Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Ամառնային Ճամբար
Դէպի Քեսապ
Ս. Աստուածածնայ Վերափոխման տօնի նախօրեակին ՍՕԽ-ի Ազգային պատսպարանէն 24 սաներ (մնայուն եւ այցելու) Քեսապ մեկնեցան` վերանորոգելու իրենց ուխտը Էսկիւրենի Ս. Աստուածածին մատուռին եւ Գարատուրանի Ս. Աստուածածին եկեղեցիին մէջ: Անոնք ներկայ գտնուեցան Քեսապի աւանդական Աստուածածնայ տօնին նուիրուած արարողութիւններուն:
Պատսպարանի սաներուն ճամբարը իրականութիւն դարձաւ` հովանաւորութեամբ Բերիոյ հայոց թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեանի, աջակցութեամբ Դամասկոսէն Արմաշ եպս. Նալպանտեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ պատսպարանի յանձնախումբին:
Ձեռնարկին նպատակն էր հաւաքական ուրախ պահեր պարգեւել կեանքի կարգ մը բարիքներէն զրկուած այն երեխաներուն, որոնք յանձնուած են պատսպարանի խնամքին: Ճամբարը կը ձգտէր իւրաքանչիւր երեխայի մէջ զարգացնել անհատական պատասխանատուութեան գիտակցութիւնը` շրջապատի եւ հաւաքական կեանքի կարիքներուն նկատմամբ:
Քուէյթ
Գնահատանք` Համահայկական Խաղերու
Հովանաւորին Եւ Մասնակից Մարզիկներուն
Ուրբաթ, 11 սեպտեմբեր 2015-ին, հովանաւորութեամբ Քուէյթի եւ շրջակայից թեմի առաջնորդ Մասիս ծ. վրդ. Զօպուեանի, Քուէյթի մէջ Հայաստանի դեսպան Ֆատէյ Չարչօղլեանի, գաղութի հոգեւոր հովիւ Արտակ քհնյ. Քեհեաեանին եւ զանազան ազգային մարմիններու ներկայացուցիչներուն, եկեղեցւոյ «Արարատ» սրահին մէջ հանդիպում մը տեղի ունեցաւ համահայկական 6-րդ մարզախաղերուն մասնակցած մարզիկներուն հետ: Հայր սուրբը գնահատեց քուէյթահայ մարզիկներուն առաջին անգամ ըլլալով մասնակցութիւն բերելը համահայկական խաղերուն, միաժամանակ դրուատեց համահայկական խաղերու Քուէյթի պատասխանատու մարմինին աշխատանքը: Հայր սուրբը յատուկ կերպով գնահատեց քուէյթահայ մարզիկներու հովանաւոր Երեսփոխանական ժողովի անդամ Ֆիլիփ Փաթաթանեանի ազնիւ բարերարութիւնը:
Այս առթիւ դեսպանը ներկաներուն փոխանցեց իր ուրախութիւնը եւ հպարտութիւնը` քուէյթահայ մարզիկներուն մասնակցութեան կապակցութեամբ, քաջալերելով նաեւ յառաջիկայ համահայկական խաղերուն անոնց մասնակցութիւնը: Երեսփոխանական ժողովի ատենապետ Յարութ Պետիրեանն ու քահանայ հայրը եւս իրենց սրտի խօսքերը փոխանցեցին: Աւարտին կատարուեցաւ վկայագիրներու բաշխում` բոլոր մասնակից մարզիկներուն եւ կարկանդակի հատում:
Նոր Ջուղա
Լիբանանի Կուսակցութիւններու
Ներկայացուցիչները`
Ս. Ամենափրկչեան Վանքին Մէջ
Սեպտեմբեր 2-ին, Նոր Ջուղայի Ս. Ամենափրկչեան վանք այցելեցին Լիբանանի ՀՅԴ, Հզպալլա Ժողովրդական շարժում, ազգային, աշխատաւորական, դեմոկրատ եւ իսլամ ու քրիստոնեայ այլ կուսակցութիւններու ղեկավարներէ եւ ներկայացուցիչներէ բաղկացած պատուիրակութիւն մը, որ Իրան կը գտնուէր պետական հրաւէրով, որուն նպատակն էր երկկողմ համագործակցութեան զարգացման, յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ տարածաշրջանին մէջ տիրող պատերազմական ծանր կացութենէն դուրս գալու ելքերու մասին խորհրդակցութիւն ունենալ պետական բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ:
Ս. Ամենափրկչեան վանքին մէջ պատուիրակութիւնը դիմաւորեցին Վազգէն քհնյ. Քէօշկերեանը, Սպահանի հայոց թեմի Պատգամաւորական ժողովի դիւանի, Թեմական եւ Կրօնական խորհուրդներու ատենապետերն ու անդամները եւ Հայ դատի Նոր Ջուղայի յանձնախումբի ներկայացուցիչները:
Պատուիրակութիւնը նախ այցելեց Ս. Յովսէփ Արեմաթացի եկեղեցի եւ Խաչատուր Կեսարացի անուան թանգարան, ապա Ծաղկեայ դահլիճին մէջ հանդիպում ունեցաւ Շահինշահրի հայ համայնքի հոգեւոր տեսուչ Անանիա վրդ. Գուճանեանի եւ ազգային իշխանութեան պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպման ընթացքին Վազգէն քհնյ. Քէօշկերեան եւ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան բարձր գնահատեցին տարածաշրջանի եւ յատկապէս Լիբանանի մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ուղղութեամբ անոնց տարած աշխատանքը: Վրէժ Տէր Մարտիրոսեան վստահեցուց, որ Իրանը եւ հայ ժողովուրդը միշտ կողմ եւ պաշտպան են խաղաղութեան եւ համերաշխութեան, եւ այդ պատճառով Իրանի կամ Լիբանանի մէջ հայութիւնը իր պատրաստակամութիւնը կը ցուցաբերէ գործակցելու Լիբանանի խաղաղասէր կուսակցութիւններու միութեան հետ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց պատուիրակութեան անդամներուն` Հայ դատի հարցով անոնց զօրակցութեան համար:
Պատուիրակութեան անդամները բացատրութիւն տուին իրենց գործունէութեան եւ Իրան այցելելու նպատակի մասին` միաժամանակ իրենց զօրակցութիւնը յայտնելով համայն հայութեան` որպէս խաղաղասէր ժողովուրդի:
Աւարտին Անանիա վրդ. Գուճանեան խօսք առնելով` յաջողութիւն մաղթեց անոնց գործունէութեան եւ ապագայ ծրագիրներուն:
Հանդիպումէն ետք պատուիրակութեան անդամները ապրիլեան Եղեռնի յուշարձանի առջեւ ծաղիկներ զետեղեցին եւ աղօթեցին նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Երիտասարդ Ճարտարագէտ Ռուբէն Մինասեանի
Եզակի Գիւտը` Արդիւնաբերութեան Ծիրին Մէջ
Վերջերս ճարտարագէտ-գիւտարար Ռուբէն Մինասեան արդիւնաբերութեան ծիրէն ներս իր հնարած բացառիկ գիւտով արժանացաւ մասնագէտներու եւ գիտնականներու ուշադրութեան ու գնահատանքին: Ան երկար հետազօտական աշխատանքներէ ետք յաջողեցաւ ստեղծել իր տեսակին մէջ եզակի գործիք մը, որուն միջոցով կարելի է ամենակարճ ժամանակին եւ շատ քիչ վճարումով ստուգել ու անջատել ինքնաշարժի շարժիչի պտոյտի, արագաչափի եւ թթուածնի ելեկտրոնային շրջաններուն մէջ յառաջացած թերութիւնները:
Սոյն գործիքը ներկայացուեցաւ հնարամիտներու ազգային հիմնարկի ամէնամեայ գիւտերու փառատօնին, ուր արժանացաւ դատական կազմի յատուկ գնահատագրին: Նաեւ որպէս գիւտ հաստատուեցաւ երկրի տիրոյթներու եւ փաստաթուղթերու գրանցման կազմակերպութեան կողմէ` նոյն թուականին եւ ստացաւ համապատասխան հաստատագիր` 82644 գրանցման համարի տակ: Գործիքի ստեղծման աշխատանքին մէջ Ռուբէն Մինասեանի հետ համագործակցած էր իր կրտսեր եղբայրը` Արմօ Մինասեանը, որ նոյնպէս ելեկտրաճարտարագէտ է:
Սպահանի Թեթեւ փոխադրամիջոցներու արհեստական ծառայութիւններու արհմիութեան մասնագէտներու գրաւոր գնահատմամբ, Ռուբէն Մինասեանի գիւտը նկատուեցաւ որպէս նորարարութիւն եւ եզակի նմուշ, որուն միջոցով կարելի է խնայել ինքնաշարժի սեփականատիրոջ ժամանակն ու գումարը:
Ատրպատական
«Արարատ»-ի Թաւրիզի Մասնաճիւղի
Մարզիկները Մեկնեցան Թեհրան
ՀՄԱԿ-ի Թաւրիզի մասնաճիւղի մարզիկները 8 սեպտեմբերին հանդիպում ունեցան Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի հետ, Իրանահայ 47-րդ համահայկական խաղերուն մասնակցելու նախօրեակին:
Մասնաճիւղի նախագահ Հենրիկ Աբրահամեանի խօսքէն ետք սրբազան հայրը խօսեցաւ խաղերու ընտանեկան բնոյթին մասին եւ ապա կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի ծիրէն ներս կազմակերպուած 47-րդ համահայկական խաղերու իւրայատուկ նշանակութեան:
Յայտնենք, որ «Արարատ»-ի Կեդրոնական վարչութենէն բացման հանդիսութեան ներկայ գտնուելու հրաւէր ստացած ըլլալով` սրբազան հայրը իր պատգամը յղած էր արդէն, ուր յատկապէս անդրադարձած էր Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ձօնուած սոյն 47-րդ համահայկական խաղերուն: Սրբազան հայրը իր պատգամին մէջ հաստատած էր, որ սոյն մարզախաղերու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրումը մասնաւոր իմաստ ու նշանակութիւն ունի աւելցնելով, որ մեր մարզիկներու աննահանջ երթը ու մարտական ոգիով պայքարը այս մարզախաղերու ընթացքին պէտք է գօտեպնդեն մեզ, երբ անոնց մօտ տեսնենք մեր ազգային երազներուն ու ձգտումներուն անյապաղ հասնելու խոր ցանկութիւնը:
Հանդիպման աւարտին սրբազան հայրը օրհնեց մարզիկները, որոնք Թեհրանի մէջ պիտի մասնակցին տարբեր մարզախաղերու:
Աւստրալիա
ՀՕՄ-ի Աւստրալիոյ Միաւորի
Յիսնամեակի Տօնակատարութիւն
Օգոստոս ամսուան ընթացքին Աւստրալիոյ Հայ օգնութեան միութիւնը նշեց իր հիմնադրութեան յիսնամեակը, որուն ներկայ գտնուեցաւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիքի Մարաշլեան:
Ան իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ ՀՕՄ-ի համահայկական ծրագիրներուն եւ միութեան առաքելութեան` հաստատելով, որ երկար տասնամեակներու ընթացքին հայ ժողովուրդը երբեք չէ զլացած իր օժանդակութիւնը Հայ օգնութեան միութեան, նեցուկ կանգնելով եւ հաւատալով անոր տեսլականին, համահայկական բնոյթին ու էութեան:
Ան յորդորեց ներկաները` արդի հարիւրամեակի տեսլականով ՀՕՄ-ի հիմքերը ամրացնելու եւ նոր ուժերով շարունակելու միութեան առաքելութիւնը:
Մարաշլեան Աւստրալիոյ մէջ իր կեցութեան ընթացքին հանդիպումներ ունեցաւ Աւստրալիոյ եւ Նոր Զելանտայի թեմի առաջնորդ Հայկազուն եպս. Նաճարեանի, համայնքի ներկայացուցիչներուն եւ Համազգայինի Արշակ եւ Սոֆի Գոլստըն ճեմարանի տնօրէնութեան հետ: Հանդիպումներուն ընթացքին քննարկուեցան գաղութը յուզող հարցեր եւ սուրիահայութեան ներկայ իրավիճակը: Բարձր գնահատուեցաւ նաեւ Հայ օգնութեան միութեան գործունէութիւնը տեղական թէ հայկական մակարդակներու վրայ:
Աշխատանքային այցելութիւններու ծիրին մէջ Կեդրոնական վարչութեան ատենապետը ներկայ եղաւ Աւստրալիոյ ՀՕՄ-ի միջվարչական ժողովին, ինչպէս նաեւ հանդիպումներ ունեցաւ ՀՕՄ-ի մասնաճիւղերու ներկայացուցիչներուն հետ, որոնց ընդմէջէն կարելի եղաւ մօտէն ծանօթանալ միաւորի գործունէութեան ու անոր դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն:
Յունաստան
«Եոնիքես Եորթես 2015»-Փառատօն`
Նուիրուած Հայկական Մշակոյթին
Հովանաւորութեամբ Նէա Զմիռնիի քաղաքապետութեան, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Ֆիքսի «Արամ Մանուկեան» կոմիտէի քարոզչական յանձնախումբին ու ՀՅԴ Յունաստանի երիտասարդական միութեան Ֆիքսի «Դրօ» խումբի վարչութեան, 29 օգոստոսին Նէա Զմիռնիի «Ալսոս» պուրակին մէջ, բացումը կատարուեցաւ «Իոնիքես Եորթես 2015» քաղաքապետարանի աւանդական մշակութային փառատօնին, եւ իբրեւ առաջին օրուան լրիւ յայտագիր` ներկայացուեցաւ հայկական մշակոյթը:
Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած յատուկ գեղարուեստական յայտագիրը ներկայացուցին Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբին այս տարուան հրաւիրեալ Ստեփանակերտի Մանկապատանեկան ստեղծագործական կեդրոնի 25 աշակերտ-աշակերտուհիներ, որոնք մեկնաբանեցին հայկական պարեր, երգեր, նուագ եւ երաժշտութիւն:
Յունարէն լեզուով բացումը կատարեց Նանոր Էրջենեան, որ անդրադառնալէ ետք Հայոց ցեղասպանութեան ու յաջորդող 100 տարիներու հայ ժողովուրդի մաքառումներուն, շեշտը դրաւ նոր սերունդի պայքարելու պատրաստակամութեան ու կամքին վրայ եւ վերանորոգեց պահանջատիրութեան ուղիին հետեւելու երիտա-սարդութեան խոստումը:
ԼՂՀ-ի Ազգային ժողովի պատգամաւոր Լուտմիլա Բարսեղեան շնորհակալութիւն յայտնեց յոյն ժողովուրդին` անոր ցուցաբերած հիւրասիրութեան եւ մարդասիրութեան համար եւ ողջունեց Յունաստանի եւ Արցախի միջեւ բարեկամութիւնը: Ան նաեւ փոխանցեց Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին վճռակամութիւնը` իր երկրի սահմանները պահպանելու առնչութեամբ:
«Մաշտոց-Սորվինք Հայերէն» Համակարգչային
Արեւմտահայերէն Ուսուցողական Խաղ
«Մաշտոց»-ը, որ հովանաւորուած է Գալուստ Կիւլպէնկեան հիմնադրամի կողմէ, համակարգչային անվճար արեւմտահայերէն ուսուցողական նոր խաղ մըն է, որ կը ներկայացնէ հայկական առաջին կրթական յաւելուածը` նախատեսուած արեւմտահայերէնով հետաքրքրուողներու համար: Այս ծրագիրը հնարաւորութիւնը կու տայ հեռաձայնի միջոցով արեւմտահայերէն սորվելու: Հետաքրքրական, գունազարդ, տեղեկութիւններով լի ուսուցողական այս խաղը կ’օգնէ սորվելու արեւմտահայերէն բառապաշար եւ քերականական հիմնական կանոններ, նաեւ լայն հնարաւորութիւն կ’ընձեռէ ամրապնդելու գիտելիքներ հայ մշակոյթի, գրականութեան, պատմութեան եւ աշխարհագրութեան ոլորտներէն ներս: «Մաշտոց»-ի յաւելուածը հասանելի է Google Play-ի մէջ: https://play.google.com/store/apps/details?id=com.inconceptlabs.mashtots