Պատուարժա՛ն խմբագրութիւն «Ազդակ» օրաթերթի,
Քանի մը օրեր առաջ, բջիջային հեռախօսիս վրայ սկսաւ գործել «Ազդակ»-ի արագ լուրերու կարելիութիւնը: Մեծ հաճոյք է հայոց լեզուով, վայրկեանը վայրկեանին, մեր ձեռքին մէջ ունենալ համաշխարհային, շրջանային թէ ազգային այժմէական լուրերը: Անշուշտ նոյնքան արդիական եւ օգտակար է թերթիդ վերջին նորամուծութիւնը` բջիջային «Այ ֆոն» եւ «Անտրոյիտ» համակարգերով գործող սարքերու յատուկ ծրագիրը:
Կը շնորհաւորեմ բոլորդ այս յառաջընթաց քայլերուն առիթով: «Ազդակ»-ը այսպիսով իր տպագիր եւ ելեկտրոնային տարբերակներով մեզի համար կը դառնայ ամբողջական լրատու: Յոյսով եմ, որ այս քայլերը ծառայեն նոր սերունդին մօտ հայոց լեզուին, հայ մամուլին նկատմամբ կապուածութիւն յառաջացնելու:
Ձեր բոլորի՛ն վարձքը կատար: Սպասելով նոր իրագործումներու եւ յաջողութիւններու:
Մնամ յարգանօք`
ՇԱՆԹ ՔԷՇԻՇԵԱՆ
Դամասկոս