Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ազգային Աքսոր Գասարճեան Վարժարան. Թարգմանչաց Տօնակատարութիւն

Հոկտեմբեր 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

aksor_10-16-15

Ուրբաթ, 9 հոկտեմբեր 2015-ին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը յատուկ հանդիսութեամբ նշեց ոսկեդարու անմահանուն կերտիչներու յիշատակը:

Արդարեւ, ձեռնարկը սկիզբ առաւ բացման խօսքով, որ կատարեցին հինգերորդ դասարանէն Յովիկ Պահարեան եւ Մեղրի Աղազարեան: Անոնք նշեցին, որ հայ ժողովուրդը, այլ տօներու շարքին, ունի իր մայրենի լեզուին եւ մշակոյթի տօնը: Յովիկ Պահարեան ներկայացուց հինգերորդ դարու իրավիճակը եւ հայոց տառեր գտնելու հրամայականը: Իսկ Մեղրի Աղազարեան ներկայացուց թարգմանական աշխատանքը, որ կատարեցին Ս. Մեսրոպ Մաշտոց եւ թարգմանիչ վարդապետները, նշելով, որ Աստուածաշունչը այնքան գեղեցկօրէն թարգմանուեցաւ, որ կոչուեցաւ «Թագուհի թարգմանութեանց»: Անոնք իրենց խօսքը եզրափակեցին` ըսելով, որ հայ ժողովուրդը հազարաւոր դժուարութիւններու դէմ դրաւ, բայց եւ այնպէս իր մէջ վառ պահեց հայոց այբուբենը եւ իր սրտին մէջ սուրբ ուսուցիչին` Մեսրոպ Մաշտոցին լուսապսակ անունը:

aksor-3_10-16-15aksor-2_10-16-15Հուսկ, գեղարուեստական յայտագիրը ընթացք առաւ: Նախակրթարանի աշակերտները կարգով ասմունքեցին հայոց լեզուին եւ Մեսրոպ Մաշտոցին նուիրուած բանաստեղծութիւններ: Ուշագրաւ էր առաջին դասարանի աշակերտներու ներկայացուցած «Մայրենի լեզու» ասմունքը եւ «Այբ, բեն, գիմ»-ի նուիրուած խմբերգը:

Յայտագիրի աւարտին Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանի հայոց լեզուի դասատու Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան կատարեց տօնին հուսկ բանքը: Ան աշակերտներուն հաղորդական ոճով անդրադարձաւ գիրերու գիւտին կարեւորութեան:

aksor4_10-16-15

Մարիա Նաճարեան-Ինճէեան իր խօսքին մէջ նշեց իբրեւ հայ մնալու ազդակները.

– Հայկական դպրոց յաճախել,
– Հայերէն խօսիլ,
– Ինքնութիւնը պահպանել,

Ան անդրադարձաւ ձուլումի վտանգին`   թելադրելով աշակերտներուն իբրեւ հայ ազգի զաւակներ միշտ վառ պահելու մեր լեզուն` հայերէն խօսելով, գրելով, կարդալով, երգելով:

Ձեռնարկը վերջ գտաւ աշակերտներուն հաւաքական ուխտի կատարումով:

Նախորդը

«Քունհատի» Մեսրոպեանի Մէջ. Ապահով Ճանապարհներու Համար

Յաջորդը

Քոլեճի Աշակերտութեան Մէկական Գիրք Նուիրելով` Ազգ. Լեւոն Եւ Սոֆիա Յակոբեան Քոլեճը Թարգմանչաց Տօնակատարութեամբ Կը Պանծացնէ Հայ Գիրքն Ու Հեղինակը

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?