Լաս Վեկասի տարեգրութեան մէջ 14 նոյեմբերը եղաւ պատմական օր մը, երբ քաղաքի «Սանսեթ» զբօսայգիին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներուն նուիրուած յուշարձանի պաշտօնական բացումը, ներկայութեամբ բազմաթիւ հայորդիներու, հոգեւորականներու, պետական, քաղաքական եւ միութենական ներկայացուցիչներու:
Յուշարձանին ծրագիրը իրականացաւ շնորհիւ Լաս Վեկասի Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան, որուն մասնակից էին շրջանի բոլոր հայկական եկեղեցիները եւ կազմակերպութիւնները:
Հանդիսութիւնը սկսաւ ՀՄԸՄ-ի «Արցախ» մասնաճիւղի սկաուտներուն կողմէ դրօշակի արարողութեամբ եւ քայլերգներու կատարումով` մենակատարութեամբ Մարալ Սագոյեանի:
Ձեռնարկի հանդիսավար Լենա Յովհաննէսեան նախ մանրամասնութիւններ տուաւ ծրագիրի տարբեր հանգրուաններուն մասին, ապա բեմ հրաւիրեց Հիւսիսային Ամերիկայի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանը` տալու իրենց պատգամը:
Առաջնորդը գնահատեց Լաս Վեկասի Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութիւնը, որուն ճիգերուն շնորհիւ Լաս Վեկասի համայնքը ունեցաւ մեր 1,5 միլիոն նահատակները ոգեկոչող այս գեղեցիկ յուշակոթողը: Ան նշեց, որ աշխարհի տարածքին կանգնած նման բազմաթիւ յուշակոթողներ կը վկայեն, թէ հայութիւնը հաստատ կը մնայ իր պահանջատիրական կեցուածքին վրայ: Առաջնորդը ընդգծեց, որ այս ու աշխարհատարած աւելի քան 200 յուշակոթողները ոչ միայն մեր պատմութեան մասին խօսելու եւ ծանօթացնելու նպատակով կանգնած են, այլեւ` մեզ ներշնչելու եւ մղելու, որ մեր պատմութիւնը ծանօթացնենք աշխարհին` ի խնդիր ուշացած արդարութեան կենսագործման:
Իր կարգին, առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեան ըսաւ, որ յուշարձանը ոչ միայն Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակը նշելու համար կառուցուած է, այլ նաեւ խորհրդանշելու հայութեան յարութիւնը եւ լոյսին յաղթանակը` խաւարին: Առաջնորդը նշեց, թէ այս յուշակոթողը նաեւ ցոյց կու տայ, որ մենք կը շարունակենք հաւատարիմ մնալ մեր նախահայրերու կտակին ու Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներուն, ուր ապաստանած էին Հայոց ցեղասպանութենէն վերապրած տասնեակ հազարաւոր որբեր:
Իր պատգամը տուաւ նաեւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի աւագ հիւպատոսի տեղակալ Վալերի Մկրտումեան, որ ողջունեց շրջանի հայութեան երազը հանդիսացող այս ծրագիրի իրականացումը:
Քլարք գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Մերի Պեթ Սքաու, որուն ընտրատարածքի սահմաններէն ներս կը գտնուի յուշարձանը, նշեց, թէ հակառակ այն իրողութեան, որ շրջանի հայութեան ջանքերով կառուցուած է այս յուշակոթողը, անիկա նպաստաւոր է ամբողջ Լաս Վեկասին համար: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ Քլարք գաւառի վերահսկիչներու խորհուրդի անդամ Քրիս Ճիուչիկլիանի:
Քոնկրեսականներ Ճօ Հեք եւ Տինա Թայթըս շնորհաւորեցին շրջանի հայ համայնքին այս իրագործումը եւ Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան տարած աշխատանքը` աւելցնելով, թէ յուշակոթողը պէտք է բոլորը յուշէ հանդուրժողութեան կարեւորութեան մասին, որպէսզի նման ողբերգութիւններու առաջքը առնուի:
Նեւատայի նահանգային խորհրդարանի անդամ Վիքթորիա Սիմըն եւս ելոյթ ունեցաւ ու յատուկ գնահատագիր մը յանձնեց Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան, իսկ Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի անդամ Հերի Ռիտի ներկայացուցիչը յանձնեց Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին առիթով ծերակոյտին առջեւ ապրիլ 23-ին Ռիտի արտասանած խօսքին պատճէնը, որ այժմ մաս կը կազմէ ծերակոյտի արխիւին:
Միացեալ Նահանգներու ծերակոյտի անդամ Տին Հելեր, քոնկրեսական Քրեսընթ Հարտի եւ Լաս Վեկասի քաղաքապետ Քերըլին Կուտմըն եւս գնահատագիրներ յանձնեցին:
Ներկայ էին Բրիտանիոյ, Ճափոնի, Շուէտի, Լիթուանիոյ, Ռումանիոյ, Մոնաքոյի եւ Չիլիի հիւպատոսները, ինչպէս նաեւ` հայ աւետարանական, մարոնի, ղըպտի, ասորի, Անտիոքի եւ Եթովպիոյ եկեղեցիներէն հոգեւոր ներկայացուցիչներ:
Իր խօսքին մէջ Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Արմէնեան նշեց, որ այս յուշարձանը հայութեան կողմէ նուէր մըն է նահանգին, որպէսզի անոր յաջորդ սերունդները չմոռնան Հայոց ցեղասպանութիւնը ու կարելի ըլլայ նման ողբերգութիւններու առաջքը առնել:
Հրաւէրներ յղուած էին նաեւ Լոս Անճելըսի հայութեան զանազան կազմակերպութեանց. արարողութեան ներկայ էին ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան, ՀՕՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետուհի Ռեբեքա Պէրպէրեան, ՍԴՀԿ-ը ներկայացնող Ճորճ Յակոբեան, ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ներկայացուցիչ Արամ Երէմեան եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Էլեն Ասատրեան:
Գեղարուեստական բաժինէն ետք հանդիսավարը հրաւիրեց ներկաները, որպէսզի ՀՄԸՄ-ի սկաուտներուն առաջնորդութեամբ ուղղուին դէպի քիչ անդին կանգնած յուշակոթողը` կատարելու համար պաշտօնական բացումը: Հոգեւոր առաջնորդները, Հայ-ամերիկեան մշակութային ընկերակցութեան ներկայացուցիչներ, քաղաքական պատասխանատուներ ու բարերարներ կատարեցին բացումը յուշակոթողի ցուցատախտակը կրող քարին, 12 սիւներուն եւ յաւերժութեան պատկերը ներկայացնող կեդրոնի քանդակին:
Արարողութիւնը վերջ գտաւ ներկաներուն կողմէ ծաղիկներու մատուցումով: