Զինուորական Միջամտութեան Իրաւական Հիմքերը
ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ Մէկ կողմէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու գլխաւորած դաշնակից ուժերը օդային ռմբակոծումներ կը կատարեն Սուրիոյ վրայ, միւս կողմէ` վերջերս ռուսական զինուորական ուժերը ցամաքային, ծովային եւ օդային գործողութիւններ կ՛իրականացնեն: Այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութեան» (ՏԱՀԵՇ) եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարելու համար Սուրիոյ գերիշխանութիւնը խախտած ու զինուորական միջամտութիւն կատարող կողմերը, միջազգային օրէնքին համաձայն, իրաւական հիմքեր ունի՞ն նման գործողութիւններու ձեռնարկելու: Նշեալ գործողութիւնները ուժի՞ օրէնքին, թէ՞...

















