Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մտորումներ` Քաղաքացիական Շարժումին Գործելակերպէն Ներշնչուած

Հոկտեմբեր 13, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

405268-36c515d4-4a93-11e5-ba64-b40512aab75c

ԱՐՇՕ ՊԱԼԵԱՆ

Վերջերս, աւելի ճշգրիտ ըլլալու համար` օգոստոս ամսուան ընթացքին եւ յատկապէս նոյն ամսուան 22-ին, քաղաքացիական ընկերութիւնը ներկայացնող զանազան խմբաւորումներ, ինչպէս` «Հոտերնիդ ելաւ», «Հաշուետուութեան պիտի կանչենք», «Փոփոխութեան սեմին», «Ժողովուրդը կը պահանջէ», «Երիտասարդներ ընդդէմ վարչակարգին», «Աքքարը աղբանոց չէ», «Նաամէի աղբանոցի փակման արշաւ», «Օգոստոս 29», «Դէպի փողոց» եւ այլ անուանումներ կրող արշաւներ ուղղուեցան դէպի փողոց` դէպի Դրամատուներու փողոց, Ռիատ Սոլհ հրապարակ եւ Կեդրոնական Պէյրութ:

Վերոնշեալ խմբաւորումներուն շարժիչ տարրերը բոլորիս յայտնի ցուցարարներն են` Ասաատը, Նիհմաթը, Իմատը, Մարուանը, Քլոտը, Ուարեֆը, Լուսիենը, Փիեռը, Ալին, որոնք աղբի տագնապին լուծման համար բռնկեցուցած են փողոցը, ցարդ առանց գետնին վրայ այդ տագնապին լուծման նշոյլ մը իսկ ապահովելու:

Այս բոլոր արշաւները վերջերս համախմբուած են քաղաքացիական շարժում անուանումին տակ եւ կը գործեն, բայց թէ ինչպէ՛ս կը գործեն, անիկա անյստակ է:

Քաղաքացիական շարժումը իր նախաձեռնած ցոյցերուն սկիզբը կրցաւ ապահովել բազմամարդ ներկայութիւն, իրենց դժգոհութիւնները եւ դժուարութիւնները ունեցող քաղաքացիներ նեցուկ կանգնեցան այդ արշաւները առաջնորդող երիտասարդներուն, որոնք իրենց սրտին ու մտքին մէջ թաքնուած ցաւերը բարձրաձայն ըսելու քաջութիւնը ունէին, սակայն այսօր Քաղաքացիական շարժումին ցոյցի կոչերուն ընդառաջողները սահմանափակ թիւով քաղաքացիներ են:

Թէ ինչո՞ւ այս իրականութիւնը պարզուած է, երբ մտահոգութիւնները նոյնն են եւ պահանջները, ինչպէս` ջուր եւ ելեկտրականութիւն ունենալը, աղբերէ զերծ մաքուր միջավայրի մէջ ապրիլը եւ փտածութենէ մաքրուած իշխանութիւն կերտելու նախաձեռնութիւնը արդար իրաւունքներ են:

Հաւանաբար ցոյցերուն ստացած ընդհանուր ընթացքը եւ արձանագրուած սահմանափակ նուաճումները չեն քաջալերեր զանոնք ուղղուելու փողոց եւ մասնակցելու այդ շարժումին:

Եթէ վերջին մէկուկէս ամսուան ընթացքին Քաղաքացիական շարժումին նուաճումները հաշուենք, պիտի տեսնենք, որ անոնք պարզապէս ցոյցերուն ընթացքին ձերբակալուածները նոյն օրն իսկ ոստիկանատուներէն ազատ արձակելն էին, բան մը, որ վերջին` 7 հոկտեմբերի ցոյցին ընթացքին կարելի չեղաւ իրականացնել:

Այս «նուաճում»-էն բացի թերեւս նուաճում մը կարելի է նկատել նաեւ այն իրականութիւնը, որ ժողովուրդը յանդգնեցաւ աղաղակել, թէ ինք իր իրաւունքները կը պահանջէ եւ իշխանութեան ու պետական կառոյցներուն փտածութիւնը կը մերժէ, ինչպէս նաեւ կրցաւ պարտադրել, որ Ռաուշէ-Մանարա փողոցին վրայ փարք միթըր-ի ծրագիրը չգործադրուի` ժողովուրդին համեստ դասակարգին զբօսավայրը նկատուող ծովեզերեայ այդ շրջանին երկայնքին, նաեւ առաջին անգամը ըլլալով Ռաուշէի Տալիայի ծովեզերեայ շրջանին պահպանման արշաւին սկզբնաւորութենէն ի վեր կրցաւ այդ տարածքը հանրապետութեան սեփականութիւնը յայտարարել, ինչպէս նաեւ նուաճեց իրաւունքը` ըմբոշխնելու Պէյրութի հրապարակներն ու հոն վերադարձնելու նախապատերազմեան Պէյրութի շունչը` կազմակերպելով «Ապու Ռախուսա»-ի շուկան:

