Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Զուգահեռներ

Հոկտեմբեր 14, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

vaho_10-13-15

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

15 յուլիս 2015-ին հաղորդուեցաւ, որ ՏԱՀԵՇ-ի պատկանող «Տարուլհիլաֆէ» թրքերէն կայքը սպառնալիքներ տարածած է Թուրքիոյ հասցէին: Այդ յարձակումէն 6 օր ետք` 21 յուլիսին Սուրուճի մէջ անձնասպանական գործողութիւն մը թիրախ դարձուց Արաբ Բունարի մէջ մարդասիրական կամաւոր աշխատանք տանելու համար հաւաքուած քիւրտեր եւ Թուրքիոյ մէջ քրտական քաղաքական շարժումին համակիր աշխարհիկ ու ձախակողմեան թուրքեր: Արձանագրուած զոհերուն թիւն էր 32: Օգոստոսի վերջաւորութեան ՏԱՀԵՇ-ի` թրքերէնով նիւթեր հրապարակող մէկ կայքը դարձեալ սպառնաց Թուրքիոյ, ինչպէս նաեւ նախագահ Էրտողանի: Այդ սպառնալիքէն ետք եւս յարձակումի ենթարկուեցան քիւրտեր եւ անոնց համակիր ձախակողմեան թուրքեր: Անգարայի մէջ արձանագրուած զոհերուն թիւն էր 128: Երկու յարձակումներն ալ այն սխալ տպաւորութիւնը ստեղծեցին, որ յարձակումը գործողը ՏԱՀԵՇ-ն է (այդ տպաւորութեան ամրագրման համար իշխանութիւններուն կողմէ աշխատանք ալ տարուեցաւ), թէեւ վերջինս երկու յարձակումներուն պարագային ալ պատասխանատուութիւն չստանձնեց: 7 յուլիսի խորհրդարանական ընտրութիւններէն քանի մը օր առաջ Տիգրանակերտի մէջ ականահարումի թիրախ դարձած էր վերոնշեալ քրտամէտ կուսակցութեան ընտրական հաւաքը: Աւելի՛ն. թրքական ոստիկանութիւնը Սուրուճի յարձակումին դէմ բողոքի ցոյց կատարողներուն դէմ եւ Անգարայի յարձակումին դէպքին վայրը ծաղկեպսակ դնողներուն դէմ բռնի ուժ կիրարկեց:

Վերոնշեալները յստակօրէն երեւան կը հանեն յստակ դրդապատճառի մը եւ թիրախի մը գոյութիւնը: Թուրքիոյ 1 նոյեմբերի արտակարգ խորհրդարանական ընտրութիւններէն 3 շաբաթ առաջ յարձակումները դարձեալ թիրախ դարձուցին այն կողմը, որուն 7 յուլիսին ապահոված քուէներու համեմատութենէն կախեալ էր եւ այժմ ալ կախեալ է Էրտողանի մեծ երազի իրականացման ճակատագիրը: Ինչպէս Տիգրանակերտի եւ Սուրուճի ոճրային արարքներուն պարագային, այս անգամ եւս ո՛չ յարձակումին ծրագրողներն ու կազմակերպիչները յայտնաբերուեցան, ո՛չ ներքին գործոց նախարարը հրաժարեցաւ, ո՛չ ալ ապահովական մարմիններու որեւէ պատասխանատու պատասխանատուութեան կանչուեցաւ: Աւելի՛ն. անպատիժ կը մնան Էրտողանը քննադատող լրատուամիջոցներուն դէմ յարձակում գործողները, Թուրքիոյ նախագահը «վարկաբեկող» խմբագիրները կը ձերբակալուին, դատական հետապնդումի կ՛ենթարկուին եւ կը պաշտօնազրկուին, իսկ ուրիշներ կը դիմեն ինքնագրաքննութեան:

7 յուլիսի ընտրութիւններուն պայմանները անարդար էին, սակայն Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը յաջողեցաւ հարուածել նախագահական դրութիւն հաստատելու Էրտողանի ծրագիրը: Այսօր պայմանները առաւել անարդար են: Կը մնայ տեսնել, եթէ քրտամէտ կուսակցութիւնը պիտի յաջողի առնուազն պահպանել 7 յուլիսին իր ստացած քուէներուն համեմատութիւնը: Այդպիսի ձեռքբերում մը պիտի վիժեցնէ Էրտողանի սուլթան դառնալու փորձը:

 

 

Նախորդը

Յարութիւն Յակոբեան. «Արուեստը Թիւ Մէկ Դերը Ունի Միջավայրի Եւ Աշխարհի Փոփոխութեան Մէջ»

Յաջորդը

«Ֆորմիւլա-1». -Հեմիլթըն Յաղթական` Սոչիի Մէջ. «Մերսետես» Տիրացաւ Տիտղոսին

RelatedPosts

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)
Անդրադարձ

«Քանզի Ես Ողորմութիւն (Սէր) Կ՛ուզեմ Եւ Ոչ Թէ` Զոհ Ու Ողջակէզներէն Աւելի` Աստուծոյ Գիտութիւնը» (Ովսեայ 6.6)

Հոկտեմբեր 21, 2025
Մեծապէս Կը Սխալին
Անդրադարձ

Մեծապէս Կը Սխալին

Հոկտեմբեր 21, 2025
Տարեփակի Խոհեր  Ա. –   Պիտի Վերականգնենք Մեր Երթը` Պատմութեան Եւ Աշխարհագրութեան Մայրուղիներուն Վրայ
Անդրադարձ

Տոմս. «Մեր Ժողովուրդը Ո՞ւր Է…»

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?