Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գաղութէ – Գաղութ

Յուլիս 30, 2015
| Գաղութէ Գաղութ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ

Ատրպատական

Ուխտագնացութիւն Ս. Թադէի Վանք Եւ
Համահայկական Խաղերու Ջահավառութիւն

 

7-30-15_date-(1)7-30-15_date-(2)Ինչպէս սովորութիւն դարձած է, իրանահայերը ամէն տարի եռօրեայ ուխտագնացութիւն կը կազմակերպեն դէպի Ատրպատականի Սուրբ Թադէի վանք` ի յիշատակ Սուրբ Թադէոս առաքեալի: Այս տարուան ուխտագնացութիւնը, որ տեղի ունեցաւ 24-25 յուլիսին, իրանահայերը նուիրած են Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին: Այս տարի ուխտագնացութիւնը կայացաւ սփիւռքի նախարարութեան «Ատրպատականի հայութեան օրեր Հայաստանում» ծրագիրով, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ատրպատականի հայոց թեմի առաջնորդարանի, Իրանի մէջ Հայաստանի դեսպանութեան եւ Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանութեան աջակցութեամբ, «Իրան-Հայաստան բարեկամութեան միութիւն» հասարակական կազմակերպութեան հրաւէրով:

7-30-15_date-(3)

Եռօրեայ ուխտագնացութեան առիթով մատուցուեցաւ Ս. պատարագ եւ  կատարուեցաւ ջրօրհնէքի արարողութիւն` Ս. Թադէոս առաքեալի աջով:

Ուխտագնացները այցելեցին նաեւ Տարաշամպի Սուրբ Ստեփանոս Նախավկայի վանք (նաեւ` Մաղարդավանք), որուն պատկերաքանդակները իրենց գեղարուեստական բարձր արժանիքներուն ու ինքնատիպ առանձնայատկութիւններուն շնորհիւ կը նկատուին ուշ միջնադարի գլուխգործոցներէն:

Այնուհետեւ խումբը այցելեց Արաքս գետի ափին գտնուող Հին Ջուղայի Հովիւի մատուռ կամ Անդէորդիի եկեղեցի, որ բացառիկ դիրք ունի, երեք կողմէն շրջապատուած է ժայռերով եւ կառուցուած է թեք ձորալանջի վրայ: Վերանորոգուած Հովիւի մատուռը կը վկայէ, որ ի տարբերութիւն Արաքս գետի միւս ափին գտնուող Ազրպէյճանին, որ մշակութային ցեղասպանութեան եւ բարբարոսական իր քաղաքականութեամբ կ’ոչնչացնէ Հին Ջուղայի խաչքարերը, Իրան կը վերանորոգէ մեր պատմական եկեղեցիները:

Յուլիս 24-ի երեկոյեան Սուրբ Թադէոս առաքեալի վանքին մէջ տեղի ունեցաւ «Սասունցի Դաւիթ» երաժշտական-թատերական ներկայացումը` նախաձեռնութեամբ Թաւրիզի ՀՕՄ-ի մասնաճիւղին, հովանաւորութեամբ Ատրպատականի թեմի առաջնորդ Գրիգոր եպս. Չիֆթճեանի եւ Թեմական խորհուրդին:

Ատրպատականի Սուրբ Թադէի վանքին մէջ, եռօրեայ ուխտագնացութեան աւարտին, հազարաւոր ուխտաւորներու մասնակցութեամբ օրհնուած է Հայաստանի մէջ օգոստոսին իրականացուելիք Համահայկական ամառնային խաղերու ջահը:

Ջահը վառելու եւ օրհնելու արարողութեան մասնակցած են Հայաստանի եւ Իրանի պետական այրեր, իրանահայ երեք թեմերու Ազգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ:

 

Սուրիա

Բանաստեղծական Նոր Հատորի
Շնորհահանդէս

7-30-15_KIRK

Յունիս 29-ին Հալէպի ՀԵԸ-ի «Անժէլ Գաւաֆեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ  Նուպար Նալպանտեանի անդրանիկ ժողովածու «Մթնշաղի աստղեր» գրքոյկի շնորհահանդէսը:

Օրուան հանդիսավար Մարինէ Տարագճեան բարի գալուստ մաղթելէ ետք ներկաներուն նշեց, թէ 1997-ին Հալէպ ծնած Նուպար Նալպանտեան բանաստեղծութիւններ գրելու իր առաջին փորձերը կատարած է 16 տարեկանէն սկսեալ` քաջալերանք գտնելով հայերէնի իր ուսուցիչներէն` Զեփիւռ Թամերեանէն եւ Յակոբ Միքայէլեանէն: Իր քերթուածներէն ոմանք լոյս տեսած են «Գանձասար» շաբաթաթերթին մէջ:

Գիրքին ծննդոցը եւ բովանդակութիւնը ներկայացուց մանկավարժ եւ գրող Մարգարիտ Շամիլեան: Ան նկատել տուաւ, թէ Նուպարի առաջին գրական փորձը ներկայացնող գրքոյկը բուռն զգացումներու յորդող գետ մըն է, որ ունի ակունք եւ տակաւին երկար ճանապարհ կրնայ կտրել ու անցնիլ: Գիրքը նման է յուշատետրի մը, որուն ընդմէջէն կը ծանօթանանք հեղինակի յուզախառն պատանեկութեան եւ փոթորկոտ երիտասարդութեան:

Շամիլեան յայտնեց, թէ գիրքին մէջ զետեղուած են մտերիմ ընկերներու, հարազատներու եւ ուսուցիչներու նկարներ, որոնք կը յաւերժացնեն անցեալին ապրուած երանելի կեանքը: Նոյն էջերուն վրայ տեղադրուած են թեւաւոր խօսքեր: Հեղինակը շօշափած է զանազան թեմաներ, ինչպէս` բողոք, որոնում, ափսոսանք, Մեծ եղեռն, սէր ու յարգանք մօր եւ ուսուցիչի հանդէպ:

Գիրքի ներկայացման ընթացքին մէջընդմէջ հրամցուեցան պատառիկներ, որմէ ետք  գիրքին հեղինակը «Մնաք բարով» քերթուածով իր սրտի խօսքը ուղղեց ներկաներուն:

Այնուհետեւ գրող, դասախօս եւ հայերէնաւանդ ուսուցիչ Լեւոն Շառոյեան ներկայացուց գիրքը: Ան յայտնեց, թէ առաջին ակնարկով, բանաստեղծութիւն եւ պատերազմ հակասական երեւոյթներ են, եւ հոն տեղ գտած բանաստեղծութիւնները ուղղակի ցոլացումն են մեր առօրեային:

Աւարտին ներկաներուն տրամադրուեցան հեղինակի նորատիպ գիրքէն օրինակներ:

 

Յունաստան

Վարդան Թաշճեանի Պարգեւատրում

7-30-15_vartan

Յունիս 23-ին  Հայաստանի դեսպանութեան մէջ տեղի ունեցաւ Կիպրոսի «Նարեկ» վարժարաններու հոգաբարձութեան ատենապետ Վարդան Թաշճեանի պարգեւատրման արարողութիւնը: Արդարեւ, սփիւռքի նախարարութիւնը  բարձրագոյն «Ոսկէ մետալ»-ով պարգեւատրեց զայն` հայապահպանման գործին մէջ մեծ աւանդ ունենալուն համար:

Իր բացման խօսքին մէջ դեսպան Ղալաչեան նշեց, որ հայրենիքէն հեռու ազգային ինքնութիւնը պահպանող իւրաքանչիւր հայ հերոս է, իսկ հայապահպան  ու հայրենանուէր գործունէութիւն ծաւալող ամէն հայ` կրկնակի հերոս: Ան նաեւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեց անոր կենսագրական տուեալներուն մասին:

Այնուհետեւ շնորհակալական եւ երախտագիտագիտական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Վարդան Թաշճեան: Ան նշեց, որ ինքնութիւնը պահպանելու եւ իբրեւ հայ ապրելու ու գործելու պատգամը ժառանգած է Մեծ եղեռնէն մազապուրծ փրկուած իր ծնողներէն, եւ իր կրթական ողջ գործունէութեան ընթացքին փորձած է զայն սերունդէ սերունդ փոխանցել: Ան հաստատեց, որ սոյն պարգեւատրումը զինք կը խրախուսէ առաւել եւս բազմապատկուած ջանքով ու յանձնառութեամբ շարունակել ծառայելու հայ ժողովուրդին եւ հայրենիքին:

 

Նոր Ջուղա

Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ Տարելիցին
Նուիրուած «Շատոյեան» Նորաձեւութեան Տան
«Վերածնունդ» Տարազների Ցուցադրութիւն

7-30-15_VERADZENOUNT

Յուլիս 9-ին  Նոր Ջուղայի Հայ մարզա-մշակութային «Արարատ» միութեան հանդիսութիւններու սրահին մէջ սփիւռքահայ նորաձեւող  Գէորգ Շատոյեան ցուցադրեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին նուիրուած իր «Վերածնունդ» տարազներու հաւաքածոն, որ կը ներկայացնէ 18-րդ դարավերջի եւ 19-րդ դարասկզբի հայկական տարազներու ցուցանմուշները:

Օրուան հանդիսավար Մանիա Ղուկասեան յայտնեց, թէ Գէորգ Շատոյեան իր այս հաւաքածոն ստեղծելու նպատակով շրջած է Հայաստանի տարբեր շրջաններ, տարազներու թանգարաններ եւ ուսումնասիրելէ ետք համադրելով իր վառ երեւակայութիւնը եւ աւանդական զգեստներու տարրերը` հինի ու նորի համադրութեամբ ստեղծած է զգեստներ, որոնցմով վերածնունդ տուած է հայկական աւանդական տարազներուն:

Հաւաքածոն բաղկացած էր Մուշի, Տարօնի, Տրապիզոնի, Սիւնիքի, Արցախի, Խարբերդի, Կիլիկիոյ, Զէյթունի, Կարինի, Վասպուրականի, Բաղէշի, Սեբաստիոյ Գովտուն գիւղի, եւ թեհրանահայ 26 կնոջ, 8 տղամարդու եւ 15 մանկական տարազներու ցուցանմուշներ: Այս բացառիկ եւ իւրայատուկ հաւաքածոյի ցուցադրութիւնը եզրափակուեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի խորհրդանիշ անմոռուկ ծաղիկի պատկերով ստեղծած զգեստի ցուցադրումով:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Շնորհակալական խօսքով ելոյթ ունեցաւ Գէորգ Շատոյեան, որմէ ետք միութեան Կեդրոնական վարչութեան նախագահ Մասիս Մինասեան յուշանուէրներ յանձնեց Գէորգ Շատոյեանի եւ Թեհրանի ՀՄՄ «Նայիրի» միութեան նախագահ Ֆրետ Աշուղեանի:

Աւարտին ներկաները այցելեցին դահլիճին կից սրահին մէջ կազմակերպուած նշեալ տարազներու լուսանկարներու ցուցահանդէսը:

 

Պոլիս

Գարթալի Սուրբ Նշան Եկեղեցւոյ
Վերաբացում

7-30-15_sourp-neshan

Յուլիս 3-ին Պոլսոյ Գարթալի թաղամասին մէջ գտնուող Սուրբ Նշան եկեղեցւոյ Թաղային խորհուրդը հանդիպում ունեցաւ պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեանի հետ: Հանդիպումի ընթացքին անոնք  յայտնեցին, որ եկեղեցւոյ վերանորոգման աշխատանքները հասած են իրենց աւարտին եւ հրաւիրեցին պատրիարքական փոխանորդը եկեղեցւոյ բացումին:

Արդարեւ, քաղաքէն բաւական հեռու գտնուող եկեղեցին շուրջ երկու տարիէ ի վեր փակ էր վերանորոգման պատճառով:

Հանդիպումի աւարտին որոշուեցաւ  վերանորոգուած եկեղեցւոյ բացումը կատարել 8 օգոստոսին:

 

Միացեալ Նահանգներ

ՀՄԸՄ-ի «Սիփան» Մասնաճիւղի  20-Ամեակին
Նուիրուած Գնահատանքի Երեկոյ

7-30-15_HMEM

Յունիսի 26-ին Պըրպենքի «Բ. Մարտիրոսեան» երիտասարդական կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ՀՄԸՄ-ի «Սիփան» մասնաճիւղի գործունէութեան 20-ամեակին նուիրուած գնահատանքի երեկոն:

Բացման խօսքը արտասանեց յանձնախումբի ատենապետ Սարօ Ղազարեան: Ապա ՀՄԸՄ-ի վարչութեան անունով Նժդեհ Յակոբեան շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անդամներուն եւ հովանաւորներուն` 20-ամեայ իրենց ներդրումներուն համար եւ յաջողութիւն մաղթեց մասնաճիւղի ապագայ գործունէութիւններուն:

Ձեռնարկի ընթացքին կարդացուեցան ուղերձներ: «Ն. Աղբալեան» կոմիտէի անունով Վարդան Տէրտէրեան իր խօսքին մէջ գնահատեց մասնաճիւղի 20-ամեայ գործունէութիւնը` անդրադառնալով ՀՄԸՄ-ի շուրջ 100 տարուան հսկայ ծառայութեան սերունդներու դաստիարակութեան գործին մէջ:

Շրջանային վարչութեան խօսքը ներկայացուց Արամ Երումեանը, որ ողջունելով «Սիփան» մասնաճիւղի 20-ամեայ գործունէութիւնը` շատ կարեւոր նկատեց ՀՄԸՄ-ականներու ներկայութիւնը հայկական համայնքներէն ներս:

Գրիգոր Գրիգորեանը իր ուղերձին մէջ գնահատելով մասնաճիւղին ազգանուէր գործունէութիւնը` յորդորեց ամրապնդել կապը հայրենիքի հետ, միշտ ի մտի ունենալով, որ հայրենիքն է յաւիտենականը եւ վերջնական հանգրուանը աշխարհացրիւ հայ ժողովուրդին:

Այնուհետեւ ՀՄԸՄ-«Սիփան» մասնաճիւղի վարչութեան անունով գնահատանքի յուշանուէրներ յանձնուեցան մասնաճիւղի հովանաւորներուն, որոնք խրախուսեցին  ներկաները  իրենց նիւթական օժանդակութիւններով զօրավիգ կանգնելու  մասնաճիւղի ազգանուէր գործունէութեան:

Աւարտին մասնաճիւղի վարչութիւնը  շնորհակալագրեր յանձնեց մասնաճիւղի 17 անդամներուն` գնահատելով անոնց 20-ամեայ շարունակական նուիրումը, իսկ Աղավարդ Աբուլեանին յանձնեց տիպար ՀՄԸՄ-ականի կոչումը:

Ձեռնարկի ընթացքին գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:

Համազգայինի «Մինաս Եւ Գոհար
Թէօլէօլեան» Գրական Մրցանակ

7-30-15_HAMAZKAYIN

Միացեալ Նահանգներու Արեւելեան շրջանի Համազգայինը հաղորդեց, որ այս տարի «Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան մրցանակը շահած է Ալիս Օհաննէսեան իր «Օրհանի ժառանգութիւնը» գործին համար:

Ալիս Օհաննէսեան ծնած է Քուէյթ, ապա երեք տարեկանին գաղթած Հարաւային Քալիֆորնիա եւ ներկայիս կը բնակի Սան Հուան Քափիսթրանօ (Քալիֆորնիա) իր ամուսնոյն եւ երկու որդիներուն հետ:

Ալիսի գիրի ու գրականութեան հանդէպ սէրը արթնցած է պատմաբանի մասնագիտութեամբ արուեստից պսակաւորի վկայականը ստանալէ ետք: Ան ընտրեալների շարքին էր` լաւագոյն նոր գրողներու կարգ մը մրցոյթներուն:

«Օրհանի ժառանգութիւնը» Օհաննէսեանի առաջին արձակ հատորն է, որ ներկայիս կը թարգմանուի բազմաթիւ լեզուներու:

«Մինաս եւ Գոհար Թէօլէօլեան» ժամանակակից գրականութեան մրցանակը հիմնուած է 20-րդ դարու կիսուն` գրականութեան քննադատ Մինասի եւ իր կնոջ, տարիներու վաստակաւոր ուսուցչուհի Գոհարի անունով: Այս մրցանակին նպատակն է ճանչնալ եւ գնահատել Հիւսիսային Ամերիկայի տարածքին արդի գրականութեամբ զբաղող տաղանդաւոր երիտասարդները: Այս մրցանակին ներկայացուող գործերը կրնան ըլլալ հայերէն, անգլերէն, ֆրանսերէն, սպաներէն` հայկական բնոյթի նիւթերով, կամ եթէ ծագումով հայ հեղինակէ են:

 

Քանատա

Սքաութ Թիւֆէնքճեանի «Միայն Աշխարհը Կայ»
Լուսանկարչական Ալպոմի Ներկայացում
Թորոնթոյի Մէջ

Կիրակի, 26 յուլիս 2015-ին Համազգայինի «Գլաձոր» եւ ՀՅԴ Քանատայի երիտասարդական միութեան «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ լրագրող-լուսանկարիչ Սքաութ Թիւֆէնքճեանի «Հայկական սփիւռք» ծրագիրի ու վերջերս լոյս տեսած «Միայն աշխարհը կայ» գիրքի ներկայացումը` Թորոնթոյի Հայ կեդրոնի Համազգային «Յ. Մանուկեան» գրադարանին մէջ:

Համազգային «Գլաձոր» եւ ՀՅԴ ՔԵՄ «Սիմոն Զաւարեան» մասնաճիւղերու անունով ողջոյնի խօսք կատարելէ ետք, հանդիսավար Ռուբէն Ճանպազեան հրաւիրեց Թիւֆէնքճեանը, որ սալիկներու միջոցով ներկայացուց վերջին վեց տարիներու ընթացքին կատարած իր աշխատանքը:

Թիւֆէնքճեան ծնած է Պոսթըն. հայրը ամերիկահայ է, իսկ մայրը` իրլանտական ծագումով ամերիկացի: Սքաութի հօրենական նախահայրերը կու գան Մուսա լեռէն:

«Հայկական սփիւռք» ծրագիրին ծիրին մէջ Թիւֆէնքճեան այցելեց Եւրոպա, Լիբանան եւ մինչեւ Հնդկաստան` լուսանկարելու աշխարհի չորս կողմը գտնուող հայկական գաղթօճախները: Ծրագրին աւարտին ան հրատարակեց աւելի քան 160 լուսանկարներէ եւ 224 էջերէ բաղկացող «Միայն աշխարհը կայ» հատորը:

Ներկայացման աւարտին, ներկաները առիթը ունեցան իրենց հարցումները ուղղելու Թիւֆէնքճեանին, որմէ ետք, Համազգայինի «Գլաձոր» մասնաճիւղի ատենապետ Մեղեդի Էթիեմեզեան տեղւոյն Համազգայինի եւ ՀՅԴ ՔԵՄ-ի մասնաճիւղերու անունով անոր նուիրեց թորոնթոհայ լուսանկարիչ Գալուստ Պապեանի «Ներաշխարհիս ոսպնեակէն» լուսանկարչական հատորը:

Նշենք, որ Սքաութ Թիւֆէնքճեան 2008-ի Միացեալ Նահանգներու նախագահական ընտրութիւններուն Պարաք Օպամայի լուսանկարիչն էր: Օպամայի ընտրապայքարին ընթացքին ան լուսանկարեց աւելի քան 12 հազար լուսանկար եւ հետագային հրատարակեց լուսանկարչական ալպոմ մը` Yes We Can: Barack Obama’s History-Making Presidential Campaign:

 

Նախորդը

Զոյգ Աշխարհաբարներու Մերձեցման Միտումով

Յաջորդը

Առ Կոթողն Երկբայական – Բ

RelatedPosts

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան
Գաղութէ Գաղութ

Գոյժ- Այւազ Գրիգորեան

Մարտ 30, 2023
Գաղութէ-Գաղութ
Գաղութէ Գաղութ

Գաղութէ-Գաղութ

Մարտ 30, 2023
Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու
Գաղութէ Գաղութ

Եգիպտացի Նախարարը Հանդիպած Է Եգիպտոսէն Արտագաղթած Ամերիկահայ Ներդրողներու

Մարտ 28, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In