Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ-Գաղութ

Հոկտեմբեր 1, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Իրաք

Խաչքարերու Օրհնութիւն

iraq_10-01-15

Նախաձեռնութեամբ Իրաքի առաջնորդարանի, Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին Հայաստանէն Իրաք տարուած էին քանի մը խաչքարեր` զետեղելու համար զանոնք տեղի հայաբնակ կարգ մը գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ, ինչպէս` Պաղտատ, Պասրա, Քերքուք, Էրպիլ, Տհոք, Զախօ, Հաւրեզք եւ Աւզրուկ:

Վերոյիշեալ ժամանակահատուածին մէջ առաջնորդ սրբազանը հոգեւորականաց դասուն մասնակցութեամբ եւ հաւատացեալ ժողովուրդի ներկայութեամբ, հերթաբար օրհնեց իր այցելած շրջանի գիւղերու եւ քաղաքներու եկեղեցիներու բակերուն մէջ տեղադրուած խաչքարերը. այսպէս, օրհնուեցան Աւզրուկի, Հաւրեզքի, Տհոքի եւ Զախոյի խաչքարերը:

Այս նախաձեռնութեան իր մասնակցութիւնը բերաւ Տհոքի եւ Էրպիլի Ասորի ուղղափառ եկեղեցւոյ առաջնորդ Տաւուտ արք. Շերեֆ, նաեւ` կաթոլիկ եկեղեցիներէն հոգեւորականներ ու ներկայացուցիչներ, պետական պաշտօնեաներ, ինչպէս նաեւ` հոծ բազմութիւն:

 

Թեհրան

Հայաստանի Անկախութեան Տարեդարձի
Նշում

armenia_9-21-15

Նախաձեռնութեամբ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան, 21 սեպտեմբերին «Արարատ» մարզաւանի «Այգեստան»-ին մէջ նշուեցաւ Հայաստանի անկախութեան տօնը:

Ելոյթ ունեցաւ Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպան Արտաշէս Թումանեան, որ յայտնեց, թէ հայ ժողովուրդի հազարամեայ պատմութիւնը եղած է յաղթանակներու եւ կորուստներու դժուար ճանապարհ: Դեսպանը կարեւորութեամբ անդրադարձաւ Իրան-Հայաստան յարաբերութիւններուն:

Իրանի կառավարութեան անունով շնորհաւորական խօսք ուղղեց Սաթար Մահմուտի, որ կարեւորութեամբ անդրադարձաւ երկու երկրներու բարեկամութեան եւ փոխադարձ յարգանքով հիմնաւորուած փոխյարաբերութիւններուն` ընդգծելով, որ քրիստոնեայ Հայաստանի եւ իսլամական Իրանի սերտ յարաբերութիւնները կարող են օրինակ հանդիսանալ այլ երկրներու հետ մեր յարաբերութիւններու համար:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

 

Ատրպատական

Թեմի Առաջնորդի Եւ Թեմական Խորհուրդի
Պաշտօնական Հանդիպումները

aderbadagan_9-15-15

Սեպտեմբեր 15-ին, Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեան, ընկերակցութեամբ Թեմական խորհուրդի ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեանի եւ խորհուրդի անդամ Ալէն Սայեադեանի, աշխատանքային այցով մեկնեցաւ Արտապիլ նահանգ, տեղի ազգապատկան կալուածներու վերահասութեան նպատակով:

Անոնք պաշտօնական հանդիպումներ ունեցան Արտապիլի պետական մարմիններուն հետ: Սրբազանը առաջին հերթին այցելեց նահանգապետարան, ուր հանդիպում ունեցաւ շինարարական բաժնի ընդհ. տնօրէն դոկտ. Ազարնեժատի հետ: Կողմերը հնարաւոր բոլոր միջոցները քննարկեցին, նահանգապետարանի հովանաւորութիւնը ապահովելով, ազգային առաջնորդարանի կողմԷ Արտապիլի քաղաքապետարանին կատարուելիք առաջարկին գծով:

Այնուհետեւ պատուիրակութիւնը ուղղուեցաւ Արտապիլի քաղաքապետարան եւ հանդիպում ունեցաւ  քաղաքապետ դոկտ. Համիտ Լոթֆոլլահեանի հետ, որ քաղաքի «Էրմենիստան» (Հայաստան) անունը կրող փողոցի վրայ գտնուող Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ շրջակայքի քարտէսներու վրայէն սահմանագծումներ կատարեց: Ապա քաղաքապետարանի երկրաչափ Քարիմի բացատրութիւններ տուաւ հողատարածքի եւ ներկայ իրավիճակին,  ինչպէս նաեւ եկեղեցւոյ վարձակալութեան մասին: Իսկ Թեմական խորհուրդին անունով ատենապետ Ռուբիկ Ջանանեան բացատրեց եկեղեցւոյ յառաջնամասին վրայ գտնուող երկու հողերու հայապատկան ըլլալու պարագան, որոնք ներկայիս օթոքարներու կառատան վերածուած են:

Սրբազան հայրը խօսելով եկեղեցւոյ վարձակալութեան լուրջ ու կրօնական իմաստով զգայուն հարցի մասին, շեշտեց անոր թանգարանային կարգավիճակ տալու տեսակէտը` արգիլելով այլ նպատակի ծառայեցումը, նկատի ունենալով անոր սրբատեղի ըլլալու հանգամանքը:

Հանդիպումներու աւարտին պատուիրակութիւնը այցելեց Ս. Աստուածածին եկեղեցի` մօտէն քննելու համար տարածքը եւ եկեղեցւոյ շէնքի ներկայ իրավիճակը:

 

Պոլիս

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքարանին Նուիրուած Է
1000
Օրինակ Հայերէն Քուրան

kirk_10-01-15

Թուրքիոյ «Պիլկի մերքեզի» հետազօտական եւ հրատարակչական ընկերութեան սեփականատէրեր Մուրատ Ռումեւլեքլիօղլու, Մուրատ Պիչեր եւ թարգմանիչ Եաւուզ Այտըն վերջերս այցելեցին Պոլսոյ Հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանին:

Անոնք պատրիարքարանին նուիրեցին Թուրքիոյ կրօնական հարցերով նախարարութեան աջակցութեամբ հայերէնի թարգմանուած Քուրանի 1000 օրինակ, որոնց 500 հատը արեւելահայերէնով, իսկ 500 հատը արեւմտահայերէնով գրուած է:

Պոլսոյ հայոց պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան շնորհակալութիւն յայտնեց այցելութեան համար նշելով, որ ցարդ Քուրանի որեւէ պիտանի հայերէն թարգմանութիւն չէ եղած, հակառակ անոր որ թարգմանելու քանի մը փորձ նախապէս եղած է:

Ցարդ հրատարակուած է հայերէն Քուրանի 5000 օրինակ, սակայն նպատակ կայ այդ թիւը հասցնելու 300 հազարի:

 

Քանատա

Զաւախքի Նուիրուած Ձեռնարկ

Սպտեմբերին 11-ին Լաւալի Հայ կեդրոնի «Պարոնեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ջաւախքի նուիրուած ձեռնարկ, որ տարեկան դրութեամբ կը կազմակերպուի Լաւալի ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղի վարչութեան կողմէ, եւ որուն հասոյթը կը յատկացուի Ջաւախքի ֆոնտին:

«Շուշի» մասնաճիւղին անունով Ազգանուշ Հատիտեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն, խօսեցաւ ՀՕՄ-ի առաքելութեան մասին` շեշտելով Ջաւախքի օժանդակութեան կարեւորութիւնը:

Այնուհետեւ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր, որուն յաջորդեց տեսերիզի ցուցադրութիւն` պատրաստուած Արեւմտեան Ամերիկայի երիտասարդական միութեան կողմէ եւ կը ներկայացնէր ջաւախահայութեան դժուար պայմանները, տուներուն անբնակելի վիճակը,  հայ վարժարանի փլատակ տեսարանը եւ խումբ մը երիտասարդներու յամառութիւնն ու կամքը` գոյատեւելու Ջաւախքի մէջ: Ապա Ապրաքեան նկարներու ցուցադրութեամբ պատմեց Ջաւախքի մէջ իրենց խումբին անցուցած երկու օրերուն մասին: Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն` այցելելու Ջաւախք, որ պէտք ունի ոչ միայն մեր նիւթական,  այլեւ մեր բարոյական աջակցութեան:

Զապէլ Կուլեան ներկայացուց Ջաւախքի ամփոփ պատմականը, որմէ ետք ցուցադրուեցաւ  տեսերիզ մը` ՀՕՄ-ի գործունէութեան մասին:

Մեթիու Քարանեանի «Պատմական Հայաստան.
100
Տարի Անց» Գիրքի Շնորհահանդէսը

karanian_9-12-15

Սեպտեմբեր 12-ին Քանատայի մէջ Հայաստանի  դեսպանատան մէջ տեղի ունեցաւ Մեթիու Քարանեանի «Պատմական Հայաստան. 100 տարի անց» գիրքին շնորհահանդէսը:

Մեթիու Քարանեան հայկական առաջին ճամբորդական ուղեցոյցի հեղինակն է:

Իր ուղերձին մէջ Քանատայի մէջ Հայաստանի դեսպան Արմէն Եգանեան ներկայացուց հեղինակին կատարած աշխատանքը:

Մեթիւ Քարանեան հանդէս եկաւ պատմական Հայաստանի` մինչեւ այսօր կանգուն մնացած մշակութային արժէքները ներկայացնող, ինչպէս նաեւ կորսուած ժառանգութիւնը փաստող լուսանկարներով ներկայացուած դասախօսութեամբ: Ան անդրադարձաւ Արեւմտեան Հայաստանի վեց նահանգներու, ծպտեալ հայերու, հայկական եկեղեցաշինութեան:

Դեսպանութեան հովանաւորութեամբ Մեթիու Քարանեան իր նոր գիրքը հանրութեան ներկայացուց նաեւ Մոնրէալ եւ Թորոնթօ քաղաքներուն մէջ:

 

Ֆրանսա

Չամիչեանի Վեցեակի Ճազ Համերգը` «2015»

Tchamitchian_10-01-15

Սեպտեմբեր 17-ին տեղի ունեցաւ Չամիչեանի վեցեակին ճազ երաժշտութեան համերգը` «2015»: Քլոտ Չամիչեան, այս երկը յօրինած է` ներշնչուելով Պըլտեանի «Սեմեր» արձակ գործէն: Համերգին ընթացքին երգչուհին կը կարդար, կ՛երգէր, կը ձայնարկէր հատուածներ «Սեմեր»-էն:

Նախքան համերգը, երեկոյթի կազմակերպիչը` Թալին Տէր Մինասեան, իր խօսքին մէջ յայտնեց այս ձեռնարկին նպատակը: Իսկ Չամիչեան անդրադառնալով երկին, որ հիմք ծառայած էր իր ստեղծագործութեան, ընդգծեց հեղինակին կողմէ իրագործուած ծրագրին` աղէտին պատումը կարելի դարձնելու համար նոր լեզու մը որոնելու կարեւորութիւնը:

 

Միացեալ Նահանգներ

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի
Տօնակատարութիւն-Խրախճանք

detroit_9-12-15

Նախաձեռնութեամբ եւ կազմակերպութեամբ Տիթրոյթաբնակ այնճարցիներու բարեսիրական միութեան, 12 սեպտեմբերին Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ յարակից «Լիլիան-Առաքելեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի հարիւրամեակին նուիրուած տօնակատարութիւն-խրախճանքը:

Հրանդ քհնյ. Գէորգեանի աւանդական մատաղի օրհնութենէն ետք տօնակատարութեան բացման խօսքը կատարեց միութեան ատենապետ Անդրանիկ Գարատոլեան: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք սատարեցին ձեռնարկի յաջողութեան: Ան գոհունակութիւն  եւ բարոյական յաղթանակ համարեց պապերու հաւատքով եւ վառ տեսիլքով լիցքաւորուած մուսատաղցի թոռներ ու ծոռեր համախմբուած տեսնել սրահին մէջ` միասնաբար տօնակատարելու դար մը առաջ Մուսա Լերան բարձունքներուն վրայ կերտուած յաղթական երթը եւ ոգեկոչելու 18 անձնազոհ քաջարի հերոսներու անմեռ յիշատակը, որոնք իրենց կեանքը զոհաբերեցին:

Մուսա Լերան Հերոսամարտի 100-Ամեակի Եւ
Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան Հայրենակցական Միութեան
Հիմնադրութեան 30-Ամեակի Տօնակատարութիւններ

5 եւ 6 սեպտեմբերին Ֆրեզնոյի «Փիս օֆֆիսըրզ թրէյնինկ կրաունտս»-ի ընդարձակ ծառաստանին մէջ նշուեցաւ Մուսա Լերան հերոսամարտի 100-ամեակն ու Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան 30-ամեակը:

Սեպտեմբեր 5-ին տեղի ունեցաւ մատաղի պատրաստութիւն եւ գեղարուեստական երեկոյ մասնակցութեամբ Շանթ եւ Արմէն Փոսթոյեաններու:

mousa-ler_9-06-15

Սեպտեմբեր 6-ին, մատուցուեցաւ Ս. պատարագ` կատարողութեամբ թեմի առաջնորդ Մուշեղ արք. Մարտիրոսեանի: Իր քարոզին մէջ սրբազանը ամփոփ կէտերով  անդրադառնալէ ետք 1915-ին հայ ժողովուրդը բնաջնջելու թուրք պետութեան կանխամտածուած ծրագիրին` ներկայացուց Մուսա Լերան հերոսամարտի ժամանակաշրջանը: Սրբազանը անդրադարձաւ նաեւ Ցեղասպանութեան 100-ամեակին` Հայաստանէն մինչեւ հայկական սփիւռք:

Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ հոգեհանգիստ` 18 նահատակներուն եւ այլ ննջեցեալներու հոգիներուն համար: Հոգեհանգստեան արարողութենէն ետք, օրուան պատգամաբեր Լեւոն Ֆիլեանը` «Էյ. Էմ. Էյ. Էյ.»-ի Արեւմտեան ափի տնօրէնը, իբրեւ մուսալեռցի, իր սրտի խօսքը փոխանցեց եւ ներկայացուց պատմութեան ընթացքին օտար երկիրներու բարեսիրական ծառայութիւնները` 1915-ի Ցեղասպանութեան օրերուն եւ անկէ առաջ: Ֆիլեան անդրադարձաւ նաեւ Ֆրեզնոյի Մուսա Լերան հայրենակցական միութեան հիմնադրութեան 30-ամեակին` յորդորելով ներկայ սերունդն ու հայրենակիցները, որ ապրին ու գործեն մուսատաղցի մեր պապերուն ոգիով ու անոնց յաղթական երթը շարունակեն դէպի ապագայի պայծառ հորիզոններ:

Այնուհետեւ տեղի ունեցաւ մատաղի օրհնութիւն:

Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»-ը
Առաջին Անգամ Ըլլալով Պոսթընի Մէջ

mansour_10-01-15

Հայ մշակոյթի բարեկամներու հիմնարկը («Ֆրենտզ աֆ Արմինիըն Քալչըր Սոսայեթի»), Պոսթընի Արդի նուագախմբային ծրագիրին («Պոսթըն Մոտըռն Օրքեսթրա Փրոճեքթ») պիտի ներկայացնէ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ 18 հոկտեմբերին, կէսօրէն ետք ժամը 3:00-ին, «Նիւ Ինկլընտ»-ի երաժշտանոցի  հանրածանօթ «Ճորտըն Հոլ» սրահին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին նուիրուած այս ձեռնարկին նաեւ պիտի մասնակցին Հարվըրտ-Ռատքլիֆի երաշտանոցն ու Պոսթընի համալսարանի «Մարշ» երգչախումբը: Խմբավարն է Պոսթընի արդի նուագախմբային ծրագիրի մայեսթրօ Ճիլ Ռազ: Պոսթընի արդի նուագախմբային ծրագիրը յատկապէս արդի երաժշտական գործեր ներկայացնող նուագախումբ մըն է, որ կը գործէ 1996-էն ի վեր:

Սոյն ձեռնարկին պիտի ներկայացուի նաեւ Ալըն Յովհաննէսի համեմատաբար աւելի քիչ ունկնդրուած գործերէն «Խրիմեան Հայրիկ»-ը: 1944-ին պատրաստուած այս գործը յատուկ փողի (թրամփեթ) եւ նուագախումբի համար է: Յայտագիրին մաս կը կազմեն Կոմիտասէն գործեր, եւ Տմիթրի Շոսթաքովիչի դաշնակի առաջին «քոնչերթօ»-ն` մասնակցութեամբ Նարէ Աղամեանի: Յաւելեալ տեղեկութիւններու համար այցելել www.FACSBoston.org կայքը:

 

Աւստրալիա

Համազգայինի Աւստրալիոյ Նորընտիր
Շրջանային Վարչութիւնը

hamazkayin_10-01-15

Վերջերս տեղի ունեցաւ Համազգայինի Աւստրալիոյ շրջանի 18-րդ ժողովը: Ժողովը յետ շրջանաւարտ Շրջանային վարչութեան գործունէութեան քննարկման եւ ապագայ երկու տարիներու գործունէութեան ուղեգիծի մշակման, ընտրեց Շրջանային վարչութեան նոր կազմ, որ կը բաղկանայ հետեւեալներէն. Վիգէն Գալլօղլեան` ատենապետ, Մատիանա Իւանեան` քարտուղար, Կատար Ինկիլիզեան` գանձապահ, Յակոբ Կիւլիւմեան` խորհրդական:

 

Նախորդը

Վերամուտ

Յաջորդը

Գիտաժողով . Արդի Հայերէնի Հիմնախնդիրներ

RelatedPosts

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն.  Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ
Գաղութէ Գաղութ

Երկու Դրուագ` Վենետահայ Կեանքէն. Հ. Վահան Յովհաննէսեանի Ցայսօր Անյայտ Երգի Մեկնաբանութիւն Սուրբ Ղազարի Մէջ

Յուլիս 4, 2025
Գաղութէ Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Յուլիս 3, 2025
Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի
Գաղութէ Գաղութ

Սրբազան Հայրը Ընդունեց Քաղաքավարական Այցելութիւնը Լեւոն Զաքի Ետալեանի

Յունիս 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?