Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Սեպտեմբեր 10, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

Հալէպահայ Պատանիներու
Քերմես

27-8-2015-1-(1)

Կազմակերպութեամբ Ազգային Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջանաւարտից միութեան վարչութեան, մասնակցութեամբ ճեմարանաւարտներու, 20, 21, 22 եւ 23 օգոստոսին ՀՄԸՄ-ի դաշտին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդական քերմեսը:

Այս տարի քերմեսին մաս կը կազմէին 33 տաղաւարներ, իսկ այցելուներուն թիւը հասաւ շուրջ 1700-ի: Իւրաքանչիւր շրջանաւարտ ստանձնած էր տաղաւար մը եւ այցելուները կը քաջալերէր խաղի եւ հաճելի ժամանցի: Խաղերը բաժնուած էին տարիքային դրութեամբ (մանկական եւ երիտասարդական), կային նաեւ վաճառքի եւ ուտեստեղէնի տաղաւարներ:

 

Թեհրան

Թ. Հ. Թեմի Թեմական Խորհրդի
Հանդիպումը` ԿՕՄ-ի Դիւանի Հետ

tehran_9-10-15

Վերջերս Թ. Հ. թեմի առաջնորդ  Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Թեմական խորհուրդի անդամները հանդիպում ունեցան Կարիքաւորներուն օժանդակող մարմնի (ԿՕՄ) դիւանին հետ:

Հանդիպումի ընթացքին դիւանը ընդհանուր տեղեկութիւններ տուաւ իր կատարած աշխատանքներուն մասին, ապա արծարծուեցաւ «Սահակեան» կեդրոնին մէջ բնակող ընտանիքներուն, ինչպէս նաեւ` մարմինի աշխատանքներուն վերաբերեալ դժուարութիւններու մասին:

Հարցերուն լուծում գտնելու  համար սրբազան հայրը եւ Թեմական խորհուրդի անդամները փոխանցեցին իրենց տեսակէտներն ու խորհուրդները: Որոշուեցաւ նաեւ,  որ Թեմական խորհուրդի հերթական նիստի ընթացքին օրակարգի նիւթ դառնան վերոյիշեալ հարցերը, որպէսզի արմատական լուծումներ գտնուին անոնց:

 

Սպահան

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան
24-
Ամեակի Առթիւ Ժողովրդային
Տօնախմբութիւն

artsakh_9-10-15

Նախաձեռնութեամբ Հայ դատի «Արձագանգ» քարոզչական յանձնախումբին, 4 սեպտեմբերին Սպահանի մէջ Հայ Մշակութային «Արարատ» միութեան շրջափակին մէջ նշուեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութեան 24-ամեակը` մասնակցութեամբ Նոր Ջուղայի եւ Շահինշահրի հայ համայնքներուն:

Օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան տեղեկութիւններ տուաւ Արցախի պատմութեան, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան ձեւաւորման, արցախեան ազատամարտի եւ անկախութեան վերաբերեալ: Ասոնց զուգահեռ, ցուցադրուեցան վաւերագրական ժապաւէններէ հատուածներ:

Միութեան շրջափակին մէջ կազմակերպուած էր նաեւ լուսանկարներու ցուցահանդէսը, ուր լուսարձակի տակ առնուած էին արցախեան պատերազմը եւ ազատամարտիկները, տեսարժան վայրերը եւ ժողովուրդի կենցաղն ու մշակոյթը: «Ռուբէն» երիտասարդական միութեան համագործակցութեամբ նախատեսուած էր նկարչութեան կրպակ, ուր մանուկները առիթ ունեցան թուղթի վրայ նկարելու իրենց յուշերն ու երեւակայութիւնները` հայրենիքի եւ հայրենի Արցախի մասին, իսկ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Ներսէս Շնորհալի» գրադարանի պատասխանատու Վերգինէ Միրզախանեանի համագործակցութեամբ, առանձին տաղաւարի մէջ տեղի ունեցաւ Արցախին առնչուող թեմաներով գիրքերու ծանօթացում, ինչպէս` հանրագիտարաններ, արուեստի եւ աշխարհագրութեան մասին գրականութիւն, պատերազմէն յուշագրութիւններ եւ այլն:  Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Յունաստան

Արցախի Պատանիները Սիրոսի Մէջ

siros_9-10-15

Յունաստանի Սիրոս կղզիի մէջ Արցախէն ամէն ամառ իրենց արձակուրդը անցընող պատանիներու հիւրասիրութեան ծրագիրը բոլորեց իր 20-ամեակը:

Առ այդ, նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին, համադրաբար Անօ Սիրոսի քաղաքապետութեան ու Արցախի պետութեան, այս տարի Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի աշակերտներէն 25 պատանիներ 18-27 օգոստոսին հիւրասիրուեցան Սիրոսի քաղաքապետութեան կողմէ, Քինի շրջանի Ֆրերներու ամառնային բանակավայրին մէջ:

Օգոստոս 22-ին անոնք այցելութիւն մը տուին Զաֆիրիս Ափոսթոլոփուլոսի զօրանոցը, որ 1922-էն ետք գործած է որպէս որբանոց: Հոն տեղի կ՛ունենար  նկարներու եւ զանազան առարկաներու ցուցադրութիւն` հնագէտ Լեֆթերիս Զորզոսի մշակումով:

Տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայ դատի յանձնախումբի եւ Սիրոսի Պոնտոսցիներու միութեան: Աւարտին, տեղի ունեցաւ ծաղկեպսակներու զետեղում:

Օգոստոս 24-ին գեղարուեստական երեկոյով մը նշուեցաւ սոյն նախաձեռնութեան 20-ամեակը, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Արցախի պատանիները, նաեւ ներկայացուեցան Արցախի մշակոյթն ու պատմութիւնը:

Քաղաքապետ Եորղոս Մարակոս  յայտարարեց, թէ նպատակ ունի դարձեալ կազմակերպելու նման երեկոյ մը` յառաջիկայ տարի:

Նշենք, որ Արցախի փոքրիկները հիւրասիրուեցան նաեւ Փիրէայի «Խածիքիրիաքիօ» հաստատութեան կողմէ եւ այցելեցին թանգարաններ, դաստիարակչական կեդրոններ, զուարճութեան վայրեր:

Օգոստոս 29-ին Նէա Զմիռնիի պուրակին մէջ անոնք ունեցան փայլուն ելոյթ մը` Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան կազմակերպած «Իոնիքես Եորթես» մշակութային փառատօնի ծիրէն ներս, որ նուիրուած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Ժողովրդային Եւ Յեղափոխական
Երգերու Երեկոյ

Օգոստոս 31-ին, Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ հայկական ժողովրդային եւ յեղափոխական երգերու երեկոյ:

Վերջին 20 տարիներու ընթացքին Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբի եւ Սիրոս կղզիի քաղաքապետութեան գործակցութեամբ աւանդութիւն դարձած սոյն ձեռնարկին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Արցախէն Յունաստան արձակուրդի հրաւիրուած պատանիներ:

ՀՅԴ «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի ներկայացուցիչ Սերգօ Գույումճեան իր ելոյթին մէջ ամփոփ ձեւով ներկայացուց ակումբին մէջ գործող բոլոր միութիւններն ու անոնց առաքելութիւնը: Նէա Զմիռնիի փոխքաղաքապետ եւ քաղաքապետութեան մշակութային բաժնի տնօրէն Վանկելիս Խաչատուրեան շնորհաւորեց մասնակիցներն ու անոնց ընկերացող պատասխանատուները, մշակութային փառատօնի բացման օրուան իրենց երգախառն պարային ներկայացումին համար: Խաչատուրեան Արցախի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լուտմիլա Բարսեղեանին եւ ամբողջ ներկայացուցչութեան նուիրեց իր վերջին հրատարակութիւնը` Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առթիւ «Նահատակներու յուշակոթողներ» ալպոմը, ինչպէս նաեւ` Ղարաբաղի մասին իր պատրաստած գիրքը:

Յաջորդաբար խօսք առին Լուտմիլա Բարսեղեան, թեմի առաջնորդ Խորէն արք. Տողրամաճեան եւ կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ  Յովսէփ թ. ծ. վրդ. Պեզեզեան:

 

Իրաք

Իրաքահայ Վաստակաւոր Գեղանկարիչ
Անդրանիկ Օհաննէսեանի 100 Նկարներու
Ցուցահանդէսը` Նուիրուած
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին

antranig_9-10-15

Հովանաւորութեամբ իրաքահայ թեմի առաջնորդ Աւագ արքեպիսկոպոսի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի տօնակատարութիւններու ծիրին մէջ, նախաձեռնութեամբ իրաքահայ թեմի 100-րդ տարելիցի կազմակերպիչ յանձնախումբին, օգոստոս 22-ին Պաղտատի առաջնորդանիստ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ համալիրի նորակառոյց շէնքի դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ իրաքահայ վաստակաւոր գեղանկարիչ Անդրանիկ Օհաննէսեանի նկարներու 10-րդ անհատական ցուցահանդէսը, որ կը ներկայացնէ Ցեղասպանութիւնը խորհրդանշող կտաւի վրայ գծուած հարիւր  իւղանկար:

Ձեռնարկին ներկայ էին դեսպան Կարէն Գրիգորեան, նաեւ` իրաքահայ գաղութի պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ:

Ձեռնարկի աւարտին, համալիրին մէջ գտնուող ազգային վարժարանի «Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ հայ եւ օտար քանի մը անձնաւորութիւններու բաժնուեցան օրուան համար պատրաստուած յատուկ յուշանուէրներ:

 

Քանատա

Գրիգոր Դերձակեանի Դասախօսութիւնը
Հայաստանի Անտառներու Մասին

Andar_9-10-15

Օգոստոս 27-ին, «Պուա տը լիսէ» զբօսայգիի «Մեզոն Փիթֆիլտ» հիւրասրահին մէջ տեղի ունեցաւ Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան «Թէյ, սուրճ եւ կարծիքներ» ակումբին կազմակերպած հաւաքը:

Բացման խօսքը կատարեց ակումբի ընդհանուր պատասխանատու Տիրուկ Մանճիկեան: Ան ներկայացուց օրուան դասախօս  Գրիգոր Դերձակեանի կենսագրական տուեալները, ինչպէս նաեւ` օրուան յայտագիրը: Այնուհետեւ ներկայացուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Գրիգոր Դերձակեանի դասախօսութեան խորագիրն էր`  «Հայաստանի անտառներն ու հայ երիտասարդութիւնը» նիւթը: Ան «փաուըր փոյնթ»-ի միջոցով ներկայացուց Հայաստանի անտառներուն եւ կենսոլորտի մասին իր հետազօտած նիւթն ու մանաւանդ` մտահոգութիւնները: Ան շեշտեց ցաւալի իրականութիւններն ու անոնց տուն տուող պատճառները, ժողովուրդին անգիտակից մօտեցումը երկրին հարազատ ծառերուն եւ անասուններուն եւ առհասարակ` բնութեան հանդէպ, ինչպէս նաեւ ներկայ իշխանութիւններուն կեցուածքն ու քաղաքականութիւնը` Հայաստանի անտառներու եւ ընդհանուր բնապահպանութեան հանդէպ: Ան նաեւ անդրադարձաւ սփիւռքի կազմակերպութիւններու եւ անհատներու կողմէ ծառերու վերատնկումի համար կատարուած շինիչ, շարունակական եւ կենսական աշխատանքին:

 

Ֆրանսա

Հայոց Ցեղասպանութենէն Ճողոպրած
Որբերուն Նուիրուած Ցուցահանդէս

expo_9-10-15

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախաձեռնութիւններու ծիրին մէջ Ֆրանսայի Վալանս քաղաքին մէջ 8 սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ «Մենք ենք ապագան» խորագիրով ցուցահանդէս` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուած եւ Ֆրանսա ապաստան գտած հայ որբերու ճակատագիրին:

Ցուցահանդէսին ներկայացուած էին 1918-1923 թուականներուն Ֆրանսա գաղթած հայ որբերուն փաստաթուղթերը, լուսանկարները, անոնց կենսագրականներն ու կատարած աշխատանքները: Ներկայացուեցաւ նաեւ հայ որբերու նուաճումները Ֆրանսայի մէջ: Այսպիսով, ֆրանսահայ գաղութը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Ֆրանսայի` անոր ցուցաբերած աջակցութեան համար:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ 20 սեպտեմբեր:

Մահացաւ «Նուվել Տ՛Արմենի»-ի
Գլխաւոր Խմբագիրը

jack_9-10-15

Ոչ եւս է Ֆրանսայի մէջ լոյս տեսնող «Նուվել տ’Արմենի» թերթի գլխաւոր խմբագիր Ժաք Թորանեան:

Ժաք Թորանեան յարատեւօրէն հետեւած է հայութեան վերաբերող խնդիրներուն եւ եղած է Ֆրանսայի ամենաազդեցիկ հայկական թերթերէն մէկուն հիմնադիրներէն մէկը:

Ժաք Թորանեան Ֆրանսայի հայ համայնքի նշանաւոր գործիչ Արա Թորանեանի հայրն էր:

Ժաք Թորանեանի վերջին հրաժեշտը տեղի ունեցաւ 1 սեպտեմբերին, Փարիզի Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ հայկական եկեղեցւոյ մէջ:

 

Միացեալ Նահանգներ

Հիմնադրութիւն` Շարլոթի
ՀՄԸՄ-ի Միաւորին

hmem_9-10-15

Օգոստոս 30-ին, յաւարտ Սուրբ պատարագի, Նորթ Քարոլայնա նահանգի Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ սրահին մէջ, ՀՄԸՄ-ի Արեւելեան Միացեալ Նահանգներու Շրջանային վարչութիւնը, ընդառաջելով տեղւոյն համայնքի դիմումին, հիմը դրաւ ՀՄԸՄ-ի Շարլոթ քաղաքի միաւորին:

Րաֆֆի Շամուն իր բացման խօսքին մէջ բարի գալուստ մաղթեց բոլոր այն ծնողներուն, որոնք ընդառաջեցին կոչին ու իրենց զաւակներով ներկայ եղան միաւորի հիմնադրութեան արարողութեան:

Ապա յաջորդաբար խօսք առին շրջանայինի ատենապետ Վահէ Թանաշեան, անդամներ` Արա Իշխանեան, Մարք Թորոսեան եւ Արամ Գայսերեան, որոնք մանրամասն տեղեկութիւններ տուին ՀՄԸՄ-ի պատմականին, կառոյցին եւ գործունէութեան մասին:

Յայտարարուեցաւ նորակազմ միաւորին Վարիչ մարմինին անունները. Րաֆֆի Շամուն, Անուշ Ճանեան եւ Թալին Շամուն:

Շրջանային վարչութիւնը յայտարարեց, որ ՀՄԸՄ-ի որդեգրած ռազմավարական ծրագրի միաւորներ հիմնելու առաջին արդիւնաւէտ քայլն էր այս մէկը, որուն համար իր երախտագիտութիւնը յայտնեց ծնողներուն եւ նորանշանակ միաւորի անդամներուն, որոնց ժրաջան աշխատանքի արդիւնքն էր սոյն միաւորի հիմնադրութիւնը:

 

Շուէտ

Արմին Վեկների Լուսանկարներու
Ցուցահանդէսի Բացում

Armin T. Wegner_9-10-15

Կազմակերպութեամբ Շուէտի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, Ռազմական թանգարանի եւ «armenica.org» կազմակերպութեան,  Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նուիրուած ձեռնարկներու ծիրէն ներս  25 օգոստոսին Սթոքհոլմի Ռազմական թանգարանին մէջ տեղի ունեցաւ «Արմին Վեկներ. Հայոց ցեղասպանութեան ականատեսը» խորագրով ցուցահանդէսի բացում,  ուր ներկայացուած էին Վեկների շուրջ երեք տասնեակ լուսանկարները:

Բացման հանդիսութեան խօսք առին Ռազմական թանգարանի տնօրէն Եւա-Սոֆի Էռնստել եւ պատմաբան Վահագն Աւետեան:

Ցուցահանդէսը պիտի տեւէ երեք ամիս:

Նշենք, որ տարուան ընթացքին Շուէտի մէջ  հայկական միութիւններու համադրող կեդրոնի ջանքերով լոյս տեսաւ նաեւ Արմին Վեկների «Հայերի արտաքսումը դէպի անապատ» գիրքի շուէտերէն ծանօթագրուած հրատարակութիւնը:

 

Նախորդը

Անդրադարձ. Հայաստան Եւ Սփիւռքահայ Զբօսաշրջիկը Այսօր

Յաջորդը

Ճակատագրի Գոյները (Հարցազրոյց Հայրենի Ճարտարապետ-Գեղանկարիչ Գագիկ Վանեանի Հետ)

RelatedPosts

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի  Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով
Գաղութէ Գաղութ

Մխիթարեան Միաբանութեան 325-Ամեակի Նշումը Կը Մեկնարկէ Մէկամսեայ Կրօնական Եւ Մշակութային Ձեռնարկներով

Հոկտեմբեր 21, 2025
Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի
Գաղութէ Գաղութ

Վեհափառ Հայրապետը Ժամանեց Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ Մայր Եկեղեցի

Հոկտեմբեր 17, 2025
Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ
Գաղութէ Գաղութ

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ժամանեց Մոնթրէալ

Հոկտեմբեր 17, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?