Իսկ երկրագործութեան նախարար Աքրամ Շեհայէպի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ կառավարութիւնը աղբի տագնապին լուծման ծրագիրը վաւերացուց Քաղաքացիական շարժումին բանեցուցած ճնշումին տակ, այդ շարժումին աչքին փոշի ցանելու քայլ մըն է, որովհետեւ իրականութիւնը բոլորովին ուրիշ բան է եւ այդ ուրիշ բանը քաղաքացիին համար շատ յստակ է:

Լիբանան ապրող իւրաքանչիւր անհատ քաջ գիտէ, որ եթէ կառավարութիւնը կազմող քաղաքական կարգ մը ուժերուն համար կենսոլորտի նախարար Մոհամետ Մաշնուքի կատարած նուազուրդի հոլովոյթը շահաբեր ըլլար, անիկա կրնար վաւերացուիլ, իսկ մետասաներորդ պահուն Շեհայէպի ներկայացուցած ծրագիրին վաւերացումը չարեաց փոքրագոյնն էր եւ այս հանգրուանին երկրին աղբը մաքրելու միակ նախաձեռնութիւնը. այդ պատճառով ալ կառավարութիւնը վաւերացուցած էր Շեհայէպի մշակած ծրագիրը:

Հետեւաբար աղբի տագնապին լուծման ծրագիրին ստացած վաւերացումը իր կարգին Քաղաքացիական շարժումին նուաճումը չէ:

Այս բոլորին կողքին, Քաղաքացիական շարժումին մաս կազմող արշաւներուն ցրուածութիւնը եւ անոնց անդամներուն անտրամաբանական պահանջները, ինչպէս` նախարարներու հրաժարական, վարչակարգի տապալում, յեղափոխութիւն, կը մղեն մտածելու այս տղոց իրական նպատակներուն մասին:

Երկրին վարչակարգը` համախոհական ժողովրդավարութիւնը, այս հանգրուանին լաւագոյնն է շրջանին մէջ, այլապէս «Արաբական գարուն»-ը մեր ալ դռները կրնար թակել, իսկ եթէ վարչակարգի փոփոխութիւնը պէտք է մեկնաբանել իբրեւ փտած վարչակազմի փոփոխութիւն, ապա պէտք է այլ եզրեր օգտագործել:

Նախարարներու հրաժարականին պարագային, արդեօք անոնք ինչպէ՞ս պիտի հրաժարին, որո՞ւն պիտի ներկայացնեն իրենց հրաժարականը, այս հանգրուանին անոնք կրնա՞ն հրաժարիլ:

Իսկ ներկայ վարչակազմին ուղղուած «Բոլորը այսինքն բոլորը» կարգախօսը իր կարգին քաջալերական չէ, որովհետեւ անիկա կը պարունակէ թացը չորին հետ այրելու մօտեցումը, որ անարդարութեան ցուցանիշ է:

Աւելի՛ն. քաղաքացիական այս շարժումը այդքան ալ «անմեղ» չէ, որովհետեւ անոր կազմակերպած բոլոր խաղաղ ցոյցերը դարձան չակերտեալ «խաղաղ ցոյց»-եր, որոնց ընթացքին արձանագրուեցան վիրաւորներ, քարկոծուեցան ապահովութեան ուժեր, քանդուեցան հանրային կառոյցներ, կատարուեցաւ պետական հաստատութեան գրաւում, վարկաբեկուեցան երկրին դրօշն ու պետական անձնաւորութիւնները եւ կատարուեցան շարք մը այլ խուլիկանութիւններ, որոնք պատճառ դարձան քաղաքացիական այդ շարժումը իր քաղաքակիրթ բնոյթէն դուրս բերելու եւ լիբանանցին մղեցին շարժումին հասցէին ըսելու. «Ձե՛ր ալ հոտը ելաւ»:

Հաւանաբար ընթերցողը պահ մը մտածէ, որ այդ խռովարարները քաղաքացիական շարժումի «ընտրանին» չեն, այլ` սադրիչները, սակայն նման շարժումներ կազմակերպողը պէտք է նկատի ունենայ այդ ամէնը, պէտք է իմանայ, որ ինք Լիբանանի մէջ կը գործէ եւ իր կազմակերպած ցոյցերով առիթ կու տայ սադրիչներուն` ցուցադրելու իրենց մկանները եւ իրագործելու իրենց «նախասիրութիւնները»:

Հոս աւելցնենք նաեւ, որ ձերբակալուողներէն ոմանք դատական իշխանութիւններուն կողմէ պահանջուած յանցագործներ են եւ թմրեցուցիչ օգտագործելու յանցանքով ամբաստանեալներ:

Տակաւին չենք անդրադառնար համայնքային եւ յարանուանական հաւանական բախումներուն, որոնք կրնային բռնկիլ այդ ցոյցերուն ընթացքին, կամ Ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր ուժերուն հրապարակած այդ տեղեկութիւններուն, թէ ցոյցերուն ընթացքին խուլիկանութիւնները կատարողները ահաբեկիչներ են:

Այս ամբողջը լիբանանցիին չի վախցներ. յստակ է, լիբանանցին գիտէ, որ ահաբեկիչները ամէն տեղ են եւ ահաբեկչութիւնը կը սպառնայ երկրին` հիւսիսէն մինչեւ հարաւ ու Պեքաա, մայրաքաղաք ու անոր արուարձանները: Ան լաւ գիտէ, որ աղբի տագնապը պիտի լուծուի այն պահուն, երբ բոլորը համաձայն գտնուին լուծման մը շուրջ:

Լիբանանի քաղաքացին գիտէ, որ Ա. եւ Բ. իշխանութիւններուն բացակայութեան եւ Գ. իշխանութեան հաշմուած գործունէութեան ներքեւ նման շարժումներ ներքին յաւելեալ սպառում են:

Հաւանաբար նաեւ այս պատճառով ալ վերջին ցոյցին ձերբակալուած եւ յաջորդ օր ազատ արձակուած երիտասարդուհիներէն մէկը լսատեսողական լրատուամիջոցի մը կատարած իր յայտարարութեան մէջ ցասկոտ կը մեղադրէր ժողովուրդը, որ փողոց իջնելով իրենց զօրակցութիւն չի յայտներ:

Ի՜նչ, ի՜նչ բախումներ ու պատերազմներ, ցաւ ու զրկանք, ահ ու սարսափ տեսած, ապրած ու վկայած լիբանանցին, որ իր հանապազօրեայ հացը վաստկելու մտահոգութեան մէջ է եւ կ՛ապրի տիրող ընդհանուր անորոշութիւնը, անշուշտ երկու անգամ պիտի մտածէ` նախքան Կեդրոնական Պէյրութ ուղղուիլը: Ան նաեւ պիտի աղօթէ, որ իր զաւակները խանդավառութեան մէկ պահուն հոն գացած չըլլան եւ ձերբակալութեան փորձանքին մէջ չիյնան, որպէսզի ինք իր արդէն իսկ առօրեայ բաւականին ծանր հեւքը ամբողջացնէ եւ քանի մը ժամ քնանալու հանգիստը վայելէ:

Քաղաքացիական շարժումին եւ անոր ստացած լայն քարոզչութեան պատասխանատու են նաեւ տեղեկատուութեան մարզին ներկայացուցիչները, մասնաւորաբար լսատեսողական լրատուամիջոցները, որոնք ամէն յայտագիր կասեցնելով ուղղակի սփռում կը կատարեն` քաղաքացիին հասցնելու համար ցոյցերուն պատկերը:

Երկրին չորրորդ իշխանութիւնը նկատուող այս մարզը դժբախտաբար իր կարգին սկսած է շեղիլ իր առաքելութենէն` առարկայականութենէն:

Լիբանանեան կարգ մը պատկերասփիւռի կայաններ կը յիշեցնեն Սուրիոյ տագնապին սկիզբը «Ժազիրա» պատկերասփիւռի կայանին կատարած անպարկեշտ եւ շինծու լրատուութիւնները, այն աստիճան, որ լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններու թղթակիցները երբեմն դժուար է զատորոշել քաղաքացիական շարժումին մասնակիցներէն. անոնց կատարած հաղորդումները ենթակայական են ու կողմնակալ:

Այս բոլորը պարզապէս մթնոլորտ կը ստեղծեն, այնպիսի հանգրուանի մը ընթացքին, երբ երկիրը անոր կարիքը չունի: Հետեւաբար պահանջուած է աւելի խոհեմ ըլլալ, սերտուած պահանջներով ներկայանալ եւ կազմակերպուիլ` յաջողցնելու համար արդար պահանջներուն իրագործումը:

 

 

 

 

Նախորդը

Իրանի Խորհրդարանը Վաւերացուցած Է Իրան-Վեցեակ Համաձայնագիրը

Յաջորդը

Բանակը Ձերբակալեց Ժապհաթ Նուսրայի Անդամ Մը

RelatedPosts

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Խոհեր` Ցեղասպանութեան 110-րդ Տարելիցի Առիթով

Մայիս 19, 2025
Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն.  Քաղցկեղը Եւ Մենք
Անդրադարձ

Մեր Ընթերցողները Կը Գրեն. Նոր Փուլ, Նոր Մարտահրաւէրներ

Մայիս 19, 2025
Թուրքիոյ Ներքաղաքական Երկընտրանքը
Անդրադարձ

Ո՞վ Է Տիրական Ուժը ԱՄՆ-Իրան Բանակցութիւններուն

Մայիս 19, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?