Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոլեճի Աշակերտութեան Մէկական Գիրք Նուիրելով` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Կը Պանծացնէ Հայ Գիրքն Ու Հեղինակը

Հոկտեմբեր 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

sofia_10-16-15

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբերի կէսօրին, Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը աշակերտական հանդիսութեամբ մը նշեց Թարգմանչաց տօնը` պանծացնելով հայ գիրքն ու հեղինակը:

Հանդիսութեան բացման խօսքը կատարեց քոլեճին Աշակերտական խորհուրդի ներկայացուցիչ Նայիրի Թերզեան, որ Թարգմանչաց տօնի իմաստն ու խորհուրդը ներկայացնելով` ըսաւ, որ աշխարհի վրայ դժուար թէ գտնուի ժողովուրդ մը, որ թարգմանիչներու տօն ունենայ: Մենք ունինք, որովհետեւ կը հաւատանք մեր գիրին եւ գրականութեան հզօր ուժին, մեր մշակոյթին եւ քաղաքակրթութեան անփոխարինելի արժէքին:

Շարունակելով` Ն. Թերզեան յայտնեց, որ գիրերու գիւտէն 1610 տարի ետք, երբ Թարգմանչաց կը նշենք, նոյն հարցումն է, որ կը կրկնենք. ինչո՞ւ հայերէն գրենք ու կարդանք, ինչո՞ւ սեփական գրականութիւն եւ դիմագիծ ունենանք: «Պատասխանը մեր թարգմանիչները տուած են արդէն, որովհետեւ հայերէնն է մեր փրկութեան բանալին: Հայ դպրոցը եւ հայ գիրքն են մեզ պահողը, առանց անոնց մենք պիտի դառնայինք սովորական մարդեր, առանց մշակոյթի եւ առանց ինքնութեան», ըսաւ ան եւ շարունակեց… Գրե՛նք հայերէն, կարդա՛նք հայերէն, մանաւանդ` արդի հաղորդակցութեան այսօրուան միջոցներուն մէջ: Թող դիմատետրի մեր էջերը հայերէն ըլլան, մեր ե-նամակները եւ ուաթցափները հայերէն ըլլան»:

Բացման խօսքէն ետք գործադրուեցաւ գեղարուեստական պատշաճ յայտագիր, որ ընդգրկեց ասմունքներ («Հայ լեզուին»` Սէրլի Գալայճեան, «Հայ լեզուն տունն է հայուն»` Նազարէթ Երէցեան,  «Տաղ հայերէն լեզուին»` Բալիկ Գալայճեան, «Առանց քեզի հայերէն տառ»` Դրօ Միրզայեան), նուագ («Վաղարշապատի պարը»` Հենրի Իշխանեան), երգ («Հայոց տառեր»` Նաթալի Տեկիրմենճեան), մենապար («Ուզունտարա»` Քարոլ Կարապետեան) եւ խմբերգ («Ով մեծասքանչ»` քոլեճի երգչախումբ, խմբավարութեամբ երգի դասատու Երուանդ Քէշիշեանի):

Օրուան պատգամը փոխանցեց քոլեճի նախկին շրջանաւարտ, ծանօթ խմբավար, երաժշտագէտ Զաքար Քէշիշեան: Ան ըսաւ, որ Թարգմանչաց տօնակատարութեան նշումը սկսած է 1229 թուականին եւ այդ թուականէն ասդին հայ ժողովուրդը ամէն տարի հանդիսաւոր կերպով կը յիշէ իր մեծ երախտաւորները, որովհետեւ եթէ թարգմանիչները չըլլային, մենք պիտի չըլլայինք այսօր: Հայերէն գրականութիւնը, մշակոյթը եւ արժէքները պահեցին մեզ այսքան դարեր, շեշտեց ան:

Քէշիշեան խօսեցաւ հայ գիրքի կարեւորութեան մասին եւ ըսաւ, թէ գիրքի մտերմութիւնը մարդու մը մեծագոյն մտերմութիւնն է: Առանց գիրքի եւ գրականութեան` պէտք չէ ապրիլ: Այսօր դպրոցներէ դուրս երգի, պարի, գծագրութեան եւ այլ արուեստներու տեղեր շատ կան, բայց կարդալու, գրականութիւն ըմբոշխնելու տեղեր դժբախտաբար չկան, հետեւաբար ան կոչ ուղղեց աշակերտութեան ամէն գնով տէր կանգնելու հայ գիրքին ու հայ հեղինակին` գիրք գնելով եւ գիրք կարդալով:

Աշակերտական հանդիսութեան աւարտին, հայ գիրքին եւ հեղինակին զօրակցութեան գործնական քայլով մը, քոլեճին տնօրէնութիւնը մէկական հայերէն գիրք նուիրեց քոլեճի բոլոր դասարաններու աշակերտներուն` յատուկ մրցանակ ճշդելով անոնց, որոնք կարդալէ ետք իրենց գիրքը` լաւագոյն ձեւով կը ներկայացնեն զայն քոլեճին «Ճանչնանք մեր լեզուն» տարեկան մրցանակին, որ հինգ տարիէ ի վեր կը կատարուի «Մայրենի լեզուի միջազգային օր»-ուան` փետրուար 21-ի նշումին առիթով:

 

Նախորդը

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Յաջորդը

«Դպրեվանքը Եղած Է Եւ Կը Մնայ Հայ Սփիւռքին Մարդուժ Հայթայթող Նուիրական Կեդրոն»

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?