Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՀՅԴ «Շուշի» Կոմիտէին Կազմակերպած Քաղաքացիական Պատերազմի 40-Ամեակին Վիգէն Գուճանեանի Արտասանած Խօսքը

Սեպտեմբեր 28, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

 

12047166_10203856406965448_317865513994897103_n

Լիբանանի քաղաքացիական  պատերազմի 40-ամեակն է, եւ այսօր բոլորս համախմբուած ենք յարգանքի տուրք մատուցելու բոլոր զոհուածներուն, անոնց, որոնք նահատակուեցան, եւ անոնց, որոնք իրենց բազմատեսակ զոհողութիւններով նուիրուեցան հայկական թաղամասերու պաշտպանութեան դժուարին եւ անապահով աշխատանքներուն:

1975 թուականը ազդանշանն էր պատերազմի սկզբնաւորութեան: Նախ կը կարծէինք, որ պատերազմը հանգրուան մըն էր ու պիտի անցնէր: Յետոյ ի յայտ եկաւ, որ իրողութիւնը օրերու խնդիր չէ, այլ` տարիներու, որ տեւեց 15 տարի:

Ժամանակաշրջան մը, որուն ընթացքին հաւաքաբար դիմագրաւեցինք քաղաքական, ընկերային, տնտեսական եւ ապահովական լուրջ խնդիրներ:

Հայութիւնը պահելը մեր գլխաւոր մարտահրաւէրն էր, որուն իրագործման համար հարկ էր դիմել ներքին ինքնապաշտպանութեան` զէնքով հայկական թաղամասերը պաշտպանելու բարդ եւ զոհողութիւն պահանջող գործունէութեան:

Քաղաքական առումով, 15 տարիներուն որդեգրուած դրական չէզոքութեան քաղաքականութիւնը էապէս նպաստեց, որ կարելի սահմաններուն մէջ լիբանանահայութիւնը հեռու մնայ լիբանանեան կողմերու բախումներէն ու հայկական թաղամասերը վերածել այսպէս կոչուած ապահով գօտիներու: Այստեղ, լիբանանահայ երեք կուսակցութիւններուն հաւաքական կամքն ու ոգին բերին իրենց օգտակար բաժինը` արտաքին ճակատին ներկայանալով միասնական ու ամուր: Ներքին համերաշխութիւնը նաեւ օգնեց, որ համադրումն ու համակարգումը, ըստ կարելիութեան, ընթանայ հեզասահ ու նպաստաւոր:

Մարտական իմաստով, դժուարութիւնները բազմաթիւ էին` երիտասարդներու հոգեմտաւոր պատրաստակամութիւն, զինավարժութիւն, զինամթերքի ապահովում եւ ռազմավարութիւն: Լիբանանի երիտասարդական միութեան` ԼԵՄ-ի ստեղծումը եւ այս կառոյցին շուրջ լիբանանահայ երիտասարդութեան համախմբումն ու զօրակցութիւնը յաղթահարեցին հիմնական արգելքները: Դժուար գործ էր, բայց հաւատքն ու դաշնակցական կամքը յաղթահարեցին արգելքները:

15 տարիներ ու մեր ժողովրդային տուները` ակումբները, քուն չունեցան, դռները չփակուեցան, ու մեր տղաքը միշտ ներկայ էին ու միշտ պատրաստ էին զէնքերը բռնած պաշտպանելու, հսկելու եւ հարկին կռուելու մեր թաղերուն համար:

Այստեղ դէպքերն ու դրուագները շատ են: Անդրանիկներու, Չաւուշներու եւ Նիկոլ Դումաններու շունչը ներկայ էր, դաշնակցական նուիրումը, ընկերասիրութիւնն ու գերագոյն զոհաբերութիւնը միշտ տիրական էին: Բոլորը մէկ նպատակի կը ծառայէին ու բոլորը իբրեւ մէկ բռունցք դէմ կանգնած էին դժուարութիւններուն:

Տնտեսական բնագաւառին մէջ երկրի անկայունութիւնը քանդեց տնտեսութիւնն ու լիբանանահայութիւնը նիւթական լուրջ խնդիրներու դիմաց կանգնեցուց: Անգործութիւնն ու տնտեսութեան խախտումը պատճառ դարձան ընկերային հարցերու: Հացի հայթայթումն ու մատակարարումը ամէնօրեայ խնդիրներ էին: Հայկական փուռերը իրենց դռները բացին ու նուիրուեցան ժողովուրդին: Հաց հասցնելու համար իսկ զոհեր ունեցանք: Հոս ԼՕԽ-ականները մեծ դեր ունեցան: Եփեցին, պատսպարեցին, անկարողներուն հոգատարութիւն ցուցաբերեցին, բժիշկները իրենց սպասարկութիւնները առանց ակնկալութիւններու կատարեցին: Մէկը բոլորին եւ բոլորը մէկուն համար: Այս էր սկզբունքը ու մեր գոյատեւման երաշխիքը: Պէտք էր ամէն տեղ հասնիլ, պէտք էր ամէն տեսակի գործ կատարել, որպէսզի ժողովուրդին մօտ յոյսը մնայ, որ մնաց 15 տարի:

Քաղաքացիական պատերազմը ապրած իւրաքանչիւր հայորդի այս առնչութեամբ անպայման ունեցաւ ընտանեկան պարագայ մը, որ զոհուեցաւ, դէպք մը, որ չի մոռցուիր, ցաւ մը, որ մինչեւ այսօր կ՛ապրի:

Նշեալ պատերազմէն անմասն չմնաց նաեւ մեր շրջանը` Ռաուտան: Հոս ալ գործ կար, հոս ալ կարիքները եւ պահանջները շատ էին, հոս ալ մեր տղաքը իրենց վստահուած գործը կատարեցին:

Մեր շրջանը ունեցաւ երկու նահատակ:

ԺՈԶԵՖ ՊԻԼԵԶԻԿՃԵԱՆ

Ընկ. Ժոզեֆ Պիլեզիկճեան ծնած է Պուրճ Համուտ, 1967-ին: Փոքր տարիքէն ան ցուցաբերած է հայ ժողովուրդին ծառայելու պատրաստակամութիւնը: Անդամակցած է ՀՅԴ «Կոմս» պատանեկան միութեան, ապա ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին եւ նուիրումի պատրաստակամութիւնը զինք առաջնորդած է ՀՅԴ շարքերը: Ընկերոջ վստահուած են բազմաթիւ գործեր, զորս ան կատարած է լուռ հետեւողութեամբ: Վերջին շրջանին ան մաս կը կազմէ ՀՄԸՄ-ի Ժըտէյտի մասնաճիւղի վարչութեան:

31 յունուար 1990-ին սկսած «Ջնջումի պատերազմ»-ի կռիւները մահ ու աւեր սփռեցին ամէնուրեք: Մահուան ստուերը հասաւ նաեւ հայաշատ Ռաուտա թաղամասը, ուր ռումբերը խլեցին անմեղ զոհեր ու վիրաւորներ: Կռիւներուն եւ տեղացող ռումբերուն ահաւորութիւնը ժողովուրդը զրկեց ջուրէ, հացէ եւ դեղէ: Ընկ. Ժոզեֆ միշտ գտնուեցաւ առաջին գիծերու վրայ: Ռումբերու տարափին տակ ան արհամարհեց վախը եւ նուիրումի իր ոգիին զօրութեամբ եղաւ այն տղոցմէ, որոնք հաց, ջուր եւ դեղ ապահովեցին ապաստանարաններու մէջ ծուարած մեր ժողովուրդին:

Ընկ. Ժոզեֆ չէր գիտեր սակայն, որ մահը գաղտագողի կը սպասէր նաեւ իրեն: Արդարեւ, 5 փետրուարին, երբ ռմբակոծումները սաստկացած մէկ պահուն ան կ՛օժանդակէր ժողովուրդին ապաստանարան փոխադրութեան, հրթիռ մը եկաւ խլելու նաեւ իր գարուն կեանքը` անմխիթար ձգելով իր ծնողքն ու գաղափարի ընկերները:

Սուղ է արիւնը բոլոր մարդոց: Բայց սուղ է արիւնը մանաւա՛նդ անոնց, որոնք ընկ. Ժոզեֆին նման իրենց ժողովուրդը եւ անոր ապահովութիւնն ու բարօրութիւնը վեր դասեցին իրենց անձէն:

ԿԱՐՕ ԳՈԼԱՆՃԵԱՆ

Հակադաշնակցական պայքարի դաւադիր զոհերէն է ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի ընկերակից, ԼԵՄ-ական Կարօ Գոլանճեան, որ իր պարտականութեան բերումով, 28 մարտ 1985-ին, ընկ. Սարգիս Զէյթլեանի հետ առեւանգուեցաւ եւ ժամանակ մը ետք, անծանօթ պայմաններու մէջ անարգօրէն սպաննուեցաւ:

Ծնած է 1965-ին, Ռաուտա: Փոքր տարիքէն ան մաս կազմած է ՀՄԸՄ-ի «Պայքար» ֆութպոլի խումբին: Անդամակցած է նաեւ շրջանի ՀՅԴ «Կոմս» պատանեկան միութեան, որմէ հետագային փոխանցուած է ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղի շարքեր:

Բոլորին հետ բարեկամ, բոլորէն սիրուած Կարոն լիբանանեան տագնապին ամբողջ տեւողութեան կը յամառի մնալ ակումբ` իբրեւ արթուն եւ հաւատաւոր պահակը շրջանի հայութեան: Համեստ ու ծառայասէր, անձնուրաց այն երիտասարդներէն էր, որոնց համար կարգապահութիւնը, գաղտնապահութիւնն ու պարտականութեան գիտակցութիւնը մնայուն արժէքներ էին:

ԼԵՄ-ականի իր բազմաթիւ պարտականութիւններուն կողքին, Կարօ Գոլանճեան երկար ժամանակ կը մնայ արեւմտեան Պէյրութ` նուիրուելով տեղւոյն ազգային-կուսակցական հաստատութեանց ապահովութեան գործին:

Քաղաքացիական պատերազմի նահատակները միայն լիբանանահայութեան նահատակները չեն, այլ` համայն հայութեան, որովհետեւ մեր տղաքը շատ լաւ գիտէին, որ լիբանանահայութիւնը սփիւռքի սիրտն է ու շրջանի հայութեան քայքայումով Հայ դատը մեծ վնաս կը կրէ: Հոսկէ էր, որ Լիզպոն ծնաւ, հոսկէ էր որ ծնունդ առին Արցախի հերոսները: Ի զուր չէ, որ քաղաքացիական պատերազմին բազմաթիւ դաշնակցականներ առեւանգուեցան: Թուրքիոյ հաշուոյն կու գար մեր տկարացումը, եւ մեր տղաքը չթոյլատրեցին, որ թշնամին առիթը օգտագործէ ու քանդէ գաղութը:

Այսօր, 15 տարուան պատերազմի դադրելէն 25 տարի անցած է ու այսօր ալ հայապահպանման մարտահրաւէրները անփոփոխ են եւ պայմանները այնքան ալ լաւ չեն:

Մենք մեր զոհուածներուն պարտք ունինք: Անոնք պատերազմի պայմաններուն մէջ ամէն ինչ ըրին, որպէսզի մենք այսօր ապրինք, ու մենք պէտք է գործը շարունակենք: Ներկայիս ալ տակաւին գաղութը մեծ գործ ունի կատարելիք ու պէտք չէ թերանանք: Մեր նահատակներուն հոգիները կը հանգչին, երբ իրենց գործը կէս չի մնար, երբ մենք նոյն ոգիով կը շարունակենք` յանուն գաղութի պահպանման:

Ուրեմն, աշխատինք, պատրաստ ըլլանք բոլոր տեսակի զոհողութիւններուն, որպէսզի արժանի ժառանգորդները ըլլանք մեր նահատակներուն:

Գործ, յարատեւ աշխատանք, նուիրում ու զոհաբերութիւն:

Ա՛յս է պատգամը, ա՛յս է մեզմէ ակնկալուածը:

Յարգա՛նք մեր նահատակներուն, պատի՛ւ «մեր տղոց»:

Նախորդը

ՀՅԴ «Իշխան» Կոմիտէի Ձեռնարկին Գօգօ Աւագեանի Արտասանած Խօսքը

Յաջորդը

«Նահատակը Այն Անձն Է, Որ Գերագոյն Արժէքներու Եւ Սկզբունքներու Կը Հաւատայ: Արժէքներ Եւ Սկզբունքներ, Որոնք Վեր Են, Ու Վեհ Են Իր Անձէն, Եւ Այդ Սկզբունքներու Ու Արժէքներու Յաւերժութեան Համար Իր Կեանքը Կ՛ընծայաբերէ» Կը Հաստատէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն
Անդրադարձ

Հաճնոյ Հերոսամարտը. Հայրենիքի Իմացութեան Անմահ Վկայութիւն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Ժեներալը…
Անդրադարձ

Ժեներալը…

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?