Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Պոլիս
«Փարոս» Ամսագիրի Չորրորդ Տարեդարձը
Նշուեցաւ Սարգիս Մուրատեանի
Նկարչական Ցուցահանդէսով
«Փարոս» ամսաթերթի հիմնադրութեան 4-րդ տարեդարձին առիթով, 7 հոկտեմբերին Պոլսոյ մէջ Յունաստանի աւագ հիւպատոսարանի «Սիսմանոկլիօ Մեկարօ» շէնքին մէջ տեղի ունեցաւ հայաստանցի նշանաւոր նկարիչ Սարգիս Մուրատեանի գործերուն ցուցահանդէսը: 1927-ին ծնած եւ 2007-ին մահացած նկարիչը անմահացած է Կոմիտաս վարդապետին նկարով, որ կը գտնուի Ազգային թանգարանին մէջ, եւ որուն մէջ պատկերուած է մեծ երգահան վարդապետը` 1915 ապրիլի իրիկուն մը, ճիշդ այն պահուն, երբ ոստիկանները դուռը զարկած են զայն տանելու:
Այս առիթով խօսք առաւ «Փարոս»-ի խմբագրապետ Մայտա Սարիս, որ ուրախութեամբ նշեց, թէ «Փարոս»-ը չորս տարիէ ի վեր իր երդիքին տակ կը համախմբէ երիտասարդ սերունդը: Ան դիտել տուաւ, որ բացի լրատուութենէ, իրենք կը փորձեն արուեստի ու մշակոյթի միջոցով գեղարուեստական ճաշակ փոխանցել ընթերցողներուն: Մայտա Սարիս ըսաւ, որ այս առիթով կազմակերպուած ցուցահանդէսին գոհարը կը հանդիսանայ Սարգիս Մուրատեանի «Կոմիտասի վերջին գիշերը» հոյակապ նկարը:
Ապա խօսք առաւ Սարգիս Մուրատեանի դուստրը` Զարուհի Մուրատեան, որ դիտել տուաւ, թէ ցուցահանդէսը կայացած է «Փարոս»-ի եւ Երեւանի «Սարգիս Մուրատեան» պատկերասրահի միացեալ ճիգերով: Ան նշեց, որ Կոմիտասի այս պատկերը սրտամօտ պիտի ըլլայ պոլսահայութեան համար, որ այդքան կը սիրէ Կոմիտասի ստեղծագործութիւնները:
Ապա ներկաները դիտեցին ցուցադրուած գործերը:
Նոր Ջուղա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած` Գրական-Երաժշտական Երեկոյ
Հոկտեմբեր 30-ին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ, տեղի ունեցաւ գրական երաժշտական երեկոյ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին:
Դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ընդգծեց, որ 2015 թուականը բոլորիս համար ծանր, բարդ եւ շատ պատասխանատու տարի է, աւելցնելով, որ հայ ազգը համախմբուած է Հայոց ցեղասպանութեան յիշատակը լաւագոյնս ոգեկոչելու համար:
Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր` մասնակցութեամբ «Փարոս» ասմունքի խումբին, ղեկավարութեամբ դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեանի եւ Ս. Ամենափրկիչ վանքի «Տաթեւ» երգչախումբին, ղեկավարութեամբ խմբավար-դաշնակահար Համիկ Ալեքսանդրեանի:
«Փարոս» ասմունքի խումբի անդամներն էին` Վանիա Պետրոսեան, Նարեգա Սիմոնեան, Վանայ Զոհրաբեան, Վեհանուշ Խուդաբախշեան, Մեղրի Կարապետեան եւ Վանէ Շահնազարեան:
Աւարտին գնահատագրեր յանձնուեցան` Համիկ Ալեքսանդրեանին, դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեանին, ձեռնարկի տպագրական աշխատանքներու գծագրող եւ ձեւաւորող Արփինէ Յովսէփեանին եւ «Փարոս» ասմունքի խումբի անդամուհիներուն:
Եզրափակիչ խօսքը արտասանեց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան: Ան գնահատեց կազմակերպուած գրական-երաժշտական երեկոն, ինչպէս նաեւ գնահատանքի խօսք ուղղեց բոլոր անոնց, որոնք զարկ տալով դաստիարակչական աշխատանքներուն` նոր սերունդին մէջ սէր կ՛արթնցնեն հայկական արժէքներու նկատմամբ: Անդրադառնալով ձեռնարկին Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած ըլլալուն` սրբազանը շեշտեց, որ սոյն ձեռնարկը ապացոյց մըն է, որ մենք կը գոյատեւենք որպէս ազգ, եւ մեր մշակոյթը կը շարունակէ ծաղկիլ իր արուեստի հանճարներուն շնորհիւ:
Հոգեւոր Լսարան
Նախաձեռնութեամբ Նոր Ջուղայի հայոց ազգային «Քանանեան» միջնակարգ աղջկանց դպրոցի տնօրէնութեան, ընտանիք-դպրոց փոխյարաբերութեան զարգացման շրջագծին մէջ, 28 հոկտեմբերին հայոց ազգ. կրթահամալիրի «Ալենուշ Տէրեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ 2015-2016 ուսումնական տարեշրջանի առաջին ծնողական հոգեւոր լսարանը, «Աստուածաշունչի կարեւորութիւնը եւ դերը հայ ընտանիքներու մէջ» թեմայով: Օրուան բանախօսն էր Սպահանի հայոց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեան:
Դպրոցի փոխտեսչուհի Ռիմա Սիմոնեան բարի գալուստի իր խօսքին մէջ շնորհակալական խօսք ուղղեց թեմի առաջնորդ Բաբգէն արք. Չարեանին` դպրոցի հրաւէրին ընդառաջելուն համար: Ան ընդգծեց, որ ազգային վարժարանները, ազգային դաստիարակութեան կողքին, մեծ կարեւորութիւն կու տան յատկապէս կրօնական եւ հոգեւոր դաստիարակութեան:
Վարժարանի տեսչուհի Սալարիֆար իր կարգին ողջունելէ ետք ներկաները հրաւիրեց սրբազան հայրը` բանախօսելու վերոյիշեալ թեմային շուրջ:
Սրբազանը իր խօսքը սկսաւ օրինակներով եւ առակներով, շեշտելով, որ միայն Աստուածաշունչ ունենալը բաւարար չէ, այլ հարկ է ճանչնալ ու ապրիլ Սուրբ Գիրքը: Ան անհրաժեշտութիւն համարեց Աստուածաշունչի ուղղափառ, ճշգրիտ եւ ամբողջական ճանաչումը: Անդրադառնալով Աստուածաշունչի դերակատարութեան հայ ընտանիքներու կեանքին մէջ` սրբազանը շեշտեց, որ այդ դերը յատկապէս աւելի գունագեղ դարձաւ «Ոսկեդար»-ուն, Աստուածաշունչի թարգմանութենէն ետք, որովհետեւ այդ սքանչելի թարգմանութեան շնորհիւ Աստուծոյ խօսքը աւելի ըմբռնելի եւ հասկանալի դարձաւ հայ ժողովուրդին համար: Եզրափակելով իր խօսքը` ան յորդորեց ներկաները Աստուածաշունչը դարձնելու իրենց կեանքի ուղեցոյցը եւ Աստուածաշունչով հարստանալու, լուսաւորելու իրենց կեանքն ու բիւրեղացնելու քրիստոնէական առաքինութիւնները:
Ժընեւ
Միջեկեղեցական Աղօթք
Հայոց Ցեղասպանութեան Յիշատակին
«Ամենասուրբ երրորդութիւն տուր աշխարհիս խաղաղութիւն»: Հայ առաքելական եկեղեցւոյ Ս. պատարագի աւարտին արտասանուած այս աղօթքը, որ կը բխի իւրաքանչիւր հաւատացեալ հայորդիի սրտի խորքէն, 15 նոյեմբերին կիրակնօրեայ ժամերգութեան առընթեր հնչեց Ժընեւի Աւետարանական Ս. Պօղոս մայր տաճարի կամարներուն տակ, շուրջ հինգ հարիւր հաւատացեալներու ներկայութեան:
Եկեղեցիներու Համաշխարհային խորհուրդի գործադիր վարչութիւնը իր այս նստաշրջանին միջեկեղեցական աղօթքը նուիրած էր Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին:
Եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ վեր. Էմմանուէլ Ֆաքս բարի գալուստի իր բացման խօսքին մէջ, ապա քարոզին ընթացքին անդրադարձաւ հայ ժողովուրդի մեծ ողբերգութեան եւ երկու օրեր առաջ պատահած Փարիզի ահաբեկչական դէպքերու:
Աւետարանական ընթերցումներու եւ շարականներու երգեցողութեան հետ, հերթաբար գլխաւոր խօսք առնողներն էին գործադիր վարչութեան քարտուղար` վեր. դոկտ. Օլաֆ Ֆիքս Թվէյթ, Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Վիգէն արք. Այգազեան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսի ներկայացուցիչ` Նարեկ արք. Ալեմէզեան, որոնք Սուրբ նահատակներու բարեխօսութիւնը հայցեցին:
Ժընեւի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ երգչախումբը այս առիթով մեկնաբանեց տասներրորդ դարու շարականագիր Խաչատուր վարդապետի` «Խորհուրդ խորին»-ը ու «Տէր ողորմեա»-ն, հաւատացեալներուն հրամցնելով մեր աննման կոմիտասեան երաժշտութիւնը:
Միացեալ Նահանգներ
Սերգէյ Սմբատեանի Համերգը
Հովանաւորութեամբ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ անոր 70-ամեայ յոբելեանին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, 27 հոկտեմբերին Նիւ Եորքի «Քառնեկի հոլ»-ին մէջ ելոյթ ունեցաւ Հայաստանի պետական երիտասարդական նուագախումբի գեղարուեստական ղեկավար եւ գլխաւոր խմբավար Սերգէյ Սմբատեան` ղեկավարելով Քորէայի սենեկային նուագախումբը:
Երեկոյին իրենց մասնակցութիւնը բերին` երգչուհի Քարլի Պաոլին (մեցցօ-սոփրանօ), Սոյունկ Իւն (ջութակ) եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի խաղաղութեան արուեստագէտներ Ինօ Միրկովիչ (ջութակ), Միլթոն Մասքիատրի (քոնթրապաս), երաժշտական տնօրէն` Մին Քիմ: Յայտագրի ընթացքին հնչեցին Պիացոլայի «Տարուան ժամանակները», Մենտելսոնի 10-րդ սիմֆոնին, Շուպերթի, Պոթթեզինիի, Կերշուինի, Էլկարի եւ այլ յօրինողներու ստեղծագործութիւնները:
Նուագախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ 31 հոկտեմբերին, Պոսթընի` Նոր Անգլիայի երաժշտանոցի «Ճորտըն հոլ»-ին մէջ:
Արա Օշականի Լուսանկարներու
Ցուցադրութիւնը
Հոկտեմբեր 8-ին, «Պրենտ» գրադարանի համերգներու սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արա Օշականի լուսանկարներու ցուցադրութիւն` «Ինքնութիւն, համայնք եւ յիշողութիւն» խորագիրին տակ: Ցուցահանդէսի ընթացքին Օշական խօսք առնելով` անդրադարձաւ իր իրագործած եւ իրականացնելիք ծրագիրներուն մասին:
Հոգեւորականներու Միացեալ Համագումար`
Թարգմանչաց Տօնին Առիթով
Նախագահութեամբ Արեւելեան թեմի առաջնորդ Օշական արք. Չոլոյեանի, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի եւ Քանատայի թեմի առաջնորդ Մեղրիկ եպս. Բարիքեանի, 5-8 հոկտեմբերին, հիւրընկալութեամբ Նիւ Ճըրզիի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ հովիւին եւ հոգաբարձութեան, տեղի ունեցաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան եւ Արեւմտեան թեմերու եւ Քանատայի թեմի Հոգեւորականաց միացեալ համագումարը, որուն նշանաբանն էր` «Վերանորոգեալ յանձնառութիւն` նահատակներու կտակով» նկատի ունենալով, որ 2015 տարին 100-ամեակն է Հայոց ցեղասպանութեան եւ ապրիլեան նահատակները սրբադասուեցան 23 ապրիլ 2015-ին:
Համագումարին բացումը կատարուեցաւ երեկոյեան աղօթքով, որմէ ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան աղօթք: Ապա կարդացուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին պատգամը` ուղղուած համագումարին, որ հոգեւորականներու ուխտին վերանորոգութեան, ներշնչումին եւ խոկումին աղբիւրը դարձաւ:
Սրբազան հայրերը ողջունելէ ետք ներկայ հոգեւորականները, տեղի ունեցաւ դիւանի ընտրութիւն, որմէ ետք առաջնորդ սրբազանները զեկուցեցին Մեծ եղեռնի 100-ամեակին եւ նահատակներու սրբադասման եւ վեհափառ հայրապետին, ներկայ տարուան մայիս ամսուան Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմ այցելութեան մասին:
Համագումարի ընթացքին կատարուեցան գիշերային, առաւօտեան, արեւագալի, երեկոյեան, խաղաղական եւ հանգստեան ժամերգութիւններ ու մատուցուեցան հոգեւոր խորհրդածութիւններ:
Ժողովական նիստերուն դասախօսեցին Միւռոն ծ. վրդ. Ազնիկեան` «1915-ի Ցեղասպանութեան հոգեւորական նահատակները» նիւթով, Ներսէս Ա. քհնյ. Մանուկեան` «Հայոց հայրապետական աթոռի տեղափոխութիւններու պատմութիւնը» նիւթով, Գառնիկ Ա. քհնյ. Գոյունեան` «Հայրապետական աթոռին փոխադրութիւնը Սիսէն Անթիլիաս» նիւթով, Զարեհ վրդ. Սարգիսեան` «Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքը` 85 տարեկան» նիւթով:
Ապա ներկայ հոգեւորականները միտքեր փոխանակեցին հովուական, դաստիարակչական եւ ծիսական հարցերու շուրջ:
Ցուցադրուեցաւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Պիքֆայայի Ս. Աստուածածին վանքի բակին մէջ 25 յունիսին կատարուած միւռոնօրհնէքի տեսերիզը:
Հոկտեմբեր 7-ի երեկոյեան Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան մատուցեց Ս. պատարագ: Ան իր քարոզին մէջ վեր առաւ Թարգմանչաց սուրբերուն կատարած հրաշագործ ծառայութիւնը Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ մշակոյթին եւ շեշտեց անոնց կտակին այժմէականութիւնը:
Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ ընթրիք, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Համազգայինի «Նայիրի» պարախումբը եւ «Արեգակ» երգչախումբը:
Համագումարը աւարտեցաւ Նիւ Եորքի Ս. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ մէջ երեկոյեան ժամերգութեամբ եւ առաջնորդարանի սիրոյ ճաշով:
Պայրագտարեան-Գրաճեան Զոյգին Ելոյթը
Հոկտեմբեր 22-ին Նորթրիճի համալսարանի սրահին մէջ ելոյթ ունեցան Իզապէլ Պայրագտարեան եւ Սէրուժ Գրաճեան: Ելոյթին իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ «Քամերաթա փասիֆիքա» քառեակը, որ բաղկացած է 4 արուեստագէտներէ, ջութակահարներ` Վարդի Մանուէլեան, Էրիք Արվինտըր, Ճոնաթըն Մորշել եւ թաւջութակահար Անի Ազնաւուրեան:
Յայտագիրը կ՛ընդգրկէր հայութեան կրօնական, աշուղական, դասական ու ժողովրդական երաժշտական կտորներու եւ երգերու փունջ մը:
Նշենք, որ Իզապէլ-Սէրուժ զոյգը աւելի քան 15 տարիէ անհատաբար եւ միասնաբար ելոյթներ ունեցած են աշխարհի տարբեր բեմերու վրայ` նուաճելով մրցանակներ, սկսելով Քանատայէն, անցնելով Միացեալ Նահանգներու տարբեր շրջաններէ, եւրոպական ոստաններէ ու հասնելով Հայաստան: Անոնց երգացանկերը հաւասարապէս հարուստ են հայկական ու միջազգային ստեղծագործութիւններով:
Փարիզ
Ժխտողականութեան Դէմ Պայքարի
Ազգային 5-րդ Գիտաժողովը
Հովանաւորութեամբ արդարադատութեան նախարար Քրիսթին Թոպիրայի, կազմակերպութեամբ հանրածանօթ քաղաքագէտ Ֆրետերիք Անսելի, 29 հոկտեմբերին Փարիզի քաղաքապետարանին մէջ տեղի ունեցաւ ժխտողականութեան դէմ պայքարի ազգային 5-րդ գիտաժողովը` որպէս թեմա ունենալով «100 տարի ետք ժխտել Ցեղասպանութիւնը»: Զրուցավարն էր «Այբ.Էֆ.Էմ.» հայկական ձայնասփիւռի հաղորդավար Վարդան Գաբրիէլեան: Ներկայ էին շուրջ 100 մասնակիցներ, մեծամասնութեամբ` Փարիզի գործարարութեան վարժարանի ուսանողներ:
Գիտաժողովի ընթացքին ելոյթ ունեցան պատմաբաններ` Վենսեն Տիւքլեր, Իվ Թոռնոն, Քլեր Մուրատեան, լրագրող Կայծ Մինասեան եւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Մուրատ Փափազեան: Վերջինս արտայայտեց հայ համայնքին մտահոգութիւնը` ի տես Փերինչեքի մասին ՄԻԵԱ-ի վճիռին, նշելով, որ մթնոլորտը ապառողջ է. ազատութիւնը պէտք չէ շահագործել` արդարացնելու համար ժխտողականութիւնը:
Ապա տեղի ունեցաւ կլոր-սեղան, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան` Պեռնար Պրունեթօ, Արմէն Գույումճեան եւ Րաֆֆի Ֆիլիփ Գալֆայեան, որ հարցադրումի ենթարկելով ժխտողականութեան պատժելիութիւնը` հարց բարձրացուց, թէ արդեօք իսկապէս ճի՞շդ լուծում մըն է ատիկա, եւ թէ այդ ուղղութեամբ տարուած քաղաքականութիւնը նպատակայարմա՞ր է:
Գիտաժողովը վերջ գտաւ Ֆրանսահայ կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համանախագահ Արա Թորանեանի, Կայծ Մինասեանի եւ թուրք քաղաքագէտ Ալի Քազանճըկիլի զեկուցումներով, զորս անոնք ներկայացուցին Ֆրետերիք Անսելի նախագահած վերջին կլոր-սեղանին ընթացքին:
Լոնտոն
Հայկական Մշակոյթի Եւ
Գինիի Ներկայացում
Համագործակցութեամբ Հայաստանի զարգացման հիմնադրամին, 1 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ այս տարուան «Պրիթիշ կիլտ աֆ թրեւըլ ռայթըրզ» մրցանակաբաշխութիւնը:
Ձեռնարկի ընթացքին տեղի ունեցաւ նաեւ հայկական մշակոյթի եւ խոհանոցի ներկայացում, որուն ընթացքին յատուկ տեղ տրուած էր հայկական գինիին:
Հայաստանի զարգացման հիմնադրամի գործադիր տնօրէն Արման Խաչատուրեան իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ երեկոյի ընթացքին պիտի ներկայացուի հայկական խոհանոցը եւ Հայաստանը: Տեղեկութիւններ պիտի փոխանցուի Հայաստանի պատմութեան, մեր կեանքի եւ մշակոյթի, ստեղծարարութեան եւ ստեղծելու երեւակայութեան պատմութեան, մարտահրաւէրները յաղթահարելու նորարարական լուծումներու, կրթութեան պատմութեան մասին:
Երեկոյի ընթացքին 8 մեծ պաստառներու վրայ ներկայացուեցան հայկական նկարչութեան գլուխ գործոցները, նաեւ` հայկական զարդեղէններ ու բնապատկերներ: Ցուցադրուեցաւ նաեւ Հայաստանի մասին տեսանիւթ մը:
Սպանիա
Մշակութային Ձեռնարկ
Նոյեմբեր 6-ին Մատրիտի Բարոյագիտութեան բարձրագոյն հիմնարկին մէջ տեղի ունեցաւ «Քրիստոնէական Արեւելք. Հայաստան» մշակութային երեկոյ, որուն ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի պատմութեան եւ քրիստոնէական մշակոյթին: Լուսարձակի տակ առնուեցան` Հայոց ցեղասպանութիւնը, անոր դրդապատճառները եւ հետեւանքները:
Գեղարուեստական բաժինով ցուցադրուեցաւ տեսերիզ մը, իսկ հայկական հոգեւոր երաժշտութեամբ ելոյթ ունեցաւ Մատրիտի «Զարթօնք» եկեղեցական երգչախումբը: