Քոլեճի Աշակերտութեան Մէկական Գիրք Նուիրելով` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Կը Պանծացնէ Հայ Գիրքն Ու Հեղինակը
Ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը աշակերտական հանդիսութեամբ մը նշեց Թարգմանչաց տօնը` պանծացնելով հայ գիրքն ու հեղինակը: Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց քոլեճին Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Նայիրի Թերզեան, որ Թարգմանչաց տօնի իմաստն ու խորհուրդը ներկայացնելով` ըսաւ, որ աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնուի ժողովուրդ մը, որ թարգմանիչներու տօն ունենայ: Մենք ունինք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր գիրին եւ գրականութեան...



















