Յօդուածներ

Տաւութօղլու Հայկական Սփիւռքին Դէմ Պայքարը Կը Քաջալերէ

Տաւութօղլու Հայկական Սփիւռքին Դէմ Պայքարը Կը Քաջալերէ

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի 70-րդ նստաշրջանի նիստերուն մասնակցելուն զուգահեռ, հանդիպում ունեցած է թրքական համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ: Ըստ «Ակօս»-ի, համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ հանդիպման ընթացքին Տաւութօղլու հերթական անգամ հակահայ ելոյթով հանդէս եկած է: Խորին շնորհակալութիւն յայտնելով Ամերիկայի թուրք քաղաքացիներուն` ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին դէմ իրենց առած քայլերուն համար` Տաւութօղլու շեշտած է. «Դուք ականատես եղաք, թէ Թուրքիոյ մասին...

Քաղաքական Խաղ` Մարմնամարզային Թեքումով

Նոր Իրավիճակը Պահանջում Է Նոր Մօտեցումներ

ԼԷՈՆԻԴ ՄԱՐՏԻՐՈՍԵԱՆ Ինչպէս արդէն հաղորդել է Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը, սեպտեմբերի 25-ին ազրպէյճանական զինուած ուժերի կողմից հրթիռա-հրետանային գնդակոծութեան է ենթարկուել հիւսիսարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած`  Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի զօրամասերից մէկի պահպանութեան տեղամասը, ինչի արդիւնքում զոհուել են 4 եւ վիրաւորուել մի քանի զինծառայողներ: Առաջին անգամ հակառակորդն օգտագործել է 122 մմ տրամաչափի հրանօթներ եւ հրետակոծել ոչ միայն առաջատար դիրքերը,...

Այշէ Կիւնայսու Քննադատեց Սելահէտտին Տեմիրթաշի Ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի Արտայայտութիւնները, Որոնք Կը Վիրաւորեն Հայերու Ու Միւս Քրիստոնեաներուն Զգացումները

Այշէ Կիւնայսու Քննադատեց Սելահէտտին Տեմիրթաշի Ու Ֆիկեն Եիւքսեքտաղի Արտայայտութիւնները, Որոնք Կը Վիրաւորեն Հայերու Ու Միւս Քրիստոնեաներուն Զգացումները

«Ձեզմէ Չենք Սպասեր, Որ Խօսիք Ցեղասպանութեան Մասին, Բայց Կրնաք Ձեր Ըսելիքը Ըսել` Առանց Ժխտելու Ցեղասպանութիւնը, Առանց Վիրաւորելու Այս Երկրի Քրիստոնեայ Ժողովուրդներուն Զգացումները» «ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ». Այշէ Կիւնայսու որ հինէն ի վեր, մարդու իրաւունքներու շրջագծով հայոց իրաւունքներուն պաշտպանը հանդիսացած է, հրատարակեց շատ կարեւոր նոր յօդուած մը, որով ցաւ կը յայտնէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան համանախագահ Սելահէտտին Տեմիրթաշին ու Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան միւս համանախագահ...

Տէրսիմահայ Երկու Կիներու Դառն Պատմութիւնը

Տէրսիմահայ Երկու Կիներու Դառն Պատմութիւնը

ՔԱԶԸՄ ԿԻՒՆՏՕՂԱՆ Ասլըհան Օլկար Պոլսի, Ասլըհան Քիրեմիթճեան ալ Զմիւռնիոյ մէջ նոյն շաբթու մէջ մահացան: Մէկը քրիստոնեայ էր, միւսը` իսլամ: Թաղումներն ալ այդպէս եղաւ: Մէկը հայոց գերեզմանատունը թաղուեցաւ, միւսը` իսլամներու: Ես երկուքին ալ թաղումին ներկայ գտնուեցայ: Նախ 7 սեպտեմբերին Պոլսի Պաքըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ Ասլըհան Օլկարը, ապա 11 սեպտեմբերին Զմիւռնիա, Կիւզելեալը թաղի Հաքիմ Էֆենտի մզկիթէն ալ Ասլըհան Քիրեմիթճեանը յուղարկաւորեցինք:...

Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…

Սուրեշին «Ելքի Ճամբան»…

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ                 Սուրեշը կու գայ Հնդկաստանէն: Ան քսաներկու տարեկան երիտասարդ մըն է: Հազիւ կրցած է յաճախել դպրոց, ստանալ քիչ մը ուսում եւ սորվիլ իր մայրենի լեզուն` գրել եւ կարդալ: Սուրեշը, բոլորին նման, ինքն ալ ունի կեանքի մէջ բաղձալի եւ իրագործելի երազներ... Անցեալ փետրուարին ամուսնացած է եւ սկսած է կազմել տուն եւ...

Յուշատետր. Տալն Ալ Լաւ Է

Ռ. Հ. Անցեալ օր գրած էի, որ ուզելը լաւ է: Մարդ նախ պէտք է ուզէ, որպէսզի ստանայ: Պէտք է ուզէ պատշաճ չափերու մէջ` ուզելը միացնելով բարի կամքի դրսեւորման մը հետ: Ընթերցող մը հարցուց. «Ուզելը լաւ է, բայց տալն ալ լաւ, չէ՞»: Օ՜ հրաշալի յիշեցում: Ո՞վ պիտի կարենայ ուրանալ այն ուրախութիւնը, որ կայ դիմացինին բան մը տալու մէջ: Տուէք եւ ուրախացուցէք:...

Սահմանադրութիւն, Ժողովրդավարութիւն, Կառավարում

Սփիւռքներու Եւ Հայաստանի Տեղատուութիւնները` Ղեկավարումի Տագնապի Հետեւանք

Յ. ՊԱԼԵԱՆ Հայրենիքը ըրած է` ինչ որ ենք, եւ յոռեգոյն չարիքը, որ կրնայ հարուածել մարդը, արմատախիլ ըլլալ է: Թշուառները, ընչազուրկները, սոսկ հայրենիքը ունին, կը հաստատէր Ժան Ժորես: Համաշխարհայնացումը ձեւով մը ծնունդ կու տայ նոր թշուառներու: Մեր անձին հարստութիւնը կազմուած է մեր կապերու բազմապատիկութենէն, կ՛ըսէր Սենթ՛Էկզուփերի: Այս ստացուած ըմբռնումէն մեկնելով է, որ կը բարձրանանք դէպի տիեզերականը, դէպի յաւերժական բարիքները: «Արմատաւորումը», (L՛enracinement)...

Հունձքի Տօն Եւ Քոյր Հետուիկ Անիսհենզլինի Նուիրուած Յիշատակի Պաշտամունք

Կիրակի, 4 հոկտեմբեր 2015-ի առաւօտեան, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Հունձքի տօն եւ քոյր Հետուիկ Անիսհենզլինի   նուիրուած պաշտամունք` ներկայութեամբ պատուելիներ Յակոբ Ագպաշարեանի եւ Սեպուհ Թերզեանի, քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի, ՔԱՀԼ-ի տարեցներուն, ՀՄԸՄ Այնճարի սկաուտներուն, միութիւններու ներկայացուցիչներուն եւ մեծ թիւով հաւատացեալներու: Պաշտամունքի ընթացքին պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան ներկայացուց քոյր Հետուիկի կենսագրականը` ընկերակցութեամբ նկարներու ցուցադրութեան: Ան յիշեց քոյր Հետուիկին դերակատարութիւնը Այնճարի հիմնադրութեան...

Նախագիծն Յաջողուած Է

Արծուիկ Մինասեան ԱՐՄԻՆԷ ՍԻՄՈՆԵԱՆ Ստորեւ կու տանք հայրենի «Հայոց Աշխարհ» օրաթերթի կատարած հարցազրոյցը Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեանի հետ` սահմանադրական փոփոխութիւններու նախագիծին մասին: ՀԱՐՑՈՒՄ.- Ըստ երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, բարեփոխուող սահմանադրութեամբ երկիրը կը գլորուի խիստ վտանգաւոր միակուսակցական համակարգ` դէպի քաղաքական մենաշնորհ: ՀՅԴ-ում չկա՞յ նման մտավախութիւն: ՊԱՏԱՍԽԱՆ.- Նախ, ես ոչ միայն որպէս ՀՅԴ պատգամաւոր, այլեւ որպէս հայ...

Համացանցին Վրայ Յաճախ Դժուար Է Զանազանել Իրողութիւնը Կեղծիքէն

Համահայկական Խորհուրդը Պիտի Փոխարինէ Հայոց Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակի Յանձնաժողովը

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ «Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ եւ խմբագիր Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի ձեռնարկները համակարգող պետական յանձնաժողովը սեպտեմբեր 26-ին Երեւանի մէջ միաձայն որոշում ընդունեց Համահայկական խորհուրդ ձեւաւորելու մասին: Նիստին ներկայ էին նաեւ Հայոց ցեղասպանութԵան հարիւրամեակի յանձնախումբերու ներկայացուցիչներ աշխարհի 40 երկիրներէ` բացառութեամբ Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու յանձնախումբերու ներկայացուցիչներուն: Ձեւաւորուեցաւ 12 անձերէ բաղկացած կազմակերպչական յանձնախումբ մը, որուն կազմին մէջ են Սահմանադրական դատարանի...

Քարվաճառի Ճանապարհը

Չկեղծե՛լ Հանրաքուէն

ԹԱԹՈՒԼ ՅԱԿՈԲԵԱՆ Դեկտեմբերի 6-ին Հայաստանում կը կայանայ հանրաքուէ, որի ընթացքում ընտրողները պէտք է ԱՅՈ կամ ՈՉ ասեն սահմանադրական փոփոխութիւնների նախագծին: Հայաստանը վերջին 20 տարիներին չորրորդ անգամ է անցկացնելու սահմանադրութեան ընդունման կամ մայր օրէնքը փոփոխելու հանրաքուէ: Հայաստանում սահմանադրութիւնը հանրաքուէով ընդունուել է 1995-ի ամռանը: Նախքան սահմանադրութեան ընդունումը` 1991-1995 թթ., Հայաստանը առաջնորդւում էր 1990-ի օգոստոսին ընդունուած Անկախութեան հռչակագրով եւ Գերագոյն խորհրդի կողմից ընդունուող...

Հօրս` Որսորդ Սըդդանի Ծննդեան  100-Ամեակի Առիթով

Հօրս` Որսորդ Սըդդանի Ծննդեան 100-Ամեակի Առիթով

ՄՈՎՍԷՍ ՍԵԴՐԱԿ ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ   Մուսա Լերան վրայ, 1938-ին Ֆրանսական զինուոր Որսորդ Սըդդանը Այնճար, 1961-ին                   Ծնար անիծեալ թուականի մը` Մուսա Լերան գեղատեսիլ լանջերուն, ուր նարինջն ու թուզը դրախտային համ ու բոյր ունէին... կ՛ըսէիր: Վերջին անգամ Խտըրպէկի եկեղեցիին մէջ քեզ մկրտեցին, ու առանց Աստուծոյ տան դուռը փակելու` բարձրացաք լեռ, ուր տեղի ունեցաւ աշխարհը զարմացնող,...

Տեսակէտ.  Զօրակցիլը Չի Բաւեր

Նշմար. Առաջին Զանգ

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ Վերամուտի առիթով հայկական դպրոցներէն հասած տեղեկութիւնները շատ ալ դրական չեն: Մտահոգիչ եւ տագնապալի մթնոլորտ մը կը տիրէ բոլորին մօտ: Թիւի, արտագաղթի, նիւթական եւ անորոշութեան վիճակը այս տարի շատ աւելի շեշտուած է: Սուրիահայ աշակերտութեան թիւն ալ նուազած է: Այսօրուան արձանագրուողներու որոշ մաս մըն ալ սպասման վիճակի մէջ է: Հեռաձայն մը կը սպասեն, որպէսզի պայուսակները առնեն ու երթան: Կարգ մը...

Տիրամայր Հայաստանի Ծաղկաձորի «Աղաճանեան» Ճամբարը`  Զրկեալ Երեխաներու Կարօտը Յագեցնող Առողջարար Միջավայր Մը

Տիրամայր Հայաստանի Ծաղկաձորի «Աղաճանեան» Ճամբարը` Զրկեալ Երեխաներու Կարօտը Յագեցնող Առողջարար Միջավայր Մը

ՍԱՐԳԻՍ ՆԱՃԱՐԵԱՆ «Տիրամայր Հայաստան»-ի Ծաղկաձորի համալիրի կեդրոնական շէնքը Հաւատարիմ իր հիմնադրին` հաւատաւոր մեծ եկեղեցական եւ հետագային կարտինալ եւ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս- պատրիարք Անտոն Հասունեանին կողմէ հաստատուած կանոնադրութեան, Անարատ յղութեան հայ կաթողիկէ քոյրերու միաբանութեան անդամները իրենց մշտնջենական ուխտը կը կատարեն` խոստանալով «Հնազանդութիւն, աղքատութիւն եւ ողջախոհութիւն»: Իբրեւ մշտնջենական յանձնառութիւն` անոնք միաժամանակ կը խոստանան նուիրուիլ հայ ազգի աղջիկներու, մանաւանդ աղքատ աղջիկներու...

Այնճարի Ժիւլիեթը Եւ Հայկական Ասեղնագործութիւնը

Այնճարի Ժիւլիեթը Եւ Հայկական Ասեղնագործութիւնը

ԶԱՒԷՆ Գ. ՂԱՐԻՊԵԱՆ Այնճարի մէջ այցելութեան գացած էի մեր ելեկտրական գործերուն մէջ շրջան մը ծառայած Կարօ Պուրսալեանին, բակին անկիւնը տեսայ ճերմակ մազերով կին մը, որ ասեղնագործով կը զբաղէր, մօտեցայ իրեն, տեսայ, թէ տախտակի վրայ ամրացուած կտաւի վրայ գոյնզգոյն գեղեցիկ ծաղիկներ կը հիւսէր: Կինը հետաքրքրութիւնս տեսնելով` սենեակին ներսէն չորս կտոր ամբողջացած ձեռագործներ բերաւ ու սկսաւ բացատրել, որ սա Այնթապի գործ է,...

«Անհրաժեշտ Է Նոր Մղում Տալ 100 Տարիներու Վրայ Երկարող Հայ-Զուիցերիական Գործակցութեան»  Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

«Անհրաժեշտ Է Նոր Մղում Տալ 100 Տարիներու Վրայ Երկարող Հայ-Զուիցերիական Գործակցութեան» Կ՛ըսէ Արամ Ա. Կաթողիկոս

22-27 սեպտեմբեր 2015-ին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետը ընդառաջելով Զուիցերիոյ Բողոքական եկեղեցիներու խորհուրդին եւ Արմէնօֆաս հիմնարկին հրաւէրներուն, պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Զուիցերիա: Սոյն այցելութեան ընթացքին վեհափառ հայրապետին ընկերակցող պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Յունաստանի հայոց թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան, կաթողիկոսարանի միջեկեղեցական բաժանմունքի վարիչ Յուսիկ ծ. վրդ. Մարտիրոսեան, լսատեսողական բաժանմունքի վարիչ Պետրոս վրդ. Մանուէլեան, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, Արմէնօֆաս հիմնարկի նախագահ Թենի Սիմոնեան, ...

Ճոնիին  (Ճոնի Էօրտեքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Ճոնիին (Ճոնի Էօրտեքեանի Մահուան Քառասունքին Առիթով)

Եթէ... Բայց... «Եթէ»-ներու շարքը արդէն երկար է, բաւակա՜ն երկար: Գիտե՞ս «եթէ»-ներուն այդ շարքը որքա՜ն կ՛երկարի ինքնաբերաբար, մինչեւ ամէն մտածում, մինչեւ ամէն ցաւ, ընդվզումի ու տխրութեան արտայայտութիւն հասնի այնտեղ, ուր ընկերութիւն մը մէջտեղ եկաւ, ուր մտերմութիւն մը շինուեցաւ: Ուշացած «երանի»-ները երբեք տեղ չեն ունեցած: Զղջումը շատո՜նց իմաստազրկուած է ու անօգուտ: «Կը ներես, եթէ գիշերը հրաժեշտի չկրցայ գալ եւ ցտեսութիւն ըսել. յաջողութիւն,...

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Խորհուրդը

Թարգմանչաց Տօնը Եւ Խորհուրդը

ՏՈՔԹ. Ս. ԱՏԱՄ Հայոց օրացոյցի հոկտեմբեր ամսուան ամէնէն աւելի յիշատակուող տօնը Թարգմանչաց տօնն է:  Թարգմանչացը հայկական մշակոյթի ընդհանուր տօնն է: Գիրերու գիւտի, հայերէնի թարգմանութիւններու, հայոց լեզուով  ստեղծագործութիւններու, հայ դպրոցներու կառուցման ընդհանուր տօնը: Յստակ է, թէ Թարգմանչաց տօնը վառ պահելու ամէնէն ազդու ձեւը հայոց լեզուն պահպանելը, սորվիլը, ծաղկեցնելն է: Սակայն կայ նաեւ այլ ձեւ մը, որ պատիւ կը բերէ մեր թարգմանիչներուն,...

Բաղրամեան Պողոտայի Անաւարտ Երգը

Արտաշէս Յարութիւնեան (1873-1915). Նահատակ Հայ Գրողներուն Գեղապաշտ Ներկայացուցիչը

Ն. ՊԷՐՊԷՐԵԱՆ Հայ ժողովուրդին դէմ թրքական պետութեան գործադրած ցեղասպանութեան զոհերէն է տաղանդաւոր գրող Արտաշէս Յարութիւնեան, որուն ծննդեան տարեդարձը կը նշենք հոկտեմբեր 3-ին: Հայ մտաւորականութեան արժանաւոր այս ներկայացուցիչը հազիւ 42 տարեկան էր, երբ եղեռնագործ թուրքը արեան մէջ խեղդեց անոր գեղեցիկ խօսքի եւ խորազգած խոկումի տաղանդաւոր ձայնը: Արտաշէս Յարութիւնեան օժտուած էր իր ներաշխարհը` յոյզերն ու խոհերը ամենայն պարզութեամբ եւ գեղեցկութեամբ ընթերցողին առջեւ...

Ակնարկ.  Վերահսկուող Աշխարհամարտ

Ակնարկ. Վերահսկուող Աշխարհամարտ

Ռուսական զինուորական գործօնի աշխուժացումը սուրիական պատերազմին լայնածաւալ եւ տարատեսակ մեկնաբանութիւններու տեղի տուած է. պատերազմին սերտօրէն զուգորդուած է տեղեկատուականը նաեւ: Միեւնոյն լայնածաւալութեամբ հարուածուող թիրախներու մասին կան հակասական լրատուութիւններ, տեղեկութիւններ, վերլուծումներ: Ոչ միայն բացարձակ, այլ ընդհանրապէս հանգրուանային եզրակացութիւններու յանգիլը նոյնիսկ կրնայ թէական ըլլալ, եւ անհամապատասխան իրողական իրավիճակներուն: Հաւանաբար անտեղի չ՛ըլլար սակայն տեսանելի երեւոյթներու առնչութեամբ որոշ դիտարկումներ կատարելը: Բնականաբար առաջին մտածումը կ՛երթայ ընտրուած...

Page 1006 of 1110 1 … 1,005 1,006 1,007 … 1,110

Արխիւներ