Եօթանասունական թուականներու սկիզբը Լիբանան կ՛ապրէր իր փառքի օրերը: Բոլոր մարզերը աշխուժ վիճակի մէջ էին: Պէյրութի գիշերներն ու ցերեկները միախառնուած էին:
Բայց յանկարծ փառքի այդ վիճակը փուլ եկաւ, երբ ծագեցան քաղաքացիական կռիւները:
Լիբանան, յատկապէս Պէյրութը բաժնուեցաւ երկուքի` արեւելեան Պէյրութ եւ արեւմտեան Պէյրութ: Կողմերը երբեմն մեղմ, բայց յաճախ շատ բուռն բախումներ կ՛ունենային: Հայոց վիճակը դարձաւ անտանելի ու շատ դժուար, որովհետեւ հայեր կ՛ապրէին թէ՛ արեւելեան եւ թէ՛ արեւմտեան Պէյրութի մէջ, հայեր կ՛ապրէին Թրիփոլի, հայեր կ՛ապրէին Զահլէ ու Այնճար, հայ ղեկավարները անմիջապէս քննարկեցին եղելութիւնը եւ հաստատեցին, որ հայը իր աշխատանքով, արուեստներով ու արհեստներով միշտ օգտակար հանդիսացած է Լիբանանին, իսկ հիմա Լիբանանը քանդող եւ լիբանանահայութիւնը վտանգող այս կռիւներուն պէտք չէ մասնակցի եւ որդեգրեց «դրական չէզոքութիւն» բանաձեւը, հայկական երեք կուսակցութիւնները համաձայնեցան, որ ըլլալն
ոչ մէկ կողմի հետ,
ոչ մէկ կողմի դէմ,
ըլլալ միայն Լիբանանի հետ:
Բայց Լիբանանը փուլ կու գար կամաց-կամաց, փուլ կու գար նաեւ հայոց սփիւռքի ամրոցը, պէտք էր տոկալ: Լարել ուժերը եւ դուրս գալ այս տագնապէն նուազագոյն վնասներով:
Դրական չէզոքութիւն չի՛ նշանակեր, որ հայութիւնը կարծիք չունէր, ուր որ պէտք էր զէնք վերցնել, հայերը զէնք բռնեցին, բայց` ինքնապաշտպանութեան համար միայն, մերժելով ամէն տեսակի մասնակցութիւն այս կամ այն հոսանքին հետ ուրիշի մը դէմ:
Իսկ քաղաքական մարզին մէջ եւ ամբողջ տագնապին տեւողութեան հայութիւնը տեսակէտ եւ կեցուածք ունեցաւ: Համոզուած պաշտպանը եղաւ Լիբանանի անկախութեան հողային ամբողջականութեան եւ գերիշխանութեան, եւ տակաւին, միջնորդի դեր կատարեց զանազան կողմերու միջեւ (պաղեստինեան-փաղանգաւոր):
Քաղաքացիական կռիւներու առաջին օրերէն իսկ բոլոր կողմերուն համար անընդունելի նկատուեցաւ «դրական չէզոքութիւնը», որովհետեւ բոլորն ալ կ՛ուզէին, որ հայերը ըլլան իրենց կողքին, կռուին իրենց կողքին, կ՛ուզէին օգտուիլ հայու ուժէն, բայց բոլորին ալ նոյն պատասխանը կը տրուէր. «Մեր սկզբունքները, մեր հասկացողութիւնն ու համոզումները թոյլ չեն տար, որ այս կռիւին մասնակցինք»:
Այ՛ս էր հայութեան կեցուածքը, որովհետեւ հայութեան համոզումով, այս կռիւները ի վնաս Լիբանանի են: Լիբանանը քանդող, Լիբանանը տկարացնող եւ Լիբանանը դէպի անորոշութիւն տանող կռիւներ են:
Բայց այս բոլորին հետ հայութիւնը, մանաւանդ ուր որ գոյութիւն ունէր կազմակերպութիւն, գիտցաւ զէնք բռնել եւ պաշտպանել իր եկեղեցին, իր դպրոցը, իր թաղն ու հարազատները:
Առիթով մը Շուշանեան ըսած է. «Հասակ նետող տղոց հարկ է երկնամուխ բարձրունքները ցոյց տալ: Ու հերոսներու պաշտամունքը ամէնէն ազնիւ ծէսերէն մէկը կրնայ ըլլալ, եթէ ծառայէ երիտասարդութեան ոգեզինման, ժողովուրդի հոգւոյն աշտարակումին»:
Պէտք էր երիտասարդութիւնը պատրաստել, իր դերին մէջ տեղադրել եւ ահա այս հեռանկարով, երբ 1976 թուականին դէպքերը աւելի բուռն դարձան, երբ պէտք էր լարել ջիղերը, հաւաքել ուժերը, ընկ. Սարգիս Զէյթլեան, Պուրճ Համուտի մէջ, դասախօսութեան մը ընթացքին, խօսքը ուղղելով երիտասարդութեան` կը պատգամէր.
«Չկայ աւելի վսեմ զգացում, քան այն զգացումը, երբ մարդիկ միասին են: Միասին ապրիլ… միասին տխրիլ… եւ միասին հրճուիլ:
Չկայ մարդկային աւելի մեծ զգացում, քան այն զգացումը, երբ կը հարուածեն, եւ քու բազուկիդ հետ կը հարուածեն տասնեակ հազարներ:
Չկայ աւելի բարձր զգացում, քան այն, երբ դուն արիւն կու տաս երակներէդ եւ տասնեակ հազարներու արցունքը կը սրբես:
Այսպէ՛ս ազգեր կը մեծնան:
Այսպէ՛ս ազգեր կը յաւերժանան:
Ես կը տեսնեմ մեր տղոց ընթացքը մեր հայկական թաղերուն մէջ, եւ ինծի կը թուի, թէ ազգային եւ կուսակցական բոլոր հաստատութեանց մէջ չկայ հայ մը, չկայ մանուկ մը եւ ծեր մը, չկայ ոեւէ հայ մարդ, առանց կուսակցական եւ դաւանական որեւէ խտրութեան, որ մեր տղաքը տեսաւ ու չըսաւ.
– Հոս հայութի՛ւն կայ,
հոս հայկականութի՛ւն կայ,
հոս յեղափոխութի՛ւն կայ,
հոս Դաշնակցութի՛ւն կայ,
Եւ մեր տղոց մէջ ամբողջ հայ ազգը կայ: Եւ իրականութեան մէջ իւրաքանչիւր զէնքի մէջ մեր ազգը կայ»:
Ահազանգը հնչած էր արդէն, եւ հայահոծ բոլոր շրջաններուն մէջ արեւելեան եւ արեւմտեան Պէյրութ, Զահլէ եւ Այնճար, ուր որ Դաշնակցութիւն կար, հոն կազմակերպուած աշխատանք ստեղծուեցաւ, դաշնակցական իւրաքանչիւր ակումբ վերածուեցաւ ինքնապաշտպանութեան կեդրոնի, ուր փութացին մեր համակիրները, մեր ժողովուրդը, նոյնիսկ Դաշնակցութեան հակադիր մարդիկ` օգնութիւն ստանալու կարօտով. բոլորին անխտիր օգտակար եղաւ Դաշնակցութիւնը` հացով, ալիւրով, երեխաներուն` կաթով, զէնք չունեցողին զէնք տուաւ, փամփուշտ տուաւ, եւ կազմակերպեց շրջանը. լաւ կը յիշեմ մեր պահակութեան օրերը, երբ անկարգութիւն մը պատահէր, պահակ տղոց թելադրութեանց շարքին կը շեշտէինք, թէ` «զէնքով պիտի ծառայենք ժողովուրդին»:
ԼՕԽ-ի ակումբները վերածուած էին շտապ օգնութեան կեդրոններու, ուր մեր ընկերուհիները գիշեր-ցերեկ գործի վրայ էին: Իսկ տղաքը` մեր տղաքը աննման, նահատակուած հերոսներ ու ողջ մնացած հերոսներ են, փա՛ռք նահատակուածներուն, յարգա՛նք ողջերուն, բոլորն ալ մահը հեգնելով` օգնութեան փութացին հայկական շրջաններու իրենց քոյր-եղբայրներուն ռմբակոծումներու ընթացքին:
Ռումբեր կ՛իյնան ամէն կողմ, եւ ամէն մարդ գիտէր, որ ռումբ ինկած տեղը կրնար երկրորդ մը իյնալ, բայց մեր տղաքը կը վազէին, կ՛անտեսէին վտանգը, գիտէին, ուր որ ռումբ ինկած է` հոն վիրաւոր կայ, մահ կայ, կը վազէին առանց սակարկելու, եւ այսպիսի տղոց համար Շուշանեան կ՛ըսէ.
«… Ով չի գիտեր այս տղոց տրտում ու խուլ հայեացքներու գեղեցկութիւնը…, երբեք չի կրնար սիրել հայոց ազգը»:
Յիշենք այս սուրբերը, որոնք զոհուեցան` ուրիշներ ապրեցնելով:
Սարգիս Թնկրեան, Ճորճ Սեմերճեան, Զաւէն Յովհաննէսեան, Յակոբ Քէշիշեան, Ստեփան Մարգարեան, Գօգօ Թանաշեան, Եղիկ Գայայեան, Զարեհ Թոփուզեան, Սարգիս Ֆուճուրեան, Պարոյր Տուտագլեան, Սերժ Թովմասեան:
«Հսկայ բախումներու ընթացքին ամէնէն առաջ կ՛իյնան ամէնէն քաջերը, ամէնէն լաւերն ու գեղեցիկները», Ա. Ահարոնեան:
Թուրքիոյ կողմէ հրահրուած անարգ ոճիրի զոհ գացին ամէնէն լաւերէն` Աբօ Աշճեան, Սարգիս Զէյթլեան, Կարօ Գոլանճեան, Սարգիս Ազնաւորեան, Զաւէն Թաշճեան, Վարդգէս Տէր Կարապետեան, Լեւոն Պէպէրեան, Ներսէս Խիւտավերտեան:
Այսօր սուրիահայը կ՛ենթարկուի նոյն վիճակին, հոն ալ` աւեր ու քանդում, մահ ու սարսափ, եւ սուրիահայը կը տեսնենք վտանգուած, բայց ո՛ւր որ կազմակերպութիւն կայ, ո՛ւր որ Դաշնակցութիւն կայ, հոն որոշ չափով հարցերը դասաւորուած են:
Հոս կ՛ուզեմ յիշել նաեւ, որ Լիբանանի պատերազմին մէջ թրծուած, փորձառութիւն ձեռք բերած տղաք իրենց գիտելիքներով մեծ նպաստ բերին արցախեան գոյամարտին, եւ փա՛ռք իրենց որ կերտեցին, միւսներուն հետ, Արցախի յաղթանակը: Փա՛ռք նահատակներուն` Վիգէնին, Մհերին: Յարգա՛նք բոլորին:
Իսկ Լիբանանի մէջ հայութիւնը տուժեց բոլոր երեսներով`
– մարդկային ահաւոր կորուստներ,
– ստացուածքի քանդում,
– նիւթական մեծ վնասներ,
– արհեստները կանգ առին,
– մշակութային կեանքը փուլ եկաւ,
– եւ ամէնէն սարսափելին` քանդուեցաւ սփիւռքի սիրտը համարուող լիբանանահայ գաղութը, արտագաղթին հետ տկարացաւ նաեւ լիբանանահայը:
Այսօր կը փորձենք շրջանցել վնասը, կը մնայ մեզի հաւաքական աշխատանքով գոնէ փրկել մնացածը, ուժ տանք մեր դպրոցին, մեր եկեղեցիին, հաւաքուինք Դաշնակցութեան շուրջ` ապահով ափեր հասնելու համար: