1 հոկտեմբեր 2015-ին Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանին մէջ մեկնարկեց յետ դպրոցական պարապմունքներու (after school) նորահաստատ ծրագիրը` գործակցաբար BizKidz կրթական միջազգային կազմակերպութեան:
Ծրագրի բացման հաւաքոյթին հրաւիրուած էին մասնակից աշակերտներն ու անոնց ծնողները: Վերոնշեալ կազմակերպութեան Լիբանանի ներկայացուցիչներն ու պարապմունքներու պատասխանատուները ներկայացուցին ծրագիրը, որ կը նախատեսէ օգնութիւն տրամադրել աշակերտներուն` դասերու պատրաստութեան մէջ, ինչպէս նաեւ զարգացնել անոնց մարզական, գեղարուեստական եւ գիտական հետաքրքրութիւնները: Ծրագիրը պիտի գործէ շաբաթը 5 օր` երկուշաբթիէն ուրբաթ, կէսօրէ ետք ժամը 2:30 -5:30, հսկողութեամբ անձնակազմի 8 անդամներուն: Դասերու պատրաստութեան պիտի տրամադրուին առաջին երկու ժամերը, իսկ վերջին ժամը` աշակերտի ընդհանուր զարգացման եւ տարբեր զբաղումներու:
BizKidz կազմակերպութեան ծրագիրը կը կիրարկուի բազմաթիւ երկիրներու հարիւրաւոր դպրոցներու մէջ: Կազմակերպութիւնը կը գործակցի զանազան միութիւններու հետ, որոնք ներգրաւուած աշակերտներուն համար կը ներկայացնեն կրթականօրէն շահեկան դասախօսութիւններ եւ վարժութիւններ: