Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուղթ Առ Նահատակաց

September 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

  Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ  

Ձեր տօնն է այսօր, նահատակներ խնկելի: Կը յիշենք ձեզ անուն առ անուն: Կը խոնարհինք ձեր անթառամ յիշատակին դիմաց եւ մտքով կը թռչինք «օրերը մեր անցեալի», արժեւորելու ձեր գործը արի:

Հայութեան փրկութեան ճամբուն ինկած նահատակներ`

Դուք ինկաք, որովհետեւ հայավայել քաջութեամբ պատրաստ եղաք պաշտպանելու մեր մեծագոյն հարստութիւնը` ազատ եւ անկաշկանդ ապրելու հայ մարդուն արդար իրաւունքը:

Դուք ինկաք, որովհետեւ Լիբանանի անվտանգութիւնը, հողային ամբողջականութիւնը, համայնքներու համակեցութիւնը եւ պետականութեան գոյութիւնը դաւանեցիք սրբազան արժէքներ: Չեղաք կողմերէն մէկուն կամ միւսին հետ, եղաք ամբողջական, ազատ ու գերիշխան Լիբանանի՛ հետ:

Դուք ինկաք, որովհետեւ լիբանանահայութիւնը նկատեցիք անփոխարինելի արժէք, իսկ անոր քաղաքական, հոգեւոր, մշակութային եւ ընկերային ինքնուրոյն դիմագիծին պահպանումը` համահայկական հրամայական:

Դուք ինկաք, որովհետեւ աներեր կամքով հաւատացիք մեր ժողովուրդի համախումբ եւ միասնակամ ապրելու անհրաժեշտութեան, մեր բարոյական եւ նիւթական ներուժի ամբողջական զօրակոչին:

Դուք ինկաք, որովհետեւ արեան գնով տէ՛ր կանգնեցաք հայահոծ մեր թաղամասերու հայեցի-տոհմիկ դիմագիծին եւ հայ մարդու անխաթար նկարագիրին:

Դուք ինկաք, մարդկային ու ազգային մեր արժանապատուութեան պահպանման ի խնդիր, որովհետեւ մերժեցիք այս երկրին մէջ հայութիւնը լուսանցքայնացնելու եւ կղզիացնելու ամէն փորձ:

Եթէ զէնք վերցուցիք, որովհետեւ ինքնապաշտպանութիւնը հարկադրանք մը եղաւ ձեզի համար: Եթէ գօտեմարտի ելաք, ազատ կամքով չըրիք այդ, նախաձեռնողը չեղաք երբեք: Ու եթէ զարկիք` զարկիք տեղ մը անզէն հայ մը պաշտպանելու համար, այլուր ձեր սեփական ժողովուրդին սպառնացող վտանգ մը հեռացնելու համար:

Դուք եղաք կարգապահութեան, գիտակից պատասխանատուութեան եւ անսահման նուիրաբերումի խորհրդանիշները. սեփական հանգիստ ու հաճոյք անտեսեցիք եւ ամբողջանուէր մասնակցութիւն բերիք հաւաքական մեր կեանքին, մեր տագնապներուն ու երազներուն:

Դուք եղաք ներշնչումի աղբիւրը հայ ժողովուրդի ազգային ազատագրական պայքարի նորագոյն զարթօնքին եւ անոր հետեւած Հայաստանի ու Արցախի անկախացման պայքարներուն:

Դուք եղաք անմոռաց նուիրեալները Հայ դատին ու հայութեան` գերագոյն զոհաբերութեան վսեմագոյն օրինակները տալով հայութեան ազատագրութեան ճամբէն քալող սերունդներուն:

Դուք եղաք ազգային մարտունակութեան եւ դիմադրականութեան մեր նորօրեայ փարոսները. ուղի բացիք գաղափարական եւ բարոյական աւանդներու վերականգնման մեր երթին:

Դուք հաւատք, հպարտութիւն եւ ինքնավստահութիւն ներշնչեցիք մեզի: Դարձաք հաւաքական ուժի, տոկուն, առողջ եւ կազմակերպ գաղութի մը կերտման գրաւականները:

Դուք` անանձնական կեանքով մահը զգետնած աննման տղաք,

Դուք` թուրքին հետ ուժի լեզուով խօսած անվեհեր տղաք,

Եւ դուք` թուրքին պետական ահաբեկչութեան զոհը գացած անմահանուն տղաք`

Յարգա՜նք ձեզ:

Փա՜ռք ձեր ընծայաբերումին:

Պատի՛ւ ձեզ ծնած հերոս ժողովուրդին:

 

 

 

 

 

 

Նախորդը

Գաբրիէլ Չեմպերճեան Պարգեւատրուեցաւ «Մեսրոպ Մաշտոց», Սեդա Խտըշեան՝ «Երախտագիտութեան» Մետալով

Յաջորդը

«Յաղթութեան Միւռոն»-ի Օրհնութիւն` Ս. Էջմիածինի Մէջ

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ընտրութիւններու Եւ Պատերազմի Միջեւ

October 27, 2026
Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.