Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Մէջ Աւետարանական Հոգեւորականները Կը Շարունակեն Սպառնալիքներ Ստանալ

October 14, 2015
| Ազդակ Գաղափարաբանական
0
Share on FacebookShare on Twitter

pogh_10-14-15

Քրիստոնեաներուն նկատմամբ ատելութեան դրսեւորումները Թուրքիոյ մէջ հազուադէպ երեւոյթներ չեն: Յաճախ ատոնք ուղղուած են աւետարանական համայնքի հաւատացեալներուն դէմ:

«Բաց դռներ» բարեգործական աւետարանական կազմակերպութիւնը մտահոգուած է Պոլսոյ մէջ 15 հոգեւոր հովիւներու անվտանգութեամբ, որոնք օգոստոս 27-էն սկսեալ պարբերաբար մահուան սպառնալիքներով հաղորդագրութիւններ կը ստանան: Այդ հաղորդագրութիւններու ոճն ու բովանդակութիւնը կը վկայեն այն մասին, որ հեղինակները արմատական մահմետականներ են:

Հովիւներէն մէկը յայտնած է, թէ ստացած է «էս էմ էս» հաղորդագրութիւններ ու ելեկտրոնային նամակներ, որոնց հեղինակները կը սպառնան գլխատել զինք: «Անոնք կ՛ըսեն, որ մենք պատասխանատու ենք քրիստոնեայ դարձած միւս մահմետականներուն համար, որ արդէն շատ ուշ է, եւ որ Ալլահի կամքով մենք պէտք է գլխատուինք», (պորտալը) համացանցային կայքը կը մէջբերէ հովիւին խօսքերը:

Թուրքիոյ աւետարանական քրիստոնեաներու կազմակերպութեան տուեալներով, քրիստոնեաներն արդէն վարժ են նման սպառնալիքներու, բայց վերջին շաբաթներուն ատոնց թիւը զգալիօրէն աւելցած է եւ սկսած` համակարգային բնոյթ ստանալ: Սպառնալիքները նոյն աղբիւրէն առաջ կու գան: Հաղորդագրութիւններուն մեծ մասը կը մէջբերէ Քուրանի այս հատուածը. «Անիծեալը կը բռնուի ու դաժանաբար կը սպաննուի այնտեղ, ուր մենք կը գտնենք զայն»: Նամակներէն մէկուն մէջ ըսուած է` «Ձեր մահապատիժի ժամանակը կը մօտենայ, փառք Ալլահին»:

Բացի ատկէ, Թուրքիոյ մէջ «Եու Թիուպ»-ով յայտնուած է տեսագրութիւն մը, որ կը փորձէ կրօնով արդարացնել դաւանափոխներու սպանութիւնը:

Թուրքիան այն 50 երկիրներու շարքին է, ուր քրիստոնեաները ամենաշատ հալածուողներն են: Այդ ցանկը ամէն տարի կը հրապարակէ «Բաց դռներ» կազմակերպութիւնը: Թուրքիոյ մէջ քրիստոնեաներուն նկատմամբ հետապնդումները իրաւապաշտպանները կը բացատրեն իսլամական ծայրայեղականութեամբ ու ազգայնականութեամբ, կը յայտնէ «Սետմիցա» կայքէջը:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ի՞նչ Է Կատարւում Թուրքիայում, Պարզաբանում Է Ճենկիզ Չանտարը

RelatedPosts

Ազդակ Գաղափարաբանական

Աղօթք Ամանորի

December 27, 2025
Հրատարակութիւններու Լուսանցքին.  Պատմագրական Մարտահրաւէր Եւ Ստանձնում
Ազդակ Գաղափարաբանական

Ռոստոմի Գաղափարական Աշխարհը` Բնագիրներու Ընդմէջէն

July 6, 2019
Աշխատաւորի Կազմակերպման Անհրաժեշտութիւնը
Ազդակ Գաղափարաբանական

Միջազգայնական Համերաշխութեան Ռոստոմեան Ուղղուածութեան Հետքերով

July 6, 2019
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.