազմի թէժ հանգրուանին, 10 յունուար 1976-ին «Ազդակ»-ի խմբագրականով հրապարակուած այս տողեր`«Ինչպէս որ հայ երիտասարդը եւ պատանին զէն ի ձեռին արթուն պահակ կեցած են հայկական թաղերու սահմաններուն վրայ, ապահովութիւն ներշնչած մեր բազմութիւններուն, այնպէս ալ մեր ունեւոր հայրենակիցները` մեր միլիոնատէրերը, պարտաւորութիւն ունին հայութեան տրամադրելու իրենց նիւթական զէնքերը, նիւթական ապահովութիւն ընծայելու հայութեան զաւակներուն, իրենց հայրենակիցներուն, որոնց բազմամարդ ներկայութիւնը այս երկրին մէջ հիմնական դեր ունեցաւ իրենց հարստութիւններու կերտումին մէջ»:
Սիրելի՛ երիտասարդներ, այս օրը ձեզի համար տարբեր իմաստ ու նշանակութիւն ունի անկասկած: Դուք քաղաքացիական պատերազմը չապրեցաք, բայց ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութիւնը իր կրակէ մկրտութիւնը ստացաւ քաղաքացիական պատերազմի քուրային մէջ: 1973-ին հիմնուած այս միութիւնը 2 տարի ետք արդէն իր դիմաց գտաւ մեծ գործադաշտ: Դուք կրեցիք այդ պատերազմի դառն հետեւանքները, բայց պատուով ուխտեցիք շարունակելու ձեր նախորդներուն գործը` վառ պահելով պահանջատիրութեան ջահը: Քալեցէք նոյն ճամբով, նոյն վճռակամութեամբ, նոյն քաջութեամբ, թող ոչ ոք համարձակի շեղել ձեզ ձեր ընթացքէն, ձեր երթէն եւ ձեր վազքէն: Չմոռնաք երբեք, որ հարուստ պատմութիւն կերտած գաղութի մը զաւակներ էք: Մնացէք հպարտ, ապրեցէք հպարտ եւ նոր նուաճումներով հպարտանքի նոր պահեր պարգեւեցէք լիբանանահայութեան եւ բովանադակ հայ ժողովուրդին:
Այս տարի 40-ամեակն է նաեւ նորօրեայ Հայ դատի պահանջատիրութեան զինեալ պայքարին: Վաղը անպայման ամենայն հայոց պետութիւնը պիտի արժեւորէ կեդրոնական այս գաղութին ու անոր անզուգական միջավայրին ունեցած դերը այդ պայքարի կազմակերպման ու իրագործման մէջ:
Սիրելի՛ ընկերներ,
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին առիթով վերանորոգենք մեր յանձնառութիւնը` դաշնակցական անկեղծ զինուորի անբասիր ու վեհանձն ոգիով: Եկէ՛ք` ըսենք մեր ժողովուրդին, որ մենք կը շարունակենք մնալ ժողովուրդի տէրն ու ծառան: 125-ամեայ կենսափորձ նուաճած Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը այսօր մեր բոլորին գործին ու պայքարին կարիքը ունի, որովհետեւ հայութեան պայքարը բազմաճակատ է, աշխատանքները` բազմագաւառ եւ կարիքները` անհամար: Պահը գործի պահ է, կենարար գործի, անշահախնդիր ծառայութեան ու աներկիւղ եւ նուիրեալ պայքարի: Պահը ժամանցի, անիմաստ շատախօսութեան եւ թեթեւ զբօսանքի պահ չէ:
Յարգելի՛ հայրենակիցներ,
Դուք այսօր ընդառաջած էք Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան կոչին եւ եկած` միասնաբար յարգելու մեր յայտնի եւ անյայտ նահատակներու եւ անձուրացներու յիշատակը, յիշատակը անոնց, որոնց յեղափոխական ու գաղափարական վաստակին շնորհիւ մնայուն ինքնակերտումի եւ ինքնահարստացման, ինչպէս նաեւ մնայուն շարժման մէջ մնաց ու կը շարունակէ մնալ հայ կեանքը, ու անխորտակ կը շարունակէ ընթանալ հայութեան պահանջատիրական երթը:
Սիրելի՛ ժողովուրդ, մի՛ վարանիր, մի՛ մտահոգուիր, շարունակէ վստահիլ այս կուսակցութեան, շարունակէ՛ խստապահանջ մօտեցումովդ պահանջել Դաշնակցութենէն ու յատկապէս անոր լիբանանեան ընտանիքէն` Հայաստանի ու հայութեան համար յաւելեալ նուիրում, մեր համայնքային իրաւունքներու պաշտպանութեան համար յաւելեալ աշխատանք, որպէսզի նորէն միասնաբար յաղթենք, մի՛շտ յաղթենք:
Փա՛ռք ձեզի նահատակներ…
Պատի՛ւ քեզի լիբանանահայութիւն, որ քու նահատակներդ այսպէս յարգել, արժեւորել ու ապրեցնել գիտես:
Կեցցէ՛ Լիբանանը, կեցցէ՛ Հայաստանը, կեցցե՛ն մեր գալիք բոլոր յաղթանակները: