Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Փարիզ «Սիփան-Կոմիտաս» Երգչախումբին Առաջին Ելոյթը Մարտ 14-ին, Փարիզի հարաւարեւմտեան արուարձաններէն` Սեւրի Սեն Ռոմեն եկեղեցւոյ մէջ ելոյթ ունեցաւ ութսունամեայ վարկ ունեցող «Սիփան-Կոմիտաս» երգչախումբը, մօտ 70 անդամներով, խմբավարութեամբ Հայկ Սարգիսեանի: Երգահանդէսը նուիրուած էր Ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Խումբի անդամ եւ նախագահ Գաբրիէլ Քեփեքլեան իր բացման խօսքին մէջ նշեց, թէ 100 տարի առաջ` ապրիլ 24-ին, երբ թրքական կառավարութիւնը ձերբակալեց հայ մտաւորականները, անոնց...

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Դաշնակցական Գաղափարի Մարտիկ Սարգիս Զէյթլեանի Յիշատակին Նուիրուած Ձեռնարկ

Երեսուն տարիներ առաջ Պէյրութի մէջ հայանուն դաւադիրներու ձեռամբ առեւանգուած, ապա խոշտանգուած ու սպաննուած ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, «Ազդակ-Շաբաթօրեակ Դրօշակ»-ի գլխաւոր խմբագիր Սարգիս Զէյթլեանի վաստակը գնահատելու, անոր յիշատակը յարգելու համար կիրակի, 29 մարտի երեկոյեան Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ հաւաքուած էին հարիւրաւոր հայորդիներ: Հայորդիները դիմաւորուեցան Ռուբէն եւ Գրիգոր Յարութիւնեաններու տուտուկի նուագով: Առանձնաբար յուզիչ էր Սարգիս Զէյթլեանի կնոջ` Սոնայի, որդւոյն` Հրազդանի, դուստրերուն` Սալբիի...

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մէջ Համազգայինը Դարձեալ Պատնէշի Վրայ

Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց Մէջ Համազգայինը Դարձեալ Պատնէշի Վրայ

Հայ մշակոյթի բաբախուն սիրտը հանդիսացող Համազգայինը, հաւատարիմ մնալով իր առաքելութեան, միշտ ալ յաջողած է իր շուրջ համախմբել աշխարհասփիւռ մշակութասէր հանրութիւնը: Արդարեւ, կազմակերպութեամբ Համազգայինի «Մուշեղ Իշխան» մասնաճիւղի վարչութեան, ուրբաթ, 20 մարտ 2015-ի երեկոյեան ժամը 5:30-ին Շարժայի «Փիեռ Քէօսէեան» սրահին մէջ  «Ժորժ Սարգիսեան» թատերախումբը  ներկայացուց հայ մեծատաղանդ երգիծաբան Յակոբ Պարոնեանի «Շողոքորթը» կատակերգութիւնը: Թատրերգութեան ներկայ էին սոյն նախաձեռնութիւնը հովանաւորող Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Ապու Տապի Հայաստանի Սփիւռքի Նախարար Հրանուշ Յակոբեանի Հանդիպումները Անցնող շաբաթավերջին Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան Ապու Տապիի մէջ հանդիպում ունեցաւ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Գեղամ Ղարիբջանեանի հետ: Սփիւռքի նախարարը Ապու Տապիի նորակառոյց Սուրբ Նահատակաց եկեղեցւոյ մէջ մասնակցեցաւ Ծաղկազարդի արարողութեան եւ պատարագին: Պատարագը մատուցեց դպրեվանքի տեսուչ Թորգոմ վրդ. Տոնոյեան: Արարողութեան հանդիսապետեց Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու եւ...

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյի Մէջ

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին Նուիրուած Ցուցահանդէս Մարսէյի Մէջ

Ֆրանսայի Մարսէյ քաղաքի Պատմութեան թանգարանին մէջ հինգշաբթի, մարտ 19-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ բացումը կատարուեցաւ «100 աքսորի դիմանկար. հայ փախստականներու ինքնութեան բացայայտումը» ցուցահանդէսը` Մարսէյի Հայկական յիշողութեան հետազօտման եւ արխիւացման` ARAM կազմակերպութեան եւ Մարսէյի քաղաքապետարանի համագործակցութեամբ: Ցուցահանդէսի բացման ներկայ եղան Մարսէյի քաղաքապետ, ծերակուտական Ժան-Քլոտ Կոտեն, Մարսէյի մէջ Հայաստանի հիւպատոս Սամուէլ Լալայեան, պատմութեան թանգարանի տնօրէն Լորան Վետրին, քաղաքապետներ,...

100 Տարի 100 Ծառ. Մարսէյի Մէջ` Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Զբօսայգի

100 Տարի 100 Ծառ. Մարսէյի Մէջ` Ցեղասպանութեան Զոհերու Յիշատակին Նուիրուած Զբօսայգի

Մարսէյի քաղաքապետ Ժան-Քլոտ Կոտենի եւ ֆրանսացի երեսփոխան Վալերի Պուայէի հովանաւորութեամբ, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչը ծառատունկ կազմակերպեց Մարսէյի Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշաքարին մօտ: Յուշաքարին մօտ կայացած ձեռնարկին ներկայ էր Վալերի Պուայէ: «2015-ի ընթացքին ծրագրուած է տնկել 100 ծառ` նշենիներ եւ նռնենիներ: Այս տարածքը պիտի դառնայ յիշատակի զբօսայգի: Պատմութիւնը երբեք պէտք չէ մոռնալ, յատկապէս եթէ խօսքը մարդկութեան դէմ գործուած յանցագործութեան մասին...

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցատախտակներ Ֆրեզնոյի Մայրուղիներուն Վրայ

Ցեղասպանութեան Նուիրուած Ցուցատախտակներ Ֆրեզնոյի Մայրուղիներուն Վրայ

Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակի ոգեկոչման Ֆրեզնոյի միացեալ յանձնախումբին նախաձեռնութեամբ սկսած են Ցեղասպանութեան նուիրուած հսկայ ցուցատախտակներ Կեդրոնական Քալիֆորնիոյ Սան Ուաքին Հովիտի եւ ծովեզերեայ շրջաններու գլխաւոր ազատուղիներուն վրայ զետեղելու աշխատանքները: Աւելի քան 50 ցուցատախտակներ կը զետեղուին, գլխաւորաբար` Ֆրեզնօ եւ Մըրսետ քաղաքներէն անցնող մայրուղիներուն վրայ, ներառեալ` թիւ 99 մայրուղիին վրայ, որ դէպի այդ շրջանը տանող ինքնաշարժներու գլխաւոր ճամբան է: Անոնք պիտի զետեղուին նաեւ թիւ...

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուի Ապրիլը Ցեղասպանութեանց Յիշատակման Ամիս Հռչակելու Բանաձեւ

Քանատայի Խորհրդարանին Մէջ Պիտի Ներկայացուի Ապրիլը Ցեղասպանութեանց Յիշատակման Ամիս Հռչակելու Բանաձեւ

Մարտ 26-ին, Քանատայի խորհրդարանի անդամ եւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան փոխնախագահ Պրատ Պաթ (նկարը) հրապարակեց Քանատայի խորհրդարանի յառաջիկայ նիստին ներկայացուելիք թիւ 587 բանաձեւը, որ կը նպատակադրէ ապրիլ ամիսը Քանատայի մէջ ցեղասպանութեանց յիշատակման ամիս հռչակել: Բանաձեւը կ՛ըսէ. Ներկայացուցիչներու այս տունը կը վերահաստատէ ճանաչումը. - Ողջակիզումի յիշատակման օրուան հռչակագիրը (C-24) , որ որդեգրուած էր 7 նոյեմբեր 2003-ին: - Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւը...

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Վարչապետ Քրիսթի Քլարք Իր Զօրակցութիւնը Վերահաստատեց Հայ Դատին

Պրիթիշ Քոլոմպիայի Վարչապետ Քրիսթի Քլարք Իր Զօրակցութիւնը Վերահաստատեց Հայ Դատին

Մարտ 28-ին Վանքուվըրի մէջ կայացաւ «Կամուրջ դէպի յաջողութիւն» երեկոն, որուն հովանաւորն էր Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգի վարչապետ Քրիսթի Քլարք: Հանդիսութեան ներկայ էր Արեւմտեան Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբի ատենապետ Վահէ Անտոնեան, որ առիթ ունեցաւ յատուկ առանձնազրոյց ունենալու վարչապետին հետ: Վահէ Անտոնեան հրաւէր ուղղեց վարչապետ Քլարքին` մասնակից դառնալու Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Վանքուվըրի մէջ կայանալիք գլխաւոր ոգեկոչման ձեռնարկին: Վարչապետ Քլարք խոստացաւ յատուկ յայտարարութիւն...

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հրաւէրով Քանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան Հանդիպում

Քանատայի Հայ Դատի Յանձնախումբին Հրաւէրով Քանատա-Հայաստան Խորհրդարանական Բարեկամութեան Խմբակցութեան Հանդիպում

Մարտ 25-ին Քանատայի խորհրդարանին մէջ տեղի ունեցաւ Քանատա-Հայաստան խորհրդարանական բարեկամութեան խմբակցութեան հանդիպումը, որուն ներկայ գտնուեցան խորհրդարանի 15 անդամներ եւ մէկ ծերակուտական: Հանդիպումը կազմակերպուած էր Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ: Հաւաքին ներկայ էր նաեւ` Քանատայի մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Արմէն Եգանեան: Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին առիթով Քանատայի մէջ յառաջիկայ ծրագիրները, ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի տագնապի ծիրին մէջ սուրիահայերու եւ...

Պուէնոս Այրէսի Հայ Գաղութը Անմոռանալի Օր Մը Ապրեցաւ

Պուէնոս Այրէսի Հայ Գաղութը Անմոռանալի Օր Մը Ապրեցաւ

Շաբաթ, 28 մարտի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ, հազարաւորներու ներկայութեան տեղի ունեցաւ բացօթեայ համերգ մը` «Քեզի համար Հայաստան» բնաբանով: Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Փալերմոյի պուրակին կից` Լիպերթատոր եւ Սարմիէնթօ պողոտաներու քառուղիին վրայ, ուր հոծ բազմութիւն մը, մաս մը նստած, մեծ մասը` յոտընկայս, լարուած ուշադրութեամբ, լուռ եւ երբեմն յուզուած կամ խանդավառ կը հետեւէր հոգեպարար երաժշտութեան : Պուէնոս Այրէսի սիմֆոնիք...

Քոնկրեսական Շիֆ Կ՛ողջունէ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն Հեծելարշաւին Մասնակիցները

Քոնկրեսական Շիֆ Կ՛ողջունէ Լոս Անճելըսէն Ուաշինկթըն Հեծելարշաւին Մասնակիցները

Կիրակի, մարտ 22-ին, կէսօրէն ետք ժամը 4:30-ին, Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առթիւ Լոս Անճելըսէն դէպի մայրաքաղաք Ուաշինկթըն (LA2DC) հեծելարշաւին մասնակիցները հաւաքուեցան Հայց. եկեղեցւոյ Արեւմտեան թեմի առաջնորդարանի «Թրբանճեան» հրապարակը, ուր զանոնք ողջունեցին թեմակալ առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանն ու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆը (Քալիֆորնիոյ 28-րդ ընտրաշրջան): Առաջնորդ սրբազան հայրը իր օրհնութիւնները բաշխեց դէպի Ուաշինկթըն արշաւի կազմակերպիչ յանձնախումբի անդամներուն, ապա հեծելանիւի...

Պոսթըն.- Մայքըլ Կանտոլֆիի «Առաւօտ Լուսաբեր»-ը… Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

Պոսթըն.- Մայքըլ Կանտոլֆիի «Առաւօտ Լուսաբեր»-ը… Ի Յիշատակ Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին

: Մայքըլ Կանտոլֆի Հանրածանօթ երգեհոնահար Պերճ Ժամկոչեանի (1929-2004) հիմնած «Կոմիտաս» հիմնարկը, որ 1970-էն ի վեր կը գործէ, այս տարի մտայղացումը ունեցած էր երգեհոնով յօրինուած գործ մը պատրաստել, ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Այս յօրինումը վստահուեցաւ Մայքըլ Կանտոլֆիի (ծնած 1956-ին, Մելրոզ, Մասաչուսեց), որուն համար շուտով յստակացաւ, թէ երաժշտական բնագաւառէն աւելի կարեւոր էր նոյնինքն ահաւոր դէպքին` Հայոց ցեղասպանութեան մասին աւելի մօտէն ծանօթանալն...

Ուրուկուէյի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Լուռ Ցոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Համար

Ուրուկուէյի Մէջ Հայ Երիտասարդներու Լուռ Ցոյցը Հայոց Ցեղասպանութեան Միջազգային Ճանաչման Համար

Կազմակերպութեամբ Մոնթեւիտէոյի հայ երիտասարդական միութիւններուն, 26 մարտի երեկոյեան, Հայոց ցեղասպանութեան հրապարակի տարածքին մէջ տեղի ունեցաւ լուռ ցոյց մը, որուն ընթացքին մասնակից երիտասարդները գետին նստած եւ իրենց բերանները կարմիր երիզներով կապած` ցոյց մը կատարեցին, մինչ կարգ մը երիտասրդներ Հայոց ցեղասպանութեան մասին թերթիկներ կը բաժնէին բազմաթիւ անցորդներուն, որոնք հետաքրքրութեամբ առաւել տեղեկութիւններ կը փափաքէին ունենալ Ցեղասպանութեան մասին: Ցուցարար երիտասարդները պարզած էին պաստառներ, որոնց...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱ Նոր Ջուղա Ս. Ամենափրկչեան Վանքի «Տաթեւ» Երգչախումբին Տարեկան Համերգը` Նուիրուած Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին Փետրուար 27-ին Նոր Ջուղայի ՀՄՄ «Արարատ» միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ս. Ամենափրկչեան վանքի «Տաթեւ» երգչախումբին տարեկան համերգը ղեկավարութեամբ Համիկ Ալեքսանդրեանի, նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին: Ձեռնարկին բացումը կատարեց Վեհանուշ Խուտապախշեան: Ան  անդրադառնալով համերգի ընթացքին ներկայացուելիք երգերուն` հաստատեց, թէ երգչախումբին նպատակն է միշտ վառ պահել...

Գաղութէ- Գաղութ

Գաղութէ- Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Դասախօսական Ձեռնարկ.  «Ակնարկ Հայ Հին Բանաստեղծութեան Զարգացման Եւ Ներսէս Շնորհալի Բանաստեղծ»-ին Հրաւէրով Հալէպի մշակոյթի տնօրէնութեան եւ Հալէպի ազգային մատենադարանին, շաբաթ, 28 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 11:00-ին, Հալէպի «Թըշրին» գեղարուեստի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսական ձեռնարկ մը` նուիրուած հայ-արաբական մշակութային յարաբերութիւններու առաւել խորացման, ներկայութեամբ հայ եւ արաբ մշակութասէր ու գրասէր ընտրանիի մը: Օրուան դասախօսն էր հալէպահայ գրող,...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Նորվեկիա Հայոց Ցեղասպանութեան Թեմայով Փառատօն Օսլոյի Մէջ Մարտ 3-8 Օսլոյի մէջ ընթացաւ «Ռետ զոն» փառատօնը, որ կազմակերպած էր Օսլոյի Եկեղեցական միջմշակութային կեդրոնը` Նորվեկիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան աջակցութեամբ: Փառատօնին այս տարուան թեման Հայոց ցեղասպանութիւնն էր: Փառատօնի ծիրին մէջ մարտ 3-ին տեղի ունեցաւ «Մոռացութեան 100 տարիներ» խորագիրով համերգը, որուն կը մասնակցէին երգիչ-երաժիշտներ` Հայաստանէն, Նորվեկիայէն, Թուրքիայէն եւ Իրանէն: Փառատօնի ծրագրին մէջ ընդգրկուած էին...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Զօրավար Անդրանիկի Ծննդեան 150-Ամեակին Նուիրուած Ձեռնարկներ Վրաստան Փետրուար 25-ին վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կրթա-մշակութային եւ երիտասարդութեան կեդրոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» սրահին մէջ նշուեցաւ Զօրավար Անդրանիկ Օզանեանի ծննդեան 150-ամեակը: Վիրահայոց թեմի մշակոյթի բաժնի տնօրէն Լեւոն Չիդիլեան արժեւորեց հայ ժողովուրդի պանծալի զաւկին յիշատակը, որ իր անվեհեր սխրագործութիւններով դասուած էր պուլկար, յոյն, ռուս եւ այլ ժողովուրդներու հերոսներու շարքին, արժանացած էր Գէորգեան 4-րդ...

Գաղութէ-Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Սուրիա Տօնակատարութիւն Ս. Վարդանանց Յիշատակին Առիթով Հինգշաբթի, 12 փետրուարի երեկոյեան ժամը 5:00-ին, Հալէպի Հայ Առաքելական Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ, հովանաւորութեամբ հայ երեք համայնքապետներուն տեղի ունեցաւ Ս. Վարդանանց տօնակատարութիւնը: Ներկայ էին եկեղեցականներ եւ հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն: Շաբթուան ընթացքին տօնական իւրայատուկ մթնոլորտ վայելելու պատեհութիւնը ունեցաւ հալէպահայութիւնը` Ս. Ղեւոնդեանց, Ս. Վարդանանց եւ Տեառնընդառաջի հոգեպարար արարողութիւններուն շնորհիւ: Օրուան հանդիսավար Պարգեւ քհնյ. Պալգէորգեան...

Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ Գաղութ

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ Փարիզ Լուսին Տինքի Հեղինակած «Սարոյեան Լենտ» Շարժանկարը Յունուար 31-ին, Փարիզի մէջ, «Անաքօ» տափանաւուն վրայ տեղի ունեցաւ Լուսին Տինքի  «Սարոյեան լենտ» ժապաւէնի ցուցադրութիւնը: Ժապաւէնին ներածականը կատարեց փրոֆ. Տիգրան Գույումճեան: Հարկ է նշել, որ բաւական անդրադարձ կատարուած է Սարոյեանի Հայաստան այցելութեան մասին: Սակայն Թուրքիոյ եւ անոր ծնողներուն ծննդավայր Պիթլիս այցելութիւնը մնացին անարձագանգ հակառակ Պետրոս Զոպեանի հրատարակած գիրքին` «Դէպի Պիթլիս`...

Page 46 of 47 1 … 45 46 47

Արխիւներ