Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Ատրպատական
Առաջնորդը Ընդունեց
Հայոց Ցեղասպանութեան Վկաներէն`
Փաուըլ Լեւերքիւնի Զաւակին Այցելութիւնը
16 սեպտեմբերին Ազգային առաջնորդարան այցելեց Փաուըլ Լեւերքիւնի զաւակը` Եոհաննէս, որ ընտանեկան յիշատակներ որոնելու նպատակով Թաւրիզ կը գտնուէր եւ հանդիպում ունեցաւ Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հետ:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուած նիւթերուն առանցքը հանդիսացաւ Փաուըլ Լեւերքիւնի նպաստը Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման քաղաքականութեան դէմ, յատկապէս` անոր այնքան արժէքաւոր «Posten auf ewiger Wache» (տպ. 1938թ.) գերմաներէն հրատարակած գիրքին ճամբով:
Էրզրումի Գերմանիոյ հիւպատոսին` Շոյփնըր-Ռիխթերի դիւանագիտական աշխատակազմին մէջ գործած գերմանացի իրաւաբան Փաուըլ Լեւերքիւն (1893-1960), որ նաեւ Ա. Աշխարհամարտէն ետք, 1939 թուին Գերմանիոյ պատուոյ հիւպատոսը եղած է Թաւրիզի մէջ, յատուկ գիրք հրապարակած է` Գերմանիոյ յիշեալ հիւպատոսին կեանքին եւ գործունէութեան նուիրուած: Սոյն հատորին մէջ հեղինակը իր անձնական յիշողութիւնները գրի առած է իբրեւ ականատես վկայ այն բոլոր հանդիպումներուն` եւ իբրեւ պաշտօնական ատենադպիր: Ան ներկայ եղած է բոլոր անձնական հանդիպումներուն, որ Գերմանիոյ յիշեալ հիւպատոսը ունեցած է Էրզրումի վալիին, Կարնոյ հայոց թեմի առաջնորդին եւ այլ պաշտօնական անձերու հետ: Այս հանդիպումներուն ընթացքին շատ յստակ տեղեկութիւններ փոխանցուած են հայոց դէմ ծրագրուած ջարդերուն մասին: Գերմանիոյ հիւպատոսը վալիին եւ Պոլսոյ մէջ նստող Գերմանիոյ իր դեսպանին իր յղած հաղորդագրութիւններով յիշեցուցած է, թէ հայերը Վանի ապստամբութեան ընթացքին նախայարձակ չեն եղած, այլ միայն ինքնապաշտպանութեան դիմած են օսմանեան խորհրդարանի անդամ Վռամեանի եւ Իշխանի ձերբակալութեան լուրը առնելէ ետք:
Հայերուն վերաբերող այս գլուխի աւարտին Փաուըլ Լեւերքիւն յստակ թիւերով արձանագրած է, թէ «1,8 միլիոն հայերէն 400 հազարը միայն վերապրած կրնայ ըլլալ…»: Հարկ է շեշտել, թէ հեղինակը կը պատկանի գերմանացի այն դիւանագէտներու խումբին, որ դրական դերակատարութիւն ունեցած է` ջանալով կասեցնել յաւելեալ ջարդեր: Այս գիրքին միջոցով կ՛իմանանք, թէ Էրզրումի, Տրապիզոնի, Մուսուլի եւ Հալէպի գերմանացի դիւանագէտները իրենց կարելիութեան սահմաններուն մէջ դրական դեր ունեցած են:
Եոհաննէս Լեւերքիւն յիշեցուց, թէ ինք միշտ իր զօրակցութիւնը կը բերէ Հայ դատի պաշտպանութեան` ամէն առիթի բարձրաձայնելով հայ ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն անժամանցելի հարցը:
Սրբազան հայրը իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Եոհաննէս Լեւերքիւնին սոյն այցելութեան եւ Հայ դատի զօրակցութեան համար, Հայոց ցեղասպանութեան ականատես ու այդ մասին գրաւոր վկայող անոր հօր` Փաուըլ Լեւերքիւնի յիշատակը յարգելով:
Պոլիս
Հայոց Ինքնութեան, Մշակոյթին Եւ
Արուեստին Նուիրուած Ցուցահանդէս
Սեպտեմբեր 3-ին Պոլսոյ «Թիւթիւն տեփոսու» հաստատութեան մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում, որ կը մէկտեղէ աշխարհի զանազան անկիւններու մէջ ապրող ու ստեղծագործող 13 հայ արուեստագէտներու գործերը` քանդակներ, լուսանկարներ, գեղանկարներ, գծանկարչական եւ լուսանկարչական աշխատանքներ, վիտէօ ժապաւէններ եւ այլն:
Սոյն ձեռնարկը իրագործուեցաւ «Անատոլու քիւլթիւր» հիմնարկին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկին, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Պոլսոյ «Կէօթէ» հիմնարկին, Թարապիոյ մշակոյթի ակադեմիային եւ «Հէյնրիխ Սթիֆթունկ» միութեան Թուրքիոյ ներկայացուցչութեան նախաձեռնութեամբ:
Բացումէն քանի մը ժամ առաջ սարքուեցաւ մամլոյ ասուլիս մը, որուն ընթացքին տեղի ունեցաւ ծանօթացում արուեստագէտներուն եւ իրենց գործերուն, նաեւ լուսարձակի տակ առնուեցան հայոց ինքնութիւնը, մշակոյթն ու արուեստը` հին օրերէն մինչեւ այսօր:
Ելոյթներ ունեցան ցուցահանդէսի համադրող, Պուէնոս Այրեսէն Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան եւ «Անատոլու քիւլթիւր» հիմնարկի տնօրէն Օսման Քաւալա:
Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան, որ զուգահեռաբար կը մասնակցի նաեւ «Վենետիկի միջազգային պիէնալ»-ին մէջ հայկական տաղաւարը ներկայացնող «Արմէնիթի» (հայութիւն) նախագիծին, նշեց, որ այս ծրագիրը 10 տարիէ ի վեր շարունակական բնոյթով իրարու կը մօտեցնէ աշխարհի զանազան երկիրներու հայ արուեստագէտները:
Օսման Քաւալա իր ելոյթին մէջ գոհունակութիւն յայտնեց իր քաղաքին մէջ հիւրընկալելու հայ արուեստագէտները` նման բացառիկ ցուցահանդէսով մը: Ան նկատել տուաւ, որ այս ցուցահանդէսը կը ստիպէ, որ մտածենք անցեալին ու ապագային մասին:
Ցուցահանդէսի բացման մասնակցեցան մեծ թիւով թուրք եւ օտար արուեստասէրներ: Կազմակերպիչները հրատարակած էին նաեւ բարձրորակ ալպոմ-գիրք մը, ուր չորս լեզուներով` հայերէն-թրքերէն-անգլերէն-գերմաներէն, ներկայացուած էին մասնակիցներն ու անոնց աշխատանքները, նաեւ անոնց խօսքը` այս ձեռնարկին մասին:
Մասնակից արուեստագէտներն են` Աշոտ Աշոտ (Երեւան-Փարիզ), Մարիան Պետոյեան (Պուէնոս Այրես), Թալին Պիւյիւքքիւրքճեան (Պոլիս), Հերա Պիւյիւքթաշճեան (Պոլիս), Սիլվինա Տէր Մկրտիչեան (Պուէնոս Այրես-Պերլին), Լինտա Կանժեան (Նիւ Եորք), Արչի Կալենց (Մոսկուա-Պերլին), Կարինէ Մատղաշեան (Երեւան), Միքայէլ Օհանջանեան (Երեւան-Ֆլորանս), Անի Սեթեան (Պոլիս), Արման Թադէոսեան (Գիւմրի-Նանսի), Սքաութ Թիւֆենքճեան (Նիւ Եորք) եւ Մարի Զոլամեան (Պէյրութ-Լիեժ):
Միացեալ Նահանգներ
«Հայաբնակ Երուսաղէմը Այսօր» Նիւթով
Ներկայացում` Դոկտ. Մինաս Գոճայեանի Կողմէ
Օգոստոս 7-ին Թէքէեան մշակութային միութեան Ալթատինայի «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ «Հայաբնակ Երուսաղէմը այսօր» նիւթով դասախօսութիւն: Բանախօսն էր «Նոր Օր» շաբաթաթերթի նախկին խմբագիր, ուսուցիչ դոկտ. Մինաս Գոճայեան, որ շուրջ տարիէ մը ի վեր կը գտնուի Երուսաղէմ, պատրիարք սրբազան հօր հրաւէրով, դասաւանդելու համար արեւմտահայերէն` Սրբոց Յակոբեանց միաբանութեան ընծայարանէն ներս, ինչպէս նաեւ` Սրբոց Թարգմանչաց վարժարանի բարձրագոյն կարգերու աշակերտներուն: Գոճայեան նաեւ ստանձնած է հայոց պատրիարքարանի «Սիոն» պարբերականի խմբագիրի պատասխանատու պաշտօնը:
Մասնաճիւղի անունով Վաչէ Սեմերճեան իր բացման խօսքին մէջ ներկայացուց Գոճայեանը` որպէս վաստակաւոր դաստիարակ, մամուլի աշխատակից եւ վստահելի դասախօս:
Դոկտ. Մինաս Գոճայեան հետաքրքրական տուեալներով ներկայացուց սաղիմահայ հին գաղութն ու անոր սովորութիւնները, կեանքի հոլովոյթը, ապա լայնածաւալ տեղեկութիւններ տուաւ այսօրուան համայնքին մասին` շեշտը դնելով կրթական կեանքի, մամուլին եւ հասարակական գործունէութեան մանրամասնութիւններուն վրայ: Ան նաեւ սահիկներու ցուցադրութեամբ օրինակներ ներկայացուց սաղիմահայութեան կազմակերպած յաջող ցոյցէն եւ ներկայացուց Երուսաղէմի բնիկներու կարծիքները:
Դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի Դասախօսութիւնը`
Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան
Միջազգային Հակազդեցութեան
Կազմակերպութեամբ Թէքէեան մշակութային միութեան Լոս Անճելըսի մասնաճիւղին, 25 օգոստոսին, ԹՄՄ «Պէշկէօթիւրեան» կեդրոնի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի բազմամեայ տնօրէն, հմուտ պատմաբան դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանի հրապարակային դասախօսութիւնը` «Միջազգային հակազդեցութիւնը Հայոց ցեղասպանութեան ընթացքին եւ ետք» նիւթով:
Կազմակերպիչ վարչութեան անունով «Նոր Օր»-ի նախկին խմբագիր Վաչէ Սեմերճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, հրաւիրեց հիւր դասախօսին աշակերտը հանդիսացած եւ «Մասիս»-ի սիւնակագիր Յարութ Տէր Դաւիթեանը, որպէսզի ներկայացնէ դոկտ. Զաւէն Մսըրլեանը:
Տէր Դաւիթեան ներկայացուց ուսուցիչ, տնօրէն եւ պատմաբան Զաւէն Մսըրլեանը: Առաջին անգամը չէր, որ լոսանճելըսահայութիւնը կը վայելէր բազմաթիւ գիրքերու հեղինակ եւ 1967-էն ի վեր Պէյրութի Հայ աւետարանական քոլեճի տնօրէնին ներկայութիւնը:
Դոկտ. Մսըրլեան անգլերէնով եւ հայերէնով յաճախ անդրադարձած է այս թեմային: Ան նիւթը ներկայացուց գիտականօրէն, փաստերով, փաստաթուղթերով եւ ուսանելի դիտարկումներով: Բրիտանական աղբիւրներուն քաջածանօթ պատմաբանը կարդաց մէկէ աւելի փաստաթուղթերու տողերուն տակ «կորսուած» կարեւոր մասեր: Ան անդրադարձաւ Ռուսիոյ կեցուածքին, որ այդքան ալ նպաստաւոր չէր հայութեան: Ան նաեւ անդրադարձաւ կարեւոր իրողութեան մը, թէ այսօր ի՛նչ պիտի ըլլայ մեր դերը: Բանախօսը արթնութեան հրաւէր ուղղեց բոլորին, որպէսզի գիտական ճշգրիտ մօտեցումներով շարունակեն մեր դատը բարձրացնել միջազգային ատեաններու մէջ` հասնելու համար մեր իրաւունքներու առաւելագոյնին:
«Դիլիջան» Սենեկային Խումբի
11-րդ Համերգաշրջանին
Զօրակցելու Նպատակով Հանդիպում
10 տարի առաջ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան կողմէ հիմնադրուած «Դիլիջան» սենեկային երաժշտութեան համերգային շարքը նպատակ ունէր շարժելու ժամանակակից երաժշտութեան սահմանները: Համերգաշարը ստեղծեց սենեկային երաժշտութեան իր իւրայատուկ դրոշմը` միացնելով հինն ու նորը, արեւմտեանն ու արեւելեանը:
Սեպտեմբեր 6-ին դոկտ. Նազարէթ եւ Անի Տարագճեան ամոլը, ըստ աւանդութեան, իրենց բնակարանէն ներս հիւրընկալեցին «Դիլիջան»-ին աջակցող բարեկամներ, երաժիշտներ եւ «Լարք»-ի անձնակազմը:
Ելոյթներ ունեցան «Դիլիջան» համերգաշարի գեղարուեստական ղեկավար, ջութակահար Մովսէս Պօղոսեան, հոգաբարձութեան ատենապետ, բժիշկ Նազարէթ Տարագճեան եւ «Լարք» երաժշտական ընկերակցութեան վարիչ մարմնի ատենապետ Անդրանիկ Թորոսեան:
Ջութակահար Մովսէս Պօղոսեանը ընդհանուր գիծերու մէջ ներկայացուց յառաջիկայ տարուան ծրագիրը: Անդրանիկ Թորոսեան շեշտեց նիւթական աջակցութեան կարեւորութիւնը, յատկապէս` «Լարք»-ի համար, ուր կը կոփուի նորահաս սերունդի հայեցի դաստիարակութիւնը:
Երեկոյի ընթացքին կատարուած նուիրատուութիւններէն հանգանակուեցաւ 60 հազար ամերիկեան տոլար:
Համերգաշրջանի բացման առաջին համերգը տեղի պիտի ունենայ 11 հոկտեմբերին «Զիփեր հոլ» համերգասրահին մէջ: Համերգը նուիրուած է վաղամեռիկ Մկրտիչ Յովսէփ Ֆիտանեանի յիշատակին:
Ֆրանսա
Ալֆորվիլի Մէջ Հանդիսաւոր Բացում
Մեսրոպ Մաշտոցի Կիսանդրիին
Ալֆորվիլի «Փլաս տը լ՛Էօրոփ»-ի վրայ գտնուող եւ ամբողջովին վերաձեւաւորուած զբօսայգիին մէջ, ուր Ցեղասպանութեան 100-ամեակի նշումներու ծիրին մէջ մայիսին արդէն Կապոյտ խաչի կողմէ տնկուած էր ծառ մը Ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ կիներու յիշատակին, սեպտեմբեր 19-ի առաւօտեան ալ տեղի ունեցաւ Մեսրոպ Մաշտոցի կիսանդրիին պաշտօնական բացումը` հոծ բազմութեան ներկայութեամբ:
Արարողութեան կը մասնակցէր Ալֆորվիլի ծերակուտական-քաղաքապետ Լիւք Քարվունաս, պաշտօնական բազմաթիւ անձնաւորութիւններու, հայկական կազմակերպութիւններու պատասխանատուներու կողքին:
Նախ խօսք առաւ կիսանդրիին հեղինակը` արձանագործ Արիստակէս Նեւշեհիրլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ իրագործել այս ծրագիրը, եւ խօսքը աւարտեց` ըսելով, թէ երբեք պէտք չէ մոռնալ անցեալը, բայց նաեւ հարկ է նայիլ դէպի ապագայ:
Ապա խօսք առաւ Լիւք Քարվունաս, որ յիշելէ ետք, թէ իր գլխաւորած քաղաքը 100-ամեակին առթիւ 20 ձեռնարկ կազմակերպած է կամ առնուազն գործակցած` անոնցմէ ոմանց, շեշտեց Ցեղասպանութեան ողբերգութեան յիշատակը փոխանցելու կարեւորութիւնը, անդրադարձաւ Ալֆորվիլ քաղաքի 130-րդ տարեդարձին եւ այդ 130 տարիներուն մէջ հայկական կարեւոր ներկայութեան:
Վրաստան
Ցեղասպանութեան Ականատեսի
Գիրքի Շնորհահանդէս
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով, նախաձեռնութեամբ «Հայկական գիտահետազօտական կեդրոն Վրաստանի մէջ» ոչ պետական կազմակերպութեան, աջակցութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին, 9 սեպտեմբերին յիշեալ կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան ականատես երջանկայիշատակ Լեւոն Դիլպարեանի «Յուշեր անցեալէն» հայերէն-ռուսերէն գիրքին շնորհահանդէսը:
«Հայկական գիտահետազօտական կեդրոն Վրաստանի մէջ» կազմակերպութեան նախագահ Էմմա Ախտեան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ այն պատասխանատուութեան եւ պատրաստակամութեան, որուն պատճառով կեդրոնը կազմակերպեց գիրքի խմբագրութիւնը, թարգմանութիւնը եւ հրատարակութիւնը:
Գիրքի շնորհահանդէսին ներկայ էր հեղինակին թոռնուհին` Ռիմա Ռշտունի, որ լուսարձակի տակ առաւ այն դժուարութիւնները, որոնք դիմագրաւեց իր մեծ հօր ձեռագիրը մինչեւ գիրքի վերածելը: Ան իր երախտագիտութիւնը յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատար հանդիսացան գիրքի հրատարակման:
Ենոք Թադէոսեան արժեւորեց Դիլպարեան եւ Ռշտունի ընտանիքին կատարած նուիրական գործը, շեշտելով կարեւորութիւնը լաւ հայ ըլլալու կողքին նաեւ հայ երեխաներ դաստիարակելու հանգամանքին:
Ապա խօսք առին կարգ մը անձնաւորութիւններ:
Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան բարձր գնահատեց հեղինակի` որպէս ականատեսի հայոց ցաւի, կորսնցուցած հայրենիքի մասին գրութիւնը, ընդգծելով անոր պատմելու ոճի պարզութիւնը, Արեւմտեան Հայաստանի քաղաքներու եւ գիւղերու, կենցաղի վառ նկարագրութիւնը, տեղ տալով թուրքերու եւ հայերու, քիւրտերու եւ հայերու պարզ ու շիտակ մարդոց բարեկամութեան պատկերը:
Աւարտին ներկաներուն բաժնուեցան Լեւոն Դիլպարեանի «Յուշեր անցեալէն» գիրքը հայերէն եւ ռուսերէն տարբերակներով: