Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Օգոստոս 27, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Սուրիա

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ Շրջանի Արտակարգ
Ներկայացուցչական Ժողով

syria_8-27-15

ՀՄԸՄ-ի Սուրիոյ շրջանի Արտակարգ ներկայացուցչական ժողովը տեղի ունեցաւ 14 օգոստոսին, Հալէպի մէջ:

Ժողովը իր յարգանքն ու մեծարանքը արտայայտեց Սուրիոյ տագնապալի կացութեան ընթացքին զոհուած ՀՄԸՄ-ականներուն եւ համայն նահատակներու յիշատակին:

Ժողովը առիթ եղաւ ծանօթանալու եւ քննարկելու Սուրիոյ զանազան մասնաճիւղերու գործունէութիւնները, նաեւ յառաջիկայ գործունէութեան շուրջ առաջադրանքներ բանաձեւեց:

Յառաջիկայ սեպտեմբերին Երեւանի մէջ գումարուելիք ՀՄԸՄ-ի Պատգամաւորական ժողովին համար Ներկայացուցչական ժողովը բանաձեւեց իր առաջարկները եւ ընտրեց մասնակից պատգամաւորները:

Վերափոխման Տօնը
Ս. Յակոբ Եկեղեցւոյ Մէջ

11887865_1480172655638403_1776965596834737316_n

Հայ եկեղեցւոյ աւանդութեան համաձայն, Ս. Կոյս Մարիամի` Աստուածածնի կամ Տիրամօր երկինք բարձրացումը` Վերափոխումը, կը տօնախմբուի ինը օրերու ընթացքին: Բերիոյ հայոց թեմի գործող բոլոր եկեղեցիները, ըստ ներկայ կացութեան եւ յարմարութեան, Ս. պատարագի մատուցեցին եւ խաղող օրհնեցին: Հալէպի Ս. Յակոբ մատուռին մէջ համախմբուած հաւատացեալներ հոգեկան ցնծութեամբ մասնակից եղան տօնական ուրախութեան:

11057360_1480173338971668_730548815018497636_n

Հինգշաբթի, 20 օգոստոս 2015-ի առաւօտուն, հանդիսապետութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, Ս. պատարագ մատուցեց Մաշտոց Ա. քհնյ. Արապաթլեան, իսկ հոգեւոր պատգամէն առաջ սրբազան հայրը առընթերակայ քահանաներով` տէր Գառնիկի եւ տէր Զարեհի, ինչպէս նաեւ դպիրներով ու «Շողակաթ» կիներու հոգեւոր երգչախումբով կատարեց նոր օրհնուած Ս. միւռոնով ջրօրհնէք, որուն յաջորդեց աւանդական խաղողօրհնէքը: Ժողովուրդը իր կարգին մասնակցեցաւ աղօթքով ու շարականներու երգեցողութեամբ: Սրբազան հայրը օրուան Ճաշու Աւետարանէն (Ղկ 1.45) մեկնելով, տուաւ իր պատգամը` ներկաները հրաւիրելով Աստուածամօր հաւատքի զօրութեան օրինակով վերանորոգուելու եւ վերափոխուելու, Աստուծոյ խոստումները ընդունելու բացարձակ վստահութեամբ, որովհետեւ ինչպէս որ Տէրը Իր բոլոր խոստումները կատարեց Ս. Կոյսին պարագային, նոյնպէս պիտի իրականացնէ Իրեն հաւատացող ու Իր կամքը կատարող հաւատարիմ մարդոց` կին թէ այր: Ներկայ հաւատացեալները հաղորդուեցան Տիրոջ մարմինով ու արեամբ, զօրացած հոգիներով եւ հոգեւոր ցնծութեամբ վերադարձան առօրեայ իրենց կեանքին` խնդրելով Տիրամօր բարեխօսութիւնը, որպէսզի պատերազմները լռեն, թշնամիներու յարձակումները դադրին, խաղաղութիւնը, սէրը եւ արդարութիւնը հաստատուին երկրի վրայ:

 

Թեհրան

Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ Տարիներ
– 1914-1919,
Անձնական Յիշատակներ» Գիրքը`
Պարսկերէնով

0820odian

Իրանահայ ժողովրդավարական ուժերու համադրող մարմինին կողմէ կեանքի կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ, Թեհրանի մէջ պարսկերէնով հրատարակուած է արեւմտահայ անուանի գրող, երգիծաբան, լրագրող եւ հրապարակագիր Երուանդ Օտեանի «Անիծեալ տարիներ – 1914-1919, անձնական յիշատակներ» գիրքը: Ասիկա հեղինակին յուշագրութիւնն է Ցեղասպանութեան եւ բռնագաղթի օրերէն: Այս մասին կը հաղորդէ «Արաքս» շաբաթաթերթը:

416 էջերէ բաղկացած այս գիրքը, որ հրապարակուած է 1100 տպաքանակով, պարսկերէնի թարգմանուած է իրանահայ տաղանդաւոր թարգմանիչ Անդրանիկ Խեչումեանի կողմէ:

Ա. Խեչումեան իրանահայ ամէնէն աշխուժ թարգմանիչներէն է: Ան իր թարգմանած տասնեակ գիրքերու շարքին թարգմանած եւ հրատարակած է նաեւ Երուանդ Օտեանի «Ընկեր Փանջունի»-ն, որ մեծ ընդառաջում գտած է պարսիկ ընթերցողին կողմէ եւ առաջին հրատարակութենէն քանի մը ամիս ետք սպառած ու վերահրատարակուած է:

Թեհրանի «Շոա» Հրապարակը
Վերանուանուեցաւ Հայ Նահատակ Զինուոր
Գագիկ Թումանեանի Անունով

kakig_8-27-15

Թեհրանի քաղաքապետարանի որոշումով,  Թեհրանի քաղաքապետարանի 6-րդ շրջանի տարածքին գտնուող «Շոա» հրապարակը վերանուանուեցաւ Իրան-Իրաք պարտադրեալ պատերազմի հայ նահատակ զինուոր Գագիկ Թումանեանի անունով:

Առ այդ, շաբաթ, 15 օգոստոսին «Շոա» հրապարակին վրայ  գտնուող «Սարայէ Մահալէ»-ի մէջ տեղի ունեցաւ յատուկ ձեռնարկ:

Նշենք, որ Թեհրանի մէջ թիւով շատ են այն փողոցները, որոնք վերանուանուած են այդ տարիներու հայ նահատակներու անուններով:

 

Ատրպատական

Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման Տօնը

aderbadagan_8-27-15

Վերջերս Թաւրիզի, Ուրմիոյ, ինչպէս նաեւ Գեարտապատ գիւղին մէջ նշուեցաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնը:

Արդարեւ, 15 օգոստոսին, Ուրմիոյ Ս. Ստեփանոս եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ պատարագ, նաեւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէքի աւանդական արարողութիւն:

Նոյն օրը երեկոյեան Գեարտապատի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ ժամերգութիւն եւ խաղողօրհնէք:

Զոյգ արարողութիւններուն քարոզեց Թաւրիզի հոգեւոր հովիւ Առաքել քհնյ. Տմտմեան: Ան բացատրեց Ս. Կոյսի երկրաւոր կեանքի աւարտէն ետք դէպի երկինք վերափոխուելու քրիստոնէական աւանդութիւնը` Տիրոջ խոստումին համաձայն:

16 օգոստոսին Թաւրիզի Մարալան թաղամասի պատմական Ս. Աստուածածին մատրան մէջ մատուցուեցաւ  պատարագ եւ կատարուեցաւ խաղողօրհնէք: Առաքել քհնյ. Տմտմեան իր քարոզին մէջ անդրադարձաւ Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նշանակութեան եւ Ս. Կոյսի երկրաւոր կեանքի վախճանին:

 

Նոր Ջուղա

Ս. Աստուածածինի Վերափոխման Տօնին
Առիթով Ս. Եւ Անմահ Պատարագ

sbahan_8-27-15

Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի առթիւ, 14 օգոստոսին, Փերիա գաւառի Խոյգան գիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. եւ անմահ պատարագ` նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի:

Սրբազանը իր քարոզին մէջ կարեւորութեամբ ընդգծեց Ս. Աստուածածնի յաւերժ կուսութեան եւ Աստուածամայր ըլլալու ճշմարտութիւնը` նշելով, որ Ս. Աստուածածնի Վերափոխման տօնի օրը կ՛ոգեկոչենք նաեւ  Տիրամօր երկինք փոխադրուելու յիշատակը: Սրբազանը կարեւոր նկատեց անոր մայրութեան տիպար ըլլալուն փաստը` շեշտելով, որ բոլոր մայրերը պէտք է իրենց կեանքը ապրին անոր օրինակով` անարատութեամբ, սրբութեամբ, համբերութեամբ, հաւատքով ու աղօթքով:

Ս. պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ աւանդական խաղողօրհնէքի արարողութիւնը:

Ռիչըրտ Յովհաննէսեան Արժանթինցի
Ուսանողներուն Հայոց Ցեղասպանութեան
Նիւթով Դասախօսութիւն Տուաւ

0000HOVHANNESSIAN

Պուէնոս Այրեսի «Սիրանուշ» կեդրոնին մէջ պատմաբան Ռիչըրտ Յովհաննէսեան դասախօսութիւն մը տուաւ տարբեր համալսարաններու պատմութեան բաժանմունքներու ուսանողներու, որոնք հետաքրքրուած են ցեղասպանութիւններու նիւթով:

Ռիչըրտ Յովհաննէսեան ուսանողներուն ներկայացուց հայերու կեանքն ու գործունէութիւնը Օսմանեան կայսրութեան մէջ մինչեւ 1915, խօսեցաւ ցեղասպանութեան պատճառներուն եւ հետեւանքներու վերացման անհրաժեշտութեան մասին:

Պատմաբանը նաեւ վիճակագրական տուեալներ ներկայացուց մինչեւ Հայոց ցեղասպանութիւն եւ անկէ ետք Թուրքիոյ մէջ հայերու թիւին վերաբերեալ:

Դասախօսութեան աւարտին ուսանողները դիտեցին վաւերագրական ժապաւէններ` Կեսարիա, Կապադովկիա եւ Համշէն ապրող հայերու մասին:

Ս. Պատարագ Եւ Խաղողօրհնէք
«
Արարատ Տան» Մէջ

ararad_8-27-15

Տարիներու աւանդութեան համաձայն, 13 օգոստոսին, Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնին առթիւ, Արեւմտեան ափի թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի գլխաւորութեամբ, հոգեւորականաց դասը այցելեց «Արարատ տան» Միշրն Հիլզի կեդրոնը, ուր տեղի ունեցան` Ս. պատարագ, խաղողօրհնէք եւ նոր միւռոնով ջրօրհնէք:

Առաջնորդ սրբազանը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ մեր կեանքին մէջ միւռոնի բարերար ներգործութեան եւ վեր առաւ խաղողի օրհնութեան խորհուրդը` մեր եկեղեցւոյ ու մշակոյթի կեանքին մէջ: Ան նաեւ յիշեցուց, որ Աստուածամայրը կը մարմնաւորէ մօր տիպարը. հայ մօր համար ան ուղեցոյց է եւ ներշնչման աղբիւր, եւ օրհնեց բոլոր հայ մայրերը: Այս առիթով, նաեւ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը խնդրող նկարազարդ աղօթքներ նուէր բաժնուեցան ներկաներուն:

Թուրք Քահանայ Մը Այցելեց Ֆրեզնոյի
Հայոց Ցեղասպանութեան Յուշարձան

frezno_8-27-15

Ներկայիս Միացեալ Նահանգներ հաստատուած թուրք քրիստոնեայ քահանայ` Հաքան Թաշթան վերջերս այցելեց Քալիֆորնիոյ Նահանգային համալսարանի Ֆրեզնոյի մասնաճիւղին մէջ գտնուող Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշարձան:

Թուրք քահանան յուշարձանին առջեւ զետեղեց ծաղկեպսակ մը, որուն վրայ գրուած է, որ թուրք ժողովուրդը ներողութիւն կը խնդրէ հայերէն: Թուրքը իր «հայ եղբայրներէն» ներողութիւն խնդրած է իր պապերու ոճիրներուն համար:

Բացում Ս. Քառասնից Մանկանց Եկեղեցւոյ
«
Ժուլիան Եւ Ալին Մովսէսեան»
Ժողովասրահին Եւ «Սիւլահեան» Բակին

opening_8-27-15

Օգոստոս 9-ին տեղի ունեցաւ Ս. Քառասնից Մանկանց եկեղեցւոյ «Ժուլիան եւ Ալին Մովսէսեան» ժողովասրահի եւ նորակառոյց «Սիւլահեան» բակի պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւնը:

Արդարեւ, Ս. պատարագի ընթացքին իր պատգամը փոխանցեց թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան: Ան ողջունեց հաւատացեալներն ու բարերարները, որոնք նեցուկ կը կանգնին եկեղեցւոյ կառոյցներու բարեզարդման համար, մաղթելով, որ սկսուած գործը յաջողութեամբ պսակուի: Ան ընդգծեց, որ հաւատք ունենալու չափ կարեւոր է շրջապատուած ըլլալը հաւատքով լի բարեկամներով, որոնք ունին պատրաստակամութիւն օգնելու մեզի եւ մեզ մօտեցնելու Աստուծոյ: Այնուհետեւ, առաջնորդը նոր օրհնուած միւռոնով ջրօրհնէք կատարեց եւ անդրադարձաւ անցեալ ամիս տեղի ունեցած սրբալոյս միւռոնի օրհնութեան` ընդգծելով, որ արարողութիւնը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին:

Պատարագէն ետք թափօրը ուղղուեցաւ եկեղեցւոյ բակը, ուր կատարուեցաւ վերանորոգուած «Ժուլիան եւ Ալին Մովսէսեան» ժողովասրահի եւ նորակառոյց «Սիւլահեան» բակի պաշտօնական բացումն ու օրհնութիւնը` ներկայութեամբ բարերար ընտանիքներուն: Առաջնորդը օրհնեց բարերարները, որոնց նուիրաբերումը նկատեց եկեղեցւոյ առաքելութեան զօրակցութեան գործնական արտայայտութիւն, ապա բարերար ընտանիքներու անդամներուն հետ կատարեց ժապաւէնի հատման արարողութիւնը:

Աւարտին, «Յարութ Պարսամեան» Հայ կեդրոնի «Ղազարեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն:

 

Արժանթին

Ռուբէն Սեւակի Բանաստեղծութիւններու
Հիման Վրայ` Երաժշտական Ստեղծագործութիւն

 

Encuentros-2015_8-27-15

Արժանթինի մէջ աւանդական դարձած «Encuentros 2015» միջազգային փառատօնին ընթացքին յարգանքի տուրք պիտի մատուցուի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Վկայակոչելով Արժանթինի հայ համայնքին փոխանցած տեղեկութիւնները` «Արմէնփրէս» կը հաղորդէ, որ փառատօնի ծիրին մէջ օգոստոս 31-ին պիտի կայանայ «Վերջին օրօրոցային» երաժշտական ստեղծագործութեան անդրանիկ ներկայացումը` նուիրուած անմեղ նահատակներու յիշատակին:

Ստեղծագործութեան հեղինակներն են արժանթինցի երգահաններ Խուան Մարիա Սոլարի եւ Րաֆֆի Աւագեան: Դեռ ամիսներ առաջ «Արժանթինի ժամանակակից երաժշտութեան միջազգային հիմնարկ»-ը անոնց առաջարկած էր ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին երաժշտական ստեղծագործութիւն գրել, որ արտայայտէ հայ ժողովուրդի մէկդարեայ ցաւն ու տառապանքը:

Երգահանները ընտրած են Ռուբէն Սեւակի բանաստեղծութիւններն ու անոնցմէ քանի մը հատին հիման վրայ գրած` «Վերջին օրօրոցային» երաժշտական ստեղծագործութիւնը:

 

Ռումանիա

Ռումանիոյ Պոթոշան Քաղաքի Հայկական
Ս. Աւետման Մատուռը Օծուեցաւ

0000ROMANIA

Ռումանիոյ Պոթոշան քաղաքին մէջ Ռումանիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Տաթեւ եպս. Յակոբեանի ձեռամբ օծուեցաւ քաղաքի հայկական հնամեայ գերեզմանատան Ս. Աւետման մատուռը, որ նորոգուեցաւ հայ բարերար Էմանուէլա Գոգոդա Ֆերհաթեան Կոյլաւի օժանդակութեամբ:

Մատուռի օծման կարգէն ետք սրբազան հայրը Ս. եւ անմահ պատարագ մատուցեց նորաօծ մատրան մէջ: Ս. պատարագի աւարտին սրբազան հայրը իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց Էմանուէլա Գոգոդային, որ աստուածահաճոյ գործ կատարեց` վերանորոգելով Աստծոյ տաճարը: Իբրեւ երախտագիտութեան նշան` Տաթեւ սրբազան օրհնութեան գիր յանձնեց բարերարին:

Փառատօն Պուքրէշի «Հայոց Փողոց»-ին Մէջ

roumania_8-27-15

Կազմակերպութեամբ Ռումանիոյ հայոց միութեան, Ռումանիոյ հայոց առաջնորդարանի Հայոց երիտասարդաց միութեան, Ռումանիոյ ցեղային յարաբերութիւններու գրասենեակի, Պուքրէշի քաղաքապետութեան եւ զօրակցութեամբ «ԱՐՔՈՒՊ» մշակութային կեդրոնին,  7-9 օգոստոսին Պուքրէշի «Հայոց փողոց»-ին մէջ տեղի ունեցաւ 3-րդ «Սթրաթա արմէնիասքա» փառատօնը:

«Հայկական թաղամաս» (Քարթիէրքուլ Արմէնեսքում) կոչուած Պուքրէշի հայկական թաղամասին մէջ ռումանացի ժողովուրդին ներկայացուեցան հայկական մշակոյթն ու աւանդութիւնները: Պուքրէշի «Արարատ» հրատարակչատունը ներկայացուց իր հրատարակութիւնները: Փառատօնին ընթացքին ներկայացուեցաւ հայկական ժողովրդական եւ փոփ երաժշտութիւն: Ստեղծագործութիւններ ներկայացուցին ճազի մասնագէտներ: Փառատօնին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ հայաստանցի արուեստագէտներ:

Փառատօնին ընթացքին  Պուքրէշի Երիտասարդաց թատրոնի խումբին կողմէ բեմադրուեցաւ Վարուժան Ոսկանեանի «Շշուկներու մատեան» վէպէն Արմինէ Ոսկանեանի կողմէ բեմականացուած թատրերգութիւնը:

 

Լոնտոն

Չուխաճեանի «Կարինէ»
Օփերեթի Ներկայացում

garine_8-27-15

Լոնտոնի առաջատար «Արքոլա» թատրոնի «Կրիմպորն-2015» փառատօնի ընթացքին 14-15 օգոստոսին ցուցադրուեցաւ հայ օփերային արուեստի հիմնադիր Տիգրան Չուխաճեանի «Կարինէ» օփերեթի յարմարցուած տարբերակը` ֆրանսահայ բեմադրիչ Ճերալտ Փափազեանի մեկնաբանութեամբ: Լիպրեթոյի հեղինակն է Թագւոր Նալեան: Ցուցադրութիւնը նուիրուած էր օփերեթի ստեղծման 140-րդ տարեդարձին:

Փափազեան շեշտեց, որ իր փափաքն է աշխարհին լսելի դարձնել Չուխաճեանի երաժշտութիւնը, որովհետեւ անոր անունը գրեթէ մոռացութեան մատնուած է եւ արեւմտեան մշակոյթի սիրահարներուն անծանօթ է:

Օփերեթի կալա-ներկայացումը տեղի ունեցած է 17 նոյեմբեր 1875-ին, «Ֆրանսեզ» թատրոնին մէջ: Առաջին իսկ բեմադրութենէն ետք օփերեթը հսկայական յաջողութիւն արձանագրած է, իսկ Պոլսոյ եւ Կովկասի մէջ բեմադրուած է աւելի քան հարիւր անգամ: 20-րդ դարու սկիզբը օփերեթը թարգմանուած է յունարէնի եւ գերմաներէնի: «Կարինէ»-ն ներկայացուած է Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Պալքաններու, Մերձաւոր Արեւելքի տարբեր բեմերու վրայ` հասարակական ճանաչում բերելով հեղինակին:

1943-ին Տ. Սարեան առաջին անգամ օփերեթը բեմադրեց Հայաստանի մէջ: Այդ ժամանակ ալ առաջարկուեցաւ ստեղծագործութեան նոր անունը` «Կարինէ»-ն:

 

 

Նախորդը

Յիշելով Գարեգին Ա. Ամենայն Հայոց Լուսահոգի Վեհափառին

Յաջորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Յունաստանի Նոր Նշանակուած Դեսպանը

RelatedPosts

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ  Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան
Գաղութէ Գաղութ

78 Տարեկանին Մահացած Է Ֆրանսահայ Անուանի Հաղորդավար Տանիէլ Պիլալեան

Մայիս 16, 2025
Գաղութէ – Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ – Գաղութ

Մայիս 15, 2025
«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

«Անմոռուկ – Հայոց Ցեղասպանութեան Պատմութիւնը Եւ Մոռացութիւնը» Հատորի Շնորհահանդէսը Իտալիոյ Պատգամաւորներու Պալատի» «Փալացցօ Սան Մաչութօ» Շէնքի «Սալա Տել Ռեֆեթթորիօ» Սրահին Մէջ

Մայիս 12, 2025

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?