Սուրիա
Վեր. Համայնքապետ Յարութիւն Սելիմեան
Քեսապ Կ՛այցելէ
Հայ աւետարանական համայնքի պետ վերապատուելի Յարութիւն Սելիմեան վերադարձաւ Սուրիա` Միացեալ Նահանգներ կատարած իր երկու շաբթուան այցելութենէն:
Վերապատուելին յատուկ այցելութիւն տուաւ նաեւ Քեսապ աւան` հանդիպելու Քեսապի Հայ աւետ. Նահատակաց վարժարանի ուսուցչական կազմին ու տնօրէնութեանց եւ Քեսապի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու ժողովներուն հետ: Ան կը պատրաստուի վերադառնալ Հալէպ` միանալու իր եկեղեցւոյ ու ընտանիքին եւ շարունակելու իր առաքելութիւնը հայ աւետարանական համայնքին մէջ:
Երուսաղէմ
ՀՅ Դաշնակցութեան 125-Ամեակի
Նշում Երուսաղէմի Մէջ
Ուրբաթ, 30 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Երուսաղէմի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան 125-ամեակի նշումը աւելի քան հարիւր հայորդիներու` մեծ մասամբ երիտասարդներու ներկայութեամբ:
Յեղափոխական եւ ազգային երգերով ելոյթ ունեցաւ մասնաւորապէս այս առիթով Հայաստանէն ժամանած մեկնաբան ու Դաշնակցութեան գաղափարի զինուորագրեալ Գէորգ Հաճեան:
Կիպրոս
100-Ամեակի Համերգ Հայկ Իւթիւճեանի
Խմբավարութեամբ
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Կիպրոսի ոգեկոչման յանձնախումբին ծրագրած ձեռնարկներու ծիրէն ներս 22 հոկտեմբերին Պաֆոսի «Պալիա Իլեքտրիկի» մշակութային կեդրոնին մէջ, իսկ 23 հոկտեմբերին Նիկոսիոյ «Փալլաս» թատրոնին մէջ տեղի ունեցան համերգներ` մասնակցութեամբ Կիպրոսի սիմֆոնիք նուագախումբին, խմբավարութեամբ կիպրահայ Հայկ Իւթիւճեանի:
Յայտագիրը կը պարունակէր 23 լարային նուագարաններու համար յօրինուած Ռիչըրտ Շթրաուսի «Մեթամորֆըսըն» ստեղծագործումը, որ կը սգայ Բ. Աշխարհամարտին պատճառած աղէտը, ինչպէս նաեւ Սուրբ պատարագէն հատուածներ` Կոմիտասի դաշնաւորումով, որոնք 60-ական թուականներու վերջաւորութեան, Զարեհ Սահակեանցի արհեստագիտական միջամտութեամբ, վերածուած են նուագախմբային հատուածներու:
Վրաստան
Ամենայն Հայոց Հայրապետի Ձեռամբ
Վերաօծուեցաւ Թիֆլիսի Ս. Գէորգ
Առաջնորդանիստ Եկեղեցին
Հոկտեմբեր 31-ին, Թիֆլիսի մէջ Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի հանդիսապետութեամբ կատարուեցաւ Ս. Գէորգ առաջնորդանիստ եկեղեցւոյ վերաօծման կարգը, ներկայութեամբ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեանի , ինչպէս նաԵւ Վրաստանի եւ Հայաստանի գաղութներու պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներուն:
Եկեղեցւոյ օծման աւարտին Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսը օրհնութեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ունեցած դերակատարութեան վիրահայոց համայնքի կեանքէն ներս` որպէս հոգեւոր, մշակութային եւ կրթութեան կեդրոն: Ան գնահատեց տարուած աշխատանքը եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ» շքանշանով պարգեւատրեց նուիրատուներ Ալպերթ Աւդոլեանը, Սերգէյ Սարգիսովը, եւ Պիցինա Իւանիշվիլին, իսկ «Սուրբ Ներսէս Շնորհալի» շքանշանով` Կոնստանդին Մարգարեանը, Անտրէյ Մկրտչեանը, Պորիս Նահապետեանը: Վեհափառի հայրապետական օրհնութեան արժանացան բարերարներ Ռուբէն Վարդանեանը եւ Դանիէլ Խաչատուրովը: Հայրապետական գիր յանձնեց Արթուր Ամիրխանեանին, Արամայիս Կանանովին, Իրինա Քոնտրաթովային, Էլէօնորա Մալխասեանին, Արման Ջիլաւեանին, Էդգար Մանուկեանին, Դաւիթ Դաւիդեանցին, Արմինէ Ղազարեանին:
Այնուհետեւ եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ կատարուեցաւ վերակառուցման ծրագրի բարերարներու անուններով ցուցատախտակի բացում:
Վեհափառ հայրապետը վերաօծման առթիւ եկեղեցւոյ նուիրեց արժէքաւոր մանրանկար մը, իսկ Հայաստանի նախագահը նուիրեց գորգ` Մերգերեան գորգերու «Վասպուրական» հաւաքածոյէն: Իր կարգին, վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան վեհափառ հայրապետին նուիրեց Յովնաթանեաններու արժէքաւոր աշխատանքներէն մէկը:
Աւարտին տեղի ունեցաւ ընդունելութիւն, որուն ընթացքին ներկայացուեցաւ Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ անցեալը եւ ներկան պատկերող տեսերիզ մը: Բարերարներուն եւ նուիրատուներուն ցուցաբերած աջակցութեան համար շնորհակալութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Ռուբէն Վարդանեան:
Շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ նաեւ թեմի առաջնորդը: Ամենայն Հայոց վեհափառ հայրապետին նուէրներ յանձնեցին Վրաստանի հայահոծ շրջաններու հոգեւոր փոխանորդները, առաջնորդներն ու հայորդիները, որմէ ետք ան փոխանցեց իր սրտի խօսքը:
Քանատա
«Պատմական Հայաստանի Ներկան Ու Ապագան
Ներթրքական Զարգացումներու Լոյսին Տակ»
18 հոկտեմբեր 2015-ին երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Մոնրէալի Հայ կեդրոնի «Աւետիս Ահարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբի կազմակերպած ժողովրդային հաւաքը, մեծ թիւով ներկաներու մասնակցութեամբ: Օրուան զեկուցաբերն էր յատուկ այս առթիւ Պոսթընէն հրաւիրուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Խաչիկ Մուրատեանը, ներկայացնելու «Պատմական Հայաստանի ներկան ու ապագան ներթրքական զարգացումներու լոյսին տակ» նիւթը:
ՀՅԴ «Միհրան Փափազեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ընթերցեց Վարուժ Պալեան: Ողջունելէ ետք ներկաները, ան իր խօսքին մէջ յիշեց, թէ` «ՀՅ դաշնակցութիւնը այս տարի կը տօնէ իր 125-ամեակը, եւ ինչպէս Հայաստանի ու սփիւռքի տարբեր հայկական գաղութներուն մէջ, նոյնպէս Քանատայի տարածքին, մեր կազմակերպութիւնը արժանավայել շուքով եւ ամիսներու վրայ երկարող ձեռնարկներով պիտի տօնէ այս տարեդարձը»: Ան շեշտեց. «Իր ստեղծման առաջին տարիներէն մինչեւ այսօր, ՀՅ դաշնակցութիւնը միշտ աշխատած է եւ կը շարունակէ աշխատիլ Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի շահերուն ի խնդիր, բարձր պահելով մեր ազգային արժանապատուութիւնը, ամրապնդելով մեր ինքնիշխանութիւնը եւ ապահովելով մեր գոյատեւումն ու բարգաւաճումը: Եւ այսօր, իր 125-ամեակի սեմին կ’ուզէ մասնակից դարձնել մեր ժողովուրդը իր այս տօնին, վերանորոգելով իր ուխտը` միշտ ժողովուրդին հետ` ժողովուրդին համար»: Վ. Պալեան աւելցուց, թէ նման նախաձեռնութիւններով ՀՅԴ-ի կառոյցները կը միտին ժողովուրդը իրազեկ պահել հայկական թէ միջազգային վերջին իրադարձութիւններուն, Հայ դատի հետապնդման գծով կատարուած աշխատանքներուն, ինչպէս նաեւ մեր գաղութը յուզող այլազան հրատապ հարցերուն»:
Օրուան զեկուցաբերը` Խաչիկ Մուրատեան հաղորդական ձեւով, օրինակներու ընդմէջէն եւ պաստառի վրայ նկարներու ցուցադրութեամբ ներկաներուն փոխանցեց Արեւմտահայաստանի ներկայ կացութիւնը, տակաւին հոն ապրող թաքուն հայերուն վիճակը, անոնց զարթօնքն ու արմատներուն վերադարձը, ինչպէս նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան մասին Թուրքիոյ մէջ հետզհետէ աճող ներքին հակազդեցութիւնները:
Խ. Մուրատեան կոչ ուղղեց` դուրս գալու հայութիւնը սահմանելու նեղ մտայնութենէն, ծրագրելու եւ աշխատելու` տեսնելու համար, թէ Արեւմտահայաստանը ի՛նչ կրնայ տալ սփիւռքահայութեան` որպէս ներշնչումի աղբիւր: Ան նաեւ շեշտեց կարեւորութիւնը արժեւորելու մեր այսօրուան երիտասարդութեան դերը` գիտակցելով, որ անոնք մեր այսօրուան ուժն են եւ մեր գոյատեւման ապագայի հիմքը:
Զեկոյցէն ետք, ներկաներուն մասնակցութեամբ տեղի ունեցաւ աշխուժ զրոյց, որ տեւեց աւելի քան մէկուկէս ժամ:
Միացեալ Նահանգներ
Լոյս Տեսած Է Հայագիտական Ուսմանց
Ընկերակցութեան Պաշտօնաթերթի Հատորը
Վերջերս լոյս տեսաւ Հայագիտական ուսմանց ընկերակցութեան պաշտօնաթերթ` «Ճըռնըլ աֆ տը Սոսայիթի ֆոր Արմինիըն Սթատիզ»-ի 23-րդ հատորը` խմբագրութեամբ դոկտ. Սերճիօ Լա Փորթայի:
Այս թիւին մէջ ուսումնասիրական յօդուածներ ունին Զարուհի Պօղոսեան, Պիոռն Պանտլին, Հուրի Պէրպէրեան, Հէյզըն Անթառամեան-Հոֆմըն, իսկ յօդուածներ ունին` Ռապըրթ Հիւսըն, Մայքըլ Սթոն, Տորոն Պեն Ամի, Եանա Չեխանովեց, Ճեզմին Տամ Թրակութ, Ումիթ Քիւրթ եւ Քրիսթինա Մարանճի: Պաշտօնաթերթին մէջ տեղ գտած են նաեւ նոր հրատարակուած հատորներու գրախօսականներ:
Մելինէ Գարագաշեանի «Կոմիտաս (1869-1935).
Մեծ Եղեռնի Զոհը» Գիրքի Ներկայացումը
\Հոկտեմբեր 15-ին, «Ապրիլ» գրախանութին մէջ ներկայացուեցաւ Մելինէ Գարագաշեանի «Կոմիտաս (1869-1935). Մեծ եղեռնի զոհը» նոր գիրքը: Գարագաշեան հոգեբան ըլլալով` ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի կեանքի եւ հիւանդութեան պատմութիւնը հոգեբանական տեսանկիւնէ:
Ան անդրադարձաւ Կոմիտասին ունեցած կարեւոր դերակատարութեան հայ երաժշտութեան ստեղծագործութեան մէջ: Ան ըսաւ, որ Կոմիտաս 3000-է աւելի ժողովրդական երգեր ընդօրինակած եւ հաւաքած է, սակայն, դժբախտաբար, այսօր մօտաւորապէս անոնց մէկ երրորդը միայն գոյութիւն ունի:
Գարագաշեան անդրադարձաւ նաեւ Կոմիտասի կրթական ճամբորդութիւններուն մասին` աւելցնելով, որ երկու տասնամեակներու ընթացքին Կոմիտաս յաջողած է հիմնադրել հայ ազգային երաժշտական վարժարան մը եւ առաջնորդել զանազան երգչախումբեր, որոնք մեծ տպաւորութիւն ձգած են եւրոպացի մտաւորականներու վրայ:
1915- ին, երբ Հայոց ցեղասպանութիւնը սկսաւ, Կոմիտաս աքսորուեցաւ եւ բանտարկուեցաւ: Թէեւ ժամանակ մը ետք Կոմիտասը ողջ վերադարձուցին Պոլիս, սակայն Կոմիտասին վիճակը այնքա՛ն ողբալի էր, որ անուրանալի է զայն սեպելը Մեծ եղեռնի զոհ:
Գարագաշեան նաեւ նշեց, որ Կոմիտաս աքսորէն ետք տառապեցաւ կարգ մը հոգեկան հարցերէ եւ Ֆրանսա հիւանդանոց ուղարկուեցաւ` բուժումի, սակայն` ապարդիւն: Կոմիտաս մահացաւ 1935-ին, վարակումի պատճառով:
Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Հոգելոյս
Կորիւն Արք. Պապեանի Յիշատակին
Կազմակերպութեամբ Լոս Անճելըսի Նոր Ջուղայի բարեկամներ միութեան 21 հոկտեմբերին, Կլենտէյլի «Գարամանուկեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հրապարակային յուշ-երեկոյ` նուիրուած Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկիչ վանքի 33-րդ առաջնորդ սրբազաններէն Կորիւն արք. Պապեանի յիշատակին:
Նախքան ձեռնարկը` պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ սրբազան հօր թեմական առաջնորդութեան շրջանի պատմական նկարները, յատկապէս` բազմաթիւ վայրեր եւ պետական դէմքերու անոր կատարած այցելութիւններէն:
Օրուան հանդիսավար Ժաքլին Թովմասեան նախ հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգելու սրբազան հօր յիշատակը, ապա իր խօսքին մէջ շեշտեց, թէ Կորիւն արք. Պապեանին անունը կապուած պիտի մնայ իրանահայութեան եւ յատկապէս Նոր Ջուղայի Սպահանի թեմի կեանքի պատմութեան: Ան նաեւ կարդաց Սպահանի թեմի ներկայ առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի` այս առթիւ ուղարկած ուղերձը:
Օրուան գլխաւոր բանախօս Սարօ Նազարեան իր խօսքին սկիզբը անդրադարձաւ Իրանի 1978-ի ներքին քաղաքական իրավիճակին ու անոր ազդեցութեան` Իրանահնդկաստանի թեմին վրայ, որուն ժամանակաշրջանին գործակից էր սրբազանին հետ: Նազարեան նշեց նաեւ Իրանի պետական շրջանակներուն մօտ սրբազանին տիրական եւ հոգեւոր միջամտութիւնները, բանակցութիւններն ու առաջարկները, յատկապէս` Նոր Ջուղայի հայոց դպրոցներու իրաւունքներու պաշտպանման գծով: Ան անդրադարձաւ նաեւ սրբազան հօր ռազմաճակատ այցելութիւններուն` Իրան-Իրաք երկար պատերազմին ընթաքին, եւ անոր դրական զօրակցութեան հազարաւոր հայ զինուորներու եւ անոնց ծնողներուն: Ապա ամփոփ գիծերու մէջ ներկայացուց սրբազանին կենսագրութիւնը եւ ունեցած գործունէութիւնը:
Աւարտին, ելոյթ ունեցաւ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան, որ հաստատեց, թէ Կորիւն արք. Պապեան մեզի համար եղաւ Աստուծոյ եւ ազգին հաւատարիմ եւ անձնուէր զաւակ, մեր եկեղեցւոյ աւանդութիւններուն եւ Կիլիկիոյ Ս. Աթոռին հաւատարիմ, խիզախ եւ անձնուէր զինուորը, նաեւ եղաւ ու պիտի մնայ սիրելի ուսուցիչը եւ մտաւորական մեծատառ հայն ու հայրենասէրը: Սրբազանը մեծապէս գնահատեց սրբազան հօր յիշատակին նման յուշ-երեկոյ մը կազմակերպելու նախաձեռնութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:
Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակին
Նուիրուած Տօնակատարութիւն
Վերջերս, նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի Մուսա Լեռ հայրենակցական միութեան, «Խաչատուրեան» Հայ կեդրոնի «Սարոյեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակի նուիրուած հանդիսութիւն:
Օրուան հանդիսավարն էր դիւցազնամարտի հերոսներէն Արարայի ճակատամարտին մասնակցած հերոս Մարկոս Սնապեանի թոռնուհին` Կարինէ Սնապեան-Փանոսեան: Ան հրաւիրեց ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու հերոսամարտին զոհուած 18 նահատակ հերոսներուն յիշատակը: Ան հաստատեց, որ իր մեծ հօր եւ անոր մարտական ու գաղափարակից բոլոր ընկերներուն յիշատակը վառ պիտի մնայ եւ անոնց ցուցաբերած հերոսական ոգին ու գոյատեւելու վճռակամութիւնը ներշնչման աղբիւր պիտի հանդիսանան մեր նոր սերունդներուն:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Մուսա Լերան հերոսամարտի ու Այնճարի հակիրճ պատմութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Այնուհետեւ ելոյթ ունեցաւ օրուան գլխաւոր պատգամախօս, յատկապէս Թորոնթոյէն հրաւիրուած մտաւորական եւ ուսուցիչ Մուշեղ Գարագաշեան, որմէ ետք ելոյթ ունեցաւ Մուսա Լերան պատմութիւնը լաւապէս ուսումնասիրած, հմուտ պատմագէտ դոկտ. Վահրամ Շէմմասեան, որ ներկայացուց իր նոր հրատարակած գիրքը` «The Moussa Dagh Armenians. A Socioeconomics and Cultural History 1919-1939», ապա տեղի ունեցաւ հատորին գինեձօնը:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարանքի արժանացաւ Մուսա Լեռ ծնած, ապրած եւ ժողովուրդին հետ գաղթական ելած, ազգային, հոգեւորական ու գրական վաստակ ունեցող մուսալեռցի-այնճարցի Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեան, որուն կենսագրական գիծերը ներկայացուց Ռոստոմ Այնթապլեան` դրուատելով անոր 60-ամեայ գործունէութիւնը եւ ուսուցչական, հոգեւորական ու մտաւորական արժանիքները: Ապա միութեան անունով Շուշան Թաշճեան Մուսա Լերան հերոսամարտի յուշարձանի ոսկեայ պատուանշանը յանձնեց Խորէն Ա. քհնյ. Հապէշեանին, որ իր կարգին շնորհակալական եւ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց միութեան:
Մուսա լերան հերոսամարտի 100-ամեակին առիթով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ նաեւ պատարագ եւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Մուսա Լերան հերոսամարտին զոհուած 18 նահատակներու հոգիներուն համար, ապա տեղի ունեցաւ մատաղօրհնէքի արարողութիւն եւ բաշխում:
Փարիզ
Փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան
Պարգեւատրուեցաւ «Մովսէս Խորենացի» Շքանշանով
Հոկտեմբեր 21-ին Հայաստանի դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ «Սորպոն» համալսարանի փրոֆ. Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանի «Մովսէս Խորենացի» շքանշանի տուչութեան արարողութիւնը: Յայտնենք, թէ Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգիսեան, հիմնուելով «Հայաստանի Հանրապետութեան պարգեւներու եւ պատուոյ կոչումներու մասին»օրէնքին վրայ, որոշած է անկախութեան տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ հայրենիք-սփիւռք կապերու ամրապնդման եւ հայապահպանման գործին մէջ ներդրած աւանդին համար Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեանը պարգեւատրել յիշեալ շքանշանով:
Շաւիլի հոգեւոր հովիւ Գուրգէն վրդ. Աղապապեան ներկայացուց մեծարեալին կեանքն ու գործունէութիւնը: Ան հաստատեց, որ մեծարեալը իր կեանքը նուիրած է հայոց լեզուին եւ ներդրում ունի նաեւ իր բնակած շրջանի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ պայծառութեան գործին մէջ: Գուրգէն վրդ. Աղապապեան ըսաւ, թէ ան հեղինակ է կարգ մը գիրքերու եւ Փարիզի մէջ հիմնած է «Մեսրոպ Մաշտոց» հայ լեզուի պաշտպանութեան միութիւնը եւ ամէն տեղ պաշտպանած է հայերէնը: Գուրգէն վրդ. Աղապապեան նկատել տուաւ նաեւ, որ քանի մը տարի առաջ ան գնահատանքի վկայագիր մը ստացած է նաեւ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի կողմէ: Այնուհետեւ կարդացուեցաւ նախագահական վկայագիրը:
Այնուհետեւ խօսք առաւ Հիլտա Գալֆայեան-Փանոսեան, որ մեծ պատիւ համարեց սոյն պարգեւատրումը: Ան շեշտեց, որ մենք մեր ինքնութիւնը կը պաշտպանենք եւ զինուորներն ենք հայոց լեզուի մեծ բանակին:
Աւարտին Ֆրանսայի մէջ Հայաստանի դեսպան Վիգէն Չիտեչեան մեծարեալին յանձնեց «Մովսէս Խորենացի» շքանշանը: