Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Սուրիա
Բերիոյ Թեմի Առաջնորդը
Այցելեց Քեսապ
Բերիոյ թեմի առաջնորդ Շահան արք. Սարգիսեան, որ նախագահն է Սուրիոյ օգնութեան եւ վերականգնման մարմինին, վերջերս կարճ այցելութիւն մը տուաւ Քեսապ: Ան ժամանեց Լաթաքիայէն, ուր նախագահեց կիրակի օր տեղի ունեցած մատաղի օրհնութեան արարողութեան եւ մատուցեց Ս. եւ անմահ պատարագ:
Յայտնենք, որ սրբազանը հանդիպումներ ունեցաւ գիւղի պատասխանատուներուն հետ` քննարկելով ընդհանուր իրավիճակն ու գիւղացիներուն ընդհանուր կարիքները:
Սպանիա
Պարսելոնայի Մէջ Գործող Հայ Տան
Նոր Տարածքի Վերաբացումը
Շաբաթ, 28 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ Պարսելոնայի մէջ գործող Հայ տան նոր տարածքի վերաբացման արարողութիւնը` մասնակցութեամբ Սասուն Ծ. վրդ. Զմրուխտեանի եւ ներկայութեամբ պարսելոնահայերու:
Աղ ու հացի օրհնութենէն ետք, հայր Սասուն շնորհաւորեց Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը: Իր խօսքին մէջ ան նշեց. «Այսօր մենք պաշտօնապէս բացումը կատարեցինք եւ օրհնեցինք այս մշակութային տունը` իբրեւ «Հայ տուն», որպէսզի անիկա ծառայէ մեր բոլոր հայերուս` իբրեւ մեր հարազատ տունը, ուր պիտի ըլլայ սէր, միասնութիւն, համերաշխութիւն եւ համագործակցութեան ոգի` ի փառս Պարսելոնայի մեր մեծ հայ համայնքին, մեր ազգային մշակոյթին եւ արժէքներուն»:
Այս նախաձեռնութեան առիթով, Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը շնորհաւորական նամակ ստացած էր Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնցէն եւ Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութենէն:
Միութեան խօսքը փոխանցեց Տաթեւ Սուլեան, որ նշեց. «Հին եւ նոր սփիւռքի մէջ գործող հայկական ակումբներու շղթային մաս կազմելով, Հայ տունը պիտի նպաստէ հայապահպանման, հայեցի կրթութեան, հայ երիտասարդներուն գիտելիքներ ջամբելու եւ հայ ծնողներն ու տարեցները ի մի խմբելու սրբազան եւ սկզբունքային առաքելութեան: Հայ տան եւ ակումբներու կարգախօսն է` ընդելուզուիլ, բայց չձուլուիլ: Վերաբանալով Հայ տան դռները` մենք մեր ուսերուն վրայ պատասխանատուութիւն կը դնենք աւելիով հարստացնելու հայկական, մշակութային, դաստիարակչական, ուսուցողական, մարզական եւ ընկերային կեանքը»:
Պաշտօնական յայտագիրէն ետք տեղի ունեցաւ գեղարուեստական յայտագիր եւ հիւրասիրութիւն:
Պարսելոնայի Հայկական մշակութային միութիւնը 2010 թուականին համագործակցելով Հայ բարեգործական ընդհանուր միութեան հետ Պարսելոնայի մէջ ստեղծած է Հայ տունը: Սփիւռքի մէջ գործող այլ կեդրոններու նման, Հայ տունը կը ծառայէ հայապահպանման եւ հայեցի դաստիարակութեան: Հայ տան մէջ կը կազմակերպուին նաեւ համայնքային ձեռնարկներ ու զանազան հանդիպումներ:
Թեհրան
Թեմական Խորհուրդի Հանդիպումը`
Թեհրանահայ Միութիւններու
Ներկայացուցիչներուն Հետ
Ամէնամեայ կարգով Թեմական խորհուրդը յատուկ հանդիպում կը կազմակերպէ, որուն ընթացքին հիմնականին մէջ կը փոխանցուին շարք մը խնդիրներ` Նոր տարուան դիմաւորման ծրագիրներու առումներով:
24 նոյեմբերին Թեմական խորհուրդին հրաւէրով Ազգային առաջնորդարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ամէնամեայ դրութեամբ կազմակերպուող հանդիպումը թեհրանահայ միութիւններու ներկայացուցիչներուն հետ: Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Կարապետեան բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն եւ անդրադարձաւ տօնախմբութիւնները առաւել հայկական եւ մեր աւանդութիւններուն հարազատ մթնոլորտի մէջ նշուելու գաղափարին: Ան նաեւ առաջարկեց, որ ներկաները արտայայտուին Թեմական խորհուրդի վերջին ամիսներու գործունէութեան վերաբերեալ հարցերու մասին:
Թեմական խորհուրդի անդամներ` Վարուժ Յովհաննիսեան, Վարդան Բաբախանեան եւ Արմինէ Սէթխանեան ներկաներուն յայտնեցին իրենց մտահոգութիւններն ու տեսակէտները, որմէ ետք հանդիպումին ներկայ գտնուող միութիւններու ներկայացուցիչները եւս յայտնեցին իրենց տեսակէտներն ու մատնանշումները:
Կիպրոս
Շնորհահանդէս Վարդան Թաշճեանի
«Նշենիներ Յուշերու Շարքէն» Հատորին
Հովանաւորութեամբ թեմի կաթողիկոսական փոխանորդ Նարեկ արք. Ալեմեզեանի եւ նախագահութեամբ կիպրահայ համայնքի պետական ներկայացուցիչ Վարդգէս Մահտեսեանի, 4 նոյեմբերին առաջնորդարանի «Վահրամ Իւթիւճեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ բազմամեայ կրթական մշակ, «Նարեկ» վարժարաններու երբեմնի վաստակաշատ տնօրէն, արուեստագէտ Վարդան Թաշճեանի «Նշենիներ յուշերու շարքէն» հատորին շնորհահանդէսը:
Գիրքի հրատարակիչ Եղիա Գայայեան իր բացման խօսքին մէջ անդրադարձաւ հայ գիրքի անցած երկար եւ փոթորկալից ճանապարհին, ձեռագիր մատեաններու ստեղծումէն մինչեւ ներկայիս գիրքերու հրատարակութիւնը: Ան արժեւորեց գիրքին լոյս ընծայումը:
Այնուհետեւ Սօսի Թորոսեան կարդաց գիրքէն հատուածներ, որմէ ետք խօսք առաւ Նարեկ արք. Ալեմեզեան, որ գիրքի մասնայատկութիւնը ուրուագծեց հետեւեալ բառերով. «Կեանք, լաւատեսութիւն, սրամտութիւն, անցեալի փառքի, ներկայի մարտահրաւէրներու եւ ապագայի պրկումի ագուցում, անմիջականութիւն, Ս. Աստուածածին մայր եկեղեցի, Մելգոնեան եւ Նարեկ վարժարան, մեծերու հետ շփում, տպաւորապաշտ էջեր»: Եզրափակելով իր խօսքը, սրբազանը յաջողութիւն մաղթեց հեղինակին` յուսալով, որ անոր անտիպ գործերը շուտով լոյս տեսնեն:
Գինեձօնի աւանդական արարողութենէն ետք շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ հեղինակը, որ նկատել տուաւ, թէ գիրքը ինքնակենսագրութիւն մը չէ, այլ` յուշերու շարք մը:
Նշենք, որ վաճառուած գիրքերուն հասոյթը ամբողջութեամբ պիտի յատկացուի «Նարեկ» վարժարաններու կարիքաւոր աշակերտներու ֆոնտին:
Լիզպոն
«Կիւլպէնկեան» Հիմնարկէն
648.920 Ամերիկեան Տոլար
Ի Նպաստ Լիբանանահայութեան
«Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի հայկական բաժանմունքը այս տարուան ընթացքին 648.920 տոլարի օժանդակութիւն տրամադրեց լիբանանահայ վարժարաններու, լիբանանահայ ուսանողներու, ինչպէս նաեւ` կրթական այլ նախաձեռնութեանց:
Նշեալ գումարէն 454.817 տոլարը տրամադրուեցաւ նախակրթական, երկրորդական եւ յատուկ կարիքներ ունեցող աշակերտներու վարժարաններու, ինչպէս նաեւ` որբանոցներու:
93.027 տոլարի կրթանպաստներ յատկացուեցան լիբանանահայ համալսարանական ուսանողներու, իսկ 101.076 տոլար` հրատարակութեանց, հայերէնի ուսուցման ծրագիրներու եւ կրթական այլ նախաձեռնութիւններու:
Ասոնց կողքին, «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկը 185 հազար տոլար նուիրեց Սուրիոյ տարածքին գործող 28 հայկական նախակրթական եւ երկրորդական վարժարաններու:
