Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արտակարգ Օրեր Երկրի Տարածքին

September 30, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pakrad-e_9-30-15

ԲԱԳՐԱՏ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ

Մեկնաբանութիւնները որքան ալ զանազան ըլլան, իրողութիւնը յստակ է. Թուրքիա կ՛ապրի մտահոգիչ օրեր, որոնք դիւրաւ կրնան վերածուիլ ներքին պատերազմի փորձանքի մը: Ժողովուրդին մէկ մասը զարմանքով կը դիտէ պատահածները եւ ինք իրեն հարց կու տայ, թէ ինչպէ՞ս եկանք այս վիճակին: Սակայն քաղաքական անցուդարձերուն հետեւողներուն համար անսպասելի չէր այս պատկերը: Այդ իսկ պատճառով ալ մարդիկ սկսած են սարսափազդու այս ընթացքը անուանելու «400 պատգամաւորներու պատերազմ»:

Իրաւ ալ, 7 յունիսի ընտրութիւններու արդիւնքը տեսնելով` նախագահ Էրտողան մեծ հիասթափութիւն ապրեցաւ եւ առաջին վայրկեանէն սկսեալ հոլովեց ընտրութիւնները կրկնելու վարկածը: Այս հիասթափութեան գլխաւոր ազդակն էր ՀՏՓ կուսակցութիւնը (քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարութիւն կուսակցութիւն), որ տասը տոկոսի արգելքը յաղթահարելէ զատ` արգելք եղաւ ԱՔՓ-ի (իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւն) միահեծան կառավարութիւն մը կազմելուն: Էրտողան գիտէ, որ միայն ՀՏՓ-ի խորհրդարանէն դուրս մնալու պարագային պիտի տիրանայ իր կուսակցութեան առանձին կառավարութիւն կազմելու հնարաւորութեան: Հազիւ այդպէս կարելի պիտի ըլլայ երկրի ներկայ վարչաձեւը փոխել եւ անցնիլ նախագահական դրութեան: Այդ առումով ալ խոչընդոտեց այլախոհական կառավարութեան մը հիմնադրութիւնը եւ երկիրը տարաւ դէպի քաոս:

Քաոս բառը ինքնին ամենայստակ բացատրութիւնն է երկրի ներկայ կացութեան: Արդարեւ, 120 հազար բնակչութեամբ Ճեզիրէ (Ճիզրէ) քաղաքը մատնուած է շրջափակումի եւ կարելի չէ քաղաքէն դուրս գալ նոյնիսկ ամենաանհրաժեշտ կարիքներու համար: Օրեր առաջ ոստիկանական բռնութեամբ սպաննուած 12 տարեկան աղջնակի դիակը կը մնայ իր տան մէջ` պատանքուած ու ապա սառնարան դրուած ձեւով: Քաղաքին մէջ կան երիկամի 73 հիւանդներ, որոնք կը կարօտին տիալիզի դրութեան:

Ի դէմ փողոց ելլելու արգելքին` ժողովուրդը թաղամասերու մէջ փողոցներն են եւ յարատեւ աղմկելով կը փորձեն վառ պահել անհնազանդութիւնը: Մինչ այդ ոստիկանները որոշ հերթականութեամբ կը խուժեն թաղամաս եւ զրահապատ ինքնաշարժներու մէջէն կը կրակէն ժողովուրդին վրայ: Շրջափակման օրերու տեւողութեան մահացածներու թիւը 9 սեպտեմբերին հասած էր տասի: Նոյն 9 սեպտեմբերին ՀՏՓ կուսակցութեան պատգամաւորները կ՛ուզեն Ճեզիրէ երթալ, բայց ոստիկանական արգելքը իրենց համար ալ կը փակէ անցքը: Նախապէս քաղաք մտնել յաջողած պատգամաւորներէն Այճան Իմրես «Ակօս»-ին կը տեղեկացնէ, թէ իրավիճակը շատ ծանր է, քանի որ ոստիկանները չեն արտօներ շտապօգնութեան ինքնաշարժներուն երթեւեկը: Իսկ քաղաքի պետական հիւանդանոցն ալ խղճալի վիճակի մէջ է, ուր կ՛աշխատի միայն մէկ ոչ մասնագէտ բժիշկ:

Ժողովուրդը լուրջ դժուարութիւն ունի նաեւ ամէնօրեայ կենցաղի առումով: Ելեկտրականութիւնը խզուած է: Ջուրի մատակարարման ցանցը` խանգարուած, հեռախօսակապը` խզուած: Հացի փուռերը, դեղարանները եւ խանութները առհասարակ փակ են: Իսկ շէնքերու տանիքներուն դիրք բռնած են դիպուկահարներ, որոնք ընդմիշտ պատրաստ են շարժող ամէն ինչի վրայ կրակելու:

Սակայն դիտելով երկրին մէջ տարածուած բռնութիւնները, արեւելեան այս քաղաքը, իր արտակարգ ապրումներով հանդերձ, դուրս կը մնայ հասարակութեան ուշադրութենէն: 8 սեպտեմբերի երեկոյեան բովանդակ երկրի տարածքին ՀՏՓ կուսակցութեան աւելի քան 130 շէնքեր հրկիզուեցան կամ թալանուեցան: Պոլսոյ Քաղըթհանէ թաղին մէջ 23-ամեայ երիտասարդ մը դաշունահարուեցաւ բջիջային հեռախօսով քրտերէն խօսելուն համար: Միւս կողմէ` ՔԱԿ-ի յարձակումներն ալ նոյն թափով կը շարունակուին: Հաքքարիի Տաղլըճա աւանին մէջ 16 զինուորներու սպանութենէն ետք Իգտիրի մէջ ալ 14 ոստիկաններ սպաննուեցան: Անոնց կողքին պէտք է յիշել Տէրսիմ, Տիգրանակերտ եւ այլ քաղաքներու մէջ անհատաբար սպաննուածները:

Այս թոհուբոհին մէջ անարձագանգ կը մնայ ՀՏՓ-ի վարիչներուն բախումներէ հրաժարելու կոչը: Համանախագահներ Տեմիրթաշ եւ Եիւքսեքտաղ որքան ալ ՔԱԿ-ին եւ կառավարութեան նոյն կոչը ուղղեն, իշխանամէտ մամուլը յամառօրէն կը շարունակէ այս վերջիններս ահաբեկիչ անուանել եւ բոլոր պատահածներուն մեղքը բեռցնել Ժողովրդավարական շարքերու ուսերուն:

«Ակօս»

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Գորշ Գայլեր…Եւ Ամպեր

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.