13 ապրիլին 40 տարի անցաւ այն թուականէն, երբ լիբանանեան հողերուն վրայ ուրիշներու հրահրած պատերազմին պատճառով երբեմնի բարեկեցիկ երկիրը վերածուեցաւ կռուախնձորի` իր հարազատ զաւակներուն միջեւ: Արեւելքի մարգրիտը` Պէյրութը թաղուեցաւ փլատակներու տակ, երկփեղկումը լիբանանցիներուն եւ լիբանանեան զանազան շրջաններուն միջեւ հասաւ իր գագաթնակէտին: 15 տարի տեւած լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմէն ետք երկիրը արդէն այն չէր, ինչ որ էր ամենակուլ պատերազմէն առաջ:
Բոլորը անխտիր տուժեցին քաղաքացիական պատերազմին արհաւիրքներէն, դժբախտաբար տուժեց նաեւ հայկական սփիւռքի սիրտը նկատուած լիբանանահայ գաղութը: Պատերազմէն առաջ իր թուային կշիռով սփիւռքեան իրականութեան մէջ իւրայատուկ դերակատարութիւնը ունեցած լիբանանահայութիւնը օր-ցերեկով ինքզինք գտաւ ինքնապաշտպանուելու եւ իր ձեռքբերումները պահպանելու հրամայական անհրաժեշտութեան առջեւ:
Այս մթնոլորտին մէջ էր, որ հայ քաղաքական կուսակցութիւնները, լիբանանահայ քաղաքական կեցուածքը տարբերակելու համար լիբանանեան քաղաքական միւս կեցուածքներէն, որդեգրեցին այն ժամանակ լիբանանահայութեան համար փրկարար դերակատարութիւն ունեցած «դրական չէզոքութեան» կեցուածքը: Այս մթնոլորտին մէջ էր նաեւ, որ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան ղեկավարութեամբ սկիզբը դրուեցաւ Լիբանանի հայկական շրջաններու ինքնապաշտպանութեան սուրբ աշխատանքին: Ոչ այլ ինչի համար, քան այն իրականութեան, որ ամէն գնով պէտք էր պահպանել սփիւռքեան այս միջնաբերդը: Նաեւ այն իրականութեան համար, որ լիբանանահայ գաղութը, իբրեւ հայաստանամերձ միջինարեւելեան հիմնական գաղութներէն մէկը, իր հիմնական դերակատարութիւնը ունէր եւ ունի Հայ դատի հետապնդման աշխատանքներուն մէջ:
Լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան աշխատանքին մասնակցեցան բոլորը` կուսակցականը եւ համակիրը: Անցնող օրերուն բազմիցս կրկնուեցաւ` նոյնիսկ Դաշնակցութեան հակառակորդ շրջանակներ պատերազմի թէժ օրերուն իրենց ապաւէնը գտան դաշնակցական ակումբին մէջ, պահակ տղոց մօտ, որոնք չխնայեցին որեւէ զոհողութիւն, եղան կրակի առաջին գիծերուն վրայ, հայկական թաղամասերուն հասցուցին հաց, ջուր, սննդամթերք, եղան արթուն պահապանները այս երկրին մէջ գտնուող հայկական ժառանգութեան: Իբրեւ զոհողութեան գագաթնակէտ, այդ տղաքը նահատակուեցան պարտականութեան պատնէշներուն վրայ` իրենց ստանձնած գերագոյն զոհողութեամբ վերակենդանացնելով նաեւ հայկական ֆետայականութեան եւ ազգային ազատագրական պայքարի լաւագոյն աւանդութիւնները:
Այդ տղաքը` կուսակցական թէ համակիր, ինկան նաեւ այս ակումբին` ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» ակումբի աշխարհագրական տարածքին մէջ գտնուող թաղամասերու ինքնապաշտպանութեան կռիւներուն ընթացքին: Այս ակումբին ճամբով Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան Լիբանանի կազմակերպութեան մեծ ընտանիքին նուիրուած ընկ. Սարգիս Ազնաւուրեան դարձաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին հիմնական սիւներէն մէկը, որ իր կարգին նահատակուեցաւ նոյն քաղաքացիական պատերազմի ժամանակաշրջանին շղթայազերծուած հակադաշնակցական անողոք պայքարին ընթացքին:
Այս ակումբի զաւակ Սիմոն Եահնէեանը իր միւս չորս ընկերներուն հետ ողջակիզուեցաւ ազատութեան բագինին առջեւ` Փորթուգալի Լիզպոն մայրաքաղաքին մէջ: Տակաւի՛ն, այս ակումբին մէջ հասակ առած տղաք հետագային գացին եւ դաշնակցական գործը շարունակեցին Արցախի մէջ` ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանի ստեղծման մեծ երազի ճամբուն վրայ: «Նիկոլ Դուման»-ը, պատերազմի ամէնէն ծանր օրերուն դարձաւ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան անառիկ բերդերէն մէկը, միշտ` ճակատի առաջին գիծերուն վրայ:
Այնպիսի ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ կամովին թէ ակամայ լիբանանեան պետութիւնը կազմալուծուած էր կամ հրաժարած իր հիմնական գործառոյթներէն, ՀՅ Դաշնակցութիւնը, իր ուղեկից կազմակերպութիւններուն եւ համակիրներու մեծ բանակին հետ, ինքնապաշտպանութեան կարեւոր աշխատանքին կողքին իր վրայ վերցուց նաեւ այդ գործառոյթները կատարելու ծանր բեռը: Միշտ լիբանանեան օրինականութեան հետ ըլլալու կեցուածքը եւ հայութեան միահամուռ մօտեցումը` քաղաքացիական արիւնահեղութիւնը մերժելու իմաստով, այն հիմնական սկզբունքներն էին, որոնք համընդհանուր յարգանքի արժանացան լիբանանեան քաղաքական բոլոր ուժերուն կողմէ, ինչ որ ճամբան բացաւ, որ Թաէֆի համաձայնութեան մէջ հայութիւնը իր որոշադրիչ խօսքը ունենայ, իսկ հայ համայնքին դիրքը ամրագրուի` իբրեւ Լիբանանի եօթը մեծագոյն համայնքներէն մէկը: Այս իմաստով ալ, իրապէս ՀՅ Դաշնակցութեան այն ժամանակուան կեցուածքը բնորոշ է այս օրերուն որդեգրուած կարգախօսին` «Լիբանանի հետ, հայութեան համար»:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին առիթով, պատերազմին ընթացքին ինկած նահատակներու յիշատակի յարգանքին նուիրուած ձեռնարկներու շարքին ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն կու գայ յարգելու քաղաքացիական պատերազմին ընթացքին ինկած բոլոր նահատակներուն յիշատակը, ինքնապաշտպանութեան կռիւներու երախտաւորներուն վաստակը:
Յարգա՛նք բոլորին յիշատակին ու վաստակին: