1915-ի Հայոց ցեղասպանութենէն 60 տարիներ ետք, հայրենիքէն տեղահանուած հայութիւնը հազիւ ծաղկման ու վերելքի մէջ էր, երբ դէմ յանդիման գտնուեցաւ նոր ցնցումի մը, որ պիտի խլէր նոր գարուններ, որ պիտի քանդէր տասնեակ տարիներու աշխատանքը:
Պատմութեան դաժան ճակատագիրը կը կրկնուէր: Այս անգամ լիբանանահայութիւնն էր զոհը: 1975-ին սկիզբ առած Լիբանանի եղբայրասպան քաղաքացիական պատերազմէն անմասն չէր կրնար մնալ լիբանանահայութիւնը: Պատերազմ մը, որուն ընթացքին Լիբանանը եւ ի մասնաւորի լիբանանահայութիւնը կրեցին մեծ կորուստներ:
Կա՛մ պէտք էր յանձնուիլ` արտագաղթել, ու լիբանանեան խաղին մէջ մուտք գործել եւ կա՛մ ալ պայքարիլ` պահպանելու գաղութը, տէր կագնելու լիբանանահայութեան: Մեր տկարացումը Թուրքիոյ հաշուոյն իրագործում էր: Մեր բաժանումն ու Լիբանանէն հեռացումը թրքական կողմին համար մեծ յաղթանակ կրնար ըլլալ: Թշնամին լաւապէս գիտէր ու տակաւին գիտէ, որ Լիբանանը սփիւռքի զօրանոցն է ամէն իմաստով: Թշնամին գիտէ, որ զինեալ պայքարի դարբնոցը հոսկէ կ՛անցնի, սփիւռքի գլխաւոր կառոյցներու համախմբման վայրը հոս է, գաղութներու մարդուժ մատակարարող շտեմարանը Լիբանանն է:
Բայց մենք չէինք կրնար յանձնուիլ. Դաշնակցութեան դպրոցը մեզի սորվեցուցած էր մինչեւ վերջին արեան կաթիլը պայքարիլ, դժուարութիւններուն դիմաց չտկարանալ, չթուլանալ, մինչեւ վերջին վայրկեանը մնալ պահանջատէր ու ծառայել ժողովուրդին եւ հայրենիքին: Որոշումը յստակ էր` պաշտպանել հայկական թաղամասերը` առաւելագոյն չափով զանոնք հեռու պահելով Լիբանանի ճակատումներէն եւ ի հարկին դիմել ինքնապաշտպանութեան` կասեցնելու փորձերը բոլոր անոնց, որոնք կ՛ուզեն մուտք գործել հայկական շրջանները, կողոպուտի ենթարկել ժողովուրդը, սպաննել, արեւանգել…
Պատրաստ չէինք հայրենիքէն հեռու զէնք բռնելու, բայց հայրենիքին համար ամէն ինչ պէտք էր կատարել… Հայրենիքէն հեռու, Արարատը չտեսած երիտասարդներ, հաւատալով հայութեան պահպանման կարեւորութեան, հայրենիքին համար զէնքը բռնած պաշտպանեցին թաղերը, գիշեր ու ցերեկ հսկեցին… Այո՛, «Մեր տղաքը» ի՞նչ չըրին. ըրին ամէն ի՛նչ, որպէսզի հայը ապրի, հայը անապահովութեան մէջ ունենայ ապահով փոքր անկիւն մը, հայը պահէ իր արժանապատուութիւնը:
Պատերազմը հոգիներ կը տանի. այս է չար խաղին օրէնքը: Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմն ալ խլեց հայ տասնեակ մը երիտասարդներու կեանքը: Շատեր նահատակուեցան պահակութեան ընթացքին եւ դիրքերու ստուգման պահուն, ուրիշներ` երբ օգնութեան կը հասնէին կարիքաւորներուն, երբ ջուր կը մատակարարէին ժողովուրդին, երբ սնունդ կ՛ապահովէին… Նոյնիսկ շատեր նահատակուեցան, որպէսզի ուրիշներ ապրին: Գերագոյն զոհաբերութիւնը բացայայտ էր մեր տղոց մօտ:
Պուրճ Համուտը Սասուն չէր, բայց Սասնայ հերոսներու հոգիները կ՛ապրէին իւրաքանչիւր հայորդիին մէջ: Հոս Անդրանիկ չկար, Սերոբ չկար, Նիկոլ Դուման չկար, բայց ե՛ւ անդրանիկներու, ե՛ւ սերոբներու, ե՛ւ դումաններու պայքարելու կամքը կար, գերագոյն զոհաբերութեան նուիրումը կար, խիզախութիւնն ու արիութիւնը կար…
Պատերազմին չկային դաշնակ, հնչակ, ռամկավար, չկար մեզմէ-ձեզմէ հասկացողութիւնը, կար հայ, միայն հայ, եւ Դաշնակցութիւնը իր բոլոր կարելիութիւնը ի գործ դրաւ պահպանելու ներհայկական առումով միասնականութիւնը, հաւաքելու բոլորը մէկ նպատակի շուրջ, որպէսզի գաղութը նուազագոյն վնասներով դուրս գայ կացութենէն: Դժուարութիւնները կը միացնեն, քով-քովի կը բերեն… Մեր ժողովուրդի բնազդն է: Միասին էինք, ու ամէն մէկը իր գործը կը կատարէր: ՀՅԴ Լիբանանի երիտասարդական միութեան ստեղծումն ալ իր կարեւոր բաժինը ունեցաւ: Երիտասարդները հաւաքուեցան ԼԵՄ-ի դրօշին տակ. Չմտածեցին ապագայ, ընտանիք, ամուսնութիւն, այլ նուիրուեցան հաւաքական շահերուն:
Մեր ակումբները վերածուած էին ժողովրդային տուներու, ուր ժողովուրդը կը զգար ներքին ապահովութիւն, ուր բոլորին հաւաքավայրն էր, ուր վիրաւորները կը բուժուին, ուր երէցները կը մխիթարէին…
Ժիպէյլի հայութիւնը անմաս ինչպէ՞ս մնար այս պատերազմէն: Օրին համայն հայութիւնը Հայաստանէն մինչեւ Եւրոպա ու Ամերիկաներ մտահոգ էին մեզմով, կը բաժնէին մեր ցաւը եւ տառապանքը, որովհետեւ լաւապէս գիտէին, որ մեր տկարացումը, քայքայումը եւ բաժանումը նոյնինքն բոլորին տկարացումն էր: Այո՛, դուք ալ այստեղ, պատերազմի գօտիէն անդին էիք, բայց անբաժան չէիք:
Անցան քաղաքացիական պատերազմի 15 տարիները, իսկ պատերազմի ազդանշանէն անցաւ 40 տարի, եւ տակաւին Լիբանանի դժուարութիւնները միեւնոյնն են: Այսօր ալ Լիբանանի մէջ ապահովական խնդիրներ գոյութիւն ունին, այսօր ալ տնտեսական դժուարութիւնները շատ են եւ ընկերային հարցերը օրէ օր կ՛աւելնան: Այսօր ալ քաղաքական ճակատումները իրենց ժխտական անդրադարձը կ՛ունենան ժողովուրդին վրայ: Այսօր ալ տակաւին ելեկտրական ու ջուրի խնդիրերը կան, նոյնիսկ աղբերու խնդիրները չեն լուծուիր, երբ քաղաքակիրթ երկիրներուն մէջ աղբն անգամ արժէք ունի կը վաճառուի:
Լիբանանահայութեան պահպանման մարտահրաւէրներն ալ չեն փոխուած: 40 տարի առաջ «Մեր տղաքը» զէնքով թոյլ չտուին, որ օտարները մեր տուները մտնեն, մինչ մեզմէ շատեր այսօր քանի մը ոսկիի համար Պուրճ Համուտը կը պարպեն հայութենէն:
