Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Դրօ» Կոմիտէութեան Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակի Ձեռնարկին Համբիկ Պիլալեանի Արտասանած Խօսքը

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

11139429_10203013834941674_5273064230921857453_n

Լիբանանի եղբայրասպան յիմար, անիմաստ եւ ինքնակործան պատերազմի սկսելուն քառասուն եւ աւարտելուն քսանհինգ զոյգ ամեակներուն վրայ կը դնենք շեշտը յատկապէս:

Ճիշդ է, զոյգ ամեակներ են անոնք, որոնք մեզի կը պատճառեն մէկ կողմէ տխրութիւն եւ միւս կողմէ ուրախութիւն, մէկ կողմէ ցաւ` մեր սիրելիներու կորուստին, տուներու քանդումին, շրջանի աւերումին եւ անասելի տառապանքին, եւ միւս կողմէ նաեւ` ամեակներ են անոնք, որոնք մեզի կը փոխանցեն յաղթանակի զգացումին վեհութիւնը, մահէն չվախնալու գիտակցութիւնը, միասնական ուժին կարեւորութիւնը, հաւատքի զօրութիւնն ու ազգային հպարտութիւնը:

Բազմաթիւ իմաստներով Արագած թաղամասի տօնն է այսօր: Տօնն է գեղեցիկ յիշատակներու, տօնն է հպարտութեամբ լեցուն ապրումներու, տօնն է մաքուր եւ անկաշառ զգացումներու, տօնն է բոլորիս միտքերն ու հոգիները ուրախութեամբ եւ տխրութեամբ պարուրելու, բայց մանաւանդ` սրբազան տօնն է յաղթանակի, վերականգնումի, զօրաւոր կամքի, մենք մեզ յարգելու եւ պատուով սնանելու առիթի, տօնն է կառչած մնալու մեր հաւատքին, տօնն է երախտագիտութեան զգացումին բոլոր անոնց հանդէպ, որոնք իրենց սուրբ արիւնը նուիրաբերեցին յանուն այս շրջանի պաշտպանութեան, ժողովուրդի պահպանութեան եւ Լիբանանին տէր կանգնելու գիտակցութեան:

Համոզուած ենք, որ չկա՛յ աւելի գեղեցիկ երեւոյթ, վեհափառ զգացում եւ իրաւ գիտակցութիւն, քան այն, երբ հաւաքականութիւն մը մէկ մարդու պէս, համախումբ, զգաստ ու հարազատ կ՛աշխատի, իրերօգնութեամբ մատաղ պատրաստելու կը լծուի եւ բոլորին ուշադրութեան ու յարգանքին կ՛արժանանայ:

Քաջ գիտակից ենք, որ չկայ աւելի ազդու միջոց, հոգիները ցնցող եւ միտքերը զարդարող պատկեր, քան այն, որ հայ փոքրիկներ ու երէցներ, ձեռք-ձեռքի տուած, այսքան դժուար օրերուն անգամ, իրենց ցաւերն ու մտահոգութիւնները մէկդի շպրտած, կը փորձեն իրենց հաւաքական կեանքին իմաստ ու կորով շնորհել:

Խանդավառ եւ ուրախ ենք այսօր, որովհետեւ մեր ներկայութեամբ եւ այս սուրբ մատաղի օրհնութեամբ կ՛ուզենք բոլորին յայտնել, բարձրաձայն կոչել, թէ մենք տէրն ենք այս շրջանին, մենք տէրն ենք սեփական ժառանգութեան, տէրն ենք մեր նահատակներուն, որոնք զոհուեցան մեզի՛ համար, այսօր հո՛ս ըլլալու համար, այս շրջանը հա՛յ պահելու համար, եւ մեր ազգային արժանապատուութիւնը բարձր պահելու համար:

Իսկ կարիք կա՞յ վերստին յիշեցնելու, թէ այս համեստ շրջանը` Արագածի շրջանը, իր հայաշունչ բնակչութեամբ, իր բազմաթիւ թաղամասերով, համեստ բնակարաններով, իր ֆոլքլորիք կենցաղով եւ յարաբերաբար աշխարհագրական փոքր տարածքով ամրոց մըն էր մեզի համար, թէ՛ պատերազմէն առաջ, եւ թէ՛ ամբողջ պատերազմի ընթացքին:

Ամրոց մը, ուր հայութիւնը հպարտութեամբ ապրեցաւ շնորհիւ իր քաջարի համակիր զանգուածին, շնորհիւ դաշնակցական ակումբին եւ աննման հերոսներու, որոնք երբ ժամը հնչեց, անոնք` մեր տղաները զէնը ձեռին դէպի մահ արշաւեցին` հասնելու, օգնելու եւ փրկելու հայ ընտանիքներ:

Արագածի շրջանը իր ՀՅ Դաշնակցութեան «Դրօ» կոմիտէի ողջ ներկայութեամբ, արի  ժողովուրդով եւ կուսակցական ընկերներով, կտոր մը հայրենիք էր, մեր երբեմնի Կարսի հնոցը յիշեցնող, որ կոչուած էր ըլլալու ամբողջ Պուրճ Համուտի յառաջապահ դիրքն ու պատնէշը, ուր, այս թաղերուն մէջ  հասակ առին ու մեծցան բազմաթիւ սերունդներ:

Արագածի շրջանը, քառասուն տարիներ առաջ, որպէս համակեցութեան վայր ու ապրելու տեղ, որպէս ինքնաբաւ եւ կեանքով լեցուն շրջան ինչո՛վ էր պակաս, ինչո՛վ էր տարբեր այլ շրջաններէ:

Արդեօք, Արագածի շրջանը չունէ՞ր ազգային Արամեան եւ աւետարանական Փիլիպոսեան վարժարանները, ուր հազարաւոր աշակերտներ ստացան հայեցի ու մարդկային դաստիարակութիւն:

Չունէ՞ր հայրենակցական միութիւններ, ուր մեր հայրերն ու մայրերը, քոյրերն ու եղբայրները կ՛ապրէին իրենց հայկականութիւնը` ձեռնարկներ կազմակերպելով եւ հայ մշակոյթը պանծացնելով:

Չունէ՞ր արհեստի խանութներ, աշխատասէր արհեստաւորներ, նպարավաճառներ, շէնքեր, արհեստանոցներ, դարմանատուներ, բժիշկներ, ատամնաբուժներ, արուեստագէտներ, ուսանող տղաներ ու աղջիկներ, ուսուցիչներ, նոյնիսկ համալսարանի դասախօսներ:

Չունէ՞ր փռապան Փանոս, որ տասնամեակներ շարունակ եւ պատերազմի ամբողջ շրջանին, անուշաբոյր եւ համով հացի տեսակներ մատակարարեց տասնեակ հազարաւոր հայ թէ արաբ ժողովուրդի զաւակներուն եւ արժանացաւ բոլորի երախտիքին:

Այո՛, ունէր եւ դեռ մասամբ ունի այս բոլորը:

Աւելի՛ն. Արագած շրջանի մէջ չէի՞ն ապրեր իրարու յաջորդող սերունդներու ներկայացուցիչներ, ընկերներ ու բարեկամներ, որոնք կը յատկանշուէին իրենց տարօրինակ` ֆոլքլորիք մտածելակերպով եւ ապրելակերպով, եւ սակայն բոլորին մէջ անխտիր մենք կը տեսնէինք հայասիրութիւն, ժողովրդասիրութիւն եւ նուիրում:

Փաստօրէն, մենք ինչպէ՛ս կրնանք մոռնալ Արագած շրջանի Պայծառ նէնէն, այս շրջանի առաջին բնակիչներէն, որ իր օրհնեալ գաւազանը ձեռքին` ամէն Տեառնընդառաջի օրը, շրջանի չար ու անհանդարտ պատանիները կը ղրկէր թաղէ թաղ փայտ հաւաքելու եւ անմահական կրակը վարելու:

Ինչպէ՛ս մոռնանք ամօ Մանուկը, որ ամէն Սուրբ Սարգիսի տօնին իր բեռնակառքը բեռցուցած` Սուրբ Սարգիսի հելւա կը ծախէր` անուշեղէնին բոյրը ամբողջ շրջանին սեփականութիւնը դարձնելէ ետք:

Ինչպէս մոռնանք` Ասատուրեան նէնէն, որ ամէն շաբաթ օրերը, տարիներ շարունակ իր թոռնիկներուն ձեռքերէն բռնած` հաւատքով եւ եզակի գիտակցութեամբ զանոնք դաշնակցական ակումբ կ՛առաջնորդէր պատանեկանի ժողովներէն չբացակայելու եւ ստանալու վարիչ-վարչուհիներուն դաստիարակութիւնը:

Ինչպէս մոռնանք` Եղսա թանթիկը, որ այսօր մեր մէջ է, որ իր կարգին տասնամեակներ շարունակ ամէն Վարդիվառի տօնին, առաւօտ կանուխ ամբողջ շրջանի բնակիչները դուրս կը կանչէր եւ գեղեցիկ աւանդութիւնը կը շարունակէր:

Հապա՛ պատերազմի տարիներուն, եւ ամբողջ 15 տարի անդադար, Արագածի ժողովուրդը տոկաց, դիմադրեց, համբերեց, աշխատեցաւ, դէմ դրաւ ամէն յուսալքութեան եւ տկարութեան, եւ հաւատաց գալիք օրերուն:

Նոյնիսկ պատերազմի ահաւորութեան մէջ, ահ ու սարսափի  տարիներուն, անօթութեան եւ անգործութեան ժամանակներուն, Արագածի շրջանը իր ծոցէն ծնունդ տուաւ բազմաթիւ իւրայատուկ տիպարներու, որոնք միայն ու միայն մտածեցին ու աշխատեցան իրենց ժողովուրդի բարեկեցութեան համար եւ եղան դժուար օրերու ցաւն ու արհաւիրքը թեթեւցնող մէյ մէկ կերպարներ:

Արդարեւ, բաւարար է քանի մը տիպարի ընդմէջէն փոխանցել ամբողջ պատմութիւն մը, ազգագրական եւ մշակութային արժէք ունեցող, որոնցմով Արագածի շրջանը կրցաւ վերստին ծնիլ ու ապրիլ քանդիչ պատերազմէն ետք:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր ընկեր Հայկազ կրակը, որուն սրամտութիւնը, ողջմտութիւնն ու իրական կեանքէ առնուած անէքթոտները դեռ թարմ կը հնչեն մեր ականջներուն մէջ:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր ընկեր Մարկոսի անվերջանալի հեքիաթի նմանող պատմութիւնները, որոնք մեզի` այս ակումբի բնակիչներուս կը փոխանցէր մինչեւ առաւօտ, մանաւանդ տեղատարափ ռումբերու ատեն, թեթեւցնելու համար մեր մտահոգութիւններն ու վախերը:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր ելեկտրագործ Գէորգը (Մխթարը), որ շրջանի ահաւոր ռմբակոծումներէ ետք, կը նետուէր փողոց եւ գետնին տակէն կը ճարէր ելեկտրականութիւն շրջանի ակումբին համար:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր, մաքրակենցաղ ու աշխատասէր Գուրգէնը, որ տասնամեակներ շարունակ մաքրած ու աւլած է մեր համեստ թաղերը, առանց տրտունջքի եւ աւելորդ մտմտուքներու:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր նպարավաճառ եւ կապոյտ աչքերով Անդրանիկ էմմին, որուն համար հայ գիրքն ու մամուլը ամէնօրեայ սնունդ էին: Ան բացառիկ կերպով տիրապետած էր արեւմտահայերէնին, կը կարդար անյագօրէն եւ կ՛ուզէր իր շրջապատին փոխանցել հայ գրականութեան գոհարներ:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր մինչեւ այսօր շարունակուող շրջանի ԼՕԽ-ական մեր մայրերուն եւ քոյրերուն սուրբ աշխատանքը, եզակի նուիրումը, հայաշունչ գործը, աղքատին, անկարին, ծերունիին եւ աշակերտին հասնելու անոնց կամքը, անոնց սրբազան համբերատարութիւնն ու ազգային զոհողութիւնը:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր դաշնակցական ԼԵՄ-ականներու խանդավառ եւ քաջասիրտ ներկայութիւնը` ակումբին մէջ, պատնէշի ետին թէ ինքնապաշտպանական կռիւներու ընթացքին:

Մեզմէ ո՛վ չի յիշեր երէց սերունդի ներկայացուցիչները` Եղիշը, Անդոն, Պաղտասարը, Կիւլպէնկը, Կարպիսը, գապոյ Անդրանիկը եւ բազում նուիրեալներ, որոնք հիմը կազմեցին այս շրջանին, նորակերտ ակումբ մը կառուցեցին նորահաս սերունդին համար` իրենց թիկունքին ունենալով ազնիւ բարերարներ:

Իսկ ինչ խօսք աւելի փոքր սերունդին, որ պատերազմի տարիներուն հազիւ թեւակոխած քսան տարեկանի հասակը, հիմա արդէն վաթսունի սեմին, թեւ եւ թիկունք եղաւ երէցներուն, չվախցաւ մահէն ու ռումբերու տարափէն, վիրաւորուեցաւ եւ տոկաց, չհեռացաւ, դասալիք չեղաւ, չփախաւ,  ուրախութեամբ եւ ժպիտով նետուեցաւ կռուի դաշտ: Անոնք ճակատամարտեր մղեցին այս սքանչելի շրջանին պաշտպանութեան համար, պահակութիւն ըրին օրեր ու տարիներ` հայութիւնը անվտանգ պահելու համար, նոյնիսկ ռումբերու տակ ընկերական խրախճանքներ կազմակերպեցին, յեղափոխական ու ազգային երգեր երգեցին, պարեցին, հարսանիքներ սարքեցին` միշտ հաւատալով վաղուան:

Այո՛, տարբեր էին այդ օրերը, անոնք ունէին տարբեր համ, շունչ ու ոգի: Արագածի սովորական օրերն անգամ ուրիշ էին, նոյնիսկ պատերազմի ատեն, մարդիկ` հայ թէ արաբ, միասին կը ճաշէին, միասին կը խնդային, միասին կը մտահոգուէին, միասին կ՛ապրէին ու միասին կը տոկային եւ այդպէս մնացին մինչեւ եղբայրասպան պատերազմի աւարտը:

Այսօր հաւաքուած ենք այստեղ մէկ կողմէ եւ արդարօրէն ոգեկոչելու շրջանի զոհուածներուն եւ նահատակներուն յիշատակը, իսկ միւս կողմէ մեր երախտագիտական զգացումները յայտնելու դաշնակցական ակումբին, այս երկյարկանի կառոյցին, այս համեստ, բայց ոգեշնչող պատեր ունեցող օճախին, շրջանի հայութեան հարազատ տունը հանդիսացող ամրոցին, որուն երդիքին տակ պատանեկանի եւ երիտասարդականի սերունդներ են դաստիարակուած, ազգային ու յեղափոխական շունչով մեծցած եւ ընտանիքներ կազմած:

Այո՛, դաշնակցական ակումբ, որուն դերակատարութիւնը այնքան շեշտուած ձեւով մեզի կը ներկայանայ, երբ մանաւանդ յիշենք պատերազմի օրերը:

1975 թուականը անկիւնադարձ մը եղաւ Լիբանանի հայութեան համար: Պարտադրուած քաղաքացիական պատերազմի բռնկումով, արդէն ազդանշանը կը տրուէր ինքնապաշտպանական աշխատանքներ տանելու հրամայականին:

Եւ հո՛ս է մեծութիւնը դաշնակցական երէց սերունդներուն, որոնք պատերազմի առաջին օրերէն սկսեալ մղուեցան լուրջ ու կարեւոր աշխատանքի` շրջանները զինելու, զէնք ու զինամթերք ապահովելու, եւ կռուող տղաք պատրաստելու` հայահոծ թաղամասերը պաշտպանելու սուրբ գործին համար:

Եւ տարի առ տարի դաշնակցական ակումբները դարձան մեղուի փեթակներ, ուր համակիրներու հսկայ բանակներ եկան ու ծառայեցին իրենց ժողովուրդին, պահակութիւն ըրին, ուտելիք մատակարարեցին, ռումբերու տարափին տակ վիրաւորներ հիւանդանոցներ փոխադրեցին, ծերունիներ խնամեցին, ապաստարաններ մաքրեցին, պատնէշներ կանգնեցուցին եւ զէնքը ձեռին նետուեցան ինքնապաշտպանական կռիւներու կրակին մէջ, զոհելով իրենց թանկագինը` անուշիկ կեանքերը:

Այո՛, այս էր դաշնակցական ակումբին առաքելութիւնը եւ այդպէս պիտի մնայ միշտ, իր կարողութիւններուն եւ կարելիութիւններուն սահմաններուն մէջ:

Յիշեցէք, միշտ, սիրելի թաղեցիներ, ինչպիսի՛ ամօթալի վիճակ եւ ինչպիսի՛ տխուր ճակատագիր պիտի ունենայինք մենք, եթէ չըլլային մեր ակումբները, եթէ չըլլային հերոս տղաները (հնչակեան, դաշնակցական եւ ռամկավար), որոնք մէկ սիրտ ու հոգի եղան եւ նետուեցան իրենցմէ աւելի մեծ թիւով ու զօրաւոր թշնամիներու դէմ, զարկին ու զարնուեցան, վիրաւորուեցան ու նահատակուեցան, բայց յաղթեցին, որովհետեւ անոնց թիկունքին էր դաշնակցական ֆետայիներու ոգին, թշնամիին դէմ դնելու ուժը, կամքն ու հաւատքը:

Իսկ ինչո՛ւ հայութիւնը միշտ ալ թիկունք կանգնած է դաշնակցական ակումբին, ինչո՛ւ իր համեստ լուման տուած է մեր ակումբներու կայացման, զարգացման եւ բարգաւաճման: Ինչո՛ւ ինքը` շրջանի հայութիւնը միշտ ալ ուզած է ակումբին ներկայութիւնը:

Որովհետեւ, հայութիւնը քաջ գիտէ եւ համոզուած է, որ մեր ակումբները ինքնանպատակ կառոյցներ չե՛ն եղած եւ չե՛ն կրնար ըլլալ, մեր ակումբները ամբողջ հայութեան կը պատկանին, բոլորի՛ն են,  հայութեան սեփականութիւնն են, շինուած են միայն ու միայն հայութեան տէր կանգնելու, հայութեան կարիքներուն հասնելու, սերունդներ դաստիարակելու: Եւ ի՜նչ սերունդներ` հայասէր, ազգասէր, նուիրեալ, քաջ, ուսեալ, կիրթ, դաշնակցական գաղափարին, Եռագոյնին, Արարատին ու հայրենիքին հաւատարիմ, Անդրանիկ փաշային, Գէորգ Չաւուշին, Նիկոլ Դումանին, զօրավար Դրոյին, առասպելատիպ Նժդեհին ու հազարաւոր քաջ ֆետայիներու երկրպագող սերունդներ:

Հարց տանք, ինչո՛ւ հայահոծ շրջաններու հայութիւնը միշտ ալ մտիկ ըրած է դաշնակցական կոմիտէին խօսքը, կոչը, կանչն ու պատգամը:

Որովհետեւ, դաշնակցական ակումբը հայութեան տունն է եղած, մեր ցաւերուն եւ մտահոգութիւններուն բալասան է եղած, հաւաքական մեր յիշողութիւններուն, աւանդութիւններուն, մշակութային արժէքներուն տէր եղող օրրան է եղած, բայց մանաւանդ` պատերազմի եւ անակնկալ քաղաքական ցնցումներու ժամանակ իր սիրտն ու հոգին է բացած բոլորին` հայ առաքելականին, կաթողիկէին ու աւետարանականին եւ իր մատաղ երիտասարդ սերունդի մէյ մէկ հսկաներ զոհած յանուն հայութեան պաշտպանութեան:

Ինչո՛ւ հայութիւնը միշտ ալ հաւատք է ունեցած իր շրջանի ակումբին, կոմիտէին ու աննման տղաներուն հանդէպ:

Որովհետեւ դաշնակցական ակումբը, մանաւանդ պատերազմի օրերուն, իր դռները չէ փակած, կոմիտէն իր ժողովուրդը չէ լքած եւ ինքնիր ճակատագիրին չէ թողած, գերագոյն մարմիններ հայութեան կռնակ չեն դարձուցած, ընդհակառակը, պատերազմի ամէնէն ահաւոր եւ ամէնէն քանդիչ օրերուն անգամ, երբ ո՛չ ելեկտրականութիւն, ո՛չ ջուր, ո՛չ հաց, ո՛չ ուտելիք, ո՛չ ապահովութիւն էր մնացած, դաշնակցական կոմիտէներ` իրենց հետ ունենալով աննման ու քաջարի տղաներ, հաց, ջուր, ուտելիք բաժնեցին բոլորին անխտիր, հայուն ու արաբին, որոնք, իսլամ թէ քրիստոնեայ մեր ակումբին առջեւ կանգնեցան եւ արցունքոտ աչքերով երախտագիտութիւն յայտնեցին:

Այս բոլորի փոխարէն ոչինչ ուզած են մեր ակումբները, որովհետեւ անոնց գոյութեան իմաստը դո՛ւք էք, սիրելի՛ ժողովուրդ, ձեզմէ ծնած է այս կուսակցութիւնը, եւ ձեզի համար կ՛ապրի, Հայաստանի ու Արցախի ազատութեան, անկախութեան եւ Արարատի վերադարձին համար կը գործէ, ձեր մտահոգութիւնները փարատելու եւ թեթեւցնելու համար կ՛աշխատի:

Այլապէս ալ եթէ որեւէ բան պահանջած են մեր ակումբները, այդ ալ շրջանի մամիկներուն աղօթքն է եղած մի՛շտ, շրջանի մայրերուն եւ քոյրերուն աջակցութիւնն է եղած միշտ, շրջանի հայութեան սէրն ու կորովը, գուրգուրանքն ու յարգանքը միա՛յն:

Այս բոլոր ըսուածներուն կողքին, նաեւ կը յայտարարենք, առանց վարանումի եւ ճակատաբաց, թէ մենք ունեցած ենք եւ ունինք սխալներ, շատ անգամ անսրբագրելի եւ շատ սուղ արժող հաւաքական մեր կեանքին համար:

Մենք ունեցած ենք եւ ունինք թերութիւններ` անհոգութիւններու, անլուրջ մօտեցումներու եւ թեթեւամտութիւններու իբրեւ հետեւանք:

Մենք ունինք հսկայական բացթողումներ, որոնց ուշացումով շատ բան կորսնցուցինք անցնող քսանհինգ տարիներուն ընթացքին:

Մենք կատարեալ չենք, կը ձգտինք ըլլալ, կը փորձենք սրբագրել եւ նոր կեանք ու շունչ փոխանցել մեր շրջապատին:

Մեր մէջ եղան նաեւ սխալողներ, դասալիքներ, վախկոտներ, անհատապաշտներ, եսասէրներ, անպատասխանատուներ, որոնք շատ անգամ հայութեան եւ դաշնակցական հմայքին ու մեծութեան վնասներ հասցուցին:

Այո՛, գիտակից ենք այս բոլորին, եւ իւրաքանչիւր պատասխանատու սերունդ պարտաւոր է հաշուի առնել այս բոլորը, ինքզինք սրբագրել, նոր մտածելակերպով եւ ռազմավարական ուղղութիւններով ճամբայ ելլել, իրաւ գործի, դաշնակցական առողջ ու նպատակասլաց աշխատանքի դաշտեր բանալ, առիթներ ստեղծել, նորահաս սերունդի զաւակներ գործի մղել, առաւելագոյն թիւով հայութիւն, համակիր զանգուած ակումբի շուրջ հաւաքել, չվախնալ քննադատութենէ, չսոսկալ երիտասարդութենէն, եւ ամէնէն կարեւորը` կենդանի օրինակով ոգեշնչել կուսակցական շարքերն ու հայութիւնը:

Կ՛ընդունինք, որ եղած են, ու տակաւին կը յամենան բազում դժուարութիւններ եւ անկազմակերպ աշխատելաոճեր:

Մենք մեր յանցանքի բաժինը ընդունելով հանդերձ, մենք ունեցած ենք Հայ դատի մեծագոյն նուիրեալներէն Սագօ  Աբրահամեանի նման հսկաներ, որ այս համեստ շրջանի ծնունդ է, ունեցած ենք Սագօ Յարութիւնեանի նման տղաներ, որոնք իրենց քաջարի կամքն ու քրտինքը շաղախեցին Արցախի հողին, ունեցած ենք Եղիկ Գայայեանի նման պանծալի անուններ, քաջ, խիզախ, անբասիր, անկեղծ, սրտոտ, ընկերասէր, ազնուական, ծառայասէր, հայրենասէր ու մեծ գաղափարական տղայ, որ իր նահատակութեամբ անգամ եղաւ հսկայ մը ու առասպել:

Սիրելի՛ նորահաս սերունդի տղաք ու աղջիկներ, դուք պէտք չէ մոռնաք, թէ հերոսներու ոգին հոս է, մեզի հետ են անոնք, մեզի ուժ կու տան, որպէսզի չտկարանանք, չյուսահատինք, դժուար օրերուն խուճապի չմատնուինք եւ անպայման յաղթենք:

Այո՛, հաւաքուած ենք այստեղ բարձրաձայն գոչելու, թէ ի՛նչ ալ ըլլան պայմանները, մեզ շրջապատող արգելքները, տնտեսական թէ ընկերային դժուարութիւնները, բնակարանային նորովի հարցերն ու հայ ընտանիքի կամաց-կամաց պակսող թիւն ու որակը, մենք` Արագածի թաղեցիներ, առանց յարանուանական եւ կուսակցական խտրութեանց կ՛ուզենք մեր ազնիւ ու առողջ ձայնը լսելի դարձնել, կ՛ուզենք մեր շրջանի հայեցի դիմագիծը վերականգնել, կ՛ուզենք հոս մնալ, հոս ապրիլ ու գործել, հակառակ մեր կամքերը տկարացնել փորձող հոսանքներու:

Այսօր, եթէ երբեք մեր շրջանի համեստ, սակայն պատուական բնակարանները, մեր ակումբին պատերը լեզու ունենային ինչե՜ր պիտի պատգամէին:

Պիտի ըսէին, թէ մենք շրջանի հայեցի դիմագիծի պահպանման ճակատամարտին մէջ պարտուած ենք, թէ շրջանի հայութիւնը ունեցած է  քանակի ու որակի անդարմանելի կորուստ, թէ օտարներու գոյութիւնը այլեւս կը վտանգէ մեր ապահովութիւնը, թէ խառնարան դարձած քիչ մը հեռակայ թաղամասերու բնակչութեան ազդեցութիւնը հետզհետէ կը ճնշէ մեր առօրեային, թէ արեամբ պաշտպանուած մեր թաղերուն դիմագիծը տակաւ այլանդակ կը դառնայ, թէ Պուրճ Համուտի այլապէս բարգաւաճման, զարգացման ու պաշտպանութեան ռազմավարութիւնը` բնակարանային, տնտեսական, ընկերային եւ բազում բնագաւառներու վերաբերող, դարձած է կենաց մահու հրամայական:

Այո՛, սիրելիներ, մենք հրապարակաւ կը յայտնենք այս բոլորը: Սակայն հաւատացողն ենք, որ խաղաղ օրերու պատերազմը դեռ չենք կորսնցուցած: Համոզուած ենք, որ հաւաքական մեր կամքով եւ բոլորի աջակցութեամբ` կուսակցութիւններ, միութիւններ եւ յարանուանութիւններ, մենք կրնանք շտկել մեր ողնայարը եւ անյապաղ գործի լծուիլ, հեռու շատախօս եւ սնամէջ քարոզչութիւններէ, փաստելու համար մեր ժողովուրդին, թէ հակառակ ծովածաւալ կարիքներու, հայութիւնը կրնայ վերականգնիլ եւ գոնէ փրկել ինչ որ մնացած է:

Ապագան այսօրն է,  եթէ գիտնանք մտածուած վարուիլ անոր հետ, եթէ պրկենք մեր կամքերը եւ միասնական ոգիով այս անգամ նետուինք շրջաններու հայացման ճակատամարտերուն մէջ:

Ո՛վ ըսաւ, Արագածի թաղեցիներ, թէ դուք իրաւունքը չունիք  ունենալու հանգստաւէտ բնակարաններ, շէնքեր ու կանաչապատ թաղեր:

Ո՛վ ըսաւ, թէ այս շրջանին մէջ հասակ առնող պատանին ու երիտասարդը իրաւունք չունի ունենալու պատշաճ խաղավայր ու մարզադաշտ:

Ո՛վ ըսաւ, թէ հակառակ այս շրջանի թիւի եւ որակի նուազումին, պէտք չէ ձեռնարկել գործնական, արագ եւ իրաւ աշխատանքներու:

Ո՛վ ըսաւ, թէ դուք լքուած էք, առանձին էք, անտէր էք:

Ո՛չ, երբեք:

Մինչեւ այն ատեն, որ դեռ այս շրջանին մէջ կայ հայկական շունչ ու կեանք, դաշնակցական ակումբ, պատանեկանի ու ԼԵՄ-ի շարքեր, մենք պարտաւոր ենք հաշուի առնել այս իրականութիւնը եւ անյապաղ լծուիլ լուռ, կազմակերպ եւ նպատակասլաց աշխատանքներու:

Ա՛յս է մեր նահատակներուն կտակը, մեր սրբազան խենթերուն կանչը, մեր բոլորիս երազանքը:

Ա՛յս է մեր զոհուածներուն պատգամը, յատկապէս ձեզի, իմ սիրելի երիտասարդնե՛ր:

Ա՛յս է մեր բոլորի անկեղծ ակնկալութիւնը ձեզմէ, շրջանի նորահաս սերունդներ, որ ըլլաք հաւատաւոր դաշնակցական տղաք ու աղջիկներ, ըլլաք յարգալիր երէցներու հանդէպ, սիրէք ձեր ժողովուրդը, եւ հասնիք անոր օգնութեան ամէն ատեն, մանաւանդ դժուար օրերուն:

 

(ՀԱՏՈՒԱԾՆԵՐ)

 

 

Նախորդը

ՀՅԴ «Թեհլիրեան» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Րաֆֆի Քեչեճեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէի Ձեռնարկին Գօգօ Աւագեանի Արտասանած Խօսքը

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Աւարտական Վտանգաւոր Ջղաձգումներ

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Մեր Համայնքի Քաղաքական Գործօնի Հանգամանքը Առաջին Հերթին Հիմնուած Է Մեր Հաւաքական Քուէի Ուժին Վրայ*

Յուլիս 9, 2025
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի.  Ընդունելութիւն` Քաղաքապետական Եւ Թաղապետական Ընտրութիւններուն Ապահովուած Արդիւնքներուն Առիթով
Անդրադարձ

Պաշտօնները Կու Գան ու Կ՛երթան, Մեր Ժողովուրդին Բարօրութիւնը, Բարգաւաճումը Եւ Հզօրացումը Էականն Են ու Մնայուն*

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?