Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկազեան Բառարան

October 16, 2015
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաւարշ Նարդունիին

Անոր նման որ զեխ, շռայլ կեանքէ մը վերջ,
Խոնջ` կ՛երազէ ապաստանիլ վանք մը խաղաղ,
Ես` լքելով աշխարհն անհուն գիրքերուս պերճ,
Մատեաններ ճոխ, մտածումի թռիչք ու խաղ,
Կը մտնեմ ներս բառարանէն Հայկազեան հին,
Հին ու մաշած նման մեր հին հայ աշխարհին:
Սերունդներու ձեռքն է դպեր անոր, անցեր,
Ձգեր արնոտ տառեր, թիւեր – Ջարդ, մահ ու գաղթ:
Կողքին մեռած հա՛յրս է գրեր – օ՜ հայրս ծեր`
Որուն համար մեր գիրն էր սուրբ – Եղբայր մ՛անբախտ
Զայն թղթատեր, մեռեր` դեռ ես չեկած աշխարհ:
Հետքեր տխուր, նշխարներ թանկ, պարզ ու խոնարհ:
Տխուր, բայց քաղցր աշխարհ մ՛է ան` խորհրդածին:
Կը սուզուիմ ներս, կը թափառիմ ես բառէ բառ:
Բառե՜ր, բառեր զորս գրեցին եւ հնչեցին
Եւ որոնցմով եղան հպարտ, խանդ անսպառ`
Նարեկացին, Մեսրոպն, Եզնիկն ու Եղիշէն,
Բառեր` աւանդ անհետացած կեանքի մը շէն:
Եւ բառերն այդ, զորս չենք գրեր, ա՛լ չենք լսեր,
Կը դառնան երգ, կը յուզեն զիս: Եւ յուշերս հին,
Որ կը բերեն երկրէ երկիր մեռած յոյսեր
Պատանութեան, ունայնութիւն. կու տան մութին
Մէջ այդ` ներքին լոյս մը…կ՛երթամ ե՛ս վանական`
Կ՛երթամ բոպիկ: Աշխարհ մը սուրբ, կախարդական:

ՆԻԿՈՂՈՍ ՍԱՐԱՖԵԱՆ

«Միջնաբերդ», Փարիզ, 1946

 

Այս բանաստեղծութիւնը թանկագին նշխար մըն է Նիկողոս Սարաֆեանէն հայոց լեզուի մեծ գանձարանին` Հայկազեան բառարանին մասին, զոր մեզի կտակած են Մխիթար Աբբահօր երեք բազմերախտ աշակերտները: «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» անունը կրող կոթողական այս երկը իր մէջ կ՛ամփոփէ հայ գրաբար լեզուի ամբողջ բառագանձը: Աբբահօր երեք աշակերտները` հայր Գաբրիէլ Աւետիքեան, Հայր Խաչատուր Սիւրմէլեան եւ Հայր Մկրտիչ Աւգերեան աւելի քան քսան տարիներու քրտնաջան աշխատանքով կեանքի կոչած են զայն` բառ առ բառ ցուցակագրելով մեր նախնեաց մատենագրութեան բառային հարստութիւնը եւ ճշդելով իւրաքանչիւր բառի այլազան նրբերանգները: Եւ այս հսկայ շտեմարանն էր, որ անցնող աւելի քան հարիւր յիսուն տարիներու ընթացքին սնունդ տուաւ, եւ կը շարունակէ տալ, մեր աշխարհաբար լեզուի ձեւաւորման եւ զարգացման: Մեր ուսուցիչները զայն կը կոչէին «Երից Վարդապետաց» եւ ան վաւերական եւ վախճանական աղբիւրն էր մեր լեզուի իմաստաբանութեան: Ան լոյս տեսած է երկու ընդարձակածաւալ հատորներով,1836 թուին («Յամին ՌՄՁԷ»)-ի Վենետիկ, ի տպարանի Սրբոյն Ղազարու: Օրուան աբբահայրը եղած է հայր Սուքիաս Սոմալեան: Իսկ հրատարակութեան մեկենասը` Կոստանդնուպոլսոյ ամիրայական դասէն` Իշխան Յակոբ Չելեպի Տիւզ: Յառաջիկայ տարի (2016-ին) Հայկազեան բառգիրքը կը բոլորէ իր 180-րդ տարին: Պէտք է երախտագիտութեամբ արձանագրենք նաեւ այն փաստը, որ 1979-ին Երեւանի պետական համալսարանի որոշումով բառգիրքը վերահրատարակուեցաւ եւ լայնօրէն մատչելի դարձաւ հայ ընթերցողին:

ԿԱՐՕ ԱՐՄԵՆԵԱՆ

19 սեպտեմբեր, 2015

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Հոկտեմբեր 1965)

Յաջորդը

Քիւրտ Պատմաբանը Քիւրտ-Հայկական Յարաբերութիւնների Բարդ Հանգոյցի Ընկերային-Տնտեսական, Ազգային Եւ Կրօնական Բաղադրատարրերի Մասին

RelatedPosts

Սթափելու Ժամանակը
Անդրադարձ

Ուսուցչի Օրը Եւ Հայ Դպրոցը

March 11, 2026
Դպրեվանքը 85-Ամեայ Առաքելութեան Ընդմէջէն (Թիւ 1).  Կիլիկեան Դպրեվանքը`  Սփիւռքեան Հոգեմտաւոր Ջրտուք
Անդրադարձ

Եօթը Ամէնէն Քաղաքավարական Եզրերը

March 11, 2026
«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող.  Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը
Անդրադարձ

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Երկրի Իրաւատէրն Ու Իշխանութեան Աղբիւրը

March 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.