Միացեալ Նահանգներ
«Ուրախ Հայեր» Թատրերգութիւնը
Թեկնածու Է Մրցանակի
22-25 հոկտեմբերին «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին կողմէ ներկայացուած մրցանակակիր թատերագիր ու բեմադրիչ Արամ Գույումճեանի «Ուրախ հայեր» անգլերէն թատրերգութիւնը թեկնածու դարձած է «ՆօՀօ Ֆրինճ» փառատօնի «Լաւագոյն թատրերգութիւն» մրցանակին:
«Ուրախ հայեր» իւրայատուկ յօրինում մըն է հայոց երեւակայական պատմութեան մը, ուր Հայաստան կայսրութիւն մըն է, որուն թագաւորը մահամերձ է, իսկ գահաժառանգը փափաք չունի գահը ստանձնելու եւ դիմագրաւելու Զուիցերիոյ դէմ պատերազմի ղեկը, ինչպէս նաեւ` Եւրոպային տիրելու համար Ափրիկէի ու Հարաւային Ամերիկայի մղած պայքարին գլխացաւերը, յատկապէս, երբ տարուած է հանճարեղ գիտնական Սիրանի նկատմամբ իր նորափթիթ սիրահարութեամբ: Թատրերգութեան երաժշտութեան հեղինակն է Արա Տապանճեան:
Նշենք, թէ ներկայացումներ տեղի պիտի ունենան նաեւ Հիւսիսային Քալիֆորնիոյ (փետրուարի վերջաւորութեան) եւ Նիւ Եորքի (մարտի սկիզբը) մէջ, մասնակցութեամբ` դերասաններ Տենիըլ Հապըրտի, Հետըր Լին Սմիթի, Թեւիս Պէյքըրի, Ճէյտ Հայկուշի եւ Մարք Էրիք Հաուըլի:
Յայտնենք, որ Արամ Գույումճեան տիրացած է բեմագրութեան եւ բեմադրութեան «Էլի» մրցանակին: Ան համահիմնադիրն է «Վիսթա Փլէյըրզ» թատերախումբին:
Համազգայինի
Մանկապատանեկան Երգչախումբ
Հովանաւորութեամբ ՀՅԴ Նիւ Եորքի «Արմէն Գարօ» կոմիտէին, համագործակցութեամբ Ս. Գ. Լուսաւորիչ մայր եկեղեցւոյ, Համազգայինի Նիւ Եորքի մասնաճիւղը ծրագրած է կազմակերպել մանկապատանեկան երգչախումբ մը: Այս առիթով Հայաստանէն հրաւիրուած է հանրածանօթ թենոր Գէորգ Հաճեան` ղեկավարելու երգչախումբը:
Գէորգ Հաճեան ծնած է 1971-ին, Այնճար, Լիբանան: Յաճախած է Լիբանանի Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոց: Իր մասնակցութիւնը բերած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան «Շնորհալի» երգչախումբին, Համազգայինի «Կոմիտաս» եւ «Պարոյր Սեւակ» խումբերուն, ինչպէս նաեւ` Թրիփոլիի «Ֆայհա» երգչախումբին: Ղեկավարած է նաեւ Այնճարի «Յառաջ» վարժարանի երգչախումբը: Հաճեան մենահամերգներով ելոյթներ ունեցած է Հայաստանի, Արցախի, Վիեննայի, Սլովինիոյ, Քանատայի, Միացեալ Նահանգներու, Պրազիլի, Կիպրոսի, Պուլկարիոյ, Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Եգիպտոսի, Սուրիոյ, Լիբանանի, Քուէյթի, Քաթարի, Իրանի ու այլ վայրերու մէջ: 2005-ին, վերջնականապէս կը հաստատուի Հայաստան, ուր կը յաճախէ Երեւանի Կոմիտասի անուան պետական երաժշտանոց, որուն ձայնամարզումի դասընթացքը կ՛աւարտէ 2009-ին: Այժմ իր մագիստրոսի տիտղոսին համար կը հետեւի հռչակաւոր օփերայի երգիչ Բարսեղ Թումանեանի դասընթացքներուն: Հաճեան մեներգիչ է նաեւ Երեւանի «Շարական» միջնադարեան երաժշտութեան համոյթին` ղեկավարութեամբ Դանիէլ Երաժիշտի: Ան հեղինակ է երեք խտասալիկներու` «Կոմիտասեան երախայրիք», «Զքեզ օրհնեմք», «Հայաստանը երգերում»: Նոյեմբեր 2011-ին մասնակցած է Իտալիոյ «Ինթըրնէշընըլ քոմփեթիշըն աֆ օփերա սինկըրզ»-ին` դասուելով լաւագոյն 10-ին մէջ եւ արժանացած է յատուկ պատուոյ յիշատակութեան:
Առաջնորդ Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան
Կը Մասնակցի Լիբանանի Անկախութեան
Տօնակատարութեան
22 նոյեմբերին, Լիբանանի անկախութեան 72-րդ տարեդարձին առիթով, Փըսիֆիք Փելըսէյտս շրջանի «Ռիվիէրա քաունթրի քլապ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ պաշտօնական ընդունելութիւն մը` հիւրընկալութեամբ Լոս Անճելըսի մէջ Լիբանանի գլխաւոր հիւպատոս Ճոնի Իպրահիմի:
Ընդառաջելով իրեն ուղղուած հրաւէրին` Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ներկայ գտնուեցաւ ընդունելութեան եւ գլխաւոր հիւպատոսին յայտնեց հայութեան շնորհաւորանքն ու բարեմաղթութիւնները: Առաջնորդ սրբազանին կ՛ընկերանար Գարեգին քհնյ. Պետուրեան:
Ձեռնարկի ընթացքին խօսք առին կարգ մը անձնաւորութիւններ: Գործադրուեցաւ նաեւ գեղարուեստական յայտագիր մը:
Պարէտ Մարոնեանի
«Շնորհակալութիւն Ամերիկա»
Ժապաւէնի Ներկայացում
Կազմակերպութեամբ Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին, «Շնորհակալութիւն Ամերիկա»-ի եւ կրթական յանձնախումբերու 18 նոյեմբերին տեղի ունեցաւ մրցանակակիր բեմադրիչ Պարէտ Մարոնեանի «Շնորհակալութիւն Ամերիկա» վաւերագրական ժապաւէնին ներկայացումը, որուն յաջորդեց քննարկում:
Ժապաւէնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ Հայոց ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ ետք Միացեալ Նահանգներու իշխանութեան եւ ժողովուրդին եւ յատկապէս Մերձաւոր Արեւելքի նպաստամատոյց կազմակերպութեան հայանպաստ գործունէութիւնը:
«Շնորհակալութիւն Ամերիկա» յանձնախումբի ատենապետներ Հերմինէ Փախանեան եւ Վանայ Կիտցինեան կատարեցին ձեռնարկին բացումը, որմէ ետք ելոյթներ ունեցան Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակոյտի անդամ Քերըլ Լիու եւ նահանգի հանրային կրթութեան վերահսկիչ Թամ Թորլաքսըն, որոնք շեշտեցին պետական վարժարաններէ ներս Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման կարեւորութիւնը` միաժամանակ դրուատելով այս ծիրէն ներս Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբին տարած աշխատանքը:
Իր կարգին, Արեւմտեան Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի գործադիր վարիչ Էլեն Ասատրեան շնորհակալութիւն յայտնեց Քալիֆորնիոյ պետական վարժարաններուն մէջ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդման ի նպաստ աշխատանք տարած անձնաւորութեան, ներառեալ` Թորլաքսընի, Քալիֆորնիոյ նահանգային ծերակուտականներ Լիուի եւ Քեւըն Տէ Լիոնի, Քալիֆորնիոյ խորհրդարանի անդամներ` Խաչօ Աշաճեանի եւ Ատրին Նազարեանի:
«Շնորհակալութիւն Ամերիկա» վաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութենէն ետք ելոյթ ունեցաւ Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանի նախագահ Սթիւ Զիմըր: Ան շեշտեց, որ շարք մը այլ պատգամներու կողքին, ժապաւէնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ կամաւոր մարդասիրական աշխատանքներու կարեւորութիւնը, աւելցնելով, որ իր կարելին պիտի ընէ Հայոց ցեղասպանութեան դասաւանդումը Միացեալ Նահանգներու եւ աշխարհի պատմութեան դասընթացքներուն մէկ մասնիկը դարձնելու Լոս Անճելըսի միացեալ կրթաշրջանէն ներս:
Ապա տեղի ունեցաւ հետաքրքրական քննարկում մը` համադրութեամբ Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբի կրթական յանձնախումբի ատենապետ Ալիս Պետրոսեանի:
Աւարտին ներկաները ստացան ժապաւէնէն օրինակներ, ինչպէս նաեւ` Ցեղասպանութեան դասաւանդման համար հարկաւոր գիրքեր եւ այլ նիւթեր: