Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 14, 2015
| Հայրենի Կեանք
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

Ճարտարապետներու Համահայկական 3-րդ
Համաժողովի Մասնակիցները Ներկայ Գտնուեցան
Ճարտարապետներու Օրուան Նուիրուած Հանդիսութեան

hayjar_10-14-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրին մէջ հոկտեմբեր 5-ին Ճարտարապետներու օրուան նուիրուած ձեռնարկներով բացումը կատարուեցաւ Ճարտարապետներու համահայկական 3-րդ համաժողովին, որ կազմակերպած են Հայաստանի սփիւռքի եւ քաղաքաշինութեան նախարարութիւնները, Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութիւնը, Հայաստանի Ճարտարապետներու միութիւնը:

Համաժողովի մասնակիցները այցելեցին Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ զետեղեցին Հայոց ցեղասպանութեան անմեղ զոհերու յուշակոթողին, որմէ ետք քաղաքաշինութեան նախարարութեան նախաձեռնութեամբ տեղի ունեցաւ Ճարտարապետներու օրուան նուիրուած հանդիսութիւնը:

Բացման խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան: Շնորհաւորելով  հայաստանցի եւ սփիւռքահայ ճարտարապետները իրենց մասնագիտական տօնին առիթով` վարչապետը յուշամետալներով պարգեւատրած է ոլորտի  շարք մը վաստակաշատ մասնագէտներ:

Լուսանկարները՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ
Լուսանկարները՝ ԳԱԲՐԻԷԼ ՓԱՆՈՍԵԱՆԻ

Ողջոյնի խօսքով հանդէս եկած է Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան: Ան մասնաւորապէս նշած է. «Սիրելի՛ ճարտարապետներ, ձեր ստեղծագործ միտքը աշխարհի տարբեր երկիրներուն մէջ իսկապէս ձգած է հայկական հետքեր: Տարբեր երկիրներուն մէջ վեր խոյացող հիասքանչ կոթողներու ստեղծման գործին մէջ իրենց ներդրումը ունին նաեւ հայ ճարտարապետները: 2009 թուականին Ճարտարապետներու համահայկական Ա. համաժողովին իբրեւ արդիւնք ձեւաւորուած մասնագիտական ընկերակցութիւնը այս տարիներուն գործած է աշխուժութեամբ, որուն իբրեւ արդիւնք` աշխարհով մէկ սփռուած հայ ճարտարապետները կարելիութիւն ունեցած են ներկայացնելու  բազմաթիւ միացեալ նախագիծներ»:

Սփիւռքի մէջ հայկական արուեստը տարածելու եւ ճանաչելի դարձնելու, ինչպէս նաեւ իրենց ստեղծագործական գործունէութեամբ Հայաստանսփիւռք գործակցութեան զարգացման գործին մէջ ներդրում ունենալու համար նախարար Հրանուշ Յակոբեան Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան «Արշիլ Կորքի» մետալներով պարգեւատրեց «Տունպէյթ» ընկերութեան համանախագահներ Րաֆֆի եւ Վիգէն Թարխանեանները, որոնք «Թռչնոց բոյն» որբանոցի «Արամ Պէզիքեան» թանգարանի նախագծման եւ ձեւաւորման աշխատանքներուն հեղինակներն են (Լիբանան), Ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու համահայկական ընկերակցութիւնը (համանախագահներ Գոհար եւ Վահէ Թիւթիւնճեաններ, Քաթար), Իրանի հայ ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը (նախագահ Պեռնարտ Տրոր, Իրան) և «Հայճար» ճարտարապետներու եւ ճարտարագէտներու միութիւնը (միութեան նախագահ Ժան Կաւրիլոֆ, միութեան հիմնադիր, նախկին նախագահ Նազարէթ Պինաթլի, Թուրքիա):

Հայ ճարտարապետները ողջունեց եւ անոնցմէ ոմանց քաղաքապետարանի Ոսկէ մետալներով պարգեւատրեց Երեւանի քաղաքապետ Տարօն Մարգարեան:

Ճարտարապետներու միութեան նախագահ Մկրտիչ Մինասեան ուրախութեամբ արձանագրեց, որ վերջին տարիներուն Հայ ճարտարապետի միջազգային օրը հայրենիքի մէջ կը  նշուի Հայաստանի կառավարութեան աջակցութեամբ:

Հանդիսութեան աւարտին Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարար Նարեկ Սարգսեան հաղորդեց հայ ճարտարապետներու յառաջիկայ  ծրագիրներուն մասին: Ան նշեց, որ սփիւռքահայ ճարտարապետներէն կ՛ակնկալեն ոլորտին նորագոյն արհեստագիտութիւններու ներդրման նախաձեռնութիւններ:

Համաժողովի մասնակիցները Հայաստանի քաղաքաշինութեան նախարարութեան ճարտարապետութեան ազգային թանգարանին մէջ մասնակցեցան նաեւ «Մասունքներ… ծանօթ եւ անծանօթ Պալեանները» ցուցահանդէսի բացման: Պալեանները ԺԸ. – ԺԹ. դարերուն ճարտարապետներու գերդաստան էին Կոստանդնուպոլսոյ մէջ: Հիմնուելով բիւզանդական եւ հայկական ճարտարապետութեան աւանդութիւններուն համադրման եւ արեւմտեան ճարտարապետութեան նորագոյն ձեռքբերումներուն վրայ` անոնք եւրոպականացուցած են թրքական ճարտարապետութիւնը  եւ նախանշած` անոր զարգացման ուղիները:

Շէյքսփիրեան Աշխարհահռչակ Թատերախումբը
Հանդէս Եկած Է Հայաստանի Մէջ

hamlet_10-14-15

Լրագրող Սաթենիկ Թովմասեան կը հաղորդէ, որ շէյքսփիրեան աշխարհահռչակ «Կլոպիւս» թատրոնը Երեւանի մէջ «Հայֆեստ» միջազգային 13-րդ փառատօնի ներկայացումներու ծիրին մէջ հանդէս եկած է թատերախաղով մը:

Նշենք, որ այս տարի «Հայֆեստ» միջազգային 13-րդ փառատօնին մասնակցած են 20 երկիրներէ 250 հիւրեր:

«Հայֆեստ» 2015-ը յատկապէս նշանակալի դարձաւ Լոնտոնի «Կլոպիւս» թատրոնին մասնակցութեամբ: Համաշխարհային ճանաչում ունեցող թատրոնը, որուն համար թատերախաղեր կը գրէր ինք` Շէյքսփիր, արդէն մէկ տարիէ ի վեր կ՛իրականացնէ «Համլեթ»-ի «Կլոպէ Կլոպ» շրջագայութիւնը:

Յայտնենք, որ «Համլեթ»-ի «Կլոպէ Կլոպ»-ը արդէն ներկայացուած է աշխարհի 120 երկիրներու մէջ:

Երեւանը  2797  Տարեկան Է

5d1ce24bbe66f00a273c8b23bc07f0d28a18cd42

«Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ձեռնարկներու ծիրին մէջ «Սարեան» պուրակին մէջ բացումը կատարուած է «Երեւան ԱՐԹ» գեղանկարչական ցուցահանդէսին: Այս մասին տեղեկացուցած է Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութիւնը:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած գործերը յագեցած են մեր աննման մայրաքաղաքին գոյներով եւ երեւանեան տեսարաններով: Յատկապէս գեղանկարի տեսակի սիրահարները ցուցահանդէսին մէջ զիրենք հետաքրքրող շատ գործերու հանդիպած են: Ցուցադրուած են նաեւ թեմատիկ հաւաքածուներ, որոնց մէջ եւս գերիշխողը Երեւանի եւ նաեւ տօնական քաղաքի մթնոլորտն է:

yerevan2_10-14-15

«Էրեբունի-Երեւան 2797» տօնակատարութեան ձեռնարկներու շրջանակին մէջ եւս «Աւելի լաւ Երեւան» խորհրդանշական անուանումով քաղաքային տնտեսութեան եւ քաղաքաշինական նախագիծներու ցուցահանդէս մը բացուած է Ալ. Թամանեանի արձանին մօտ:

«Էրեբունի-Երեւան» տօնակատարութեան ձեռնարկներուն ծիրին մէջ այս ցուցահանդէսը արդէն աւանդական է: Վերջին տարիներուն  կը ցուցադրուին Երեւանի մէջ կառուցուած եւ առաջարկուող նախագիծները, որոնք կը ներկայացնեն «Երեւան նախագիծ» փակ բաժնետիրական ընկերութիւնը «Հայ նախագիծ» ընկերութիւնը, անհատ ճարտարապետներ,  ստեղծագործական արհեստանոցներ: Այսպիսով, ցուցահանդէսը քաղաքաշինական ծրագիրներու իւրօրինակ հաշուետուութիւն է քաղաքացիներուն, ինչպէս նաեւ մայրաքաղաքի հիւրերուն կը ներկայացնէ Երեւանի քաղաքաշինական հայեցակարգը:

Առանձին տաղաւարներով ներկայացուած ամէնէն հին անդրադարձը նոյնինքն Երեւանի հիմնադրման կը վերաբերի. Էրեբունի ամրոցի` իբրեւ հնագիտական մեծ արժէքի արդիականացման նախագիծն է: Ցուցահանդէսին ներկայացուած է նաեւ Երեւանի կենդանաբանական պարտէզին` մինչեւ 2017 թուականի արդիականացման ծրագիրը`  մանրակերտով: Ցուցադրուած են նաեւ Երեւանի նորակառոյց հանրային պարտէզներու նախագիծները:

Երեւանի արտաքին լուսաւորութեան ցանցի արդիականացման նոր հայեցակարգն ալ  կարելի է տեսնել Երեւանի քաղաքապետարանի ցուցադրութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` ՄԱԿ-ի եւ անոր զարգացման ծրագիրներու հայաստանեան գրասենեակի միացեալ ծրագիրը եւս: Այստեղ ներկայացուած են լուսաւորութեան նոր` ուժանիւթ խնայող սարքերը, անոնց արդիւնաւէտութիւնը, ինչպէս նաեւ` անոնցմով լուսաւորուած եւ լուսաւորուելիք փողոցներուն մասին տեղեկատուութիւն:

yerevan4_10-14-15

Երեւանի 2797-ամեակի տօնական առօրեան լեցուն էր նաեւ մանկական ձեռնարկներով: Աբովեան փողոցի` Շարլ Ազնաւուրի հրապարակին յարակից տարածքին վրայ Հենրիկ Իգիթեանի անուան գեղագիտութեան ազգային կեդրոնի սաները ներկայացուցած են իրենց ստեղծագործութիւնները, որոնց մէջ, բնականաբար, գերիշխողը երեւանեան բնաբանն է: Այս մասին յայտնած են Երեւանի քաղաքապետարանի մամլոյ ծառայութենէն:

Էջմիածինի 2700-Ամեակին Բացուած Է
Վազգէն Սարգսեանի Յուշարձանը

echmiadsin_10-14-15

Հոկտեմբեր 8-ին Էջմիածին քաղաքը տօնեց իր հիմնադրութեան 2700-ամեակը: Այս առիթով կազմակերպուած ձեռնարկներու շարքին էր Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցիի մօտը գտնուող Վազգէն Սարգսեանի անուան հրապարակի բացումը, ուր կանգնեցուած է նաեւ սպարապետ Վազգէն Սարգսեանի յուշարձանը:

2016-ին Պապը Պիտի Այցելէ Հայաստան

Արեւելեան եկեղեցիներու գծով պապական նուիրակ կարտինալ Լէոնարտօ Սանտրօ, որ Հայաստան կը գտնուէր` մասնակցելու համար Գիւմրիի մէջ կատարուած հայ կաթողիկէ «Սրբոց Նահատակաց» եկեղեցւոյ օծման, յայտարարած է, թէ հաւանական է, որ Ֆրանչիսկոս պապը 2016-ին Հայաստան այցելէ:

Հաղորդենք, որ Գիւմրիի կաթողիկէ աթոռանիստ եկեղեցւոյ հանդիսաւոր օծումը կատարուեցաւ սեպտեմբեր 24-ին, ներկայութեամբ նաեւ նախագահ Սարգսեանի:

Հայաստանի մէջ կաթողիկէներու թիւը կը գնահատուի մօտաւորապէս 20 հազար: Անոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Շիրակի մարզին մէջ, որուն կեդրոնն է Գիւմրի քաղաքը:

Տպագրուած Են Գեղարքունիքի Եւ Կոտայքի
Մարզերու Յուշարձաններու Քարտէս-Ուղեցոյցները

«Գեղարքունիքի եւ Կոտայքի մարզերու քարտէս-ուղեցոյցներ» ծրագրի շրջանակներուն մէջ «Թուային յուշարձան» կրթական դաստիարակչական հասարակական կազմակերպութիւնը տպագրած է Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերու յուշարձաններու 3 հազարական քարտէս-ուղեցոյց: Ծրագիրը իրականացուած է Հայաստանի նախագահի աշխատակազմի կողմէ յատկացուող դրամաշնորհի եւ Հայաստանի երիտասարդական հիմնադրամի յայտարարած մրցոյթի շրջանակներուն մէջ: Հրատարակուած քարտէս-ուղեցոյցները կարելիութիւն կու տան ինչպէս տեղացի, այնպէս ալ արտասահմանցի զբօսաշրջիկներուն առաւել հանգամանօրէն ծաօթանալու Հայաստանի պատմական մշակութային յուշարձաններուն եւ բնական միջավայրին:

Ցարդ այսպիսի քարտէս-ուղեցոյցներ կը տպագրուին միայն Լոռիի եւ Տաւուշի մարզերու յուշարձաններուն մասին ուստի անհրաժեշտութիւն է, որ Հայաստանի միւս մարզերուն յուշարձաններուն մասին եւս տպագրել այսպիսի նիւթեր:

«Թուային յուշարձան» կրթական- դաստիարակչական կազմակերպութեան  նախագահ Արմէն Գէորգեան նշեց, որ իրենց նպատակն է քարտէս-ուղեցոյցներու տարածման միջոցով խթանել եւ զարգացնել Կոտայքի եւ Գեղարքունիքի մարզերուն մէջ զբօսաշրջութիւնը: Այնուհետեւ նկատեց. «Նման քարտէս-ուղեցոյցները կրնան նպաստել ո՛չ միայն էքոթուրիզմի, այլ նաեւ զբօսաշրջութեան որեւէ ձեւի զարգացման: Առաջարկուող քարտէս-ուղեցոյցներուն շնորհիւ` էքոթուրիզմի սիրահարներուն կարելիութիւն պիտի տրուի այցելելու ո՛չ միայն ինքնաշարժներու միջոցով ապահովուած, լայն ճանաչում ունեցող վայրեր, այլեւ այցելել միայն կածաններով հասանելի բազմաթիւ հնավայրեր»:

Աւելցնենք, որ քարտէս-ուղեցոյցները պիտի տրամադրուին զբօսաշրջային գործակալութիւններու, մարզային կեդրոններու, դպրոցներու եւ կրթական այլ հաստատութիւններու: Քարտէս-ուղեցոյցներուն կարելի է ծանօթանալ հետեւեալ հասցէներով.

http://www.raa-am.com/Gex_Kot_qartez/gegh.html,

http://www.raa-am.com/Gex_Kot_qartez/kot.html:

 

 

 

Նախորդը

«Ազդակ»` Ութսունութ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Իսրայէլեան Օդանաւային Ռմբակոծումներ` Արեւմտեան Պէյրութի Եւ Պեքաայի Վրայ

Յաջորդը

Թուրքիոյ Մէջ Աւետարանական Հոգեւորականները Կը Շարունակեն Սպառնալիքներ Ստանալ

RelatedPosts

Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 15, 2025
Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում
Հայրենի Կեանք

Պերճ Աբգարեան Կը Ստանայ Պատուոյ Փրոֆեսէօրի Կոչում

Հոկտեմբեր 1, 2025
Հայրենի Կեանք
Հայրենի Կեանք

Հայրենի Կեանք

Հոկտեմբեր 1, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?