Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիբանանի Մէջ Նահատակուածներուն Հայրենական Գնահատականը

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

12039245_10203877373889608_7548577500388834940_n

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէին նախաձեռնութեամբ եւ կոմիտէներուն կազմակերպութեամբ ու գործադրութեամբ շրջան առ շրջան, թաղ առ թաղ լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերուն ինկած նահատակները յիշելու ձեռնարկներու շարքը այսօր իր լրումին կը հասնի կեդրոնական հաւաքով: Երիտասարդական-ուսանողական ջահերթի ելակէտը այս պարագային խորհրդանշական իմաստ ունի: Այդ ելակէտը կ՛ամփոփէ համաժողովրդային ինքնապաշտպանութեան ընթացքին մեր նահատակներուն յիշատակը, խորհուրդը, սփիւռքի ժամանակակից պատմութեան մէկ կարեւոր էջը լեցուցած հրաշալի հերոսներու ինքնանուիրումի փաստը:

Ջահերթին ելակէտը աննկատ չէ մնացած նաեւ հայրենի պետութեան բարձրաստիճան պաշտօնատարներուն կողմէ: Օրին Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սերժ Սարգսեանի եւ աւելի ուշ Արցախի հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի այցելութիւնները Նահատակաց յուշարձանին խորհուրդ եւ ուղերձ կը պարփակէին իրենց մէջ:

Տակաւին խորհրդային վարչակարգի օրերուն, մեր հայրենիքի վարիչները գիտակցելով օրհասի տարողութեան, լուսարձակներէ հեռու, փութացած էին բազմաբնոյթ օժանդակութիւն հասցնել հայահոծ թաղամասերու  ինքնապաշտպանութեան լծուած համակարգին: Եւ անկախ օժանդակութեան առարկայական բնոյթէն ու քանակէն, այն զգացումը, այն գիտակցութիւնը, որ կ՛ամրագրուէր օժանդակութեան այդ եզակի օրինակով, ամէնէն նուիրական համոզումն էր աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող հայուն. երբ օրհասական պայմաններու մէջ  հայ համախումբ կեանքը խնդրոյ առարկայ կը դառնայ, երբ  կազմակերպ համայնք մը ֆիզիքապէս կը վտանգուի, հայրենիքը, ինչ վարչակարգի տակ ալ գտնուած ըլլայ, անտէր չի ձգեր իր հայրենակիցները:

Միակողմանի չէր անշուշտ տիրութիւն ու հոգատարութիւն գործնապէս ցոյց տալու այս փաստը. երբ հնչեց Արցախի ազատագրութեան ժամը, ու անկէ առաջ տակաւին երբ հայրենիքը հարուածեց ահաւոր երկրաշարժը, աշխարհի տարբեր անկիւններուն մէջ ապրող հայերը, նոյնիսկ այս առիթով իրենց արմատներուն վերադարձ կատարողները, փութացին օգնութեան: Տակաւին չէր անկախացած Հայաստանը: Արցախի մէջ տակաւին կ՛իշխէր  ազրպէյճանական բռնատիրութիւնը:

Թէ՛ Հայաստանի Հանրապետութեան եւ թէ՛ Արցախի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու խոնարհումները լիբանանահայ նահատակներուն յիշատակին  այս բոլոր խորհուրդները կը պարփակէին: Այս հերոսները իրենց կեանքին գնով պաշտպանած էին հայկական թաղամասերը, որպէսզի կանգուն մնար սփիւռքի միջնաբերդը: Իսկ սփիւռքի միջնաբերդին ամրութիւնը հայրենիքի ամրութիւն կ՛ենթադրէր: Լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան մարտերը սոսկ ինքնապաշտպանութիւն չէին բառացի ստուգաբանական իմաստով: Ինքզինք պաշտպանել չէին անոնք սոսկ գաղութի հասկացողութեամբ: Այդ պաշտպանութիւնը նաեւ սփիւռքին էր ու հեռահար նպատակով նաեւ հայրենիքին:

Հայրենիքի պաշտպանութեան մարտեր էին նաեւ ուրեմն լիբանանահայութեան ինքնապաշտպանութեան կռիւները: Այդ միջնաբերդէն էր, որ զինուորական առումով կրակէ մկրտութիւն ստացան, եւ երբ հայրենիքի սահմաններն ու արցախեան Հայաստանը վտանգուեցան, լիբանանահայ նահատակներուն զէնքի ընկերները, իրենց ընկերներուն երազանքը իրականացնելու համար իրենք զիրենք գտան հայրենական խրամատներու մէջ: Անոնցմէ ոմանք ալ անշնչացան այդ դիրքերուն վրայ` այս անգամ պաշտպանելով հայրենիքի սահմանները:

Հիմա պահն է, որ այդ օրերուն, հայրենիքի սահմանները պաշտպանելու հնարաւորութիւնը չունեցած տղաք, որոնք հայրենիքը պաշտպանելու համար պաշտպանեցին հայկական թաղամասերու սահմանները, ստանան իրենց գնահատականը: Եւ ճիշդ այստեղ է խորհուրդին կիզակէտը: Սփիւռքի մէջ ծնած, դաստիարակուած, կազմաւորուած եւ նահատակուածին նկատմամբ հայրենիքի գնահատականին, պարգեւին, պատուոյ գիրին մէջ կայացած ազգի մէկութեան սքանչելի եւ անխորտակելի խորհուրդը:

Նախորդը

Աննախադէպ Լարուածութիւն` Հայ-Ազրպէյճանական Սահմանագիծին Վրայ Հակառակորդը Կը Շարունակէ Խախտել Զինադադարը

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Հայրենիքի  Հաւատքը  Պահապան   Մեր Ինքնութեան
Անդրադարձ

Փաշինեանի «Իրական Հայաստան» Գաղափարախօսութիւնը- Ի՛նչ Է Եւ Ի՛նչ Չէ

Յուլիս 12, 2025
Ակնարկ.  Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Սիւնիքը` Ապու Տապիի Տաք Կէտ

Յուլիս 12, 2025
Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»
Գլխաւոր լուրեր

Սաղաթէլեան. «Մեզ Լռեցնել Չեն Կրնար»

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?