ՐԱՖՖԻ ՏՈՒՏԱԳԼԵԱՆ
Յիշեցնեմ, որ նախորդ նամակով պատմած էի, թէ դրամատուն այցելութեան ընթացքին տեղեկացած էի, որ հաշիւներուս վրայ 45 հազար դրամի չափով կալանք կայ դրուած, որովհետեւ չէի վճարած ինքնաշարժի խախտումներու տուգանքները: Երկու տարի առաջ ինքնաշարժս վաճառած էի եւ զարմանալի էր, որ 4 խախտում արձանագրուած էր անունիս: Յաջորդ օը 4 նամակ ստացայ ԴԱՀԿ-էն (Դատական ակտերի հարկադիր կատարման ծառայութիւն): Նամակներուն մէջ կը նշուէին խախտումներու արձանագրման համարները եւ կալանքի մասին որոշումը: Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքով խախտումներու նկարահանումէն ետք վարորդները պէտք է ստանան համապատասխան զեկուցագիր եւ տուգանքի վճարման պայմանաժամ: Պէտք է ըսեմ, որ ոստիկանութիւնը նամակատան միջոցով շատ պարտաճանաչօրէն կ՛ուղարկէ այս զեկուցագրերը, ուր նշուած կ՛ըլլան երթեւեկութեան օրէնքներու խախտումներուն մանրամասնութիւնները: Զեկուցագրերուն մէջ կը տրուին նաեւ ծածկագրեր, որոնցմով կարելի է ոստիկանութեան կայքէջին վրայ դիտել քամերաներուն արձանագրած խախտումները: Եթէ տուգանքը ճշդուած ժամկէտին չվճարուի, ոստիկանութիւնը համապատասխան տեղեկութիւնը կը փոխանցէ ԴԱՀԿ-ին, որ իր կարգին կալանք կը դնէ ենթակայի դրամատնային հաշիւներուն վրայ` տուգանքի եւ տուժերու գումարներուն չափով:
Ինծի ուղարկուած նամակներէն բացայայտ էր, որ խախտումներ իսկապէս տեղի ունեցած էին, սակայն չէի հասկնար, թէ ինչու՞ իմ անունիս պիտի արձանագրուին անոնք: Յաջորդ օրը, գրասենեակ ժամանելուս պէս, դեռ բարի լոյս չըսած ու սուրճի մեքենային չմօտեցած, մօտս կանչեցի մեր վարորդը, որ երիտասարդ ըլլալով հանդերձ, բաւական շատ գիտելիք եւ փորձառութիւն կուտակած էր ճանապարհային ոստիկանութեան հետ կապուած խնդիրներուն մասին:
Վլադը անմիջապէս բացաւ ոստիկանութեան կայքէջը եւ շատ արագ բացայայտեց տուգանքներու առեղծուածը…
– Շե՛ֆ ջան, էս էն մեքենաներն են, որ մենք տուել ենք մեր հետ աշխատող կազմակերպութիւններին: Երեւի նրանց վարորդները խախտումների համար չեն վճարել, ըսաւ ան:
– Հա՜ -ըսի ես,- հիմա հասկցայ…
«Առաքելութիւն Արեւելք» դանիական կազմակերպութիւնը- որուն տնօրէնն եմ ես, առողջապահութեան նախարարութեան հետ համատեղ Հայաստանի մէջ կ՛իրականացնէ ՄԻԱՎ/ՁԻԱՀի (HIV/AIDS) կամխարգիլման ծրագիրը: Այս նպատակով կ՛աշխատինք 11 հայկական կազմակերպութիւններու հետ,որոնց տուած ենք11 ինքնաշարժ: Այս ինքնաշարժները, սակայն, իմ ղեկավարած կազմակերպութեան անունով գրանցուած են եւ միայն ծրագրի իրականացման համար է, որ տրուած են 11 կազմակերպութիւններուն:
– Պարզ է Վլա՛դ,- ըսի: Հիմա գնանք` բացատրենք ոստիկանութեան, որ այս մեքենաները ինծի չեն պատկանիր եւ կազմակերպութեան անունով գրանցուած են: Իմ անձնական հաշիւներուս վրայ ինչո՞ւ կալանք պիտի դնեն:
«Աստուած մեզ օգնական», ըսաւ մեր վարորդը եւ նամակները վերցնելով `գացինք ճանապարհային ոստիկանութեան գլխամասային գրասենեակ: Քանի մը րոպէ ետք մեզ ընդունեց ոստիկանութեան տեսուչներէն մէկը: Բողոքեցի, որ անձնական հաշիւներուս վրայ կալանք կայ դրուած, հակառակ անոր, որ խախտում ընողները այլ վարորդներ են, իսկ ինքնաշարժները կը պատկանին իմ ղեկավարած կազմակերպութեան եւ ոչ թէ ինծի:
Տեսուչը համբերատար լսեց, յետոյ նոյնքան համբերութեամբ երկար-բարակ բացատրեց, որ իբրեւ տնօրէն, ի վերջոյ ե՛ս եմ մեր մեքենաներուն պատասխանատուն, եւ եթէ մեր ինքնաշարժները օգտագործող միւս կազմակերպութիւններու վարորդները թերացած են իրենց պարտաւորութիւններուն մէջ, «պատասխանատուութիւնն ընկնում ա ձեր վրայ»:
– Բայց մեքենաները իմս չեն, իմ կազմակերպութեանն են, ինչո՞ւ իմ հաշիւներուս վրայ կալանք դրած էք, գոնէ կազմակերպութեան հաշիւներուն վրայ դնէիք կալանքը…
– ԴԱՀԿ-ն ու մենք ընդամէնը օրէնքն են գործադրում, յարգելի՛ս, իսկ օրէնքները ուրիշներն են մշակում, գնացէք նրանց հետ խօսացէք,- եղաւ տեսուչին պատասխանը:
Այդպէս ալ պիտի ընեմ: Այս մասին արդէն խօսած եմ բազմաթիւ այլ ընկերներու հետ: Իրենք ալ պատրաստ են բողոքի ձայն բարձրացնելու եւ օրէնքներուն մէջ յստակութիւն եւ տրամաբանութիւն պահանջելու:
Եթէ աշխատանքս արդիւնք մը տայ, անպայման «Նամակ երկրէն»-ով կը տեղեկացնեմ:
Մինչ այդ պէտք է երթամ տուգանքներու վճարումները կատարեմ, որպէսզի կալանքները վերցուին դրամատնային հաշիւներուս վրայէն:
Գրեցէ՛ք ինծի: