Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ Գաղութ

Նոյեմբեր 5, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Դա­մաս­կոս

Սուր­իոյ Ազ­գա­յին Սիմ­ֆո­նիք Նուա­գա­խում­բի
Կո­մի­տաս­եան Երե­կոն Մա­յեսթ­րօ
Մի­սաք Պաղ­պու­տար­եա­նի Ղե­կա­վա­րու­թեամբ

symphonic_102915

 

Սուրիոյ մշակոյթի նախարարութեան հովանաւորութեամբ, Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդարանի համագործակցութեամբ, եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ոգեկոչման Դամասկոսի մարմինին կազմակերպութեամբ` հինգշաբթի, 29 hոկտեմբեր 2015-ին Օփերայի սրահին մէջ «Կոմիտաս նահատակ հանճարը» խորագիրին տակ տեղի ունեցաւ Կոմիտասի նուիրուած երաժշտական համերգ: Համերգը ներկայացուց Սուրիոյ ազգային սիմֆոնիք նուագախումբը եւ երաժշտանոցի սենեկային երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` մայեսթրօ Միսաք Պաղպուտարեանի:

Համերգին ներկայ էին Դամասկոսի Հայոց թեմի առաջնորդ Արմաշ եպս. Նալպանտեանը, Հայաստանի դեսպան դոկտ. Արշակ Փոլատեան, Սուրիոյ մշակոյթի նախարար Իսամ Խալիլ, Սուրիոյ տնտեսութեան նախարար Հումամ Ժազաիրի, Սուրիոյ խորհրդարանի անդամներ, Հայ կաթողիկէ առաջնորդ հայր Յովսէփ Արնաութեան, դիւանագէտներ, քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր պետեր, արուեստի, մշակոյթի եւ մամուլի ներկայացուցիչները եւ հայրենակիցներ:

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած համերգի երգացանկը կ՛ընդգրկէր Կոմիտասի Ս. պատարագէն հատուածներ` մենակատարութեամբ երաժշտանոցի ուսանող Լեւոն Ապաճեանի, ինչպէս նաեւ հոգեւորական, գեղջկական եւ դասական երաժշտական կտորներ եւ երգեր` մենակատարեցին երգչախումբի տեղացի արուեստագէտներ:

Համերգի ընթացքին ցուցադրուեցաւ Կոմիտասի կեանքի մասին վաւերագրական կարճ ժապաւէն, իսկ Օփերայի մուտքին ցուցադրուեցան ցեղասպանութեան լուսանկարներ:

Յունաստան

Արամ Ա. Կա­թո­ղի­կոս Այ­ցե­լեց Աթէն­քի
Նէ­ոս Քոզ­մոս–Ֆիք­սի Ս. Կա­րա­պետ Եկե­ղե­ցին

vehapar_102115

Հոկ­տեմ­բեր 21-ին Մե­ծի Տանն Կի­լիկ­իոյ Արամ Ա. վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը, ըն­կե­րակ­ցու­թեամբ Յու­նաս­տա­նի հա­յոց թե­մի առաջ­նորդ Խո­րէն արք. Տող­րա­մաճ­եա­նի եւ կա­թո­ղի­կո­սա­րա­նի մի­ջե­կե­ղե­ցա­կան բա­ժան­մուն­քի վա­րիչ Յու­սիկ ծ. վրդ. Մար­տի­րոս­եա­նի, այ­ցե­լեց Աթէն­քի Նէ­ոս Քոզ­մոս-Ֆիքս շրջա­նի Ս. Կա­րա­պետ եկե­ղե­ցի:

Եկե­ղե­ցա­կան արա­րո­ղու­թեան աւար­տին առաջ­նորդ սրբա­զա­նը բա­րի գա­լուստ մաղ­թեց վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տին եւ հրա­ւի­րեց զայն տա­լու իր հայ­րա­պե­տա­կան պատ­գա­մը: Վե­հա­փառ հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ եկե­ղեց­ւոյ առա­քե­լու­թեան, որ մեզ կը կա­պէ մեր հայ­րե­րու հա­ւատ­քին, մեր նա­հա­տակ­նե­րուն եւ պատ­մու­թեան: Ան ու­րա­խու­թեամբ յայտ­նեց Յու­նաս­տա­նի նա­խա­գա­հին ու­նե­ցած դրա­կան ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը Յու­նաս­տա­նի մեր հա­մայն­քի զա­ւակ­նե­րուն մա­սին եւ քա­ջա­լե­րեց, որ անոնք շա­րու­նա­կեն իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րել Յու­նաս­տա­նի հայ­րե­նի­քի բար­գա­ւաճ­ման: Վե­հա­փա­ռը նա­եւ կոչ ուղ­ղեց, որ մեր ժո­ղո­վուր­դի զա­ւակ­ներն ու յատ­կա­պէս երի­տա­սարդ­նե­րը հա­մախմբ­ուին եկե­ղեց­ւոյ եւ ազ­գա­յին կա­ռոյց­նե­րուն շուրջ, որոնք հա­յա­պահ­պան­ման կա­րե­ւո­րա­գոյն կռուան­ներն են:

 

Քա­նա­տա

Թո­րոն­թո­յի Մէջ Կա­յա­ցած Նուի­րա­հա­ւա­քին
35
Հա­զար Տո­լար Հան­գա­նակ­ուե­ցաւ
Ի Նպաստ Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան

money_102515

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Թո­րոն­թո­յի Սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան հան­գա­նա­կիչ մար­մի­նին,  25 հոկ­տեմ­բե­րին աւե­լի քան 600 հա­յոր­դի­նե­րու ներ­կա­յու­թեամբ տե­ղի ու­նե­ցաւ ճաշ­կե­րոյթ:

Յանձ­նա­խում­բի ատե­նա­պետ Կա­րօ Մի­սիր­եան իր խօս­քին մէջ ընդգ­ծեց, որ անց­նող երեք տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին Թո­րոն­թո­յի հա­յու­թիւնը, ըն­դա­ռա­ջե­լով սուր­ի­ա­հա­յու­թեան օժան­դա­կու­թեան Թո­րոն­թո­յի հան­գա­նա­կիչ յանձ­նա­խում­բի կո­չե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պած նուի­րա­հա­ւա­քի ձեռ­նարկ­նե­րուն, մեծ ներդ­րում ու­նե­ցաւ այդ տագ­նա­պա­հար շրջա­նին մէջ ապ­րող սուր­ի­ա­հա­յու­թեան գօ­տեպնդ­ման եւ ազ­գա­յին կեան­քի շա­րու­նա­կա­կա­նու­թիւնը պա­հե­լու գծով:

Ձեռ­նար­կի ըն­թաց­քին հան­գա­նակ­ուե­ցաւ մօ­տա­ւո­րա­պէս  35 հա­զար քա­նա­տա­կան տո­լար:

«Հա­յաս­տան» Հիմ­նադ­րա­մի Թո­րոն­թո­յի
Տե­ղա­կան Մար­մի­նի Ամէ­նամ­եայ
Դրա­մա­հա­ւաք–Ճաշ­կե­րոյ­թը

toronto_101815

Կազ­մա­կեր­պու­թեամբ «Հա­յաս­տան» հա­մա­հայ­կա­կան հիմ­նադ­րա­մի Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մի­նին, 18 հոկ­տեմ­բե­րին Թո­րոն­թո­յի Հայ հա­մայն­քի կեդ­րո­նին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ ամէ­նամ­եայ դրա­մա­հա­ւաք-ճաշ­կե­րոյ­թը, որ նուիր­ուած էր Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին: Ճաշ­կե­րոյ­թը կը կրէր «Ցե­ղաս­պա­նու­թե­նէն վե­րած­նունդ» խո­րա­գի­րը:

Քա­նա­տա­յի մէջ Հա­յաս­տա­նի դես­պան Ար­մէն Եկան­եան իր ելոյ­թին մէջ բարձր գնա­հա­տեց հիմ­նադ­րա­մի 23 տար­ուան գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը եւ դե­րը Հա­յաս­տա­նի ու Ար­ցա­խի յա­ռա­ջըն­թա­ցին մէջ` կոչ ուղ­ղե­լով ներ­կա­նե­րուն իրենց գոր­ծօն մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րե­լու հիմ­նադ­րա­մի հա­յան­պաստ ծրա­գիր­նե­րուն  եւ գե­րա­զան­ցե­լու նա­խորդ դրա­մա­հա­ւա­քի ար­դիւն­քը:

Հիմ­նադ­րա­մի Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի ատե­նա­պետ Մկրտիչ Մկրտիչ­եան ներ­կա­յա­ցուց Թո­րոն­թո­յի հա­յե­րու ջան­քե­րով իրա­կա­նա­ցած 49 ձեռ­նարկ­նե­րէն վեր­ջին հին­գը` Ար­ցա­խի Իւան­եան գիւ­ղի մէջ ման­կա­պար­տէ­զի եւ հա­մայն­քա­յին կեդ­րո­նի (Կեան­քի կեդ­րոն) կա­ռու­ցու­մը, Շոշ գիւ­ղի դպրո­ցի վե­րա­կա­ռու­ցու­մը, Նոր Մա­րա­ղա գիւ­ղի հա­մար շտապ օգ­նու­թեան մե­քե­նա­յի ձեռք­բե­րու­մը եւ Հա­յաս­տա­նի Նալ­բանդ­եան գիւ­ղի դպրո­ցի հիմ­նա­կան նո­րո­գու­մը:

Երե­կո­յի ըն­թաց­քին «Բա­րե­րար» մե­տա­լով պար­գե­ւատր­ուե­ցաւ հիմ­նադ­րա­մի Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մի­նի նուի­րա­տու­ներ Ար­մէն եւ Պեր­ճու­հի Նալ­պանտ­եան­նե­րու ըն­տա­նի­քը, ինչ­պէս նա­եւ` հիմ­նադ­րա­մի եր­կա­րամ­եայ աջա­կից ու բա­րե­րար ող­բաց­եալ Ժան Ֆրանկ­եա­նի քոյ­րը` Սե­դա Ֆրանկ­եան:

Գան­ձա­սա­րի հե­րոս, Թա­դէ վան­քի հո­գե­ւոր հո­վիւ Յով­հան­նէս քհնյ. Յով­հան­նէս­եան իր յու­շե­րը պատ­մեց ար­ցախ­եան ազա­տա­մար­տէն եւ կոչ ուղ­ղեց ներ­կա­նե­րուն` սա­տա­րել հիմ­նադ­րա­մի ազ­գա­շէն գոր­ծին:

Դրա­մա­հա­ւաք-ճաշ­կե­րոյ­թի աւար­տին հան­գա­նակ­ուե­ցաւ 585 հա­զար ամե­րիկ­եան տո­լար, որ պի­տի նպաս­տէ 4 նոր ծրա­գիր­նե­րու իրա­կա­նաց­ման. Ար­ցա­խի մէջ` եր­կու հա­մայն­քա­յին կեդ­րոն եւ բազ­մա­զա­ւակ անա­պա­հով եր­կու ըն­տա­նի­քի տուն:

Թո­րոն­թո­յի տե­ղա­կան մար­մի­նին դրա­մա­հա­ւա­քը կը շա­րու­նակ­ուի մին­չեւ նո­յեմ­բե­րի 26:

 

Մի­աց­եալ Նա­հանգ­ներ

Դա­սա­կան Երաժշ­տու­թեան Ցե­րե­կոյթ`
Նուիր­ուած Կո­մի­տա­սին

gomidas_110515

Վեր­ջերս, կազ­մա­կեր­պու­թեամբ Քրե­սեն­թա Հո­վի­տի Հայց. Առա­քե­լա­կան եկե­ղեց­ւոյ դաստ­ի­ա­րակ­չա­կան յանձ­նա­խում­բին, Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րա­նի «Տիգ­րան եւ Զա­րու­հի Տէր Ղա­զար­եան» սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ դա­սա­կան եր­գի եւ երաժշ­տու­թեան ցե­րե­կոյթ մը:

Բաց­ման խօս­քով հան­դէս եկաւ եկե­ղեց­ւոյ երգ­չա­խում­բի ան­դամ Սիւ­զի Մազ­ման­եան, որ ամ­փոփ գի­ծե­րու մէջ ներ­կա­յա­ցուց հա­մեր­գին մաս­նակ­ցող ար­ուես­տա­գէտ-ար­ուես­տա­գի­տու­հի­նե­րուն ան­ցած ու­ղին:

Այ­նու­հե­տեւ ներ­կա­յաց­ուե­ցաւ Կո­մի­տա­սի եւ իր տա­ղան­դա­ւոր հե­տե­ւորդ­նե­րուն ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րը կա­տա­րո­ղու­թեամբ` ջու­թա­կա­հա­րու­հի Օֆել­իա Նա­նա­կուլ­եա­նի, դաշ­նա­կա­հա­րու­հի Շու­շան Յա­կոբ­եա­նի,  ջու­թա­կա­հար Ռու­բէն Աղին­եա­նի: Ձեռ­նար­կին իրենց մաս­նակ­ցու­թիւնը բե­րին Ար­մէն Պօ­ղոս­եան` աս­մունք եւ Վա­ղարշ Մար­տի­րոս­եան` երգ:

Սուր­իոյ Հայ Աւետ. Հա­մայն­քի Հո­գե­ւոր
Առաջ­նորդ Վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եա­նի
Այ­ցե­լու­թիւնը Առաջ­նոր­դա­րան

syria_102215

Հոկ­տեմ­բեր 22-ին Սուր­իոյ Հայ Աւե­տա­րա­նա­կան հա­մայն­քի հո­գե­ւոր առաջ­նորդ վեր. Յա­րու­թիւն Սե­լիմ­եան այ­ցե­լեց Ազ­գա­յին առաջ­նոր­դա­րան եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ  թե­մի առաջ­նորդ Մու­շեղ արք. Մար­տի­րոս­եա­նի հետ:

Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին կող­մե­րը խորհր­դակ­ցե­ցան Սուր­իոյ տագ­նա­պին ու մաս­նա­ւո­րա­բար հայ գա­ղու­թին վրայ անոր ու­նե­ցած ազ­դե­ցու­թիւն­նե­րուն մա­սին: Վեր. Սե­լիմ­եան կարգ մը ման­րա­մաս­նու­թիւն­ներ տուաւ մաս­նա­ւո­րա­բար Հա­լէպ մնա­ցող հա­յու­թեան առօր­եայ դժուա­րու­թիւն­նե­րուն ու կա­րիք­նե­րուն մա­սին` շեշ­տե­լով, որ շրջա­նի մի­աց­եալ մար­մի­նը իր կա­րե­լին կ՛ընէ` կեն­սա­կան կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու հա­մար: Պատ­ուե­լին նա­եւ գո­հու­նա­կու­թեամբ անդ­րա­դար­ձաւ աշ­խար­հաս­փիւռ հա­յու­թեան ու մաս­նա­ւո­րա­պէս Մի­աց­եալ Նա­հանգ­նե­րու գա­ղու­թի զա­ւակ­նե­րուն աջա­կի­ցի ու կա­րե­կի­ցի կեց­ուած­քին` նշե­լով, որ հա­ւաք­ուած բո­լոր օժան­դա­կու­թիւն­նե­րը կա­նո­նա­ւո­րա­պէս տեղ կը հաս­նին ու ար­դար մօ­տե­ցու­մով կը տրա­մադըր­ւին բո­լո­րին: Ան բա­ցատ­րեց, որ աշ­խա­տան­քը կեդ­րո­նա­ցած է Սուր­իա մնա­ցող­նե­րու կա­րիք­նե­րը հո­գա­լու վրայ, սա­կայն ստեղծ­ուած վի­ճա­կին պատ­ճա­ռով կա­րի­քը հսկա­յա­կան է:

Առաջ­նորդ սրբա­զա­նը իր կար­գին Արեւմտ­եան թե­մի զա­ւակ­նե­րու սրտակ­ցու­թիւնը փո­խան­ցեց վեր. Յ. Սե­լիմ­եա­նին` մաղ­թե­լով, որ Սուր­իոյ տագ­նա­պը մօ­տա­լուտ լու­ծում կը գտնէ, որ­պէս­զի ժո­ղո­վուր­դը վե­րա­դառ­նայ բնա­կա­նոն կեան­քի պայ­ման­նե­րուն:

 

Շուէտ

Սփիւռ­քի Նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եա­նի
Աշ­խա­տան­քա­յին Այ­ցե­լու­թիւնը

hranoush_102415

24-26 հոկ­տեմ­բե­րին սփիւռ­քի նա­խա­րար Հրա­նուշ Յա­կոբ­եան այ­ցե­լեց Շուէտ: 24 հոկ­տեմ­բե­րին ան մաս­նակ­ցե­ցաւ Սկան­տի­նաւ­իոյ մէջ հայ­կա­կան առա­ջին եկե­ղեցի­ին` Ս. Մար­ի­ամ Աստ­ուա­ծա­ծին եկե­ղեց­ւոյ օծ­ման արա­րո­ղու­թեան: Աւար­տին եկե­ղեց­ւոյ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հան­դի­պում հայ հա­մայն­քի հետ:

Նոյն օրը սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի փոխ նա­խա­գահ Իզա­պէլ Տին­կիզ­եա­նի հետ: Նա­խա­րա­րը իր երախ­տա­գի­տու­թիւնը յայտ­նեց Տին­կիզ­եա­նին` Շուէ­տի հայ հա­մայն­քը լա­ւա­գոյնս ներ­կա­յաց­նե­լու եւ երի­տա­սարդ հա­յոր­դի­նե­րու հա­մար սփիւռ­քա­հայ քա­ղա­քա­կան գոր­ծի­չի փայ­լուն օրի­նակ հան­դի­սա­նա­լու հա­մար: Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան նշա­նա­կա­լի ծա­ռա­յու­թիւն­ներ մա­տու­ցե­լու եւ Շուէ­տի մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին մէջ իր ու­նե­ցած ներդ­րու­մին հա­մար նա­խա­րա­րը Տին­կիզ­եա­նը պար­գե­ւատ­րեց սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ոսկ­եայ մե­տա­լով:

Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նա­եւ Սէ­օ­տեր­թելի­էի քա­ղա­քա­պետ Պո­էլ Կոտ­նե­րի հետ, որուն իր գո­հու­նա­կու­թիւնը յայտ­նեց հայ հա­մայն­քի նկատ­մամբ քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու ցու­ցա­բե­րած հո­գա­տար վե­րա­բեր­մուն­քին հա­մար, ինչ­պէս նա­եւ` ապ­րի­լին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի նուիր­ուած ձեռ­նարկ­նե­րու ծի­րին մէջ Սէ­օ­տեր­թելի­էի քա­ղա­քա­պե­տա­րա­նին մէջ բաց­ուած ցու­ցա­հան­դէ­սի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար: Քա­ղա­քա­պետ Կոտ­ներ իր կար­գին բարձր գնա­հա­տեց հա­յու­թեան մաս­նակ­ցու­թիւնը Սէ­օ­տեր­թելի­էի հա­սա­րա­կա­կան կեան­քին:

Նոյն օրը երե­կոյ­եան նա­խա­րա­րը հան­դի­պե­ցաւ Սթոք­հոլ­մի հայ հա­մայն­քին հետ, ուր ներ­կա­յա­ցուց Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան ար­դի մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կի հիմ­նա­կան ձեռ­նարկ­նե­րը: Հան­դի­պու­մի աւար­տին նա­խա­րար Յա­կոբ­եան Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, Շուէ­տի մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման գոր­ծին նպաս­տած, ինչ­պէս նա­եւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին նուիր­ուած ձեռ­նարկ­նե­րուն պատ­շաճ կազ­մա­կերպ­ման հա­մար մե­տալ­նե­րով եւ շնոր­հա­կա­լագ­րե­րով պար­գե­ւատ­րեց շուէ­տա­հայ հա­մայն­քի կարգ մը գոր­ծիչ­նե­րը:

25 հոկ­տեմ­բե­րին նա­խա­րա­րը շա­րու­նա­կեց իր այ­ցե­լու­թիւն­նե­րը եւ հան­դի­պում­նե­րը Շուէ­տի տար­բեր քա­ղաք­նե­րու մէջ հաս­տատ­ուած հայ հա­մայնք­նե­րուն հետ: Ան այ­ցե­լեց Օրեպ­րօ հա­յա­շատ քա­ղա­քը, ուր ծաղ­կեպ­սակ զե­տե­ղեց Վալ­լոկ­րա­պար­կէն զբօ­սայգի­ին մէջ 2015 մա­յի­սին տե­ղադըր­ւած Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան զո­հե­րուն նուիր­-ւած յու­շա­կո­թո­ղին դի­մաց: Ան նա­եւ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի նա­խա­գահ Ակ­նե­թա Պլո­մի հետ, եւ քննարկ­ուե­ցան տե­ղի հայ հա­մայն­քի կա­րիք­նե­րուն եւ քա­ղա­քա­յին իշ­խա­նու­թիւն­նե­րու աջակ­ցու­թեան վե­րա­բեր­եալ հար­ցեր: Հայ հա­մայն­քի հետ իր ու­նե­ցած հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին քննարկ­ուե­ցան հա­մայն­քը յու­զող հար­ցեր, նա­եւ մտքեր փո­խա­նակ­ուե­ցան Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան հա­մար: Հա­յաս­տան-սփիւռք գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման, Շուէ­տի մէջ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման եւ դա­տա­պարտ­ման գոր­ծին մէջ իր ներդ­րու­մը ու­նե­նա­լուն հա­մար սփիւռ­քի նա­խա­րա­րու­թեան ոսկ­եայ մե­տա­լով պար­գե­ւատ­րեց քա­ղա­քա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ Մու­րատ Ար­թի­նը:

Սթոք­հոլ­մի մէջ նա­խա­րա­րը այ­ցե­լեց նա­եւ «Հայ տուն» ակումբ, ուր հան­դի­պում ու­նե­ցաւ ՀՄԸՄ-ի սկաուտ­նե­րուն հետ, որոնք նա­խա­րա­րին ներ­կա­յա­ցու­ցին իրենց գոր­ծու­նէ­ու­թիւնը` մար­զա­կան, մշա­կու­թա­յին եւ հայ­րե­նա­սի­րա­կան դաստ­ի­ա­րա­կու­թեան եւ ազ­գա­յին ար­ժէք­նե­րու պահ­պան­ման ուղ­ղու­թեամբ:

Նոյն օրը, երե­կոյ­եան Հա­յաս­տա­նի դես­պա­նու­թեան մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ շուէ­տա­հայ հա­մայն­քա­յին տար­բեր կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ղե­կա­վար­նե­րու հան­դի­պու­մը սփիւռ­քի նա­խա­րա­րին հետ: Քննարկ­ուե­ցան շուէ­տա­հայ հա­մայն­քի հար­ցե­րը, նա­խա­րա­րու­թեան եւ դես­պա­նու­թեան կող­մէ հնա­րա­ւոր օգ­նու­թիւն­նե­րը: Միտ­քեր փո­խա­նակ­ուե­ցան նա­եւ Սուր­իոյ պա­տե­րազ­մին պատ­ճա­ռով Հա­յաս­տան եւ Շուէտ հաս­տատ­ուած հա­զա­րա­ւոր սուր­ի­ա­հա­յե­րու աջակ­ցե­լու մա­սին:

26 հոկ­տեմ­բե­րին նա­խա­րա­րը  շարք մը պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­ներ ու­նե­ցաւ Շուէ­տի պե­տա­կան եւ քա­ղա­քա­կան կա­ռոյց­նե­րուն հետ: Ար­տա­քին գոր­ծե­րու նա­խա­րար Մար­կոթ Վալսթրի­ո­մի յայտ­նեց, որ վեր­ջին շրջա­նին հայ-շուէ­տա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւնը նկա­տե­լի զար­գա­ցում ար­ձա­նագ­րած է: Յա­կոբ­եան կա­րե­ւոր նկա­տեց Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ճա­նաչ­ման մէջ բա­րե­կամ եր­կիր­նե­րու եւ յատ­կա­պէս Շուէ­տի գոր­ծօն աջակ­ցու­թիւնը` ընդգ­ծե­լով, որ հայ­կա­կան կող­մը շնոր­հա­կալ է Շուէ­տի խորհր­դա­րա­նի կող­մէ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան հա­մա­պա­տաս­խան քա­ղա­քա­կան գնա­հա­տա­կան տա­լու հա­մար: Հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին կող­մե­րը անդ­րա­դար­ձան նա­եւ  սուր­ի­ա­հա­յե­րու ներ­կայ վի­ճա­կին, անոնց գաղ­թին, նա­եւ այդ ծի­րէն ներս հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հնա­րա­ւո­րու­թեան մա­սին:

Սփիւռ­քի նա­խա­րա­րը հան­դի­պում ու­նե­ցաւ նա­եւ պե­տա­կան քար­տու­ղար Լարս Վեսթպ­րա­տի հետ: Քննարկ­ուե­ցան Շուէտ ապաս­տա­նած սուր­ի­ա­հա­յե­րու հար­ցե­րը եւ անոնց լու­ծում գտնե­լու նպա­տա­կով հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան հե­ռան­կար­նե­րը:

Շա­րու­նա­կե­լով պաշ­տօ­նա­կան հան­դի­պում­նե­րը` նա­խա­րար Յա­կոբ­եան այ­ցե­լեց Շուէ­տի Կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րուն աջակ­ցու­թեան կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի գլխա­ւոր քար­տու­ղար Օկէ Եո­րան­սո­նի, որ ման­րա­մաս­նօ­րէն ներ­կա­յա­ցուց կազ­մա­կեր­պու­թեան գոր­ծու­նէ­ու­թեան հիմ­նա­կան ուղ­ղու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս նա­եւ` հայ եկե­ղե­ցա­կան հա­մայն­քին հետ մին­չեւ օրս ու­նե­ցած գոր­ծակ­ցու­թեան ծրա­գիր­նե­րը: Նա­խա­րա­րը նշեց նա­եւ, որ Շուէ­տի բո­լոր հա­յա­շատ քա­ղաք­նե­րուն մէջ հիմնը­ւած են եւ կը գոր­ծեն եկե­ղե­ցա­կան խոր­հուրդ­ներ, որոնք մեծ աշ­խա­տանք կը տա­նին հա­մայն­քի ան­դամ­նե­րուն հո­գե­ւոր եւ մշա­կու­թա­յին կեան­քի կազ­մա­կերպ­ման հա­մար, որ դժուար պի­տի ըլ­լար առանց Շուէ­տի Կրօ­նա­կան հա­մայնք­նե­րու աջակ­ցու­թեան կա­ռա­վա­րա­կան յանձ­նա­ժո­ղո­վի գոր­ծօն աջակ­ցու­թեան եւ հո­վա­նա­ւո­րու­թեան: Նա­խա­րա­րը յոյս յայտ­նեց, որ այդ աջակ­ցու­թիւնը կը շա­րու­նակ­ուի:

Քրիս­տո­նէ­ա­կան խոր­հուր­դի նա­խա­գահ պատ­ւե­լի դոկտ. Քա­րին Վի­պոռ­նի հետ հան­դի­պու­մի ըն­թաց­քին նա­խա­րա­րը շնոր­հա­կա­լու­թիւն յայտ­նեց հայ հա­մայն­քին տար­ուան ըն­թաց­քին Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-ամ­եա­կին նուիր­ուած շարք մը հո­գե­ւոր-մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման մէջ անոր ցու­ցա­բե­րած աջակ­ցու­թեան հա­մար: Դոկտ. Վի­պոռն ընդգ­ծեց, որ Շուէ­տի հայ եկե­ղե­ցա­կան հա­մայն­քը ու­նի իր ու­րոյն տեղն ու դե­րը երկ­րի կրօ­նա­կան կեան­քէն ներս:

Երե­կոյ­եան նա­խա­րա­րը մեկ­նե­ցաւ Ուպ­սա­լա քա­ղա­քը, ուր քա­ղա­քա­յին թատ­րո­նի մայր սրա­հին մէջ հան­դի­պում ու­նե­ցաւ հա­մայն­քի հետ, որուն  ըն­թաց­քին քննարկ­ուե­ցան Հա­յաս­տան-սփիւռք փոխ­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման հե­ռան­կար­նե­րը եւ հա­մայն­քը յու­զող այլ հար­ցեր:

 

Պո­լիս

Պոլ­սոյ Մէջ Ցե­ղաս­պա­նու­թեան Նուիր­ուած
«
Թոռ­ներ» Ցու­ցա­հան­դէ­սը

expo_110515

Վեր­ջերս Պոլ­սոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան նուիր­ուած «Թոռ­ներ» ցու­ցա­հան­դէ­սը, որուն հա­մա­կար­գողն է ծնուն­դով ար­ժան­թի­նա­հայ, այժմ Պեր­լին բնա­կող նկար­չու­հի Սիլ­վի­նա Տէր Մկրտչեա­նը:

Ցու­ցա­հան­դէ­սին մէջ տեղ գտած են Մար­իա Պե­տոյ­եա­նի, Մար­թին Գա­րա­տաղ­եա­նի, Ար­ման Թա­դէ­ւոս­եա­նի, Մի­քա­յէլ Օհան­եա­նի, Աշոտ Աշո­տի, Թա­լին Պէ­ուք­քիւքճ­եան-Տե­միրճ­եա­նի, Անի Սե­թեա­նի, Հե­րա Պէ­ուք­թաշճ­եա­նի, Մար­իա Զո­լամ­եա­նի, Ար­չի Գա­լեն­ցի եւ Լին­տա Գանճ­եա­նի աշ­խա­տանք­նե­րը:

Սիլ­վի­նա Տէր Մկրտչեան կը սե­րի Հա­յոց ցե­ղաս­պա­նու­թեան ըն­թաց­քին Արեւմտ­եան Հա­յաս­տա­նէն Ար­ժան­թին տե­ղա­փոխ­ուած հայ ըն­տա­նի­քէ մը: Պեր­լի­նի մէջ բնա­կե­լէ ետք ան սկսած է զբա­ղե­լու իր ըն­տա­նի­քին պատ­մու­թեամբ, Անա­տոլ­իոյ հետ ու­նե­ցած կա­պե­րու հե­տա­զօ­տու­թեամբ, սկսած է ու­սում­նա­սի­րե­լու օս­ման­եան ժա­մա­նակ­նե­րու հա­յե­րու կեն­ցա­ղը եւ մշա­կոյ­թը:

Այդ ու­սում­նա­սի­րու­թիւն­նե­րը իրենց ար­տա­ցո­լու­մը գտած են անոր «Յու­շա­մատ­եան» նա­խա­գի­ծին մէջ: Տէր Մկրտիչ­եան բազ­մա­թիւ ան­գամ գտնուած է Պո­լիս, կազ­մա­կեր­պած է եր­կու ան­հա­տա­կան ցու­ցա­հան­դէս­ներ եւ շարք մը այլ մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ:

 

Վրաս­տան

Ցե­ղաս­պա­նու­թեան 100-Ամ­եա­կին Նուիր­ուած
Ցու­ցա­հան­դէս

amiag_101615

16-17 հոկ­տեմ­բե­րին Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի աջակ­ցու­թեամբ Թիֆ­լի­սի խորհր­դա­րա­նի գրա­դա­րա­նի մեծ սրա­հին մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ թիֆ­լի­սա­հայ ման­րան­կար­չու­հի Գո­հար Յա­կոբ­եա­նի ման­րան­կար­նե­րու եր­կօր­եայ ցու­ցա­հան­դէ­սը` նուիր­ուած Հա­յոց մեծ եղեռ­նի 100-ամ­եա­կին:

Ձեռ­նար­կին ելոյթ ու­նե­ցան Վրաս­տա­նի հայ հա­մայն­քի նա­խա­գահ Սամ­ուէլ Մկրտիչ­եան եւ վրա­ցի ար­ուես­տա­գէտ Նի­նօ Քաւ­թար­իա, որ նկա­տել տուաւ, թէ  Ցե­ղաս­պա­նու­թիւնը սար­սա­փե­լի արարք մըն էր, որ պա­տա­հե­ցաւ հայ ժո­ղո­վուր­դին եւ բա­ւա­կա­նի ետ մղեց հայ­կա­կան մշա­կոյ­թի զար­գաց­ման ըն­թաց­քը, հաս­տա­տե­լով, որ նման մշա­կու­թա­յին ձեռ­նարկ­ներ երի­տա­սարդ­նե­րու հե­տաքրք­րու­թիւնը կը մղեն դէ­պի ար­ուեստ: Խօսք առաւ նա­եւ Գո­հար Յա­կոբ­եան:

Նախորդը

Հոգեբանական Փորձ. Ընտրեցէք Պատկերը Եւ Իմացէք Ձեր Մասին

Յաջորդը

«Միջին Արեւելքի Մէջ Քրիստոնէական Վկայութեան Հզօրացումը Հրամայական Անհրաժեշտութիւն Է» Շեշտեց Արամ Ա. Կաթողիկոս

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գահիրէի Մէջ Մեծ Շուքով Նշուած Է Հայաստանի Առաջին Հանրապետութեան` 28 Մայիսի Եւ ՀՅԴ-ի Հիմնադրութեան 135-Ամեակը

Յուլիս 10, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 10, 2025
Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?