Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 26, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Նոր Ջուղա

Քահանայական Ձեռնադրութիւն Եւ Օծում

odzoum_103115

Հոկտեմբեր 31-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ կիրակնամուտի արարողութիւն` նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:

Յաւարտ երեկոյեան ժամերգութեան, առաջնորդը կատարեց Համլեթ սրկ. Մինասեանի քահանայական ձեռնադրութիւնը:

Յաջորդ օրը` կիրակի, 1 նոյեմբերին, եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ: Պատարագիչ սրբազան հայրը կատարեց քահանայական ձեռնադրութեան խորհուրդը` նորընծային վերանուանելով Սահակ քահանայ:

Իր քարոզին մէջ առաջնորդը անդրադառնալով ձեռնադրութեան խորհուրդի պահուն կարդացուած աղօթքներու իմաստին` անշահախնդիր սպասարկութիւնը, նուիրումը, ճշմարտութեան քարոզչութիւնը համարեց արժանի հոգեւորական դառնալու տուեալներէն եւ աստուածային շնորհք ու զօրութիւն հայցեց նորընծայ քահանայ հօր համար եւ յորդորեց զայն իր կեանքով ու գործով օրինակ հանդիսանալու իր հօտին:

Անդրադառնալով նորընծային Սահակ վերանուանելուն` սրբազանը բացատրեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին յիշեց Մեծ եղեռնի առաջին հոգեւորական նահատակ` Սահակ ծ. վրդ. Օտապաշեանը, որուն անունով կոչելով նորընծայ քահանայ հայրը` անոր համար մեծ պատասխանատուութիւն եւ պարտականութիւն համարեց այդ անունին վայել վաստակ մշակելը իր ծառայական կեանքի մէջ:

 

Միացեալ Նահանգներ

«Հայաստանի Բնապահպանութեան Անկումը
Հայրենիքի Անկումն Է». Սերժ Թանքեան

serjtankian_112615

«Արմինիըն թրի փրոճեքթ»-ի («Ծառատունկի հայկական նախագիծ») Լոս Անճելըսի մէջ տեղի ունեցած  ընթրիք-հանդիպման  իրենց մասնակցութիւնն ու աջակցութիւնը բերած են «Սիսթըմ աֆ է տաուն» խումբի մեներգիչ Սերժ Թանքեանը ու քանատացի նշանաւոր դերասան Տէյվիտ Ալպէյը: Այս մասին գրուած է «Արմինիըն թրի փրոճեքթ» կայքին մէջ:

Պեւըրլի Հիլզի մէջ 400 հիւրերու մասնակցութեամբ տեղի ունեցած ձեռնարկին ընթացքին անդրադարձ կատարուած է զանգուածային  ծառատունկի միջոցով Հայաստանի բնապահպանական համակարգը փրկելու, այդպիսով ալ Հայաստանը փրկելու երեւոյթին:

Սերժ Թանքեան, որ  երկար տարիներ  կանգնած է «Արմինիըն թրի փրոճեքթ»-ի կողքին եւ մեծ ներդրում ունի Հայաստանի մէջ  կազմակերպութեան բնապահպանական ծրագիրներու իրականացման մէջ, ըսած է.  «Դժուար է մարդոց փոխանցել այն գիտակցութիւնը, որ Հայաստանի բնապահպանութեան անկումը  հայրենիքի անկումն է: «Արմինիըն թրի փրոճեքթ»ին կախարդական դերակատարութիւնը այն է, որ ան կը ստիպէ մարդիկը` այս իրողութիւնը լաւապէս հասկնալու»: Երգիչը խօսած է «Արմինիըն թրի փրոճեքթ»-ի եզակի առաքելութեան մասին` նշելով, որ կազմակերպութիւնը բնապահպանական զարթօնքի սկիզբ դրած է ո՛չ միայն Հայաստանի քաղաքացիներուն, այլ նաեւ` սփիւռքահայերուն գիտակցութեան մէջ:

Երեկոյին երկրորդ հիւրը` Աթոմ Էկոյեանի «Արարատ» ժապաւէնին մէջ Րաֆֆիին դերը ստանձնած քանատացի դերասան Տէյվիտ Ալպէյ ըսած է, որ մեծապէս տպաւորուած է Հայաստան կատարած իր այցելութեամբ եւ կը փորձէ աջակցիլ Հայաստանի բնապահպանութեան: «Ծառ  տնկելով` մարդ արմատ կը նետէ իր  հայրենի հողին մէջ», ըսած է դերասանը:

«Ծառատունկի հայկական նախագիծ» կազմակերպութեան  հիմնադիրները նշած են, որ այս տարի Հայաստանի մէջ կրցած են տնկել հինգ միլիոներորդ ծառը:

Հայ-Ամերիկեան Թանգարանի Ծրագիրի
Քննարկում Կլենտէյլի
Քաղաքապետարանին Մէջ

Նոյեմբեր 10-ին տեղի ունեցաւ խորհրդակցական հանդիպում մը Կլենտէյլի քաղաքապետ Արա Նաճարեանի եւ քաղաքի վերակացու Սքաթ Օչոայի հետ Հայ-ամերիկեան թանգարանի շինութեան ծրագրի մասին: Հանդիպումին մասնակցեցան թանգարանի խնամակալութեան համաատենապետներ` Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան եւ Յովնան արք. Տէրտէրեան, նաեւ` թանգարանի շինութեան յանձնախումբի ատենապետ Պերճ Կարապետեան:

Խորհրդակցութեան նպատակն էր քննարկել քաղաքին պատկանող քաղաքապետութեան հանդիսասրահի կից գտնուող 1,7 արտավար տարածութեամբ հողամասի մը վրայ թանգարանի շինութեան «Կրաունտ լիս»-ի համաձայնագիրի պայմանները:

Հանդիպումի աւարտին առաջնորդ սրբազանը գոհունակութիւն յայտնեց Կլենտէյլի քաղաքապետին եւ քաղաքապետական խորհուրդին, որոնք քաջալեր կը հանդիսանան թանգարանի շինութեան ծրագրին եւ  հաստատեց, որ թանգարանի իրագործումը հանրութիւնը պիտի մղէ մշակութային բազմազանութեան ընդունման եւ գնահատանքին, որ պիտի արդիւնաւորուի հանդուրժողութեան ոգիով եւ նախապաշարումներու առաջքը առնելով:

Վարդգէս Գուրուեան Հայաստանի Կրթութեան
Եւ Գիտութեան Նախարարութեան Կողմէ
Կը Պարգեւատրուի Ոսկիէ Մետալով

Վերջերս Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոսարանի դահլիճին մէջ Հայաստանի կրթութեան եւ գիտութեան նախարարութիւնը բարձրագոյն պարգեւով` ոսկիէ մետալով պարգեւատրեց վաստակաշատ մանկավարժ Վարդգէս Գուրուեանը` անոր կրթական, կուսակցական, միութենական, մշակութային, երիտասարդական, եկեղեցական, ընկերային, համայնքային ազգանուէր եւ հայանպաստ գործունէութեան 50 տարիներու նուիրեալ ծառայութեան համար:

Ա. հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեան խօսք առնելով` անդրադարձաւ Վարդգէս Գուրուեանի մանկավարժական եւ համայնքային գործունէութիւններուն` մեծապէս գնահատելով անոր ցուցաբերած ջերմ ընդունելութիւնները հայաստանեան զանազան այցելու խումբերու նկատմամբ եւ անոր անսակարկ մասնակցութիւնը հիւպատոսարանի համայնքային աշխատանքներուն եւ ձեռնարկներուն:

Հիւպատոս Արամելլա Շաքարեան յիշեցուց, որ իր դուստրը յաճախած է Արշակ Տիգրանեան վարժարան, եւ թէ իրենք միայն դրական յիշողութիւններ ունին տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի մասին:

Էմմա Ումրոյեան (նախկին ուսուցչուհի) եւ տոքթ. Արմինէ Գլըճեան (նախկին ծնողք) խօսք առնելով` բարձր գնահատանքով խօսեցան տնօրէն Վարդգէս Գուրուեանի մասին` որպէս տնօրէնի եւ որպէս «աշակերտներու երկրորդ հօր»: Անոնք վեր առին Գուրուեանի վարչական կարողութիւնները եւ անոր արդար վերաբերմունքը ուսուցիչներուն հանդէպ:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Վարդգէս Գուրուեանը, որ տակաւին համայնքին օգտակար ըլլալու իր պատրաստակամութիւնը յայտնեց:

Արգասաւոր Եւ Ոգեղէն Տարիներու Գինեձօն

kinetson_112615

Վերջերս Կլենտէյլի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ «Գույումճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամերիկահայ անուանի մատենագէտ-լեզուաբան, գրող-հրապարակագիր, ազգային-հասարակական գործիչ Յովսէփ Նալպանտեանի մշակութային ու գրական գործունէութեան 35-ամեակը, ինչպէս նաեւ` «Հայ գիրքը Ամերիկայի մէջ», «Կեանքի շարունակուող շաւիղներ» եւ «Հայ մշակոյթի նուիրեալը» գիրքերուն շնորհանդէսները:

Երեկոյի հանդիսավար Նունէ Աւետիսեան ներկայացուց յոբելեարին կեանքն ու 35-ամեայ գրական, մշակութային եւ հասարակական գործունէութիւնը: Յոբելեարին բազմամեայ գործունէութեան եւ 2015-ի առաջին կիսամեակին հրատարակուած գիրքերուն մասին ելոյթ ունեցաւ «Մաշտոց» քոլեճի հիմնադիր տնօրէն դոկտ. Կարպիս Տէր Եղիայեան:

Ապա ելոյթ ունեցաւ գրող, մշակութաբան, հրապարակագիր Արծրուն Ալեքսանեան, որ վեր առաւ  Յովսէփ Նալպանտեանի արգասաւոր ստեղծագործական կեանքը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական ճոխ յայտագիր: Ողջոյնի խօսքով ելոյթ ունեցան փրոֆ. Արտեմ Սարգսեան եւ բանաստեղծ, քանդակագործ ու գեղանկարիչ Արմէն Պօղոսեան, որոնք վեր առին Նալպանտեան հայու կերպարն ու նուիրուածութիւնը:

Աւարտին շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Յովսէփ Նալպանտեան, ապա տեղի ունեցաւ երեք գիրքերու գինեձօնի արարողութիւնը:

 

Վրաստան

Գուսանական Երգի Տօն

Նոյեմբեր 7-ին «Հայարտուն» կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ գուսանական երգի ու երաժշտութեան երեկոյ:

Համերգի հանդիսավարն էր Լիզա Թորոսեանը: Յայտագիրը  բաժնուած էր երեք մասի եւ կը ներառէր Գուսան Շերամի, Գուսան Շահէնի եւ Գուսան Աշոտի ստեղծագործութիւններէն կտորներ: Իւրաքանչիւր կատարումէն առաջ կը ցուցադրուէր այդ գուսանի կեանքին ու գործունէութեան նուիրուած տեսերիզ մը: Թիֆլիսի Պետրոս Ադամեանի անուան թատրոնի դերասան, «Հայարտուն» կեդրոնի մենակատար Հենրիխ Պետրոսեանի եւ այլ մենակատարներու ելոյթներուն ընկերակցեցան «Ջէյրան» եւ «Անի» պարային համոյթներու մենակատարներ Ալլա Տոնոյեան եւ Լիանա Մարգարեան:

Կաթոլիկ Մայրապետներ Նինոծմինտայի
Հեշտիա Գիւղին Մէջ Կը Հիմնեն Մանկապարտէզ

mayrabed_112615

Վերջերս Նինոծմինտայի քաղաքապետութեան Հեշտիա գիւղին մէջ բացումը կատարուեցաւ նոր մանկապարտէզին  Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ մայրապետներուն նիւթական յատկացումով: Մանկապարտէզի տուեալ շէնքը կը պատկանի Հեշտիա գիւղի կաթողիկէ եկեղեցւոյ եւ աւելի քան տասը տարիէ ի վեր անիկա կը գործէ իբրեւ հիւանդանոց:

Դպրոցին մէջ կան բոլոր պայմանները` երեխաներու բնական եւ յարմարաւէտ դաստիարակութեան համար: Ներկայ դրութեամբ մանկապարտէզ կը յաճախեն աւելի քան 50-է աւելի երեխաներ. կը ծրագրուի մէկ խումբ եւս աւելցնել:

 

Փարիզ

Հայոց Ցեղասպանութեան
100-
Ամեակին Նուիրուած Համերգ

100 համերգ – 100 եկեղեցիներու մէջ «Լոյս ի լուսոյ» ծրագիրի շրջագիծին մէջ վերջերս Մարսէյի Ս. Վիքթոր աբբայութեան մէջ աւելի քան 600 հանդիսատեսներու ներկայութեամբ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ դաշնակահար Տիգրան Համասեանի եւ Երեւանի ազգային երգչախումբի համատեղ համերգը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Համերգի ընթացքին ներկայացուեցաւ հայկական հոգեւոր երաժշտութիւնը` Տիգրան Համասեանի ճազային մշակումներով:

Նախորդը

Հայաստան Հիմնադրամի Հեռուստամարաթոնը` Արցախի Բազմազաւակ Ընտանիքների Համար. Հարցազրոյց Հայաստան Համահայկական Հիմնադրամի Միացեալ Նահանգներու Արեւմտեան Շրջանի Տեղական Մարմնի Նախագահ Անդրանիկ Պաղտասարեանի Եւ Գործադիր Տնօրէն Սարգիս Քոթանճեանի Հետ

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Յուշարձանի Բացում Լաս Վեկասի Մէջ

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?