Վստահաբար քիչ առաջ քահանայ հօր մատուցած հոգեհանգստեան արարողութեան եւ անոր յաջորդած յուշատախտակի զետեղումով բոլորիս յիշողութիւնը վերաթարմացաւ, եւ մեր աչքերուն առջեւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի օրերը եկան, պատերազմ մը, որուն համար հայութիւնը սուղ գին վճարեց` հակառակ ՀՅԴ-ի վարած դրական չէզոքութիւն քաղաքականութեան: Այդ դաժան օրերուն ՀՅԴ-ն եւ իր ակումբները իրենց ուսերուն առին մեր թաղերու հսկողութիւնը, ընկերներ եւ թաղի տղաք, առանց խտրութեան, բոլորն ալ կամովին պահակութիւն ըրին իրենց թաղամասերը հսկելու, անոնք նոյնիսկ շրջանի բնակիչներուն ուտեստեղէնի եւ այլ կենսական կարիքներու մատակարարում կատարեցին:
Այսօր պիտի ուզեմ այդ նուիրեալներէն ոմանց, որոնց մասին կարողացած եմ տեղեկութիւններ հաւաքել, կենսագրականը բաժնեկցիլ ձեզի հետ:
Թորոս Նաճարեան. յաճախած է թաղի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը, ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստ, անդամակցած է Սիսի «Քրիստափոր» պատանեկան միութեան, նահատակուած է 19 յունուար 1976-ին, երբ թաղեցի վիրաւոր երեխայ մը ռումբերու տակ հիւանդանոց հասցնելէ ետք, վերադարձին, Նոր Սիսի, նախկին շոգեկառքի գիծին մօտ կը բռնուի ռումբերու նոր եւ աւելի ուժգին տարափի: Առաջին ռումբը կ՛իյնայ բաւական մօտիկ, Թորոս հրաշքով կը փրկուի, սակայն երկրորդ ռումբը կ՛ըլլայ անողոք. ընկերները հազիւ կը յաջողին զայն հասցնել թաղի իսլամական դարմանատունը, ուր ան իր վերջին շունչը կը փչէ: 20-ամեայ համեստ ու անձնազոհ երիտասարդին կը զլացուի նոյնիսկ յարգանքի վերջին հրաժեշտ: Անոր հետ կը նահատակուի նաեւ Երուանդ Խզարճեան:
Սարգիս Թագաճեան. 17-ամեայ դեռատի, անծանօթ ու հանդարտ երիտասարդ մը` ան ընդհանրապէս ապրած է մեր առօրեայէն հեռու, սակայն իր նուիրաբերումով ան դարձաւ անձնազոհ հերոս` բառին ժողովրդական ամէնէն պարզ ու հարազատ իմաստով: Արդարեւ, 16 յուլիս 1976-ին, համեստաբար խաղաղ թուացող օր մը, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու «Բ. Սիւնի» կեդրոնի երիտասարդներու եւ պատանիներու հետ ան եւս կը մեկնի ծովեզերք` աւազ բերելու եւ թաղին դիրքերը ամրացնելու: Աշխատանքը հազիւ աւարտած` անակնկալ քանի մը կրակոցներ պատճառ կը դառնան, որ ան եւ ընկերները ենթարկուին անսպասելի յարձակումի: Խուճապի մթնոլորտի մէջ, գէթ պատանիները փրկելու մտահոգութեամբ, ան փոխադրակառքով ճամբայ կ՛ելլէ տուն վերադառնալու: Տորա-Պուրճ Համուտ մայրուղիին վրայ գտնուող հայ տղոց առաջին դիրքին հանդիպելով` ան կ՛իջնէ փոխադրակառքէն իր ընկերներուն զինեալ ընդհարումին լուրը տալու եւ օգնութիւն խնդրելու: Սակայն այդ պահուն օգնութեան հասնող ձեռքեր չի գտներ. դիրքին մէջ կ՛ըլլայ մէկ պահակ, վառվռուն եւ կրակոտ Սարգիս, իր ընկերներուն վայրկեան առաջ օգնութեան հասցնելու տենդէն տարուած, իրեն ընկերացող երիտասարդէն կը պահանջէ պատանիները փոխադրակառքով տուն հասցնել, իսկ ինք տեղւոյն վրայ զէնք մը ճարելով կը վերադառնայ ընկերներուն օգնութեան:
Վերադարձի ճամբան, սակայն, կ՛ըլլայ ճակատագրական, դիմացէն եկող ճիփի մը մէջի զինեալները նկատելով անոր զէնքը, փամփուշտներու տարափ մը կը տեղացնեն վրան, եւ տեղն ու տեղը կը սպաննեն զայն խոցելով սրտէն:
Օննիկ Փափազեան. իր համեստ կարողութիւններէն ու կարելիութիւններէն բաժին մը կարողացած է վերապահել իր ազգային- միութենական կարիքներուն, եղած է ՀՄԸՄ-ական ֆութպոլիստ, հայկական թաղամասերու պահպանման ու ինքնապաշտպանութեան իր մասնակցութիւնը բերած է բազմաթիւ այլ համակիրներու նման` զէն ի ձեռին մասնակցութիւնը բերելով նուիրական գործին, 60-ամեայ Օննիկ` չորս զաւակներու համեստ հայր, զոհ կ՛երթայ 18 յունուար 1976-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու շրջանը պահակութիւն կատարած ժամանակ, երբ ռումբը կը պայթի իր դիրքին վրայ:
Խաչիկ Մինասեան. Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի տարիներով տնտեսուհիի գործը կատարած Խանըմին ամուսինն էր, իր բնակարանը` այժմու ԼՕԽ-ի թաղը վերադարձին, երբ կը հասնի ծերանոցի ետին գտնուող «Ալամ» փուռին առջեւ, նոյն օրը մեր տղոց փամփուշտով մահացած իրենց ընկերոջ վրէժը լուծելու տենդով լեցուն տեղացի զինեալները երբ Խաչիկին ինքնաշարժին ետեւէն ապակիին վրայ կը տեսնեն անոր զաւակներուն ձեռքով փակցուած ՀՅԴ-ի զինանշանը, տեղն ու տեղը կը սպաննեն զինք:
Եանքօ Կէրէքմէզեան. որքան ճիշդ ըսուած է, թէ մահը կոյր է, ընկեր Եանքոն, որ կուսակցական իր փորձառութեամբ ամէնէն աւելի ինք պէտք էր գիտնար ինչպիսի զգուշութեամբ շարժիլ հայահոծ թաղերուն մէջ կատարուած ոտնձգութիւններու պահերուն, դարձեալ չխուսափեցաւ մահէն: Ան սեպտեմբեր 1979-ի դէպքերու առաջին զոհը եղաւ: Նոր Սիսի մէջ երկար տարիներ ստանձնած է ազգային եւ կուսակցական զանազան պարտականութիւններ: Ան սիրուած էր շրջապատէն` իբրեւ գիտակից, պարկեշտ, բծախնդիր ու ազնիւ կուսակցական եւ ազգային դէմք: 10 սեպտեմբեր 1979-ին, 63-ամեայ ընկերը իր տան սեմին զոհ կ՛երթայ դաւադիր փամփուշտի մը: Օրին իր դիակը գերեզմանատան մէջ ամփոփելու առիթն իսկ կը զլացուի անոր հարազատներուն, որոնք Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դիմաց գտնուող փոքրիկ հողաշերտը կը դարձնեն անոր առժամեայ հանգստարանը, աւելի ուշ զայն փոխադրելու համար ազգային գերեզմանատան ընտանեկան իր դամբարանը:
Սահակ Մանուկեան. ՀՄԸՄ-ական, ինչպէս նաեւ լուրջ, սակաւախօս, պարկեշտ ու պարտաճանաչ, դաշնակցական երդուեալ ընկեր մըն էր, որ նաեւ «Իշխան» կոմիտէի թաղային յանձնախումբի եւ ընկերական ժողովներուն մնայուն ներկայութիւն էր: Թաղային պահակութեան ճշդապահ, առաջին հասնող եւ վերջին մեկնողը: 1984-ի բախումներուն, շրջանի մը համար թաղային յանձնախումբի ժողովասենեակը քանի մը ամսուան համար չէր գործածուեր ելեկտրական շարժակի աղմուկին պատճառով: Պատահած էր այնպէս, որ քանի մը օր առաջ ելեկտրական հոսանքը նորոգուած ըլլար եւ յանձնախումբը վերադառնար իր ժողովասենեակը, եւ այնպէս, 18 մայիս 1984-ին ակումբի ժողովասենեակին մէջ զոհուեցաւ 46-ամեայ ընկեր Սահակը` ռումբի մը ամբողջ ուժգնութիւնը կրելով իր թիկունքին, ճակատագրի կոյր զուգադիպութեամբ, փրկելով ժողովակից իր ընկերներուն կեանքը:
Պարոյր Տուտագլեան. Նոր Սիսի մէջ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ շուքին տակ հասակ առած, նախակրթութիւնը ստացած նոյն թաղին դպրոցին մէջ: Անդամակցած է ԼԵՄ-ին, Սիսէն փոխադրուելով Անթիլիաս` մաս կը կազմէ տեղւոյն ԼԵՄ-ի «Հայաստան» մասնաճիւղին, ծանօթ է գործունեայ եւ եռանդուն նկարագիրով: 19-ամեայ Պարոյր 13 սեպտեմբեր 1979-ի առաւօտուն, Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դիրքին վրայ, նոր հաստատուած զինադադարի ամրապնդման պահուն, արձակազէնի մը անարգ փամփուշտով կը նահատակուի: Ան ունէր անսպառ եռանդ, նուիրումի եւ ծառայութեան պատրաստակամութեամբ օժտուած նկարագիր:
1976-ի ռումբի զոհ դարձաւ Մովսէս Յովհաննէսեան, որ Սիսի բնակիչ էր, երբ իր ապրուստը ապահովելու համար «Կիլիկիա» թաղամասին մէջ առաւօտուն ուղղուած էր խանութը բանալու, հրթիռ մը կ՛իյնայ եւ տեղւոյն վրայ կը սպաննէ զայն:
Տակաւին կան այլ պարագաներ եւս, Լիբանանի պատերազմի օրերուն, երբ երկրին մէջ հասակ առին մեր եռանդուն տղաքը, որոնք աշխարհի չորս ափերուն լսելի դարձուցին ԼԵՄ-ի եւ ՀՅԴ-ի անունը, չենք կրնար չյիշել շրջանի ԼԵՄ-ի «Արաբօ» մասնաճիւղի ընկ. Սարգիս Աբրահամեանը, որ մէկն է Լիզպոնի 5 նահատակներէն, եւ որ ոսկի տառերով ազատագրական պայքարի փառապանծ էջերուն վրայ քանդակեց իր անունը:
Յիշատակութեան արժանի է նաեւ շրջանի երիտասարդներէն ընկ. Եղիկ Գայայեանը, որ նահատակուեցաւ ապրիլ 1989-ին, երբ կը փութար հայ երէց մամիկ մը տունէն ազատելու, մինչ երկրորդ ինկած ռումբի մը կտորը մխրճուեցաւ ընկերոջ սրտին մէջ:
Այո՛, Լիբանանը հիւրընկալեց մեզ 1915-ի ջարդերէն ետք, ոմանք որբանոցի մէջ, ոմանք թիթեղաշէն, ապա քարաշէն Թիրօ քեմփ շրջանը, մինչեւ որ հետագային բնակութիւն հաստատեցին Պուրճ Համուտի եւ մերձակայ շրջաններ:
Լիբանանահայը մինչեւ օրս եղաւ տիպար քաղաքացի մը, իր երկրորդ հայրենիքին մէջ: Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը յանձնառու մնաց իր առաքելութեան, հայութեան պահպանման, անոր համար ալ թանկագին տղաք կորսնցուցինք: Բոլոր զոհուածներն ու նահատակները կենդանի օրինակներ եւ ազգանուէր ծառայութեան, գիտակից զոհաբերումի եւ անխառն խիզախութեան, եւ ՀՅԴ-ի գաղափարներով լիցքաւորուած են: Անոնք իրենց նահատակութեամբ կը միանան անմահներու փաղանգին, անոնք իրենց մահով կեանք պարգեւեցին հայ ժողովուրդին: Ուստի այսօրուան ձեռնարկը կու գայ փաստելու, թէ նոյնիսկ 40 տարի անց դարձեալ կը յիշենք Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն զոհուածներուն յիշատակը` միշտ մնալով «Լիբանանի հետ, հայութեան համար»:
Փա՛ռք ձեզի, զոհուած ու անձնուրաց ընկերներ եւ համակիրներ, յիշատակնիդ թող մնայ անմար: