Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

October 22, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Քուէյթ

Քուէյթի Ազգային Վարժարանի
Պաշտօնական Բացում

kweytivarjaran1_10-10-15

Հոկտեմբեր 4-ին Քուէյթի Ազգային վարժարանի շրջափակէն ներս, տօնական ջերմ մթնոլորտի մը մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 տարեշրջանի բացման պաշտօնական արարողութիւնը:

Հայաստանի քայլերգի երգեցողութենէն ետք խօսք առաւ վարժարանի ուսուցիչ Ճորճ Արապաթլեան, որ ընդգծեց Քուէյթի Ազգային վարժարանին դերը` արաբական անապատներուն մէջ հայ պատանիներուն ազգային կրթութիւն ջամբելու գործին մէջ:

Այնուհետեւ  վարժարանի աշակերտներուն կողմէ ներկայացուեցաւ պատշաճ գեղարուեստական յայտագիր մը:

kweytivarjaran_10-10-15

Ազգային վարժարանի տնօրէն Մանուկ Մանուկեան իր խօսքին մէջ ուրախութեամբ յայտնեց, որ Քուէյթի Ազգային վարժարանը հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան` 56-րդ անգամ ըլլալով կը բանայ իր դռները: Անդրադառնալով վարժարանի դերին ու կարեւորութեան` ան հաստատեց, որ ազգային արժէքներու պահպանութեան կողքին, Քուէյթի Ազգային վարժարանը ունի նաեւ հայուն տեսակը պահպանելու առաքելութիւն:

Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխան եւ բարերար Գագիկ Ծառուկեանի մայրը`  Ռոզա Ծառուկեան շեշտեց, որ Ծառուկեան ընտանիքը միշտ պատրաստ է հայրենիքէն ներս հիւրընկալելու Քուէյթի առաջնակարգ աշակերտները, ինչպէս նաեւ` աջակցելու սփիւռքի մէջ ազգային արժէքներու պահպանութեան նախաձեռնութիւններուն:

Հարկ է նշել, որ Ռոզա Ծառուկեան Ազգային վարժարանի աշակերտութեան եւ գրադարանին նուիրեց հայալեզու մեծ թիւով արժէքաւոր գիրքեր, որուն համար արժանացաւ վարժարանի տնօրէնութեան բարձր գնահատանքին: Իր հերթին, Ազգային վարժարանի հոգաբարձութեան ատենապետ Զաւէն Թոքմագճեան անոր նուիրեց Ք.Ա. վարժարանի յիսնամեակի յոբելեանին առթիւ լոյս տեսած «Ոսկեմատեան»-ը:

Աւարտին, ելոյթ ունեցաւ Քուէյթի եւ շրջակայից հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպույեան: Ան վեր առնելով Ծառուկեան ընտանիքի ազգանուէր գործունէութիւնը` ըսաւ, որ օրեր առաջ Գագիկ Ծառուկեանի բարերարութեամբ եւ անոր մօր` Ռոզա Ծառուկեանի ձեռամբ, Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ բացումը կատարուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած յիշատակի խաչքարին, որ պիտի ըլլայ հայրենիքին հետ կապի կամուրջ մը: Ան օրհնելով վարժարանի աշակերտութիւնը, անձնակազմն ու Ծառուկեան ընտանիքը` բարի եւ օրհնեալ տարեշրջան մը մաղթեց բոլորին:

 

Միացեալ Նահանգներ

Գրական Երեկոյ` Նուիրուած
Պօղոս Գուբելեանի Նոր Վէպին

boghos_09-18-15

Նախաձեռնութեամբ եւ հովանաւորութեամբ Քալիֆորնիոյ հայ գրողներու միութեան, 18 սեպտեմբերին «Ապրիլ» գրատան մէջ տեղի ունեցաւ գրական երեկոյ` նուիրուած սփիւռքի եւ հայրենիքի մէջ ծանօթ արձակագիր Պօղոս Գուբելեանի` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած «Առաքելութիւն ի Մարաշ» ու նոյն գործի անգլերէն թարգմանութեան` «Միշըն թու Մարաշ» հատորներուն:

«Ապրիլ» գրատան տնօրէն Առնօ Երէցեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ վեր առաւ Պօղոս Գուբելեանի գրական արժանիքները եւ անոր տարիներու բարեկամական ամուր կապերը իր ծնողքին հետ: Ան վկայեց, թէ Գուբելեանի գործերը ընթերցող հասարակութեան մէջ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելեն ու մեծ թիւով կը սպառին:

Օրուան գլխաւոր բանախօսներէն փրոֆ. Ռազմիկ Շիրինեան խոր վերլուծութեան ենթարկեց «Առաքելութիւն ի Մարաշ» գործը եւ վեր առաւ հեղինակի գործերուն մէջ առկայ խոր գիտակցութիւնն ու ցուցաբերուած անխառն զգայնութիւնը` ընկերային անհարթութիւններու վերաբերող կամ անարդարութեան հանդէպ դրսեւորուող: Ան Գուբելեանի այս գործը կարեւոր ներդրում նկատեց արդի հայ գրականութեան գանձարանին մէջ:

Օրուան երկրորդ բանախօսը` պատմաբան փրոֆ. Կարապետ Մոմճեան, պատմագիտական ուրոյն տեսանկիւնէ մօտեցաւ վէպին: Ան շեշտեց հայերու նման ցեղասպանութեան ենթարկուած այլ հաւաքականութիւններու համար Գուբելեանի օրինակով վիպագիրներ ունենալու անհրաժեշտութիւնը:

Այնուհետեւ, գրող, թարգմանիչ Մարկօ Քիւփէլեան կարդաց «Առաքելութիւն ի Մարաշ» վէպէն հատուած մը:

Յայտագիրի անգլերէն բաժինը վարեց հեղինակի արուեստագէտ որդին` Հրաչ Ռաճըր, որ իր ներդրումը ունեցած էր վէպի անգլերէն թարգմանութեան ու կողքերու պատրաստութեան մէջ: Ան վէպը ներկայացուց հայ եւ օտար հանդիսականներուն` շեշտը դնելով այն իրողութեան վրայ, որ հեղինակ հօրը ստեղծագործութիւնը դիտմամբ ներկայ ոճով գրուած է` հետագային շարժապատկերի վերածուելու համար: Ապա ան բեմականացուց «Միշըն թու Մարաշ»-էն  ամբողջ գլուխ մը:

Այնուհետեւ շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը:

Գրողներու միութեան նոր նախագահը` բանաստեղծ Վազգէն Վանատուր, միութեան անունով շնորհաւորեց հեղինակ Գուբելեանը եւ անոր յանձնեց պաշտօնական գնահատագիր` խոստանալով միութեան «Տիր» գրական թերթի յաջորդ թիւով գրախօսականի արժանացնել անոր նոր հատորը:

Ուխտագնացութիւն Դէպի
Սողոմոն Թեհլիրեանի Յուշարձանը

soghomon_9-26-15f

Կազմակերպութեամբ Ֆրեզնոյի «Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին եւ հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Ամերիկայի Արեւմտեան շրջանի Կեդրոնական կոմիտէին, 26 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ուխտագնացութիւն մը դէպի Սողոմոն Թեհլիրեանի յուշարձանը:

Օրուան հանդիսավար Րաֆֆի Շխրտըմեանի  բարի գալուստի խօսքին յաջորդեց շրջանի հոգեւոր հովիւ Վահան քհնյ. Կոստանեանի աղօթքը: Ապա գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

«Սողոմոն Թեհլիրեան» կոմիտէին խօսքը արտասանեց Եդուարդ Մկրտիչեան: Ան իր ականատեսի վկայութիւնները տուաւ, նաեւ անդրադարձաւ Սողոմոն Թեհլիրեանէն ստացած իր տպաւորութիւններուն մասին: Ան կոչ ուղղեց շարունակելու աշխատանքը, նաեւ` պաշտպանելու եւ հետապնդելու արդարութիւնն ու պահանջատիրութիւնը:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վիգէն Եագուպեան իր կարգին արտասանեց իր սրտի խօսքը:

Արմէն Մանդակունեանի 60-Ամեայ
Յոբելենական Հանդիսութիւն

armen_10-22-15

Վերջերս, Փասատինայի Առաջին Նազովրեցի եկեղեցւոյ սրահին մէջ նշուեցաւ մայեսթրօ Արմէն Մանդակունեանի 60-ամեայ ստեղծագործական վաստակի յոբելենական հանդիսութիւնը:

Օրուան հանդիսավարներն էին  Նունէ Աւետիսեան եւ Յարութիւն Ֆուտուլեան, որոնք ասմունքներով եւ բացատրականներով ներկայացուցին յոբելեարն ու ելոյթ ունեցող արուեստագէտ երգիչները: Գեղարուեստական յայտագրի գործադրութենէն ետք Տաճատ վրդ. Եարտըմեան կարդաց Ամենայն Հայոց կաթողիկոսի` Մանդակունեանին նուիրած կոնդակը եւ յանձնեց «Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ» շքանշանը: Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսի ներկայացուցիչ Արմելա Շաքարեան Մանդակունեանին յանձնեց Հայաստանի մշակոյթի նախարարութեան «Գրիգոր Նարեկացի» մետալը` պատուոյ գիրով միատեղ, ինչպէս նաեւ` Հայաստանի  սփիւռքի նախարարութեան «Կոմիտաս» մետալը: Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեան յոբելեարին յանձնեց քաղաքապետութեան գնահատագիր-պատուոյ գիրը: Հայաստանի յօրինողներու միութիւնը եւս գնահատագիր մը ուղարկած էր: Գրիգոր Սաթամեան Մանդակունեանին յանձնեց յուշանուէր մը, ապա «Սաթամեան» թատերախումբին անունով վարչութեան ատենապետ Գրիգոր Սիմոնեան գնահատագիր մը յանձնեց անոր:

Աւարտին, երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ յոբելեարը: Խօսք առաւ նաեւ Մանդակունեանի թոռը` Ազատը, որ անգլերէնով արտայայտեց իր եւ ընտանիքին երախտագիտութիւնը:

Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյցին Նուիրուած
Ցուցադրութիւն Ֆրեզնոյի Մէջ

expo_10-05-15

Կազմակերպութեամբ Քալիֆորնիոյ նահանգային համալսարանի Հայագիտական ուսմանց ծրագիրին,  համագործակցութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի «Շնորհակալութի՛ւն Ամերիկա» ծրագիրին, 5 հոկտեմբերին համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղի «Հենրի Մետըն» գրադարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մերձաւոր Արեւելքի Նպաստամատոյց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը լուսարձակի տակ առնող ցուցադրութեան բացումը, ինչպէս նաեւ` այդ առիթով պատրաստուած ժապաւէնին ցուցադրութիւնը:

Ցուցադրութիւնը բաց պիտի մնայ մինչեւ 30 հոկտեմբեր:

 

Փարիզ

Խաչքարի Բացում Եւ Ծառատունկ
Անիերի Մէջ

Կազմակերպութեամբ Ֆրանսահայ կապոյտ խաչին եւ Անիերի քաղաքապետութեան,  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 3 հոկտեմբերին, Փարիզի արուարձաններէն Անիերի մէջ տեղի ունեցաւ խաչքարի հանդիսաւոր բացում եւ ծառատունկ` ներկայութեամբ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներու:

«Լուի Ժուվէ» հրապարակին վրայ զետեղուած խաչքարին օծումը կատարեց թեմի նախկին առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան: Իսկ ծառը, որ տնկուեցաւ խաչքարին կողքին, նուիրուած է Ցեղասպանութեան զոհ հայ կիներու յիշատակին:

Հայաստանի Օրը Մարսէյի
Միջազգային Տօնավաճառին Մէջ

Յաջորդաբար 25-րդ տարին ըլլալով` 2 հոկտեմբերին Հայաստան իր մասնակցութիւնը բերաւ Մարսէյի միջազգային տօնավաճառին:

Խօսք առաւ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, որ շեշտը դրաւ ֆրանսական-հայկական տնտեսական կապերը առաւել ընդլայնելու հրամայականին եւ կարեւորութիւններուն վրայ: Նահանգային խորհուրդի, նորընտիր նախագահ Մարթին Վասալ իր յանձնառութիւնը խոստացաւ ապագային համար ալ` մաղթելով, որ տօնավաճառին Հայաստանի մասնակցութիւնը 25 տարի եւս տեւէ: Անդրադառնալով Ցեղասպանութեան 100-ամեակին` ան ըսաւ, որ 24 ապրիլ 2016-ին Հայաստան պիտի երթայ մեծ պատուիրակութեամբ մը:

Նոյն օրը «Փալէ տէ Քոնկրէ»-ի «Քալելոնկ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 100-ամեակին վերաբերեալ գերմանացիներու կողմէ պատրաստուած «Աղէտ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Իսկ երեկոյեան «Մասիս» նուագախումբը եւ Համազգայինի «Կիլիկիա» պարախումբը հանդէս եկան հայկական տաղաւարին դիմաց:

 

Յունաստան

Հայաստանի Սենեկային
Երգչախումբի Համերգ

hamerk_10-03-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Յունաստանի Կեդրոնական մարմինին կազմակերպած ելոյթներու շարքին եւ իբրեւ եզրափակիչ ելոյթ, 3 հոկտեմբերին Աթէնքի համերգասրահին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի սենեկային 32 հոգինոց երգչախումբը` ղեկավարութեամբ  Հայաստանի  արուեստի վաստակաւոր գործիչ Ռոպերթ Մլքէեանի:

Երգացանկը կը բաղկանար հայկական, ինչպէս նաեւ Շուպերթի, Պրամսի եւ Շնիթկէի երաժշտական ստեղծագործութիւններէն:

Հայաստանի սենեկային երգչախումբը ստեղծուած է 2000-ին: Համերգային ելոյթներով հանդէս եկած է Հայաստանի զանազան քաղաքներու, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ` Պերկամօ, Ս. Փեթերսպուրկ, Ռուսիոյ քաղաքներ, Ֆրանսա, Զուիցերիա, Թորոնթօ, Օթաուա, Նիակարա, Տրեստ եւ այլն:

 

Վրաստան

Նոր Գիրք` Նուիրուած 1918-ի Ախալցխայի
Հերոսական Ինքնապաշտպանութեան

kirk_10-04-15

Հոկտեմբեր 4-ին Ախալցխայի Վահրամ Գայֆէճեանի անուան ստեղծագործողներու միութեան տան մէջ տեղի ունեցաւ Լիւպա Մաթեւոսեանի գիրքին շնորհահանդէսը: Գիրքը նուիրուած է 1918-ի Ախալցխայի ինքնապաշտպանութեան:

Մաթեւոսեան ներկաներուն մանրամասնօրէն ներկայացուց իր աշխատանքը` Ախալցխայի 1918-ի հերոսական ինքնապաշտպանութեան գիրքին վերաբերեալ, անդրադառնալով այդ ժամանակաշրջանի բազմաթիւ հերոսներուն, որոնց պատմութիւնները տեղ գտած են իր նոր գիրքին մէջ:

Ելոյթ ունեցան վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան, Ջաւախքի առաջնորդական փոխանորդ Բաբգէն վրդ. Սալբիեան, «Ջաւախքին աջակցութիւն» հիմնարկի գրասենեակի ղեկավար Սամուէլ Մկոյեան, ինչպէս նաեւ` այլ մտաւորականներ ու հասարակական գործիչներ, որոնք բարձր գնահատեցին տարուած աշխատանքը:

 

 

Նախորդը

Միջին Արեւելքի Տագնապը Հակասութիւններու Հետեւանք Բազմաբնոյթ Պատերազմ Է

Յաջորդը

Փոլ Կիրակոսեան Դարձաւ Հիմնաքարը Պոլսոյ 14-րդ Պիենալէի Հայկական Նախագիծին

RelatedPosts

Յայտարարութիւն.  Պատմական Քայլ Մը` Թորոնթոյի Հայեցի Կրթութեան Ապագային Համար
Գաղութէ Գաղութ

Յայտարարութիւն. Պատմական Քայլ Մը` Թորոնթոյի Հայեցի Կրթութեան Ապագային Համար

March 13, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

March 12, 2026
Հ.Յ.Դ. 135-Ամեակի Շքեղ Նշումներ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Հ.Յ.Դ. 135-Ամեակի Շքեղ Նշումներ Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ

March 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.