Պատրաստեց՝ ՄԱՐԱԼ ՄԽՍԵԱՆ
Յունաստան
Բազմամարդ Աննախադէպ Մասնակցութեամբ
Աթէնքի Եւ Թեսաղոնիկէի Մէջ Իրականացան
Բողոքի Պահանջատիրական Ցոյցերը
Ուրբաթ, 24 ապրիլ 2015¬ին, Հայոց Ցեղասպանութեան 100¬ամեայ տարելիցին առիթով Յունաստանի մէջ հազարաւոր մարդիկ համախմբուեցան Աթէնքի եւ Թեսաղոնիկէի մէջ կազմակերպուած ցոյցերուն:
Ցուցարարները ուղղուեցան թէ Աթէնքի թրքական դեսպանատուն եւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսութիւն: Թեսաղոնիկէի ցոյցին մասնակցելու համար Թրակիայէն եւս հանրակառքերով ժողովուրդ փոխադրուած էր:
Աթէնքի Մէջ
Ցուցարարները ճամբայ ելան Աթէնքի կեդրոնական Սինտաղմայի հրապարակէն, ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան տեղադրած նկարներու ցուցադրութեան տաղաւարին առջեւէն: Սինտաղմայի աստիճաններուն վրայ շարքի կանգնած ՀՅԴ Պատանեկան միութեան անդամները արձակեցին 100 հատ փուչիկ, Աթէնքի երկինքը զարդարելով կարմիր գոյնով:
Ցոյցը յառաջացաւ հայ երիտասարդներու եւ պատանիներու առաջնորդութեամբ, որոնք հագած էին սեւ եւ ճերմակ շապիկներ` 100-ամեակի խորհրդանշանով: Անոնք պարզած էին հսկայ ու երկար Եռագոյն դրօշակ մը եւ կը կրէին բազմաթիւ հայկական եռագոյն եւ յունական ազգային փոքր դրօշակներ ու պահանջատիրական լոզունգներ կրող մեծադիր պաստառներ: Ցոյցին իրենց մասնակցութիւնը բերին յոյն-պոնտական կազմակերպութիւններու եւ ասորիներու ներկայացուցիչները:
Ցուցարարները լոզունգներ կրկնելով` անցան հելլէն խորհրդարանի շէնքին առջեւէն ու յառաջացան դէպի Ռիղիլիս պողոտայի խաչմերուկ` պահ մը կանգ առնելով Ազրպէյճանի դեսպանութեան առջեւ եւ «Ղարաբաղը մերն է» լոզունգը վանկարկելով: Ապա ցուցարարները ուղղուեցան դէպի թրքական դեսպանատուն:
Ռիղիլիս պողոտային անկիւնը պաստառ մը զետեղուեցաւ, ուր ցուցադրուեցաւ ՀՅԴ Պատանեկան միութեան Վարիչ մարմինին նախաձեռնութեամբ պատրաստուած երիզ մը, ուր 100 պատանիներ մէկ բառով իրենց կարծիքը կը յայտնէին, երբ կը լսէին Հայաստան, 100-ամեակ եւ Ցեղասպանութիւն բառերը: Իւրայատուկ էին պատանիներուն տուած պատասխանները, որոնք ցոյց կու տային փոքրիկներու ներաշխարհին մէջ ձեւաւորուած գաղափարները:
Այնուհետեւ սկսան բանակցութիւնները ոստիկանութեան հրամանատարներուն հետ` պահանջելով, որ ճամբան բացուի եւ արտօնուի խաղաղ ցոյցի շարունակութիւնը մինչեւ թրքական դեսպանատան շէնքին առջեւ, Թուրքիոյ պետութեան ուղղուած յուշագիրը յանձնելու համար: Ոստիկանութիւնը արտօնեց եռանդամ պատուիրակութեան մը անդամներուն միայն անցնիլ ու յառաջանալ: Այսուհանդերձ, պատուիրակութեան առաքելութիւնը խանգարուեցաւ, երբ անոնց թոյլ չտրուեցաւ յանձնել թրքական պետութեան ուղղուած յուշագիրը: Պատուիրակութեան անդամները թրքական դեսպանատան դէմ կանգնելով` երգեցին հայկական ազգային քայլերգը, բարձրաձայն պատգամ ուղարկելով Թուրքիոյ պետութեան:
Ցուցարար երիտասարդները շարունակեցին մեծ եռանդով վանկարկել պահանջատիրական լոզունգները:
ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան անդամները իրենց դիրքերը չլքեցին, այլ իրենց եռանդոտ երգերով եւ կրքոտ լոզունգներով պահանջատէր մնացին հայութեան արդար իրաւունքներուն:
Թեսաղոնիկէի մէջ
Ցոյցը ճամբայ ելաւ Արիսթոթելուս հրապարակին վրայ տեղադրուած ՀՅԴ Երիտասարդական միութեան «Սողոմոն Թեհլիրեան» խումբի տեղեկատուական տաղաւարին առջեւէն եւ ուղղուեցաւ Թեսաղոնիկէի թրքական հիւպատոսարան:
Պահանջատիրական լոզունգներ հնչեցին ցոյցի ամբողջ տեւողութեան, ապա երբ ցուցարարները հասան շէնքին առջեւ, պատուիրակութիւն մը փորձեց յանձնել Թուրքիոյ պետութեան ուղղուած յուշագիրը: Հայութեան պահանջները ամփոփող գրութիւնը սակայն կարելի չեղաւ յանձնել, եւ ցուցարարները շարունակեցին իրենց պահանջատիրական լոզունգերը բացագանչել` յստակ պատգամ փոխանցելով Թուրքիոյ:
Քոս Կղզիի Հայութիւնը Նշեց
Հայոց Ցեղասապանութեան 100-Ամեակը
Ուրբաթ, 24 ապրիլի 2015-ին Քոս կղզիին մէջ ապրող հայութիւնը յատուկ կերպով նշեց Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցը:
Ելոյթներու շարքը սկսաւ կղզիի քաղաքապետական խորհուրդի նիստերու սրահին մէջ կազմակերպուած ձեռնարկով: Խօսք առաւ փոխքաղաքապետ Քրիթիքոս, որ քաղաքապետիՆ ողջոյները փոխանցեց ներկաներուն եւ իր զօրակցութիւնը յայտնեց հայ ժողովուրդի արդար պահանջներուն:
Յաջորդաբար խօսք առաւ Ալինա Սաքանեան, որ յայտնեց, թէ 100-ամեակը կը նշանաւորէ հայ ժողովուդի պայքարի վերանորոգումը` հայ ժողովուրդի արդար դատի իրականացման համար: Յատուկ նշում կատարեց Հայաստանի Ազգային ժողովին կողմէ յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութեանց ճանաչման բանաձեւին, ինչպէս եւ Յունաստանի խորհրդարանին կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ուրացման դէմ որդեգրուած օրէնքին` շեշտը դնելով հայ եւ յոյն եղբայրակից ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան վրայ:
Յաջորդաբար կատարուեցաւ քայլարշաւ` Ազատութեան հրապարակէն մինչեւ Անծանօթ զինուորի յուշադամբանը, ուր ծաղկեպսակներ զետեղուեցան Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:
Սպանիա
Հայոց Ցեղասպանութեան 100-Ամեակին
Նուիրուած Պատարագ
Ապրիլ 13-ին Մատրիտի թագաւորական «Ալմուտենա» տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ պատարագ` նուիրուած Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին: Պատարագը մատուցեց Մատրիտի Քարլոս Օսորօ արք. Սիերա` մասնակցութեամբ Սպանիոյ Հայ Առաքելական եկեղեցւոյ ներկայացուցիչներու:
Իր խօսքին մէջ Օսորօ արք. նշեց, որ պատարագը նուիրուած է հայերու վերապրած ողբերգութեան ու դժոխային տառապանքներուն: Ան նկատել տուաւ, որ ներկայ իրավիճակը արդիւնքն է Մերձաւոր Արեւելքի զանազան երկիրներու մէջ ժամանակին ցուցաբերուած անտարբերութեան եւ լուռ կենալուն:
Երախտագիտական խօսքով հանդէս եկաւ Սպանիոյ եւ Փորթուգալի մէջ հայրապետական պատուիրակի ընդհանուր փոխանորդ Սասուն քհնյ. Զմրուխտեան, որ հաստատեց, թէ Կաթողիկէ եկեղեցին հայ ժողովուրդի ծանր եւ յաղթական օրերուն միասին եղած է եւ անհրաժեշտութեան պարագային օգնութեան ձեռք երկարած է:
Սպանիոյ մէջ Հայաստանի դեսպան Աւետ Ադոնց իր ելոյթին մէջ յայտնեց, թէ մենք կը յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը ոչ միայն սգալու համար մեր կորուստները, այլեւ` մեր երախտիքի խօսքը ըսելու այն երկրներուն ու անհատներուն, որոնք ժամանակին օգնութեան ձեռք երկարեցին մեր հայրենակիցներուն, փրկեցին եւ ապաստան տուին անոնց: Ան նկատել տուաւ, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման եւ դատապարտման հիմնական նպատակներէն մէկը նման ոճրագործութիւններու հետագայ կանխարգիլումն է, աւելցնելով, որ միասին այս ուղղութեամբ համատեղ աշխատելով կ՛ունենանք անվտանգ, պաշտպանուած եւ արդար աշխարհ: Ան նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց ներկաներուն` մեր կողքին ըլլալնուն համար:
Միացեալ Նահանգներ
Լուսանկարչական Ցուցահանդէս`
Նուիրուած Ցեղասպանութեան Հարիւրամեակին
Նախաձեռնութեամբ Սան Ֆրանսիսքոյի ու շրջակայքի Ցեղասպանութեան հարիւրամեակի յանձնախումբին, 12 ապրիլին Սան Ֆրանսիսքոյի «Սոմարթց պէյ կալըրի»-ին մէջ տեղի ունեցաւ արուեստագէտ, լուսանկարչուհի Քեթրին Քուքի «Ծառերու յիշատակը» խորագիրը կրող ցուցահանդէսը` նուիրուած Ցեղասպանութեան հարիւրամեակին: Ներկայացուած էին շուրջ 30 զանազան չափի լուսանկարներ:
Յանձնախումբի անդամ Դաւիթ Օճաքեան իր բարի գալուստի խօսքին մէջ ներկայացուց լուսանկարչուհի Քեթրին Քուքը` տալով անոր կենսագրական գիծերը ու մանրամասնութիւններ` ցուցադրութեան դրուած լուսանկարներու պատրաստման աշխատանքին մասին:
Քուք իր համալսարանական ուսումը լրագրութեան մէջ ստացած է Քոլորատոյի համալսարանին մէջ, 2001-ին, եւ լրագրութեան ասպարէզը սկսած է 2003-ին, «Ասոշիէյթըտ Փրես» մեծանուն լրատուական գործակալութեան հետ, Փանամայի մէջ: 2006-ին ան կը փոխադրուի Պոլիս, Թուրքիա, ուր կը սկսի «Ծառերու յիշատակը» եօթը երկար տարիներու ծրագիրին` այցելելով ու լուսանկարելով Արեւմտահայաստանի զանազան շրջանները, ուր տեղի ունեցած են գաղթականութիւն եւ ջարդեր: Այս նախաձեռնութիւնը վերածուած է իր առաջին լուսանկարչական գիրքին: Իր գործերը ցուցադրուած են Իտալիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի եւ Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Աւետարանական-Լուտերական Եկեղեցում Միասնական
Աղօթք` Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերի Յիշատակին
Ապրիլ 18-ին, Վրաստանի Աւետարանական-լուտերական եկեղեցւոյ Թիֆլիսի Ս. Պօղոս-Պետրոսի անուան տաճարին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը ոգեկոչող ձեռնարկ:
Վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնը եկեղեցւոյ տարածքին կազմակերպած էր Մեծ եղեռնին նուիրուած լուսանկարներու ցուցադրութիւն:
Վրաստանի մէջ Աւետարանական-լուտերական եկեղեցւոյ առաջնորդ Հանս-Իոիահիմ եպս. Քիտերլեն անդրադառնալով օրուան խորհուրդին` դատապարտեց եղեռնագործութիւնը, մարդկութեան ոչնչացումը ազգային պատկանելութեան եւ հաւատքին հաւատարմութեան պատճառով:
Այնուհետեւ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն` Ցեղասպանութեան նահատակներու հոգիներու խաղաղութեան համար:
Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախագահ, պատմաբան Ենոք Թադէւոսեան հանդէս եկաւ Հայոց եղեռնի մասին բանախօսութեամբ, որմէ ետք իր սրտի ցաւը սեփական բանաստեղծութեան ընթերցմամբ արտայայտեց բանաստեղծուհի Մարինա Մոսէսովա-Կիրակոսեան:
Աւարտին թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան երախտագիտական խօսք ուղղեց բոլորին` յորդորելով, որ պէտք է միասնաբար դէմ կենանք չարին, որպէսզի կարենանք յաղթել անոր:
Յիշատակի երեկոյի ընթացքին հնչեցին հայերէն եւ գերմաներէն հոգեւոր երգեր լուտերական և վիրահայոց թեմի եկեղեցական երգչախումբերու կատարումներով:
Խոնարհում Ցեղասպանութեան Զոհ Գացած
Հայ Մտաւորականներու Յիշատակին
Նախաձեռնութեամբ վիրահայոց թեմի «Հայարտուն» կեդրոնին, համագործակցութեամբ Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան, 10 ապրիլին Վրաստանի երաժիշտներու ստեղծագործական միութեան սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան զոհ գացած հայ մտաւորականներու յիշատակը ոգեկոչող «Մեծաց յիշատակին» խորագրով գրական-երաժշտական երեկոյ:
Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան անունով Նայիրա Մարգարեան ներկայացուց Կոմիտաս վարդապետի անցած ուղին` անդրադառնալով այն դաժանութիւններուն եւ նպատակաուղղուած գործողութիւններուն, որ կ՛իրականացնէին Թուրքիոյ իշխանութիւնները ժողովուրդի հոգեւոր առաջնորդներուն, իշխանութեան ատեաններուն մէջ ներգրաւուած հայազգի պաշտօնեաներուն նկատմամբ: Ան յիշատակեց թրքական եաթաղանի զոհ դարձած Գրիգոր Զօհրապը, Դանիէլ Վարուժանը, Ռուբէն Սեւակը, Սիամանթոն եւ այլ արժանաւոր հայորդիները:
Վրաստանի հայ մտաւորականներու միութեան նախագահ Ենոք Թադէոսեան ներկայացուց Ցեղասպանութենէն ետք Կոմիտասի ապրած տարիները, անոր աճիւններու տեղափոխութիւնը, արժեւորելով Խորհրդային Միութեան հայազգի բարձր պաշտօնեաներու հայրենանուէր գործունէութիւնը, որոնք կրցած էին արթուն պահել Ցեղասպանութեան ճանաչման եւ արդարութեան յաղթանակի պահանջը:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Եուրի Վարդանեան իր ելոյթին մէջ երախտագիտական խօսքեր ուղղեց վրացահայութեան, որ զանազան ձեռնարկներով պիտի յիշատակէ Ցեղասպանութեան 100-ամեակը:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
ԿԲՎ-ի Շրջանաւարտից Միութիւնը 25 Տարեկան Է
Ուրբաթ, 27 փետրուար 2015-ին «Ֆենիսիա» ճաշարանին մէջ 260 ներկաներով նշուեցաւ Կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանի Շրջանաւարտից միութեան 25-ամեակը: Յատուկ հրաւէրով Պէյրութէն ժամանած էր վարժարանի տնօրէնուհին Մարալ Տէյիրմենճեան: Ներկայ էին նաեւ նախկին տնօրէններէն Արամ Պուլղուրճեան, ինչպէս նաեւ ուսուցիչներ` Հայկազ Չալեան եւ Անի Յակոբեան:
Օրուան հանդիսավար Մէյրի Գոնիալեանի բարեգալուստի խօսքէն ետք վեր. Կալվին Սաղըրեան գնահատական խօսք ուղղեց հայ դպրոց մը հիմնելու տեսիլքը ունեցող ԿԲՎ-ի հիմնադիրներուն, որոնց գերագոյն նպատակը եղած էր հայրենիքէն հեռու, օտար երկրի մը մէջ հայ մանուկին հայ լեզուն ջամբել, զայն Քրիստոսի ճշմարիտ ճամբով առաջնորդել եւ այդ ձեւով տիպար հայն ու քաղաքացին կերտել:
Այնուհետեւ ցուցադրուեցաւ Շրջանաւարտից միութեան գործունէութիւնը ներկայացնող տեսերիզ մը:
Միութեան ատենապետ Վարուժ Չարխըտեան իր խօսքին մէջ շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր անոնց, որոնք նեցուկ կը կանգնին միութեան: Հակիրճ խօսքով հանդէս եկաւ Լեւոն Ֆիլեան, որ ընդգծեց, թէ Աւետարանչական առաքելութեան ծիրին մէջ կ’իյնայ նաեւ աւետարանական վարժարաններուն նիւթական օժանդակութեան ձեռք երկարելու կարելիութիւնը, որոնց շարքին է ԿԲՎ-ը:
ԿԲՎ-ի տնօրէնուհին Մարալ Տէյիրմենճեան իր խօսքին մէջ յայտնեց, որ չորրորդ անգամն է, որ կը գտնուի իրենց մէջ եւ շատ հարազատ կը զգայ: Ան ցուցադրեց տեսերիզ մը, որուն ընդմէջէն ներկաները ականատես եղան վարժարանի տարածքին կատարուած նորոգութիւններուն եւ նոր բաժիններու շինարարական աշխատանքներուն, որոնց նիւթականը տրամադրուած է Շրջանաւարտից միութեան կողմէ: Ան մեծ ուրախութեամբ թուեց աշակերտներուն ներդպրոցական եւ արտադպրոցական յաջողութիւնները, ինչպէս նաեւ` ուսուցչական կազմին ներկայացուած վերաորակաւորման դասախօսութիւնները: Խօսքի աւարտին ներկայացուց վարժարանը բարելաւելու համար անհրաժեշտ ապագայ ծրագիրները` նշելով, որ անոնց իրագործումը կը կարօտի նիւթականի:
Ապա յատուկ յուշանուէրներով պատուեց Գաբրիէլ Ալպարեանն ու Արա Գալֆայեանը` տարիներու անոնց անսակարկ աշխատանքին համար:
Գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր:
Այնուհետեւ Հայկազ Չալեան, որպէս «տարուան ուսուցիչը», պատուըւեցաւ յուշատախտակով մը:
Հայոց Ցեղասպանութեան Նահատակներու
Յիշատակին Խաչքարի Օծում
Ապրիլ 12-ին, Պաթումի Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագ:
Պատարագի աւարտին տեղի ունեցաւ եկեղեցւոյ բակին մէջ տեղադրուած երկու խաչքարերու օծման արարողութիւնը: Խաչքարերէն մէկը նուիրուած էր հայ-վրացական բարեկամութեան, իսկ միւսը` Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: Խաչքարերու նուիրատուն էր Հայաստանի Վանաձորի քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեան, որ այս առիթով Վանաձորէն յատուկ ժամանած էր Պաթում:
Աւարտին վիրահայոց թեմի առաջնորդ Վազգէն եպս. Միրզախանեան բարձր գնահատեց Վանաձորի քաղաքապետին հայրենանուէր այս աշխատանքը: Ան օրհնեց Պաթումի հայ համայնքը բարձր գնահատեց քաղաքի իշխանութիւններուն` պաթումահայութեան ծրագիրներուն իրենց աջակցութիւնը բերելուն համար: Սրբազան հայրը նաեւ փոխանցեց Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց կաթողիկոսին օրհնութիւնը:
Պաթումի քաղաքապետ Կիորկի Երմաքով իր ելոյթին մէջ կարեւոր նկատեց հայ եւ վրացի ժողովուրդներու բարեկամութիւնը, արժեւորեց Վանաձոր-Պաթում քաղաքներու բարեկամութիւնը` հաստատելով, որ վրացի ժողովուրդը կը կիսէ հայ ժողովուրդի վիշտն ու ցաւը:
Վրաստանի մէջ Հայաստանի դեսպան Եուրի Վարդանեան կարեւոր նկատեց այս խաչքարերուն եւ տարբեր ձեռնարկներու միջոցով հայութիւնը յուզող հարցերու լուծումը եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցի համահայկական ձեռնարկներու առանցքային գաղափարաբանութեան` յիշողութեան, պահանջատիրութեան, երախտապարտութեան եւ վերածնունդի մասին պաթումցիներուն իրազեկումը:
Վանաձորի քաղաքապետ Սամուէլ Դարբինեան նշեց, որ Պաթում եւ Վանաձոր երկար տարիներու վրայ բարեկամ քաղաքներ են եւ պէտք է անպայման հայ-վրացական բարեկամութիւնը պահպանել: Ան նաեւ ցանկութիւն յայտնեց մասնակի վերանորոգման աշխատանքներ իրականացնելու Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ մէջ:
Ելոյթներ ունեցան նաեւ հիւպատոս Արամ Գրիգորեան եւ հոգեւոր հովիւ Արարատ քհնյ Գումբալեան:
Խաչքարերու օծումէն ետք կատարուեցաւ մատաղի օրհնութիւն եւ բաժնուեցաւ ժողովուրդին:
Այնուհետեւ Պաթումի Ռեւազ Լաղիծէի անուան թիւ 3 երաժշտական դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ համերգային ծրագիր` մասնակցութեամբ եկեղեցւոյ «Աղբիւր» երգչախումբին եւ անհատ կատարողներու:
Պաթում այցելութեան շրջագիծէն ներս թեմի առաջնորդ Վազգեն եպս. Միրզախանեան, դեսպան Եուրի Վարդանեան մասնակցեցան նաեւ Պաթումի Հայաստանի գլխաւոր հիւպատոսութեան նոր շէնքի բացման արարողութեան: