Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Թեհրան
«Հայ Դատն Այսօր» 12-րդ
Խորհրդաժողովը
Նախաձեռնութեամբ Թեհրանի Հայ դատի յանձնախումբին, 19 նոյեմբերին Հ. Մ. «Արարատ» կեդրոնի «Վաչիկ Ղարաբէկեան» սրահին մէջ սկսաւ «Հայ դատն այսօր» 12-րդ խորհրդաժողովը, որուն նպատակն է քաղաքական եւ հասարակական շրջանակներուն մէջ վերլուծել եւ լուսարձակի տակ առնել Հայ դատի նոր հանգրուանի հնարաւորութիւնները եւ նոր հեռանկարները:
Երկօրեայ նստաշրջանին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանէն ժամանած քաղաքագէտներ եւ մտաւորականներ:
Խորհրդաժողովին բացման խօսքով հանդէս եկաւ «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախագահ Արամ Շահնազարեան: Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան անունով ելոյթ ունեցաւ դեսպանութեան խորհրդական Գառնիկ Բադալեան, որուն խօսքին յաջորդեցին մասնագիտական զեկոյցները:
Առաջին նիստին «Աշխարհաքաղաքական նոր վերադասաւորումները Մերձաւոր Արեւելքի մէջ» թեմայով հանդէս եկաւ դիւանագէտ, արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Արման Նաւասարդեան, «Հայ դատի լուծման գործընթացը տարածաշրջանային նոր իրավիճակի ֆոնին» թեմայով` Իրանի Իսլ. խորհրդարանի մէջ հիւսիսային իրանահայութեան պատգամաւոր դոկտ. Կարէն Խանլարեան, «Տարածքային պահանջատիրութիւնը որպէս Հայ դատի պահանջատիրական պայքարի հիմնական տեսլականը» թեմայով` ՀՅԴ Բիւրոյի մամլոյ դիւանի պատասխանատու Արտաշէս Շահբազեան:
Երկրորդ նստաշրջանը սկսաւ 20 նոյեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին: Առաջին զեկուցաբերն էր արաբագէտ Արմէն Պետրոսեան, որ խօսեցաւ «Արաբական աշխարհի հնարաւոր արձագանգը Մերձաւոր Արեւելքի աշխարհաքաղաքական նոր խմորումներն եւ հայկական գաղթօճախներու ճակատագիրը արաբական աշխարհի մէջ» թեմայի շուրջ: «Իրանի գործօնի նշանակութիւնն ու կարեւորումը տարածաշրջանային իրադարձութիւններուն մէջ» թեմայով ելոյթ ունեցաւ Իրանի Իսլ. խորհրդարանին մէջ հարաւային իրանահայութեան պատգամաւոր Ռոբերթ Բեգլարեան: «Թուրքիայի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութիւններու արդիւնքներու վերլուծութիւն» թեմայով` ազատ լրագրող եւ փորձագէտ Գրիգոր Ղազարեան: «Աշխարհաքաղաքական նոր վերադասաւորումները եւ թուրք-իրանական մրցակցութիւնը տարածաշրջանին մէջ» թեմայով` ԵՊՀ-ի իրանագիտութեան ամպիոնի վարիչ, իրանագէտ Վարդան Ոսկանեան: «Թուրքիայի արտաքին քաղաքականութիւնը եւ հաւանական փոփոխութիւնները` հայութեան եւ Հայաստանի Հանրապետութեան նկատմամբ» զեկոյցով` թրքագէտ, Հայաստանի գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի արեւելագիտութեան հիմնարկի աւագ գիտաշխատող Վահրամ Տէր Մատթէոսեան, «Հայկական հարցի զարգացումը Թուրքիոյ մէջ Ցեղասպանութենէն ետք եւ ծպտեալ հայերը` որպէս Արեւմտեան Հայաստանի ազգային ինքնապահպանութեան փաստ» թեմայով` լրագրող-վերլուծաբան Նայիրի Հոխիկեան: «Ալիք» օրաթերթի խմբագրակազմի անդամ, «ՀՈՒՍԿ» հաստատութեան նախագահ Արամ Շահնազարեան լուսարձակի տակ առաւ «Հայ-քրտական յարաբերութիւններ. քրտական գործօնը` տարածաշրջանին մէջ» թեման: «Ալիք» օրաթերթի գլխաւոր խմբագիր Դերենիկ Մելիքեան ներկայացուց «Հայաստանի պետական կեցուածքի ու դերակատարութեան ռազմավարական գործօնը` Հայ դատի պահանջատիրութեան հոլովոյթին մէջ» թեման:
Աւարտին ելոյթ ունեցան Թեհրանի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Հենրիկ Խալոյեան, Թեհրանի հայոց թեմի առաջնորդ Սեպուհ արք. Սարգիսեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի նախագահ Արամ Շահնազարեան:
Նստաշրջանի նախագահներն էին` Գեւիկ Մկրտիչեան, դոկտ. Սիլվա Ալլահվերդեան եւ Հայ դատի յանձնախումբի անդամ Սուրիկ Աբնուսեան:
Յունաստան
Հայ Մշակոյթին Նուիրուած Համերգ
Հովանաւորութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի եւ համակազմակերպութեամբ Աթէնքի քաղաքապետութեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Շրջանային վարչութեան եւ Աթէնքի քաղաքապետութեան մշակութային, մարմնամարզի եւ երիտասարդութեան բաժանմունքին, 16 նոյեմբերին Աթէնքի «ՓԱԼԼԱՍ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ միացեալ համերգ:
Աթէնքի քաղաքապետութեան սիմֆոնիք նուագախումբը հանդէս եկաւ մեծանուն հայ երաժիշտ Արամ Խաչատուրեանի ստեղծագործութիւններով` «Մասքարաթ», «Սպարտակոս», «Գայեանէ» պալէէն կտորներով, «Վալս», «Նոքթիւրն», «Մազուրքա», «Ռոմանս», «Կալոփ» եւ այլն: Համերգին ջութակի մենակատարն էր համբաւաւոր ջութակահար Եորղոս Տեմերծիս, իսկ խմբավարն էր անուանի երաժշտագէտ Անտրէաս Ցելիքաս:
Ձեռնարկին բացումը կատարեց մշակութային բաժանմունքի պատասխանատու Մարքելլա Ղարիֆալու, որ բեմ հրաւիրեց քաղաքապետութեան մշակութային կազմակերպութեան նախագահ Խրիսթօ Թենտոմասը` արտասանելու իր խօսքը: Թենտոմաս յայտնեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով կազմակերպուած սոյն բացառիկ համերգը տեղի կ՛ունենայ պատուելու ու յարգելու համար 1915-ի 1,5 միլիոն հայ անմեղ զոհերու յիշատակը: Ան նկատել տուաւ, որ իրենք եւս իրենց ձայնը կը միացնեն հայ ժողովուրդի պահանջատիրական ձայնին` հաւատալով, որ պատմութեան ճանաչումը, իւրացումը եւ քաղաքակրթութեան ու աւանդներու կիրարկումը լաւագոյն առիթներ ու նախապայման են մարդկային յառաջդիմութեան ու վերելքին համար:
Համազգայինի Շրջանային վարչութեան անդամ Հռիփսիմէ Յարութիւնեան կարդաց սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի ողջոյնի գիրը, յունարէն լեզուով:
Քանատա
30 Պատանիներ Միացան ՀՅԴ Քանատայի
Երիտասարդական Միութեան Շարքերուն
Նոյեմբեր 14-ին եւ նոյեմբեր 15-ին, յաջորդաբար Թորոնթոյի եւ Մոնրէալի մէջ կայացած ՀՅԴ 125-ամեակի ոգեկոչման պաշտօնական հանդիսութիւններուն ընթացքին ՀՅԴ Քանատայի պատանեկան միութեան 30 անդամներ իրենց երդման արարողութիւնը կատարելով` միացան ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան շարքերուն:
Միացեալ Նահանգներ
Հանդիպում Արցախի Վարչապետ
Արա Յարութիւնեանի Հետ
Միացեալ Նահանգներ այցելող Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ Արա Յարութիւնեան երեքշաբթի, նոյեմբեր 24-ին հանդիպում մը ունեցաւ Արեւմտեան Ամերիկայի ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէին եւ Հայ դատի յանձնախումբի վարչութեան անդամներուն հետ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ դոկտ. Վիգէն Յովսէփեան ողջունեց վարչապետը` շեշտելով, թէ կուսակցութիւնը միշտ զօրավիգ կանգնած է Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքին եւ պիտի շարունակէ նպաստել Արցախի զարգացման եւ տնտեսութեան հզօրացման գործին:
Իր կարգին, Յարութիւնեան շնորհակալութիւն յայտնեց ՀՅԴ-ի մատուցած օժանդակութիւններուն համար, որոնք սկսած են Արցախի ազատագրական պայքարի առաջին օրերէն իսկ: Ան շեշտը դրաւ Արցախը տնտեսապէս հզօրացնելու հրամայականին վրայ, որուն մեծապէս պիտի նպաստէ «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի «Մեր տունը» ծրագիրը, որ օժանդակութեան ձեռք պիտի երկարէ Արցախի բազմազաւակ ընտանիքներուն: Վարչապետը նաեւ ներկայացուց ցարդ իրագործուած ծրագիրներուն մանրամասնութիւնները` Արցախի տնտեսութեան տարբեր մարզերուն մէջ ներդրումներ կատարելու կարեւորութիւնը մատնանշելով:
Հայաստանի դեսպան Տիգրան Սարգսեան եւս շեշտեց «Մեր տունը» ծրագիրին կարեւորութիւնը` նշելով, որ Արցախի բնակչութեան թիւի աճը բնականաբար պիտի հզօրացնէ հանրապետութեան հիմերը:
Պատասխանելով Արցախի ապահովական վիճակին մասին հարցումներու` վարչապետ Յարութիւնեան վստահեցուց, թէ Արցախի բանակը արժանի պատասխանը կու տայ ազրպէյճանական ոտնձգութիւններուն, միաժամանակ ընդունելով, որ կացութիւնը լարուած կը մնայ տարածաշրջանին մէջ:
ՀՅԴ Կեդրոնական կոմիտէն իր կարգին վստահեցուց, թէ պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին` մօտէն համագործակցելով Արցախի իշխանութեան հետ:
Արցախի Վարչապետ Արա Յարութիւնեանի
Հանդիպումները Նեւատայի Հայութեան Հետ
Շաբաթ, նոյեմբեր 21-ին, Միացեալ Նահանգներ այցելող Արցախի վարչապետ Արա Յարութիւնեան ծաղիկներ խոնարհած է Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած Լաս Վեկասի մէջ վերջերս բացուած յուշարձանին` կարեւոր համարելով Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումն ու դատապարտումը թէ՛ հայ ազգին, թէ՛ համայն մարդկութեան համար:
Այս արարողութեան ներկայ եղած են շրջանի զանազան հայկական կազմակերպութեան ներկայացուցիչներ, ներառեալ` Ս. Կարապետ եկեղեցւոյ, Լաս Վեկասի Հայց. Առաքելական եկեղեցւոյ, ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի, «Արցախ» մասնաճիւղի, ՀՅԴ «Իշխան» կոմիտէի եւ ՍԴՀԿ-ի:
Արա Յարութիւնեան դիմաւորուած է Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոս Ատրուշան Էնտի Արմէնեանին եւ համայնքի շարք մը ներկայացուցիչներու կողմէ` անոնց հետ քննարկելով ազգապահպանութեան եւ Արցախ-սփիւռք յարաբերութիւններուն վերաբերող հարցեր: Յարութիւնեան նաեւ Արցախ այցելելու կոչ ըրած է անոնց: Վարչապետին ընկերակցած են Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի ներկայացուցիչ Ռոպերթ Աւետիսեան եւ Լոս Անճելըսի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Լեւոն Մինասեան:
Վարչապետ Յարութիւնեան Լաս Վեկասի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան պատուոյ հիւպատոսարանին մէջ հանդիպում ունեցած է նաեւ Նեւատայի նահանգային խորհրդարանի անդամներ Վիքթորիա Սիմընի եւ Սթեֆըն Սիլպըրքրաուսի հետ, որմէ ետք Լաս Վեկասի քաղաքապետի ներկայացուցիչը յուշանուէր մը յանձնած է վարչապետին: Իսկ վարչապետը, իր կարգին, պաշտօնատարներուն ներկայացուցած է Արցախի արձանագրած յաջողութիւններն ու դիմագրաւած դժուարութիւնները` պետականաշինութեան եւ տնտեսութեան զարգացման մարզերէն ներս, ինչպէս նաեւ` ղարաբաղեան հակամարտութեան շուրջ տեղի ունեցող զարգացումները եւ ընդհանուր տարածաշրջանին իրավիճակը: Կողմերը քննարկած են երկուստեք հետաքրքրող շարք մը հարցեր` խոստանալով սերտացնել համագործակցութիւնը:
Վարչապետը նաեւ այցելած է Ս. Կարապետ եկեղեցի, ուր դիմաւորուած է հոգեւոր հովիւ Արսէն քհնյ. Գասապեանին, հոգաբարձութեան ատենապետ Կարապետ Պետիրեանին եւ հոգաբարձութեան անդամներուն կողմէ: Ապա ան այցելած է Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցին, ուր հոգաբարձութեան ատենապետ Կարէն Սետանեանը եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքներուն մասին մանրամասնութիւններ փոխանցած է վարչապետին: Յարութիւնեան նաեւ մասնակցած է նոյն երեկոյեան կայացած Լաս Վեկասի Հայց. առաքելական եկեղեցւոյ տարեկան ձեռնարկին` կոչ ընելով ներկաներուն, որ մասնակցին նոյեմբեր 26-ի դրամահաւաք-թելեթոնին` յանուն հայրենիքի շարունակական զարգացման:
Մուշեղ Արք. Մարտիրոսեան Ընդունեց
Բանաստեղծ Ժաք Ս. Յակոբեանի Այցելութիւնը
Նոյեմբեր 19-ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեան ընդունեց այցելութիւնը ծանօթ մտաւորական, բանաստեղծ եւ բազմավաստակ դաստիարակ Ժաք Ս. Յակոբեանի, որ Ազգ. առաջնորդարան եկած էր առաջնորդ սրբազանին ներկայացնելու իր գրական հարուստ վաստակէն քաղուած հատընտիր ու գողտրիկ հաւաքածոյ մը, որ կազմուած է հայուն, հայերէնին ու Ս. Գիրքին նուիրուած աւելի քան 15 բանաստեղծութիւններով:
Դաստիարակ բանաստեղծը ցանկութիւն յայտնեց, որ Ազգ. առաջնորդարանը լոյս ընծայէ հաւաքածոն եւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով` զայն իբրեւ նուէր բաժնէ հայկական բոլոր վարժարաններուն: Ապա ան շնորհակալութիւն յայտնեց առաջնորդարանին, որ տարիներէ ի վեր սիրով հրատարակած է իր գործերը:
Իր կարգին, սրբազանը ողջունեց բազմավաստակ դաստիարակը եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց անգամ մը եւս ընդառաջելու գրքոյկի հրատարակութեան ու զայն հայկական վարժարաններուն նուիրելու փափաքին: Յիշեցնենք, որ առաջնորդարանը վերջին 15 տարիներուն լոյս ընծայած է բանաստեղծէն 10 հատորներ:
Հրաժեշտի պահուն, հիւր բանաստեղծը անակնկալ մը ըրաւ առաջնորդին` նուիրելով գրակալի ձեռակերտ ծածկոց մը, զոր տասնամեակներ շարունակ օգտագործած է մեր թեմի կարգ մը եկեղեցիներուն` Ս. Աստուածածին, Ս. Սարգիս եւ Ս. Նահատակաց եկեղեցիներուն մէջ, Ս. Գրային սերտողութեան հանդիպումները առաջնորդելու ժամանակ:
Ամերիկահայ Ճարտարագէտներու Եւ
Գիտնականներու Ընկերակցութիւնը Մեծարեց
Դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը
Նոյեմբեր 1-ին Կլենտէյլի «Պրենտվիու քըլեքշըն» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ամերիկահայ ճարտարագէտներու եւ գիտնականներու ընկերակցութեան հիմնադրութեան 32-րդ տարեդարձի տօնակատարութիւն-ճաշկերոյթը:
Ընկերակցութեան նախագահ դոկտ. Մարինա Կեւրեքեան ողջունեց ներկաները եւ ներկայացուց նախորդ տարուան ընթացքին կազմակերպութեան իրականացուցած ծրագիրները եւ իրագործումները:
Ձեռնարկին ընթացքին մեծարուեցաւ Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի նախագահ դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեանը, որուն յանձնուեցաւ կազմակերպութեան Վիքթոր Համբարձումեանի անուան մրցանակը:
Իր կարգին, դոկտ. Արմէն Տէր Կիւրեղեան տեղեկութիւններ փոխանցեց Հայաստանի ամերիկեան համալսարանի գործունէութեան ու ապագայ ծրագիրներուն մասին: Ան նշեց, որ համալսարանը վերջերս 9 տարիով վարկաւորուած է Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու վարժարաններու եւ համալսարաններու միութեան կողմէ, ապա հրաւիրեց ամերիկահայ ուսանողները, որ իրենց ուսումը շարունակեն Հայաստանի ամերիկեան համալսարանին մէջ:
Ընկերակցութեան «Սպասարկութեան» մրցանակը շնորհուեցաւ Սարգիս Բարխուդարեանին, վերջին 22 տարիներուն ընթացքին անոր մատուցած սպասարկութիւնները լուսարձակի տակ առնելու նպատակով: Բարխուդարեան կարեւոր դերակատարութիւն ունեցած է աւելի քան 30 դասագիրքերու հայերէն թարգմանութեան մէջ, ինչպէս նաեւ` հայ աշակերտներու գիտական փորձերու մրցանքին մէջ: Ան նաեւ Կովկասի տարածքին հայ ճարտարապետներու իրագործումներուն նուիրուած աշխատասիրութիւն մը պատրաստած է:
Նոյն ձեռնարկին, առաջին անգամ ըլլալով, մրցանակներ յանձնուեցան երիտասարդ արհեստավարժներու, գիտութեան եւ ճարտարագիտութեան տարբեր մարզերէ ներս անոնց նորարարութիւնները կամ համայնքային սպասարկութիւնները վարձատրելու նպատակով: Մրցանակներ ստացան դոկտ. Շիրակ Շէմմասեան, Վլատիմիր Արութիւնով, Գրիգոր Վարուժանեան եւ Վիգէն Պեքարեան: Մրցանակներու հովանաւորներն էին` Սիմոն Կեւրեքեան, դոկտ. Յակոբ Ինճէեան, Վիգէն Խաչատուրեան եւ Էտի Աթոյեան:
«Կորսուած Թռչուններ»-ը
Շարժապատկերի Ցուցադրութիւն
23-29 նոյեմբերին Կլենտէյլի «Էմ. Ճի. Էն. 5 սթար սինեմա» սրահին մէջ ցուցադրուեցաւ Թուրքիոյ մէջ պատրաստուած եւ Հայոց ցեղասպանութեան առնչուող «Կորսուած թռչուններ» ժապաւէնը: Շարժապատկերին մէջ դերեր ստանձնած են Արէն Փերտեճի եւ Էլա Ալիամաք:
Գերմանիա
Խաչքարի Օծման Արարողութիւն
Նոյեմբեր 14-ին Գերմանիոյ Քիոփինքեն քաղաքի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ դիմաց տեղի ունեցաւ խաչքարի օծման հանդիսաւոր արարողութիւն: Արդարեւ, Ցոլակ Վարդանեանի քանդակած Խաչքարը նուիրատուութիւն էր գերմանացի գործարար Եոհաննէս Կերխեր Պատեն-Վիւրթեմպերկի հայ համայնքին` ի նշան հայ-գերմանական բարեկամութեան եւ ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:
Բացման արարողութեան ողջոյնի խօսքով հանդէս եկան գերմանահայոց թեմի առաջնորդ Գարեգին արք. Պեքճեան եւ Գերմանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Սմբատեան, ինչպէս նաեւ Քիոփինքենի քաղաքապետ Քուիթօ Թիլ եւ նուիրատու Եոհաննէս Կերխեր, որ իր խորին շնորհակալութիւնը յայտնեց համախոհներուն, որոնք իրենց կողքին են:
Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Ռուսիա
Երեւանի Նուիրուած Համերգ
Հոկտեմբեր ամսուան ընթացքին Կրասնոտարի «Վարդանեան» կեդրոնին մէջ գործող երեք կառոյցները կազմակերպեցին տարբեր ձեռնարկներ` նուիրուած Երեւանի 2797-ամեակին, որոնք ամփոփուեցան մեծ տօնական համերգով:
Արդարեւ, «Վարդանեան» կրթամշակութային կեդրոնի հիմնադրմամբ հարաւային Ռուսիոյ հայոց թեմը խթանեց ոչ միայն հայկական կրթութեան եւ մշակոյթի զարգացումը, այլեւ նոր լիցքեր հաղորդեց երիտասարդական կազմակերպութեան այլեւայլ ծրագիրներու: Հոն 12 տարիէ ի վեր կը գործէ «Նարեկ» երգի-պարի խումբը եւ 9 տարիէ` «Արմատ» դպրոցը:
Կեդրոնին համբաւը արդէն տարածուած է թեմին մէջ եւ տարբեր վայրերէ ցանկութիւն կը յայտնեն այցելելու եւ ըմբոշխնելու հայկական շունչն ու տրամադրութիւնը: Յայտնենք, որ շրջանին մէջ նաեւ կը գործէ Էսենտուկիի Ս. Հռիփսիմէ եկեղեցւոյ «Զարթօնք» կիրակնօրեայ դպրոցը, որ հիմնուած է մանկավարժ Լուսինէ Ներսիսեանի ջանքերով: