ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն, ինչպէս նաեւ դաշնակցական իւրաքանչիւր կառոյց իրենց 125 տարիներու փառաւոր, այլ փոթորկալի ողջ գոյութեան ընթացքին միշտ ալ հաւատարիմ մնացած եւ իրենց նահատակ ընկերներուն յիշատակը արժանի յարգանքով նշելու` այսպիսով վառ պահելով անոնց անսակարկ յանձնառութեան եւ գերագոյն զոհաբերման օրինակը:
Դաշնակցութիւնը տեւաբար յարգած է իր նահատակ մարտակից ընկերներուն անմեռ ոգին, որոնք իրենց գիտակից նահատակութեամբ լուսաւորեցին հայ ժողովուրդի ազատութեան ճանապարհը, ու այսպէսով կերտեցին մեր փառաւոր ներկան:
Գաղափարական գործի յաղթանակման եւ ազատութեան ձեռք բերման համար` նահատակութեամբ շահուած փառապսակը, կարմիր թելի մը պէս, տիրականօրէն կ՛անցնի մեր դարաւոր կազմակերպութեան պատմութեան ընդմէջէն:
Տարբեր պիտի չըլլար նաեւ ՀՅԴ-ի Լիբանանի Կ. Կ.-ին եւ շրջանի բոլոր կառոյցներուն կազմակերպած յարգանքի ձեռնարկները` կազմակերպութեան նահատակ ընկերներուն յիշատակին նուիրուած` Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 40-ամեակին, «Լիբանանի հետ, հայութեան համար» դիպուկ խորհրդանշական բառակցումով:
Լիբանանի բովանդակ տարածքին գործող հայկական բոլոր հաստատութիւնները, ակումբներն ու կեդրոնները մեղուի փեթակներու նման գործեցին տասնամեակներ ամբողջ, ու մանաւանդ Դաշնակցութեան ակումբները` ժողովուրդին տուները դարձան հայութեան յոյսի եւ վերապրումի, հաւատքի եւ ինքնապաշտպանութեան անառիկ բերդերու եւ լիբանանահայութեան բաղկացուցիչ բոլոր խաւերուն համար վերածուեցան ապրուստի, բժշկական խնամքի, դեղորայքներու ապահովման, եւ անհրաժեշտ` հացի, ջուրի, կազի հայթայթման, բաշխումի եւ կեանքի առօրեայ պահանջներուն գոհացում տուող, եւ մատակարարման նախախնամական կեդրոնները դարձան, մասնաւորասար` «Դրական չէզոքութեան քաղաքական պատմակերտ որոշումով, օրինակ տուած եղան… քաղաքական հասունութեան` Լիբանանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական հոսանքներուն:
Լիբանանի բոլոր շրջաններուն մէջ նահատակութեան փառապսակին արժանացած տասնեակներով անձնազոհ ԼԵՄ-ական ընկերներու, հայութեան տարբեր խաւերուն պատկանող հայորդիներուն անմեռ յիշատակի յարգումի նուիրուած ձեռնարկներուն շարքը կու գայ մեզի` վերապրողներուս վերյիշեցնելու, որ նահատակուած բոլոր խոնարհ, այլ կարգապահ հերոսները անցած էին ու կազմաւորուած` Դաշնակցութեան գաղափարական քուրային մէջ, Նիկոլ Դումաններու եւ Գարեգին Նժդեհներու, Արամ Մանուկեաններու եւ Դրօ Կանայեաններու շունչով, խանդավառ ու անանձնական յանձնառութեամբ պայծառացած, փաղանգներ պատրաստող դպրոցներէն, հետեւեցան` Աբօ Աշճեաններու, Սարգիս Զէյթլեաններու, Սարգիս Ազնաւորեաններու, Լեւոն Պէրպէրեաններու, Խաչիկ Արապեաններու, Քաուպոյ Անդրանիկ Պաղտասարեաններու եւ նման յանձնառու եւ զոհաբերող ընկերներու ցուցմունքներուն:
Արդէն, ազգի մը անմահութեան ոգին ընտրեալներու սերունդներն են, որ կ՛ընծայեն եւ իրենց ապրած ժամանակին, պատկանած ընկերութեան, կազմակերպութեան եւ հասարակութեան Նո՛ր Որակ կը պարգեւեն եւ ապագայ սերունդներուն` նոր խոյանք. վեհ բարձրութիւն, եւ գաղափարական յաղթանակներ կերտող անմար փարոսներ կը դառնան:
Այդպիսի կեդրոններէն մէկը դարձաւ նաեւ Զալքայի այդ օրերուն «Աղբալեան» Կոմիտէի վարչութիւն կարգավիճակով գործող «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան շրջանը:
«Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութիւնը միշտ ալ ընդառաջեց մարտական եւ այլ օժանդակութիւններու անկասելի կոչերուն եւ զոհաբերեց խոնարհ հերոսներու անձնուրաց դէմքեր, նահատակ ընկերներ, եւ ԼԵՄ-ական երիտասարդներու փաղանգներ, որոնք իրենց կեանքին գնով պաշտպանեցին ակումբի բերդը, եւ անառիկ պահեցին անոր մուտքը` Րաֆֆի Պաստրմաճեանի վառ օրինակով` 16 փամփուշտներով ծակծկուած իր բզկտեալ մարմինը` Զալքայի մեր կեդրոնին առջեւ 16/3/1985 թ.ի միջադէպով: Ինչպէ՞ս չյիշել համեստ ընկեր Թաթուլ Սուլեանը, երբ ան տմարդօրէն սպաննուեցաւ եղբայրասպան գնդակներով` իր տան մուտքին:
Այդ օրերուն գէթ անձս եւ վարչական ընկերներս ապահովաբար` հպարտառիթ եւ անփոխարինելի երեւոյթի մը ականատեսները կը դառնայինք, ամէնօրեայ ներկայութեամբը, տակաւին նիրհող` Լիզպոնի առիւծասիրտ հինգ կորիւնն հերոսներու, որոնք նեղ տարածութեամբ փոքրիկ մեր այս ակումբին համեստ սեղաններուն եւ աթոռներուն շուրջ… կը պատրաստուէին վաղուան վրէժխնդրական համազգային անօրինակ զարթօնքին իրենց գործօն նպաստը բերելու, նահատակութեան եւ «իմացեալ մահ»-ի պատուանդանին բարձրանալու, եւ հայկական անլոյծ Դատը Յեղափոխական-վրէժխնդրական առաքելութեան նոր որակով օժտելու:
Արդարեւ, «Գարեգին Նժդեհ»-ի մեր համեստ շրջանը իր ծոցէն ծնաւ, եւ հայութեան վեհ իտէալներուն, գաղափարներուն եւ յեղափոխական ոգիի գործնականացման Սուրբ Առաքելութեան գործադրման պատրաստեց Լիզպոնի հինգ կորիւնները` Արա Քըրճըլեանը, Վաչէ Տաղլեանը, Սիմոն Եահնէեանը, Սագօ Աբրահամեանը եւ Սեդրակ Աճէմեանը… նախանշանը տալով հայութեան ազատութեան հասնելու նորաոճ վեհ խոյանքին, եւ անձնազոհ յեղափոխականի սխրանքով պատասխանեցին պատմական կոչին, նոյնիս՛կ վառ օրինակը դառնալով Արցախի հողահաւատքի անկասելի գործընթացին:
Այդ օրերուն հոգեկան անհո՜ւն գոհունակութեամբ ականատես վկան կը դառնայի, վարչական ընկերներուս հետ, տակաւ` վսեմօրէն զարթնող Լիզպոնի կորիւն հինգերուն` խորհրդաւոր ու մտերմիկ խօսակցութեանց, համեստ ընթրիքներուն, ու թերեւս` իրենց իրագործելիք անձնազոհական առաքելութեան իրագործման մանրամասնութեանց մէջ խորանալու տագնապալի անհամբերութեան:
125-ամեայ Դաշնակցութիւնը արդէն իր առաջին մանիֆեսթով` 1890 թ.ի սեպտեմբերին, կոչ կ՛ուղղէր նաեւ երիտասարդութեան` հետեւեալ պատգամով.
«Եւ դո՛ւք, երիտասարդներ, մի՛շտ եւ ամէն տեղ վսեմ գաղափարի պաշտպաններ` միացէք ժողովուրդին (իրականացնելու համար հայ ազգային անկատար տենչերը)»:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բովանդակ տեւողութեան Դաշնակցութեան գործող ղեկավարութիւնը, հիմնադիր երրորդութեան իւրաքանչիւրին գրաւիչ հմայքին, աներեր հեղինակութեան, անսասան հաւատքին, ազգի ազատութեան Սուրբ գործին հանդէպ իր կարգապահ հաւատարմութեամբ հետեւեցաւ եւ պատմակերտ որոշումով… «Դրական չէզոքութեան» քաղաքական իրապաշտ գործընթացը որդեգրեց ահաւոր դժուարութիւններով եւ ծանր կորուստներու գնով գործադրեց հայ միւս քաղաքական միաւորներու հետ կենդանի շինիչ օրինակը դառնալով նոյնիսկ Լիբանանի մէջ գործող բոլոր քաղաքական հոսանքներուն:
Միւս կողմէ, հերոսներու ծնունդ տուող եւ նահատակութեան պատրաստող բացառիկ կուսակցութիւնն է Դաշնակցութիւնը:
Այս իրողութիւնը բազմիցս վերստին հաստատագրուեցաւ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին տեւողութեան, եւ կը շարունակուի նաեւ այսօրուան Լիբանանի տագնապալի եւ անորոշ քաղաքական վերիվայրումներուն, եւ արդէն 5-ամեայ սուրիական երկրորդ հայրենիքին ողբերգական եւ նոյնպէս անորոշ եւ ճակատագրական պատերազմին ընթացքին:
ՀՅԴ-ի պայքարի վեհութիւնը, ուխտի եւ գաղափարի սրբութիւնը, երկաթեայ կարգապահութեամբ յատկանշուող շարքերը, ընկերասիրութիւնը եւ նահատակ մարտակից ընկերներու յիշատակին հանդէպ պաշտումի հասնող խոր յարգանքը գլխաւոր շաղախը դարձած են կուռ կառոյցով Դաշնակցութեան տաճարի անսասան պահպանման:
*
* *
Այս հարուստ տուեալներով ահա 125-ամեայ Դաշնակցութիւնը կը սանձահարէ անհատական բոլոր շեղումները եւ շեշտուած փառասիրութիւններ իր շարքերէն ներս… Եւ համեստ մարտիկը, անձնուրաց ֆետային, պարզ քաղաքացին, երէկի «րենչպեր» գիւղացին, գրողն ու մտաւորականը միշտ կը պահէ Դաշնակցական կառոյցի կուռ միութեան մէջ:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմին դիպուկ արժեւորումի մասին, Ամերիկայի Սան Ֆրանսիսքոյի հեռաւո՜ր ափերէն, հայութեան ապագայով եւ Հայ դատի արդար հանգուցալուծման տագնապող դաշնակցական շարքային մտաւորականին` Մարի Ռոզ Ապուսէֆեանի Լիբանանի տասնամեակներ տեւող պատերազմին եւ ՀՅԴ-ի նախախնամական դերի մասին իր 2000 թ.ի վերջերուն Լիբանան կատարած ճամբորդական նոթագրութեանց «Հոգու եւ մտքի արահետներով» բնութագրումին մէջ ճշգրիտ ախտաճանաչումով կ՛արձանագրէր.
«Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմում վտանգաւոր թիրախ դարձաւ լիբանանահայութեան սիրտը` Պուրճ Համուտը, դարձաւ նրան աւիւն եւ կեանք պարգեւողը, նրան պաշտպանող, եւ նրա համար արիւն թափողը, նրա անխորտակելի պարիսպը` հայ երիտասարդների աննկուն կամքով կառուցուած:
Ինչպէ՞ս, ե՞րբ, որտեղի՞ց ծնունդ առաւ իրենց գաղութի, իրենց ապրած երկրի, երկրորդ հայրենիք Լիբանանի համար սեփական կեանքը նուիրաբերող երիտասարդների այդ քաջ եւ անվեհեր փաղանգը:
Որտե՞ղ նրանք ձեռք բերեցին մարդկային, ազգային եւ քաղաքական այդչափ հասունութիւն, որ առանց երկմտանքի, հաւաքական ուժով հմախմբուեցան Դաշնակցութեան շուրջը եւ ելան պաշտպան կանգնելու հայութեանը:
Փափկասուն կեանքով հասակ առած ու մեծացած այդ պատանիներն ու երիտասարդները այդ ե՞րբ հասցրին այդքան «կոպտանալ», պողպատանալ, մասնագիտանալ, մահաբեր զանազան տիպի զէնքերուն հետ առօրեայ մտերմութիւն հաստատել, եւ ինքնապաշտպանական (ռազմավարութեամբ) անթարթ նայեցին մահուան աչքերին եւ սուրացին գնդակների տարափին տակ, հայուն եւ օտարին, կրօնակիցին եւ այլակրօններու ընտանիքներուն հաց, ջուր, երեխային կաթ եւ սնունդ, ծերերին դեղորայք եւ բժշկական օգնութիւն ապահովել»:
Վերեւը հաստատեցինք արդէն ՀՅԴ խորունկ յարգանքով եւ նախապատուութեան կարգով միշտ ալ կ՛ոգեկոչէ նահատակ մարտակից ընկերներուն անմեռ յիշատակը:
*
* *
Միաժամանակ, սայթաքումներու հանդէպ աններող, դաժան եւ «ահարկու» կազմակերպութիւն է Դաշնակցութիւնը:
Այսօրուան յիշատակի եւ յարգանքի ձեռնարկներով «Գարեգին Նժդեհ» կոմիտէութեան եւ Լիբանանի մնացեալ բոլոր շրջաններու կառոյցներուն մէջ կու գանք վերանորոգելու մեր Սրբազան Ուխտը` հաւատքով եւ անսակարկ կարգապահութեամբ ենթարկուելու Դաշնակցութեան որոշումներուն եւ անսայթաք շարունակելու անդուլ պայքարի մեր երկա՜ր երթը եւ մեր նահատակ մարտակից ընկերներուն անկատար տենչերն ու երազները իրականացնելու:
*
* *
ՀՅԴ-ն փոթորկալի տասնամեակներու ընթացքին բիւրեղացած եւ հզօր անխորտակելի կառոյցի վերածուած է, եւ որ իր նախընթացը եւ նմանը չունի ո՛չ միայն հայ, այլեւ օտար ազգերու կեանքին մէջ:
Անգամ մը եւս կը խոնարհինք, մեր սրբազան նահատակ մարտակից ընկերներուն լոյս յիշատակին առջեւ, անոնց, որոնք հաւատքով եւ «Իմացեալ մահուան» գիտակցումով` նահատակութեան պատուանդանին բարձրացան, եւ որպէս անմար ջահ` կը շարունակեն լուսաւորել մեր դժուարին պայքարի երկա՜ր ճամբան:
Մեր խօսքը կ՛ուզենք աւարտել հայ յեղափոխութեան ռազմագէտ հսկային, եւ ինքնապաշտպանութեան ռազմավարութեան անկրկնելի տեսաբան Նիկոլ Դումանի հետեւեալ դիպուկ հաստատումներով, որոնք լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի բովանդակ շրջանին դարձան ներշնչման աղբիւր ու քաջութեան մղիչ ուժը` դաշնակցական ու ԼԵՄ-ական յանձնառու համեստ զինուորներուն եւ նահատակութեան փառապսակին արժանացած մեր բոլոր խոնարհ հերոսներուն.
«Բայց ինչ էլ լինի, թէ՛ թշնամուն եւ թէ՛ բարեկամին յարգանք ու պատկառանք ներշնչողը, դժբախտաբար, դեռ կոպիտ ուժն է: Եւ մի ազգ, եթէ ուզում է մնալ յարգուած, եթէ չի ուզում կորչել, պէտք է լինի զէնքի ընդունակ, միշտ պէտք է լինի կազմ ու պատրաստ ինքնապաշտպանութեան համար, մանաւանդ` քաղաքական ցնցումների վայրկեաններում»:
Մեր բոլոր նահատակ ընկերները անմահութեան հասան` պայքարելով եւ զոհուելով
«Լիբանանի հետ եւ հայութեան համար»:
Յարգա՛նք նահատակ մեր բոլոր խոնարհ հերոսներուն, Լիզպոնի անձնազոհ հինգ կորիւններուն, բոլոր զոհուած հայորդիներուն, եւ մանաւանդ քաջ ու անձնազոհ ԼԵՄ-ական հերոսներուն:
Կեցցէ՛ հայ ժողովուրդը,
Կեցցէ՛ Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը,
Կեցցէ՛ Լիբանանը,
Կեցցեն՛ Հայաստանի եւ Արցախի հզօրացած զոյգ հանրապետութիւնները.
Կեցցեն` հայկական ու արցախեան ռազմունակ եւ հզօր բանակները:
Պէյրութ` 25-09-2015