Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արա Ազատ Մասնակցեցաւ «Լեսլի» Համալսարանի Ցուցահանդէսին

August 20, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

0000AZAD1

Յուլիս 9-էն օգոստոս 9, Մեսեչուսեցի «Լեսլի» համալսարանի «Լենտըր» արուեստի կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ շրջանի աւելի քան յիսուն արուեստագէտներու գործերու հաւաքական ցուցահանդէսը: Անոնց կարգին էր արուեստագէտ Արա Ազատ:

«Ին-Սայթ» («In/Sight») անունը կրող այս ցուցահանդէսին ներկայացուեցան գեղանկարներ, լուսանկարներ, «քոլաժ»-ներ, քանդակներ եւ այլ արդի միջոցներով պատրաստուած գործեր:

Այնտեղ ցուցադրուեցան Արա Ազատի ծրարով հասցէագրուած գործերը, որոնց կարգին էին 24 ապրիլ, 2015-ին յղուած, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առթիւ պատրաստուած գործեր:

0000AZAD20000AZAD3Ազատի համար յստակ է, թէ արուեստագէտի մը գործերը ինքնատիպ ու ինքնուրոյն են. գրիչով ու ներկով ներկայացուած մտայղացումներուն արժէքը ո՛չ մէկ ձեւով կարելի է նիւթական ու շօշափելի սահմաններու մէջ ամփոփել, որովհետեւ անոնք շատ աւելի բարձր են եւ ունին խոր իմաստ:

Արա Ազատ Պարսումեան իր բարձրագոյն ուսումը ստացած է Պոսթընի գեղարուեստի թանգարանի հիմնարկին մէջ: Փոքր տարիքէն անոր գործերը ցուցադրուած են կարգ մը երկիրներու մէջ: Ան երկար տարիներ աշխատած է Մեսեչուսեցի, Քընեթիքըթի եւ Մէյնի մէջ` միջավայր մը, որուն հետ կրցած է շարունակ քայլ պահել: Յատկապէս Մեսեչուսեցը Արայի համար բարենպաստ միջավայր մըն է, մանաւանդ ժամանակակից արուեստի համար: Ան կը պատկանի այն դպրոցին, որ դասական եզրերը կը փոխէ եւ արտայայտութեան նոր, շարժումով լեցուն արուեստ ստեղծելու միտումով ստեղծուած մտայղացքային արուեստը կու գայ քարացած իրերը շարժելու, անոնց մէջ կեանք ու կենդանութիւն ներարկելու: Այն ակնդիրը, որ ծանօթ է Արա Ազատի գեղանկարչական ուղղութեան, արդէն կրնայ պատկերացնել զայն` ինքնամոռաց տրուած նկարչութեան, ստեղծագործելով ցուցահանդէսին ընթացքին, ուղղակի այցելուներու ներկայութեամբ:

Նախորդը

Գաղութէ Գաղութ

Յաջորդը

Պօղոս Գուբելեանի Նոր Վէպը` «Առաքելութիւն Ի Մարաշ, Ազգատոհմիս Գողգոթան»

RelatedPosts

Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 29, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 22, 2026
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.