Գաղութէ Գաղութ
Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Փարիզ Լիզպոնի Հինգի Յիշատակին Նուիրուած Հոգեհանգիստ Եւ Հոգեճաշ Արիութեամբ, վճռականութեամբ եւ իրենց կեանքին գնով` Լիզպոնի հինգ նահատակները միացած են բոլոր այն հայ մարտիկներուն, որոնք Թուրքիոյ եւ համայն աշխարհին յիշեցուցին, թէ հայը կը պահանջէ արդարութիւն եւ իրաւունքներու հատուցում: Այս տարի, Փարիզի մէջ, Լիզպոնի տղոց հերոսական արարքին 32-ամեակին առիթով կիրակի, յուլիս 26-ին տեղի ունեցան արարողութիւններ, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Նոր Սերունդի...




