40 տարիներ առաջ մեր պատանիները ռումբերուն տակ հայերէնը կը պահպանէին, մինչ հիմա մեզմէ շատեր իրենց տուներուն մէջ արաբերէնով կը հաղորդակցին:
40 տարիներ առաջ մեր եկեղեցիները հաւատացեալներով լեցուած էին, մինչ այսօր մեր հայորդիներուն մեծամասնութիւնը հեռու է հոգեւոր արժէքներէն եւ երբեմն ալ մաս կը կազմէ աղանդաւորական շարժումներուն:
40 տարիներ առաջ մեր մեծահարուստները իրենց գրպանները ոչ թէ միայն բացած էին, այլ նոյնիսկ պարպած` ժողովուրդին համար, մինչ այսօր մարդիկ փոքրիկ նուիրատուութեան մը փոխարէն` փառք ու պատիւ կը փնտռեն:
40 տարիներ առաջ գաղափարական մարդոց ներկայութիւնը տիրական էր, անոնք կը ներշնչէին եւ կ՛ոգեւորէին, մինչ այսօր ընդհանրապէս մակերեսային մօտեցումները տարածուած են:
40 տարիներ անցած են եւ գաղութի մարտահրաւէրները չեն փոխուած, խնդիրները միեւնոյն են:
Ինչպէս երէկ վստահեցանք երիտասարդներուն, այսօր ալ պէտք է ջահը յանձնել նոր սերունդին: Միայն երիտասարդ մարդուժով կրնանք ամրացնել մեր ազգային բերդերը:
Այո՛, մեր բերդերը ամուր սիւներու կարիքն ունին, որպէսզի յառաջիկայ պայքարներուն եւս դժուարութիւններու դիմաց ջահերթը շարունակուի:
Հայրենիքէն հեռու մեր բերդերէն լիզպոններ, վիգէններ ու մհերներ անմահացան: Վստահ եղէք, որ Դաշնակցութեան բերդերէն վաղն ալ նոր ազնաւուրեաններ, նոր զէյթլեաններ, նոր աշճեաններ կը ծնին: Վստահ եղէք, որ վաղը երբ ահազանգը հնչէ Թրիփոլիէն մինչեւ Ժիպէյլ, Ժունիէն Անթիլիաս, Զալքա, Ֆանար, Պուրճ Համուտ, Պէյրութ, Այնճար, ուր որ հայու սիրտը կը տրոփէ, պիտի միանայ կանչին եւ ամուր բռունցքով դէմ պիտի կանգնի արգելքներուն:
Շատ գործ ունինք կատարելիք: Պէտք է քիչ խօսինք եւ շատ գործենք: Համախմբուինք հայութեան ծառան ու տէրը հանդիսացող ՀՅԴ-ի դրօշին տակ, միասնաբար մերժենք հայաթափումը, անտարբերութիւնը, անհատապաշտութիւնը, ծուլութիւնը, բարոյալքուածութիւնը, ապազգային երեւոյթները եւ մեր միասնականութիւնը ջլատել ուզող բոլոր փորձերը:
Հաւատանք, որ ապագան մերն է: Հաւատանք, որ լիբանանահայ գաղութը տակաւին մեծ արժէք ունի ու գործ ունի կատարելիք համահայկական առումով:
Հաւատանք, որ մեր աշխատանքները Արարատին համար են, Արարատին հասնելու կը ծառայեն, եւ այս ճամբուն վրայ բոլոր նահատակները հայ ժողովուրդին նահատակներն են, համայն հայութեան հերոսներն են:
Յարգա՛նք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բոլոր նահատակներուն,
Պատի՛ւ բոլոր այն «անյայտ» զինուորներուն, որոնք առաջին դիրքերուն վրայ կռուելով հանդերձ, մնացին քուլիսներուն ետին…
Յարգա՛նք բոլոր նահատակներու մայրերուն ու հայրերուն:
Թող յաւերժ ապրի հայ ժողովուրդը: