Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Հոկտեմբեր 8, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իտալիա

Հայոց Ցեղասպանութեան
Նուիրուած Ցուցահանդէս

100Years_10-08-15

Իտալիոյ Սարտինիա տարածքի Մանտաս քաղաքին մէջ Ճանապարհորդական գրականութեան միջազգային 9-րդ փառատօնի ծիրին մէջ երկու տարբեր ձեռնարկներով նշուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը:

Փառատօնի բացման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 25 սեպտեմբերին` իտալական-արաբական «Սատաքա» կեդրոնին կողմէ կազմակերպուած լուսանկարներու ցուցահանդէսով, որ կը կրէ «Լռութեան 100 տարին. Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները» խորագիրը: Լուսանկարներու հեղինակն է Ռոմոլօ Եուքալիթօ, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերջին վերապրածները լուսանկարած է լրագրող Ալեսանտրօ Արամուի հետ Հայաստան կատարած այցելութեան ընթացքին:

Փառատօնի փակման արարողութեան ընթացքին` 27 սեպտեմբերին, ներկայացուեցաւ  իտալացի լրագրողներ Ալեսանտրօ Արամուի, Ճիան Միքալեսի եւ Աննա Մացոնէի Հայաստան կատարած այցելութեան հիման վրայ պատրաստուած գիրքը, որ կը կրէ «Հայոց ցեղասպանութիւն. լռութեան 100 տարի. Վերջին վերապրածներու իւրայատուկ պատմութիւնները» խորագիրը:

Գիրքը իտալախօս ընթերցողներուն կը պատմէ հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւին ու Թուրքիոյ մէկդարեայ ժխտման մասին: Գիրքը Հայոց ցեղասպանութեան ականատես-վերապրողներու պատմութիւններու կողքին, կը ներկայացնէ պատմական իրողութիւնը իր փաստացի կողմերով:

 

Փարիզ

«Առանց Վերադարձի Կարելիութեան»
Վաւերագրական Ժապաւէնի Ցուցադրութիւնը

SansRetour_10-08-15

Սեպտեմբեր 12-ին Մարսէյի քաղաքային «Ալքազար» գրադարանի դասախօսութիւններու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ժաք Քեպատեանի եւ Սերժ Աւետիքեանի պատրաստած «Առանց վերադարձի կարելիութեան» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Նիւթը կը խօսի այն վերապրողներուն մասին, որոնք քեմալական շարժումի յաղթանակէն ետք ցրուեցան աշխարհի տարածքին` իրենց ծննդավայրի յուշերը տանելով իրենց սիրտերուն մէջ: Ժապաւէնը  անհրաժեշտ վկայութիւն է յիշողութեան համար, նաեւ ժխտողականութեան դէմ` պայքարի ուժեղ զէնք:

 

Ռումանիա

Ռումանահայերու «Րաֆֆի» Մշակութային
Միութեան 50-Ամեակի Դաշտահանդէս

raffi_10-08-15

Սեպտեմբեր 27-ին Կլենտէյլի «Վըրտուկօ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ ռումանահայերու «Րաֆֆի» մշակութային միութեան 50-ամեակին նուիրուած դաշտահանդէսը:

Մասնակիցներու շարքին էին` Կլենտէյլի քաղաքապետ եւ Լոս Անճելըս գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի ընտրութեանց թեկնածու Արա Նաճարեան, Կլենտէյլ քաղաքի քարտուղար Արտաշէս Քասախեան եւ Կլենտէյլի քաղաքապետական խորհուրդի անդամ Զարեհ Սինանեան:

Դաշտահանդէսէն գոյացած հասոյթը պիտի տրամադրուի միութեան գործունէութիւնը ընդարձակելու նպատակին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Համբարձում Աղպաշեանի «Թրքիշ Ինթելեքչուըլզ
Հու Հեւ Ռեքոկնայզտ Տը Ռիելիթի
Աֆ Արմինիըն Ճենոսայտ»  Գիրքին Շնորհահանդէսը

Aghbashian_10-08-15

Վերջերս Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ «Կիրակոս» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համբարձում Աղպաշեանի «Թրքիշ Ինթելեքչուըլզ հու հեւ ռեքոկնայզտ տը ռիելիթի աֆ արմինիըն ճենոսայտ»  գիրքին շնորհահանդէսը: Սոյն հատորը պիտի նպաստէ հայ ժողովուրդի անկապտելի իրաւունքներու վերատիրացման նպատակով տարուած աշխատանքներուն:

Ձեռնարկին յաջորդաբար խօսք առին  բժիշկ Րաֆֆի Պալեան, Վահէ սրկ. Չարխթեան,  Յակոբ Մարտիրոսեան, փրոֆ. Լեւոն Մարաշլեան եւ Վալերի Մկրտումեան,  որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին Համբարձում Աղպաշեանի գիրքի շնորհահանդէսին կազմակերպման առիթով` մաղթելով հեղինակին նորանոր հրատարակութիւններ:

Օշին Քէշիշեան իր կարգին ելոյթ ունենալով` ներկայացուց գիրքի ծննդեան պատմականը եւ անոր խիստ շահեկան բովանդակութիւնը:

Աւարտին խօսք առաւ գիրքի հեղինակը` Համբարձում Աղպաշեան, որ իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք ճամբայ հարթեցին եւ օժանդակեցին այս գիրքի լոյս ընծայման գործին:

Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Վիսթա Փլէյըրզ» Կը Ներկայացնէ
«
Ուրախ Հայեր» Անգլերէն Թատրերգութիւնը

ourakh-hayer_10-08-15

2-25 հոկտեմբերին «ՆօՀօ» արուեստի կեդրոնին մէջ «Վիսթա փլէյըրզ» թատերախումբը ներկայացուց մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեանի «Ուրախ հայեր» անգլերէն թատրերգութիւնը:

«Ուրախ հայեր»-ը իւրայատուկ պատում մըն է հայոց երեւակայական պատմութեան, ուր Հայաստանը կայսրութիւն մըն է, որուն թագաւորը մահամերձ է, իսկ գահաժառանգը` Լեւոնը, փափաք չունի գահը ստանձնելու եւ դիմագրաւելու Զուիցերիոյ դէմ պատերազմի ղեկը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպային տիրելու համար Ափրիկէի ու Հարաւային Ամերիկայի մղած պայքարի գլխացաւերը, յատկապէս երբ տարուած է հանճար գիտնական Սիրանին նկատմամբ իր նորափթիթ սիրահարութեամբ:

Դերասաններն են` Տենիըլ Հապըրտ, Հետըր Լին Սմիթ, Թեւիս Պէյքըր, Ճէյտ Հայկուշ եւ Մարք Էրիք Հաուըլ:

 

Քանատա

Սուրիահայութեան Ի Նպաստ Մոնրէալի
Նուիրահաւաքին Գոյացաւ Աւելի Քան 27 Հազար Տոլար

Սուրիոյ մէջ ապրող հայութեան զօրակցութեան քայլերը ամրագրելու նպատակով, Քեպեքի սուրիահայութեան օժանդակութեան միացեալ մարմինին կազմակերպութեամբ, 12 սեպտեմբերին Մոնրէալի Հայ կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ-նուիրահաւաք մը, որուն ընթացքին գոյացաւ աւելի քան 27 հազար տոլար:

Օրուան խօսքը փոխանցեց Մհեր Գարագաշեան: Ան կոչ ուղղեց քանատահայութեան` միասնական շարքերով շարունակելու սուրիահայութեան օժանդակութեան աշխատանքները: Խօսք առաւ նաեւ Քանատայի թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեան:

Նշենք, որ Սուրիոյ հայութեան օժանդակութեան Քանատայի համադրող մարմինի աշխատանքները կը շարունակուին Քանատայի տարածքին:

Յիշեալ մարմինը կազմուեցաւ Քանատայի մէջ գործող հայկական եկեղեցիներու, կազմակերպութիւններու եւ կուսակցութիւններու համախմբումով, որուն հիմնական նպատակն է Սուրիոյ տարածքին պատերազմական իրավիճակէն ազդուած ու տուժած հայութեան շուտափոյթ ձեւով մարդասիրական եւ նիւթական նպաստներ առաքել:

Իսլամացուած Հայերու Մասին
«Լռութեան Ժառանգութիւնը» Վաւերագրական
Ժապաւէնը Կը Հասնի «Փրիմետ 2015»-ի
Փառատօնի Աւարտական Հանգրուան

L'Héritage-du-Silence_10-08-15

Վերջերս ֆրանսացի բեմադրիչներ  Աննա Պենժամանի եւ Կիյոմ Քլերի պատրաստած իսլամացուած հայերու մասին «Լռութեան ժառանգութիւնը» վաւերագրական ժապաւէնը մուտք գործեց  «ՓՐԻՄԵՏ  2015» ժապաւէնի փառատօնի աւարտական հանգրուան:

52 վայրկեան տեւողութեամբ ժապաւէնը կը ներկայացնէ թուրք կամ քիւրտ Արմէնի, Տողուքանի, Եաշարի եւ Նազլիի պատմութիւնը, որոնք  վերջին տարիներուն բացայայտած են, որ հա՛յ են, եւ այս իրականութիւնը անոնց կեանքին մէջ կը ստեղծէ իրարանցում:

1915-ին անոնց ծնողները կամ մեծ ծնողները Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած են իրենց իսկական ինքնութիւնը գաղտնի պահելով: Ոմանք փրկուած են թուրք եւ քիւրտ ընտանիքներու կողմէ: Բոլորը ձուլուած են, իսլամացուած եւ մոռցուած:

Այսօր, մէկ դար շարունակ վախէ, լռութենէ եւ ամօթէ ետք այդ պատմութիւնը կը բացայայտուի:

Վերջին տասը տարիներուն հետզհետէ մեծաթիւ թուրքեր կը յայտնաբերեն իրենց ընտանեկան գաղտնիքը եւ կը յայտարարեն, որ հայկական ծագում ունին: Մինչ հայերը ամբողջ աշխարհի տարածքին կը նշեն Ցեղասպանութեան 100-ամեակը, «Լռութեան ժառանգութիւնը» ժապաւէնը կը ներկայացնէ իսլամացուած հայերը, որոնց թիւը Թուրքիոյ մէջ այսօր աւելի քան մէկ միլիոն է:

 

Զուիցերիա

Առաջնորդ Սրբազանը Երախտագիտութիւն
Կը Յայտնէ Զուիցերիացի Ժողովուրդին
Մարդասիրական Օգնութեանց Համար

Վերջերս Զուիցերիոյ թեմի առաջնորդը  շնորհակալական նամակ մը յղեց Լոս Անճելըսի մէջ Զուիցերիոյ գլխաւոր հիւպատոս Ժան-Ֆրանսուա Լիքթընսթըրնի, որուն մէջ ան իր երախտագիտութիւնը կը յայտնէր Զուիցերիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին` Ցեղասպանութեան ընթացքին եւ յաջորդող տարիներուն իրենց մատուցած մարդասիրական անխոնջ ջանքերուն համար,  Հայոց ցեղասպանութիւնը պաշտօնապէս ընդունած ըլլալուն համար, նաեւ` անոր մերժումը քրէականացնելուն համար: Սրբազանը հաստատած է, որ Զուիցերիա միշտ թիկունք կանգնած է հայ ազգին: Սրբազանը նաեւ անդրադարձած  է  20-28 սեպտեմբերին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Զուիցերիա այցելութեան, ուր ան հայ ժողովուրդին կողմէ անձամբ իր երախտագիտութիւնը եւ շնորհակալութիւնը պիտի յայտնէ Զուիցերիոյ կառավարութեան եւ ժողովուրդին` իրենց բարեացակամութեան եւ մարդասիրական օգնութիւններուն համար:

 

Ատրպատական

ՀՕ Միութեան Թաւրիզի Մասնաճիւղի
«
Ծերունի Գասպարեան» Մանկապարտէզ
Նախակրթարանը Վերաբացաւ Իր Դռները

 Անահիտ Յովսէփեան խօսքի պահուն
Անահիտ Յովսէփեան խօսքի պահուն
 Առաջնորդ Սրμազանը կը փոխանցէ իր պատգամը
Առաջնորդ Սրμազանը կը փոխանցէ իր պատգամը

Սեպտեմբեր 26-ին ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի «Ծերունի Գասպարեան» մանկապարտէզ-նախակրթարանը 2015-2016 տարեշրջանի համար վերստին բացաւ իր դռները:

Հովանաւորութեամբ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի, ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի վարչութիւնը եւ ուսուցչական կազմը կոկիկ յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն պատրաստած էին կրթական տարեշրջանի բացումը նշելու համար:

ՀՕՄ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի ատենապետ Անահիտ Յովսէփեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, անգամ մը եւս յիշեցուց այն ազգային ու մայրական գուրգուրանքը, որ «Ծերունի Գասպարեան» կրթօճախէն ներս կը  ցուցաբերուի հայ մանուկներուն: Ան նաեւ երախտագիտական խօսք ուղղեց առաջնորդ սրբազանին եւ Ազգային վարչութեան` իրենց հետաքրքրութեան համար:

Առաջնորդ սրբազանը խօսքը ուղղելով աշակերտներուն` ուրախութիւն եւ գոհունակութիւն յայտնեց վերստին անոնց ներկայութեան համար վարժարանէն ներս, հաստատելով, թէ անոնցմէ իւրաքանչիւրը ապագային մասնագիտութեան տէր դառնալով` մեր ազգին, եկեղեցւոյ ու մեր հայրենիքին պատիւ պիտի բերէ:

Վարժարանի ուսուցչուհի Նայիրի Դիլանեան այնուհետեւ ներկայացուց աշակերտութեան դասարանային բաժանումները, նաեւ տեղեկութիւններ տուաւ կրթական ծրագրին, աւանդուած նիւթերուն, արուեստի եւ կազմակերպուած խաղերուն մասին: Ան կարեւորութեամբ անդրադարձաւ ազգային-եկեղեցական տօներուն առիթով կազմակերպուող դաստիարակչական աշխատանքներուն` կրօնա-բարոյական ուսուցողութիւնը շեշտելով անոնց մէջ:

Ապա ՀՕՄ-ի վարչութեան եւ սրբազան հօր կողմէ երեխաները ստացան նուէրներ:

 

Շուէտ

Սթոքհոլմի Մէջ Տեղի Ունեցաւ
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ  Սթոքհոլմի միջազգային եւ հանրային գրադարաններուն,  Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, գործակցութեամբ Եւրոպայի հայերու համագումարին, 17 սեպտեմբերին Սթոքհոլմի հանրային գրադարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական գրական-երաժշտական երեկոյ մը:

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի դեսպան Արտակ Ապիտոնեան:

Երեկոյի ընթացքին շուէտահայ տուտուկահար Հայկ Յակոբեան մեկնաբանեց  կոմիտասեան մեղեդիներ: Շուէտացի դերասանուհի Իտա շուէտերէնով կարդաց Գրիգոր Զոհրապի ստեղծագործութիւնները, իսկ շուէտացի գրող եւ թարգմանիչ Մաքս Էտենպորկ ներկայացուց Դանիէլ Վարուժանի եւ Սիամանթոյի քնարերգութիւնը:

Հեղինակներու կենսագրութիւնները ներկայացուց  օրուան հանդիսավար Եւրոպայի հայերու համագումարի նախագահ Կարօ Յակոբեան, իսկ բանաստեղծութիւնները հայերէնով կարդաց Նենսի Խաչատուրեան:

 

Նախորդը

Արփիկ Միսաքեան Եւ Շահան Շահնուր (Բ. Մաս)

Յաջորդը

Անդրադարձ. Հայաստանի Հանրապետութեան Հիմնադիր Արամ Մանուկեանի Կիսաքանդ Բնակարանի Ճակատագիրը Ո՞վ Կ՛որոշէ

RelatedPosts

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ  Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան
Գաղութէ Գաղութ

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան

Մայիս 16, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?