Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներ
Հայ Դատի Խորհրդաժողովն Ու
Տարեկան Ձեռնարկը
Ի Մի Բերաւ 2000 Հոգի
Նախորդ շաբաթավերջին մօտաւորապէս 2000 հայորդիներ իրնեց մասնակցութիւնը բերին Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին կազմակերպած Հայ դատի խորհրդաժողովին եւ տարեկան ձեռնարկին, որոնք տեղի ունեցան «Սենչըրի փլազա» պանդոկին մէջ:
Ուրբաթ երեկոյեան սկսած Հայ դատի երկօրեայ խորհրդաժողովը առիթ հանդիսացաւ օրէնքի մասնագէտներու, մտաւորականներու, արուեստագէտներու, քաղաքական անձնաւորութիւններու եւ գործիչներու, ինչպէս նաեւ վերլուծաբաններու` քննարկելու Հայ դատի տարբեր երեսները եւ ապագայ նախաձեռնութիւնները:
Կիրակի օր նոյն պանդոկի գլխաւոր սրահին մէջ կայացաւ Հայ դատի տարեկան ձեռնարկը, որուն մասնակցեցաւ 1500 հոգի: Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի տարեկան գործունէութեան ներկայացման կողքին, ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցան Ուոլթըր Քարապեան («Ժառանգութեան» մրցանակ), Ճեֆրի Ռապըրթսըն եւ Ամալ Քլունի («Արդարութեան ջատագով» մրցանակ), Էրիք Պօղոսեան («Արուեստներու» մրցանակ) եւ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ երիտասարդաց դաշնակցութիւնը («Վահան Քարտաշեան» մրցանակ):
Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի
Դոկտորական Համերգը «Եու.Էս.Սի.»-ի Մէջ
15 հոկտեմբերին Հարաւային Քալիֆորնիոյ համալսարանի «Ալֆրետ Նիւմըն» համերգասրահին մէջ տեղի ունեցաւ դաշնակահար Ծովիկ Մկրեան-Մարգարեանի դոկտորականի համերգը: 80 վայրկեան տեւած մենամարտ-մենահամերգին ընդհանուր խորագիրն էր «Ֆանդեզիներու ծաղկեպսակ մը»:
Համերգին ընթացին ան մեկնաբանեց Քորիկլիանոյի, Մոցարթի, Պախի, Պրամզի եւ Ռէյնըլտզի ստեղծագործութիւններէն կտորներ:
Արուեստագէտը յայտնեց, որ ամբողջ յայտագիրը կը ձօնէ իր մօր` Յասմիկ Մկրեանին (Պէյրութ), որ եղած է իր կեանքի մեծագոյն ուսուցիչը եւ իրեն նուիրած է երաժշտութեան վեհ նուէրը` իբրեւ կեանքի ծայրագոյն ընծայ ու գերագոյն շունչ:
Սարին Եւ Շանթ Արմէնեանները
Կը Նուաճեն Ուիթնի Լերան Գագաթը
Վերջերս Հայ մագլցողներու միութեան անդամներ Սարին (10 տարեկան) եւ Շանթ (13 տարեկան) Արմէնեաններ նուաճած են Միացեալ Նահանգներու բարձրագոյն լեռներէն մէկը հանդիսացող Ուիթնի լերան գագաթը (14,505 ոտք)` հանդիսանալով այս իրագործումին հասած ամէնէն երիտասարդ հայերը:
Սարին եւ Շանթ թոռներն են Յարութ եւ Սոնա Արմէնեաններու եւ զաւակներն են Սարօ եւ Քրիսթին Արմէնեաններու, որոնք եւս եղած են մագլցողներ:
Ռաճըր Քիւբէլեանի Գծանկարային Վիպաշարի
Երկրորդ Հատորին Ի Նպաստ
Դրամահաւաքը Յաջողութեամբ Պսակուեցաւ
Ռաճըր Քիւբէլեան հրատարակութեան պատրաստած Վարդանանց պատերազմին նուիրուած «Իսը աֆ Պիզանդիըմ» նախաձեռնութեան զուգահեռ լոյս տեսնող գծանկարային վիպաշարի երկրորդ հատորը` «Ուորիըր Սէյնթս» («Մարտնչող սուրբեր»):
Հատորին հրատարակութիւնը արագացնելու նպատակով, Քիւբէլեան «Քիքսթարթըր» կայքին միջոցաւ կազմակերպած է դրամահաւաք մը, որմէ գոյանալիք գումարը պիտի տրամադրուի 156 էջնոց հատորի հրատարակման:
Դրամահաւաքի այս արշաւին շնորհիւ կարելի եղած է ցարդ ապահովել մօտաւորապէս 16 հազար տոլարի խոստումներ:
Նոր Ջուղա
Սրբոց Թարգմանչաց Տօնի Առթիւ
Ս. Եւ Անմահ Պատարագ
Նախագահութեամբ Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանի, 10 հոկտեմբերին Ս. Ամենափրկչեան վանքի Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ Ս. պատարագ:
Եկեղեցական արարողութեան աւարտին «Խաչատուր վրդ. Կեսարացի»-ի անուան թանգարանի մուտքին գտնուող Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Խաչատուր վրդ. Կեսարացիի կիսանդրիներուն մօտ գործադրուեցաւ աշակերտական գեղարուեստական յայտագիր: Սպահանի հայոց թեմի Կրթական խորհուրդի գրասենեակի պատասխանատու Մատլէն Ղարիպեան շնորհաւորեց մշակոյթի եւ ուսուցչական տօները, ապա հերթաբար ելոյթ ունեցան հայոց ազգային դպրոցներու աշակերտութիւնը, որոնք ներկայացուցին արտասանութիւններ եւ երգեր:
Ապա յուշանուէրներով պարգեւատրուեցան դպրոցներուն եւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Ս. Ներսէս Շնորհալի» գրադարաններու ամէնէն ընթերցասէր աշակերտ-անդամները:
Աւարտին սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ անդրադարձաւ Թարգմանչաց տօնին` զայն համարելով ազգային-եկեղեցական, լեզուի, մշակոյթի եւ հոգեւոր վերածնունդի տօն: Ան շեշտեց, որ Մեսրոպ Մաշտոց սովորական մարդ մը չէր: Ան իր ազգի գոյատեւման ու ինքնութեան պահպանման մասին մտածելով ստեղծեց հայերէն տառերը: Սրբազանը նաեւ, յորդորեց աշակերտները անաղարտ պահելու եւ լաւ սորվելու հայ լեզուն ու մշակոյթը` կոչ ուղղելով, որ հպարտ զգան հայ ըլլալնուն եւ Մեսրոպ Մաշտոցի ժառանգորդները կոչուելնուն համար:
Աւարտին ծաղիկներ զետեղուեցաւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի բակին մէջ ամփոփուած «Քանանեան» դպրոցի հիմնադիր Վառվառէ Քանանեանի շիրմին առջեւ:
Յունաստան
Հայաստանի Պետական
Սենեկային Երգչախումբին Ելոյթը
11 հոկտեմբերին Թեսաղոնկէի Քալամարիա շրջանին մէջ Թագաւորին հին ամարանոցի պալատին մէջ (Քիվերնիու) տեղի ունեցաւ Հայաստանի Պետական սենեկային երգչախումբին ելոյթը:
Յայտագիրի ընթացքին ներկայացուեցան հայկական եւ այլ ազգերու երգեր:
Համերգի աւարտին Լիոնատիս Բաբատոբուլոսի կողմէ տեղի ունեցաւ պարգեւատրում երգչախումբի ղեկավարին` ի նշան համագործակցութեան Բարեգործական եղբայրութեան այր մարդոց միութեան հետ, որ յանձն առած էր երեկոյթին կազմակերպումը:
12 հոկտեմբերին Օրէօքասդրոյի մէջ տեղի ունեցաւ երգչախումբին երկրորդ ելոյթը: Կրկին ներկայացուեցան հայ եւ այլ ազգերու երգեր, ինչպէս նաեւ յունարէն երգ մը:
Փարիզ
Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին
Նուիրուած Երեկոյ
12 հոկտեմբերին, Փարիզի «Ֆոլի Պերժեր» սրահին մէջ, Շարլ Ազնաւուրի հովանաւորութեամբ, տեղի ունեցաւ յատուկ համերգ մը` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան եւ Ողջակիզումի զոհերու յիշատակին: Ձեռնարկը կը կրէր «Դո՛ւն իմ եղբայր» խորագիրը:
Ելոյթ ունեցան կարգ մը անձնաւորութիւններ, նաեւ պաստառի վրայ ցուցադրուեցաւ Շարլ Ազնաւուրի ուղերձը:
Յայտագիրին իրենց մասնակցութիւնը բերին յայտնի յօրինող, դաշնակահար Միշէլ Լըկրանը իր որդւոյն` Պենժամինի հետ, դաշնակահար, երգիչ Ժիլպեր Մոնթանի, երգիչ Էնրիքօ Մասիաս, երաժիշտ Անտրէ Մանուկեան, տուտուկահար Լեւոն Մինասեան եւ ուրիշներ:
Վենետիկ
Վենետիկի Համալսարանի Հայ Լեզուի Եւ
Մշակոյթի Ամառնային Խտացեալ
Դասընթացքին Երեսնամեակի Նշում
Վերջերս Վենետիկի Կա Ֆոսկարի համալսարանի «Աուլա Բարաթթօ» սրահին մէջ նշուեցաւ համալսարանի Հայոց լեզուի եւ մշակոյթի
ամառնային խտացեալ դասընթացքին երեսնամեակը:
Բացման խօսքէն վերջ ՀՕՄ-ի Թորոնթոյի ամէնօրեայ վարժարանի տնօրէն դոկտ. Արմէն Մարտիրոսեան կարդաց ամենայն հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ. վեհափառին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոս Արամ Ա. վեհափառին սրբատառ կոնդակները, ինչպէս նաեւ բազմաթիւ պետական եւ ակադեմական անձնաւորութիւններու ողջոյնի գիրերը:
Ողջոյնի գիրերու ընթերցումէն ետք, խօսք առաւ օրուան պատուոյ դասախօսը` «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկութեան Հայկական համայնքներուն բաժանմունքի տնօրէն դոկտ. Ռազմիկ Փանոսեանը, որ խօսեցաւ արեւմտահայ մշակոյթի եւ լեզուի ներկայ վիճակին մասին: Ան շեշտեց «Պո-Արաքս»-ի Ամառնային խտացեալ դասընթացքին անփոխարինելի դերը` յատկապէս հայ մշակոյթի եւ լեզուի ծանօթացման եւ սփռումին ի նպաստ Մեծ եղեռնէն վերապրած երկրորդ, երրորդ եւ այլեւս չորրորդ սերունդի հայորդիներուն եւ միաժամանակ ոչ-հայ համալսարանականներու եւ ուսումնասէրներու համար:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ռուսիա
Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին Գործոց Նախարարը
Մասնակցեցաւ Ռուսիոյ Հայերու Միութեան Համագումարին
11 հոկտեմբերին Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան Մոսկուայի մէջ իր մասնակցութիւնը բերաւ Ռուսիոյ հայերու միութիւն համառուսական հասարակական կազմակերպութեան 5-րդ համագումարին:
Համագումարի ընթացքին Կարէն Միրզոյեան կարդաց Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Բակօ Սահակեանի ողջոյնի ուղերձը, որուն մէջ մասնաւորապէս լուսարձակի տակ առնուած էր Ռուսիոյ հայերու միութեան ներդրումը Արցախի եւ Ռուսիոյ միջեւ բարեկամական կապերու ամրապնդման, ինչպէս նաեւ աջակցութիւնը` Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մէջ կարեւոր նախագիծերու իրականացման եւ Արցախի մասին անաչառ տեղեկատուութեան տարածման գծով ունեցած ներդրումը:
Նոյն օրը Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը Կրեմլի պետական պալատին մէջ մասնակցեցաւ 2014 թուականին Ռուսիոյ հայերու միութեան կողմէ հաստատուած «Համաձայնութիւնե միջազգային մրցանակի յանձնման հանդիսաւոր արարողութեան:
Հոլանտա
Հայաստանի Սփիւռքի Նախարարը Մասնակցեցաւ
Ամսթըրտամի «Սուրբ Հոգի» Եկեղեցւոյ
300-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկին
16-18 հոկտեմբերին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան աշխատանքային այցելութիւն տուաւ Հոլանտա` Ամսթըրտամի «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ 300-ամեայ յոբելեանին ծիրին մէջ:
Առաջին օրը նախարարը հանդիպում ունեցաւ հայաշատ Ալմերօ շրջանի քաղաքապետ Յոն Հերմանս-Ֆլատպելտի հետ: Նախարարը գոհունակութեամբ արտայայտուեցաւ հայ համայնքին նկատմամբ քաղաքապետարանին կողմէ ցուցաբերուող հոգատարութեան մասին: Իր հերթին քաղաքապետ Հերմանս-Ֆլատպելտ բարձր գնահատեց հայութեան մասնակցութիւնը Ալմելոյի հասարակական կեանքին: Հանդիպումի ընթացքին կողմերը միտքեր փոխանակեցին Ալմելոյի հայութիւնը յուզող հարցերուն շուրջ:
Այնուհետեւ, նախարար Յակոբեան ծաղկեպսակ զետեղեց Ալմելոյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու նուիրուած յուշակոթողին առջեւ եւ յիշատակի եղեւնիի ծառ տնկեց Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ բակին մէջ: Նոյն օրը Ալմելոյի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ սփիւռքի նախարարը հանդիպում ունեցաւ Ալմելոյի հայ համայնքին հետ, նախարարութեան մետալներով եւ պատուոյ գիրերով պարգեւատրեց հայ համայնքի ներկայացուցիչները եւ առանձին զրոյց ունեցաւ Ալմելոյի համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներուն հետ:
17 հոկտեմբերին Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ հոլանտահայ համայնքային կազմակերպութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը նախարարին հետ: Հանդիպումի ընթացքին նախարարը «Մայրենիի դեսպան» մետալով պարգեւատրեց «Կրթական հարթակի» հիմնադիրներ եւ ուսուցչական մեծ աւանդ ունեցող Մարտուն Էլբակեանի եւ Սվետա Աբրահամեանի, նաեւ շնորհակալագիրերով յատկանշեց համայնքային կեանքին մէջ գործօն դերակատարութիւն ունեցող կազմակերպութիւնները: Նախարարը ներկայացուց Սփիւռքի նախարարութեան` հայապահպանութեան ուղղուած ծրագիրները, անդրադարձաւ Հայաստան-սփիւռք գործակցութեան հարցերուն եւ պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:
Նոյն օրը Ամսթըրտամի մէջ տեղի ունեցաւ Հայ առաքելական «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ 300-ամեակին նուիրուած ձեռնարկը: Նախարար Յակոբեան կարդաց Հայաստանի նախագահին ուղերձը եւ հանդէս եկաւ ողջոյնի խօսքով: Տարօն եպս. Ճէրէճեան ներկայացուց Ամենայն Հայոց կաթողիկոս Գարեգին Բ.-ի շնորհաւորական նամակը, Ռէնէ Պէկիւս եւ Օքսֆորտի համալսարանի փրոֆ. Թէօ Ֆան Լինտ ներկայացուցին «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ հիմնադրման եւ Ամսթըրտամի հայկական համայնքի ստեղծման ու զարգացման պատմութիւնները:
18 հոկտեմբերին Սփիւռքի նախարարը այցելեց Ամսթըրտամի Գրիգոր Նարեկացիի անուան կիրակնօրեայ դպրոց, որմէ ետք «Սուրբ Հոգի» եկեղեցւոյ սրահին մէջ հանդիպում ունեցաւ հոլանտահայ երիտասարդական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: