Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Հայրենիք»-ի Խմբագրական. Գորշ Գայլեր…Եւ Ամպեր

September 30, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

amber_9-30-15

Միայն լարուած չէ մթնոլորտը, ոչ ալ պարզապէս վատթարացած կարելի է նկատել ապահովական իրավիճակը, այլ բառին բուն իմաստով, Թուրքիոյ մէջ պայթուցիկ կացութիւն կը տիրէ, եւ դէպքերը այնպէս մը կ՛ընթանան, որ երկրին մէջ կրնայ քաոսային վիճակ տիրել:

Այս գծով արդէն իսկ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական քրտամէտ կուսակցութիւնը լոյս ընծայած է մամլոյ հաղորդագրութիւն մը` նկարագրելով ներկայ կացութիւնը եւ յաւելեալ մանրամասնութիւններ տալով կատարուած հալածանքներուն, խափանարարական արարքներուն եւ սպանութիւններուն մասին:

Յատկապէս հարաւարեւելեան շրջանին մէջ, Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ազդեցութեան տակ գտնուող գիւղեր ու քաղաքներ զրկուած են հեռաձայնային եւ ելեկտրացանցային դրութիւններէն: Վերոյիշեալ կուսակցութեան պատկանող աւելի քան հարիւր կեդրոնատեղիներ ականման թիրախ դարձած են: Յիշատակելի է մանաւանդ մայրաքաղաք Անգարայի կեդրոնատեղիին վրայ կատարուած յարձակումն ու հրկիզումը:

Յարձակող խուլիկանները անխնայ եղած են եւ փճացուցած եւ հրոյ ճարակ դարձուցած են` արխիւներ, գրասենեակներ եւ ժողովասրահներ: Այս դէպքերը այնքան մը ազդած են տեղւոյն քիւրտերուն վրայ, որ անոնք հեռացած են մայրաքաղաքէն` նշելով, թէ իրենք կը նկատուին անբաղձալի տարր` «փերսոնա նոն կրաթա»: Նոյնիսկ Տիգրանակերտի մէջ ընդհարումներու եւ բախումներու պատճառով Սուրբ Կիրակոս եկեղեցին փոքր վնասներ կրած է:

Նախագահ Էրտողան եւ իր Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութիւնը քարոզչական արշաւի մը դիմած են` յաւելեալ պղտոր կացութիւն ստեղծելով եւ աղաւաղելով իրականութիւնը: Այս պարունակով կարելի է դիտել եւ մեկնաբանել վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ մէկ տարիով երկարաձգուիլը, անհրաժեշտութեան պարագային թրքական բանակին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ զինուորական գործողութիւններու արտօնութեան ժամկէտը: Եւ այդ նոյն բանաձեւին մէջ ահաբեկչական Իսլամական պետութենէն աւելի` Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան զինակից Քրտական աշխատաւորական կուսակցութեան զինեալ ահաբեկչական տարրերու եւ անոնց հակապետական գործունէութեան մասին եւս նշուած է:

Դեռ աւելի՛ն. մտահոգիչը այն է, որ այդ բանաձեւին մէջ կը նշուի, թէ Թուրքիան, որ մեծ կարեւորութիւն կ՛ընծայէ դրացի Իրաքի հողային ամբողջականութեան, ազգային միութեան եւ կայունութեան, պէտք է առաւել եւս շարունակէ իր զինուորական, քաղաքական, դիւանագիտական քայլերն ու նախաձեռնութիւնները` ընդդէմ ահաբեկչական խմբաւորումներու ներկայութեան:

Ահաւասիկ, շրջանէն ներս անդորրութիւնը խախտելու պատճառաբանութեամբ, մութ հաշիւներ, որոնք կրնան այլ եզրակացութիւններու յանգիլ: Շաբաթներէ ի վեր շարունակուող այս խափանարարական արարքներուն կարգին, բացայայտ է նաեւ ծայրայեղական եւ փանթուրանականութեան դրօշակակիր «Գորշ գայլեր»-ու ներկայութիւնն ու մասնակցութիւնը:

«Գորշ գայլեր»…որոնք գորշ ամպերով կը ծածկեն Թուրքիան:

Նախորդը

Արտակարգ Օրեր Երկրի Տարածքին

Յաջորդը

Հարցազրոյց Հենրի Քիսինճերի Հետ ( Բ. Մաս )

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.